«ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՓԼՈՒԶՈՒՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՎՆԱՍ»

Կը զարմանամ, թէ ինչպէս մարդիկ տակաւին կը շարունակեն յատուկ սէր մը ունենալ Խորհրդային Միութեան կարգերու նկատմամբ, լաւապէս գիտնալով որ իրենց թուարկած բարիքներէն շատ շատ աւելի վնասներ ու աղէտներ պատճառած է թէ՛ աշխարհին եւ թէ հայ ազգին:

Ուսումնասիրելով Խորհրդային Միութեան գործունէութիւնը, պիտի տեսնենք անհաշիւ գնդակահարումներու ցանկ մը՝ անհաշիւ շարք մը կեղծիքներու եւ դաւադրութիւններու, աքսորներու եւ տեղահանութեան, ստրկացում արուեստի, գրականութեան ու մշակոյթի, կապանք ու շղթայ խօսքի ազատութեան:

Շատերու «սիրած» այդ Խորհրդային Միութիւնը քանի՜ քանի հայ մտաւորականներ, նոյնիսկ առանց փաստացի տուեալներու տանջած է Հայաստանի, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներու մէջ գտնուող բանտերու մէջ. շատ անգամ ոչնչացուցած է անոնց գրականութիւնը, ձեռագրերն ու աշխատութիւնները, անոնցմէ քանի՜ քանին մահուան դատապարտած՝ ծիծաղելի ձեւով մի քանի տարի ետք «ներում» շնորհելով անոնց անշնչացած դիակներուն:

Եկէք պահ մը նման մարդոց հոգիները հովացնելու համար ընդունինք, որ որոշ «բարիքներ» գուցէ ունեցած ըլլայ Խորհրդային Միութիւնը, սակայն նժարի վրայ այդ բոլոր «բարիք»ները պարտուած դուրս պիտի գան:

Մի քանի տարիներ առաջ «Ազատութեան» կատարած վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Հայաստանի բնակչութեան մօտաւոր 66 առ հարիւր տոկոսը Խորհրդային Միութեան փլուզումը Հայաստանին վնաս որպէս կը նկատեն. գուցէ այն պատճառով, որ դարեր շարունակ ուրիշի իշխանութեան ու տիրապետութեան տակ ապրող հայը դժուար նկատեց անկախութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը:

Կ՚ուզենք պահ մը հաւատալ, որ Խորհրդային Միութեան գոյութիւնը փառաբանողները պարզապէս ազդեցութեան տակն են անցեալին գոյութիւն ունեցած խստութեան:

Սակայն հակառակ այս բոլորին պէտք է խոստովանիլ, որ Խորհրդային Միութեան միակ դրական ու գովելի երեւոյթը ուսումն էր. Խորհրդային Միութիւնն էր պատճառը, թէ ոչ արդի արհեստագիտութեան բացակայութիւնը՝ չեմ գիտեր, սակայն յստակ է, որ այն ժամանակ մարդիկ աւելի արուեստասէր, գրասէր ու ուսումնատենչ էին՝ քան այսօր: Աւելին, Խորհրդային Միութեան տարիներուն մարդիկ աւելի՛ հայրենասէր էին՝ քան այսօր. այդ մէկը հասկնալու համար բաւարար է կարդալ ժամանակի մտաւորականներու գործերն ու բանաստեղծութիւնները, ուր անոնք իրենց կեանքի գնով, մահն ու հալածանքները աչքի առաջ ունենալով նոյնիսկ ծածուկ ձեւով փորձած են հայրենասիրութիւն քարոզել: Այդ Խորհրդային Միութեան խաւարին համար էր գուցէ Պարոյր Սեւակի «Եղիցի լոյս»ը. Պարոյր Սեւակն ու իր վախճանը մեր դիմաց օրինակ՝ Խորհրդային Միութեան իսկական պատկերին:

Միւս կողմէ, գուցէ եթէ գոյութիւն չունենար այդ բռնութիւններն ու հալածանքները, չունենայինք նման մտաւորականութեան սերունդ մը, որովհետեւ մարդ դժուարութեան ու ցաւի ժամանակ աւելի՛ կը ստեղծագործէ՝ քան ուրախ ու հանգիստ ժամանակ:

Այսօր պատմութեան մէջ գոյութիւն ունին բազմաթի՜ւ հայ մտաւորականներու գործեր, որոնք հրատարակուած են կիսատ. նոյնիսկ Շիրազի «Հայոց Տանդէականը» ամբողջութեամբ չէ հրատարակուած Հայաստանի մէջ. քանի՜ քանի մտաւորականներ իրենց գործերը հրատարակած են սփիւռքի մէջ՝ պարզապէս խօսքի ազատութեան զոհ չդառնալու եւ յանկարծ անտեղի մահուան չդատապարտուելու համար. ո՜վ գիտէ, ինչքան գոհարներ ու աշխատութիւններ զոհը դարձան Խորհրդային Միութեան զննումներուն եւ դատապարտուեցան երբեք չհրատարակուելու. ո՜վ գիտէ քանի՜ քանի աշխատութիւններ հրատարակուեցան մայր օրինակէն տարբեր՝ կրճատումներով ու փոփոխութիւններով:

Խորհրդային Միութեան գոյութիւնը փառաբանողներ ընդհանրապէս նկատի կ՚ունենան երկու բան.- աշխատանք եւ «խաղաղութիւն»: Խաղաղութիւն ըսելով շատեր կը հասկնան այն պարագան, որ օտար պետութիւններ ու թշնամիներ ո՛չ մէկ ոտնձգութիւն կրնային ի գործ դնել Հայաստանի նկատմամբ՝ նկատի ունենալով Խորհրդային Միութեան այդ ժամանակ ունեցած ուժն ու զօրութիւնը: Սակայն այդ խաղաղութեան մէջ եւս կը տեսնենք անխաղաղ վիճակ մը, որովհետեւ արտաքին վնասներէ ազատուիլը, սակայն ներքին կարգով հալածուիլը ո՛չ մէկ խաղաղութիւն կը բերէ երկիրին: Այլ խօսքով՝ այդ խաղաղութիւնը կը նմանէր մարդու մը կողմէ տրուած նման խոստումի. «կը պաշտպանեմ քեզ՝ որ մէկը քեզի չապտակէ, սակայն ես պիտի ապտակեմ»:

Լաւատես ենք տեսնել հասարակութիւն մը, որ Խորհրդային Միութեան կորուստը սգալու փոխարէն մերօրեայ հայրենիքը զարգացնելու յատկացնէ իր մտածումները, որովհետեւ այսօր սգաւորներու փոխարէն աշխատողներու լուրջ պակասն ու կարիքը ունինք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -309-

Յունաստանի մէջ ծանօթացայ մարդու մը, որ հոգիով ու սիրտով կը պաշտէ Խորհրդային Միութիւնը եւ անոր փլուզումէն ետք կործանած կը նկատէ Հայաստանը. մանաւանդ Հայաստանի ներկայ վիճակը տեսնելով,՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումը որպէս պատճառ կը տեսնէ, հաւատալով որ եթէ այսօր գոյութիւն ունենար Խորհրդային Միութիւնը՝ տեղի չէր ունենար Արցախի պատերազմը:

Իր այս արտայայտութիւնը կու տայ այն մտածումը, որ մինչեւ ե՞րբ հայը կարօտ պիտի մնայ ուրիշի պաշտպանութեան եւ չյաջողի իր ձեռքերուն մէջ առնել իր փրկութիւնը: Մարդ չի՛ գիտեր:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Օգոստոս 5, 2023