ԱՐՏԱԳԱ՜ՂԹ…
Արտագա՜ղթ… երազը բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ հայրենիքի սահմաններէն դուրս գալով դրախտի դուռը բացուած պիտի տեսնեն իրենց դիմաց՝ աւետեաց երկրի բոլոր խոստումներով:
Յաճախ ունինք այն կարծիքը, թէ արտագաղթը պայմանաւորուած է երկիրի տնտեսական անապահով վիճակով, սակայն պատմութիւնը կը փաստէ, որ ո՛չ թէ միայն այսօր, այլեւ նոյնիսկ Համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ:
Գոյութիւն ունի երկու տեսակ արտագաղթ. կամաւոր կամ հարկադրուած։ Այսօր մենք այս երկուքին մէջ կորսուած վիճակ մը ունինք։ Կամաւոր կ՚արտագաղթեն անոնք, որոնք Եւրոպայի կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու անունէն ու հմայքէն խաբուած կ՚ուզեն երթալ այդտեղ՝ համոզուած ըլլալով, թէ հոն ապրողը բախտաւոր անձ է. իսկ հարկադրուած արտագաղթը երկրի մը պետութեան կողմէ ո՛չ կայուն ապահովութեան եւ տնտեսական վիճակով պայմանաւորուած է: Իսկ ներկայ օրերուս քաոսային վիճակը ա՛յնպէս մըն է, որ կամաւոր արտագաղթողը կը փորձէ իր պարագան ներկայացնել հարկադրուած՝ յառաջ քշելով զանազան պայմաններ ու հանգամանքներ:
Որոշ ժամանակ մեր նախնիները կը հաւատային, թէ գոյութիւն չունի կամաւոր արտագաղթ։ Անոնք համոզուած էին, թէ իւրաքանչիւր արտագաղթ հետեւանքն է հարկադրանքի, որովհետեւ անցեալին մեծաւ մասամբ հայեր իրենց ընտանիքները ձգելով կ՚երթային դուրսի երկիրներ՝ վերջիններուն համար օրապահիկ մը ապահովելու եւ այդ մէկը ո՛չ թէ կամաւոր, այլ աղքատութեամբ հարկադրուած արտագաղթ մըն էր:
Անցեալի արտագաղթը հարկադրուած էր եւ ա՛յդ է պատճառը, որ յաճախ մեր գրողները այդ մէկը կոչած են «դառնաճաշակ արտագաղթ», որովհետեւ մեկնողը ետին կը ձգէր սիրելիներ, որոնց համար կ՚երթար օտարութեան մէջ աշխատանք գտնելու։ Տակաւին Համաշխարհային առաջին պատերազմէն առաջ հայ հեղինակ մը կը գրէր. «Արտագա՜ղթ… չարչարուածներու, նեղեալներու, տառապեալներու եւ ցաւալի յուսահատութիւններու խորհրդապատկերն է ան…»: Այսօր, սակայն, «դառնաճաշակ արտագաղթ»ին հակառակ, ան կը դիտուի որպէս փրկութեան յոյս, եւ սա է, որ յառաջ կը բերէ կամաւոր եւ հարկադրուած արտագաղթի չափանիշը:
Մեր թուականէն 112 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Ապագայ» քաղաքական, տնտեսական, հասարակական եւ գրական շաբաթաթերթը շաբաթ, 21 օգոստոս 1910 թուականի թիւի 4-րդ էջի Գ. սիւնակին մէջ կը գրէ. «Գաղթային հոսանքի կարաւանները, Հայաստանի բոլոր անկիւններէն երկարած են մինչեւ Մարսէյլ, Լիվըրփուլ, Գանատա...»։ 112 տարի ետք պատկերը նոյնն է:
Մեր հայրենակիցները հանգստաւէտ կեանքէ մը աւելի երկիրներու անունէն խաբուած կը բռնեն արտագաղթի ճամբան։ Հայրենիքի մէջ ապրած ժամանակ բանուորութիւն չընող մը յանկարծ կը տեսնես օտար երկիրի մէջ դարձած է բանուոր։ Հայրենիքի մէջ չապրած դժուարութիւնները յանձն կ՚առնեն ապրելու համար օտար ափերու վրայ, սակայն երբեք չեն գանգատիր, որովհետեւ վերջապէս կ՚ապրին «աւետեաց» երկիրներու մէջ, որոնց փուշը հայրենիքի բուրաստաններէն աւելի հանգիստ կը թուի ըլլալ:
Տակաւին կայ սարսափելի այլ երես մը՝ արտագաղթը գովազդողները։ Իւրաքանչիւր մեկնող անպայմանօրէն ունի մնացող մը։ Գացողը, հակառակ իր ապրած ամէ՛ն տեսակ դժուարութիւններուն, հայրենիք մնացողներուն համար գովազդի արշաւի մը կը սկսի։ Իւրաքանչիւր հեռախօսազանգի ժամանակ կը գովուի երկրին տնտեսական ու քաղաքական ապահով վիճակը, կը քարոզուի մարդու իրաւունքներու մասին եւ այսպէս կամ այնպէս մնացողը եւս արտագաղթի մղելու ենթահող մը կը պատրաստուի:
Յաճախ արտագաղթողներէ լսած եմ «կեանք» ներշնչող այս խօսքերը. «հոս մարդը արժէք ունի...», «դրա՜մ կայ, դրա՜մ…», «Հայաստան երկու տարիէն շահածս հոս երկու ամիսէն կը շահիմ»։ Եւ այս խօսքերով սիրահարուելով աւետեաց երկիրներուն՝ ժամանակի ընթացքին կը փոխեն նաեւ իրենց բարքն ու վարքը եւ հայաթափուելով կը դառնան անուանի հայեր, առանց հայկականութեան:
Արտագաղթը պարզապէս երազներու իրականացման խաբկանք մըն է, որ մի՛շտ ալ ուրախ աւարտ մը կրնայ չունենալ։ Մարդուն երազները զինք կ՚առաջնորդեն օտար ափեր: Հաւանաբար մեր երազներն են սխալը, որովհետեւ զանոնք կը հիւսենք ուրիշներու խօսքերուն հիման վրայ, որովհետեւ վերջապէս չկայ մարդ որ մեկնի Ամերիկա եւ դժգոհ ըլլայ՝ հայկական ա՛յն համոզումով, թէ էշ հեծնալը մէկ ամօթ, իսկ իջնելը երկու ամօթ կը նկատուի:
Յաճախ կը խօսինք հայրենիքի հզօրացման մասին, սակայն արտագաղթի հոսանքին վերջ տալու մասին չենք մտածեր։ Հայրենիքը հզօրանալու համար կարիքն ունի երիտասարդութեան, որու պարտքն է ծաղկեցնել երկիրը, մշակել խոպան դաշտերը, զարկ տալ տնտեսութեան եւ վերականգնել արդէն իսկ վիրաւոր ու «աւերակ» մեր հայրենիքը:
Պէտք է հասկնալ, որ օտարի հողին վրայ ապրելով սեփական հայրենիք չի պահուիր:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -10-
Օր մը ողորմած հայրս ուզեց զանգել՝ տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գաղթած հարազատի մը, որու հետ երկար ժամանակ կապ չէր պահած: Հեռաձայնի թիւը հաւաքեցի եւ տուի հօրս, որպէսզի խօսի իր հարազատին հետ։ Պահ մը ետք անգլերէն լեզուով լսուեցաւ հետեւեալը. «Անձը ժամանակաւորապէս անհասանելի է. ձեզմէ կը խնդրուի, որ զանգի ձայնէն ետք փոխանցէք ձեր ըսելիքը»:
Այդ միջոցին փորձեցի համոզել հայրս, թէ Ամերիկա ապրողները զբաղ մարդիկ են եւ կարելի չէ ուզած պահուն զանգել եւ խօսիլ։ Բացատրեցի, թէ հիմա կրնայ իր ըսելիքը ըսել եւ ետքը արտագաղթած հարազատը կը լսէ իր ըսածները: Յանկարծ լսուեցաւ զանգի ձայնը եւ սկսաւ արձանագրուիլ. հայրս անտեղեակ պատահածէն սրտնեղած ըսաւ.
-Դեռ երէկ անգործ էր ապուշը, հիմա զբաղուած մարդ եղաւ, զանգերո՞ւս ալ չի կրնար պատասխանել…
Վերջապէս պէտք է հասկնալ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ժամանակը սուղ է։
***
Լիբանանի մէջ հայ վարորդ մը յաճախորդ կը վերցնէ Պուրճ Համմուտէն։ Ան վարորդէն կը խնդրէ, որ զինք քաղաքի կենդրոնը տանի։ Յաճախորդը վարորդէն կը խնդրէ, որ այլ ճամբով մը երթայ՝ առարկելով, թէ պարզ ճամբան կրնայ խճողուած ըլլալ։ Վարորդը լաւապէս գիտնալով ճամբաները՝ յաճախորդին կը յայտնէ, որ այդ առաջարկած ճամբան կրնայ աւելի խճողուած ըլլալ, սակայն յաճախորդը կը պնդէ միւս ճամբով երթալ:
Պահ մը ետք միւս ճամբուն վրայ խճողումը սկիզբ կ՚առնէ եւ մեր հայ վարորդը կը սկսի ջղայնանալ։ Հայկական սովորութեան համաձայն կը սկսի հայերէնով հայհոյել թէ՛ յաճախորդին եւ թէ խճողումին՝ այն համոզումով, որ յաճախորդը արաբ է եւ կրնայ բան մը չհասկնալ:
Երկա՜ր ժամանակ խճողումի մէջ մնալէ ետք կը հասնին ուզուած տեղը։ Յաճախորդը հայերէնով շնորհակալութիւն յայտնելով կ՚իջնէ մեքենայէն… վայելած ըլլալով իրեն հասցէագրուած հայհոյանքներու շարանը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024