ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԷՔԸ

«Առաքինութիւն»ը՝ մարդկային այն ընդհանուր տրամադրութիւնը կամ յատկութիւնն է, որ միշտ կը ջանայ բարի գործել եւ չարէն խորշիլ։ Առաքինութիւնը հոգիին այնպիսի տրամադրութիւնն է, որ ամբողջ կեանքին ընթացք կու տայ, վարմունքներ կը ձեւաւորէ եւ մարդուս նկարագիրը կը բացայայտէ։ Աւելի նեղ եւ սեղմ իմաստով՝ ան քաղաքավարութիւն, կենցաղագիտութիւն, կատարելութիւն եւ զօրութիւն կ՚ենթադրէ։ Այս իմաստով՝ առաքինի մարդը քաղաքավար է եւ կենցաղագէտ, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ փափկասո՛ւն։

Առաքինութիւնը սա առողջ սկզբունքին վրայ է հիմնուած, թէ ճշմարիտ ազնուութիւնը միշտ կը կայանայ պատուաւոր ընթացքի՝ ենթակայէն աւելի՛ իր ընկեր եւ մերձաւոր անձերուն ծառայելու, օգնելու եւ զոհողութեան մէջ, քան ինքնամոլութեան՝ դիրքի, աստիճանի, տիտղոսի եւ դրամարկղներու մէջ բծախնդրօրէն պահուած ոսկիին եւ ադամանդներուն մէջ։

Ահաւասի՛կ, այս ստուգանիշով, ընկերութեան մէջ անտեսուած, անկիւն մը ապրելու դատապարտուած, հազիւ ապրուստը ապահովելով զբաղած «խեղճ» անձը, եւ կամ փողոցի աղտոտութիւնները մաքրող աղբահաւաքը կրնան շա՜տ աւելի առաքինի ըլլալ, քան երեւութապէս բարձր դասակարգերու պատկանող, դիրք եւ տիտղոս ունեցող անձնաւորութիւններ, որոնք ընդհանրապէս կը սպասեն, որ հասարակ մահկանացուներ իրենց քով մօտենան մեծ պատկառանքով եւ խոնարհութեամբ, անշուշտ եթէ «արտօնուին մօտենալ»։

Առաքինութիւնը ինքնութիւն մըն է, շատ անգամ անտեսանելի, քանի որ իրապէս առաքինի մարդը միշտ խոնարհ է, համեստ եւ ընդհանրապէս կը խուսափի ինքզինք յայտնելէ՝ չ՚ուզեր շատ երեւիլ, ինչ որ շատեր տկարութիւն, անկարութիւն, կարողութեան պակասութիւն կը համարեն։ Բայց մա՛րդ վերէն նայելով բարձր չ՚ըլլար, եթէ ոչ ինքնակոչ եւ կարծեցեալ «մեծութիւն» մը միայն՝ ինքնախաբէութի՛ւն։

Արդարեւ, իրական մեծութիւնը եւ առաքինութիւնը՝ խոնարհութեան եւ ազնուութեան մէ՛ջ է. առանց ուրիշը ստորադասելու եւ ստորագնահատելու՝ զայն իրեն հաւասար սեպել, քանի որ եթէ մէկը ունի առաւելութիւն մը ուրիշի նկատմամբ, ան անպայմա՛ն ունի թերութիւն մը, տկարութիւն մը՝ ուրիշ մէկու մը բաղդատմամբ։ Այս իմաստով, մարդոց միջեւ այդ առաւելութիւնները եւ պակասութիւնները համահաւասար վիճակի կը բերեն իւրաքանչիւրը։ Ասիկա կերպով մը ընկերային ներդաշնակութիւն եւ հաւասարակշռութիւն մը կը ստեղծէ՝ ուր առաւելներ եւ պակասներ զիրար կ՚ամբողջացնեն, ի՛նչ որ կը նշանակէ՝ թէ անոնք ի վերջոյ «հաւասար» են։ Եւ կեանքը ահաւասիկ, հաստատուած է այս հակադիր արժէքներու՝ պակասներու եւ առաւելութիւններու ներդաշնակութեան՝ հաւասարակշռութեա՛ն վրայ։

Եւ այս հաւասարակշռութեան մէջ՝ առաքինութեան նժարը աւելի ծանրութիւն կը կրէ, քանի որ ան միշտ «առաւելութի՛ւն» է եւ ծանր կը կշռէ։

Մարդ կրնայ աղքատ եւ թշուառ երեւոյթ մը ունենալ, բայց պէտք չէ՛ մոռնալ, թէ աղքատութիւն եւ թշուառութիւն աչազուրկ՝ կոյր ըլլալ չի նշանակեր, աղքատ եւ թշուառն ալ հոգի մը ունի եւ եթէ նոյնիսկ իր շուրջինները չեն տեսնար եւ կ՚անտեսեն զինք, ան կը տեսնէ իր շուրջը եւ մանաւանդ զինք անտեսողները, չտեսնող կամ չտեսնալ ձեւացողները։ Եւ աղքատ, թշուառ մարդը աւելի մեծ ցաւ կը զգայ, երբ կը տեսնէ զինք անտեսողները, քան իր թշուառութիւնը եւ աղքատութիւնը։ Անտեսուի՜լ… համազօր է անարգուելու, վարկաբեկուելու, լքուելու… մեծ ցաւ եւ վիշտ կը պատճառէ ենթակային՝ որ արդէն կը բաւէ իր ցաւը եւ վիշտը՝ աղքատութեան եւ թշուառութեան պատճառած։

Այո՛, վերէն նայիլ չի՛ բարձրացներ ենթական, մինչդեռ վա՛ր նայիլ կ՚ազնուացնէ, ազնիւ հոգիի տէր կը դարձնէ մարդը։ Արդարեւ «վերէն նայիլ» եւ «վար նայիլ» որքան որ երեւութապէս նոյն դիրքը կը կարծուի, բայց իրականութեան մէջ բոլորովին տարբեր եւ հակադիր տրամադրութիւններ են՝ տարբեր հոգեվիճակներէ ծնունդ առած։

Առաքինի մարդը մե՛ծ մարդ է, եւ իր շուրջը կը նայի եւ վա՛ր ալ կը նայի, խոնարհութեամբ, իսկ կարծեցեալ եւ ինքնակոչ մեծ մարդը վերէն կը նայի բոլորին, կարծելով թէ ինք վե՛րն է եւ բարձր։ Առաքինի մարդը համեստ է եւ խոնարհ, իսկ մեծամիտը՝ գոռոզ եւ հպարտ։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է տարբերութիւնը «վերէն նայել»ու եւ «վար նայել»ու. մին իրապէս բարձր եւ մեծ է, իսկ միւսը միայն ինքզինք վերը կը կարծէ։

Ուրեմն, ամէն կերպով թշուառ երեւոյթ մը պարզող աղքատը կարեկցութիւնը պիտի շարժէր ամէն անոնց, որոնք մարդկային խեղճութենէն ազդուելու եւ տպաւորուելու ընդունակ են։ Արդարեւ, ասիկա ալ առաքինութիւն մըն է՝ կարեկցիլ թշուառին, բայց կարեկցելու համար, նախ պէտք է դիտել շուրջը՝ նայիլ եւ յետոյ անդրադառնա՛լ, տեսնել։ Ինչպէս որ սիրելու համար, նախ պէտք է ճանչնալ. առանց ճանչնալու մարդ ո՛չ կրնայ սիրել եւ ոչ իսկ ատել, եւ առանց ճանչնալու սիրել կամ ատել անարդարութի՛ւն է։ Առանց ճանչնալու սիրել կամ ատել՝ կը նմանի այն կոյրին, որ առանց տեսնելու գոյն կը զատէ, ինչ որ բանականօրէն անկարելի է։ Ի՛նչ որ է ճանչնալ եւ յետոյ սիրել կամ ատել, նո՛յնն է շուրջը տեսնել, անդրադառնալ եւ կարեկցիլ թշուառին կամ աղքատին։

Ասկէ աւելի, ի հեճուկս իր բոլոր աննպաստ եւ բացասական պարագաներուն, գործ մը ընելով՝ եւ ո՛չ թէ «մուրալ»ով՝ իր ապրուստը հոգալու անկեղծ եւ լո՛ւրջ ճիգը յարգանքի, եթէ ո՛չ հիացումի, զգացումը կ՚արթնցնէ ողջամիտ եւ արդարամիտ ամէն մարդու սրտին մէջ։

Արդարեւ, թշուառ երեւոյթով, աղքատ մարդու մը առջեւ վայրկեան մը կանգ առնենք՝ զօրաւոր հոսանքի մը դէմ թի քաշող մարդու մը ցուցադրած քաջութիւնը, հաստատամտութիւնը եւ կորովը դիտելու համար, եւ անոր անձին մէջ տեսնենք «առաքինի մարդ»ը՝ իրապէս ազնիւ մա՛րդը։ Եւ այդ «առաքինի մարդ»ուն՝ ազնիւ մարդուն մէջ տեսնենք մարդկային ընկերութեան՝ մեծ ընտանիքին մէկ անդամը՝ մեր նմանը, մեր «միւս երես»ը, իրաւ է որ անգթօրէն զրկուած կ՚երեւի կարգ մը առաւելութիւններէն, բայց առաքինի՛, ազնիւ՝ իր ապրուստը պատուաւո՛ր կերպով հոգալու իր աշխատանքին եւ ջանքին մէջ է, եւ երբեք չի մեղադրեր ուրիշները իր վիճակին համար, այլ կ՚ընդունի զայն որպէս բաժին իրեն տրուած այս աշխարհի վրայ։

Ո՞վ առաքինի է եւ ո՞վ չէ. դիտելով, նայելով, տեսնելով միա՛յն կարելի է որոշել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 31, 2018 Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2018