ԱԶԱՏԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ազատամտութիւն»ը իր ամենալայն առումով կը նշանակէ անկաշկանդ միտք ունենալ, իւրայատուկ սկզբունքներու տէր ըլլալ, ազատօրէն մտածել եւ նախապաշարումներէ, կանխակալութիւններէ զե՛րծ մնալ։

Ազատամտութիւն այս իմաստով մարդս կատարելութեան առաջնորդող ապահով ճամբայ մըն է։ Արդարեւ, ազատամտութիւնը մարդուն «ազատ կամք»ին բնական մէկ հետեւանքն է։ Ազատօրէն մտածել մարդուն ամենակարեւոր յատկութիւնն է. առանց արտաքին ազդեցութիւններու, առանց նախապաշարումներու կարենալ մտածել՝ մարդու տրուած յատկութիւն մը, կարողութիւն մըն է։ Ազատամտութիւնը մարդուն նկարագիրն է։ «Renaissance»ով, այսինքն «Վերածնունդ»ով մարդկութիւնը անդրադարձաւ իր այս բնատուր յատկութեան։ Բայց հարց է, թէ մարդ արդեօք ո՞րքան կարողացաւ օգտագործել իր ազատամտութիւնը։ Եւ ի՞նչ շահեցաւ ազատամտութեամբ դարերու ընթացքին։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդկութիւնը, զարմանալի՜ հոգեբանութեամբ մե՛ղքը ուրանալով, զանազան յոռի մղումներու, անգիտակցաբար գերի ինկաւ, եւ յանուն ազատամտութեան եւ յանուն արդի նորամուտ մշակոյթին։

Արդարեւ, այս կէտին ազատամտութիւնը «յանցաւոր» նկատել կատարեալ ինքնախաբէութիւն է, քանի որ միջոցը մարդ երբ տեղին չկարենայ գործածել, չկարողանայ լաւագոյն կերպով օգտագործել, կարելի չ՚ըլլար որեւէ օգուտ քաղել, եւ ընդհակառակը՝ վնասներու պատճառ կը դառնայ։

Ուստի, ամէն միջոց երբ տեղին գործածուի, կրնայ արդիւնաւոր ըլլալ։ Մթագնած հոգիներով եւ իմացականութեամբ կարելի չէ՛ տեսնել ճշմարտութիւնը եւ օգտագործել ազատութիւնը եւ ազատամտութիւնը։ Այն որ տարուելով կիրքերէ կը կորսնցնէ իր բանականութիւնը, չի կրնար տեսնել ճշմարտութիւնը։

Ազատամտութիւնն ալ ամէն ազատութեան նման, սահմանաւոր է. չափաւորութիւնը ազատմտութեան պայմա՛նն է։ Անսահման եւ անսանձ ազատութիւն ցանկալ, փշրել տուեալ օրէնքներու շղթան եւ միայն վայելքի մասին մտածել, երբեք չ՚երջանկացներ մարդը։ Մարդ ազատութիւնը այն ատեն կը վայելէ, երբ չի՛ հնազանդիր իր կիրքերուն։

Քրիստոնէութիւնը ազատութեան եւ անշուշտ ազատամտութեան սահմանը եւ չափանիշը ակնբախ գծած է։ Ազատ ըլլալ՝ նախ մեղքէ՛ ազատ ըլլալ կը նշանակէ, մեղքէ՛, որ իմացականութիւնը կը մթագնէ, եւ կիրքերէ, որոնք մարդս կը հիւծեն եւ կը քայքայեն բացայայտօրէն։

«Ճշմարտութենէ ընտիր բան մը չկայ, ճշմարտութիւնն է միայն սիրելի», կ՚ըսէ Պուալօ։ Իրապէս, ճշմարտութենէ սիրելի բան չկա՛յ, եւ մարդս պարտաւոր է իր բոլոր գործերուն, խօսքերուն եւ ամէն պարագայի միշտ գործադրել միայն. պատուել եւ մեծարել, ամբողջ ուժով եւ զօրութեամբ պաշտպանել, յանձնառու ըլլալ ամէն նախատինքի ճշմարտութեան պահպանման եւ արտայայտման համար։ Ի՜նչ քաղցր պարտաւորութիւն մարդուս համար, որ գիտակցութիւնը ունի իր արժանապատուութեան։ Ի՜նչ փառք եւ պատիւ, երբ մէկը ի գին ամէն բանի կը պաշտպանէ ճշմարտութիւնը։ Եւ իր կիրքերուն չպարտուող, անձնուէր անձեր կրնան ճշմարտութիւնը այսպէս պաշտպանել։

Արդարեւ, ճշմարտութիւնը կարենալ պաշտպանելու համար անհրաժեշտ է ազատամիտ ըլլալ, անկախ եւ ազատ զանազան ազդեցութիւններէ՝ հեռու մնալ նախապաշարումներէ, կանխակալութիւններէ՝ որոնք արգե՛լք են ազատամտութեան։

Մարդ ազատամիտ է, երբ բամբասանքի ներքեւ կը դնէ իր անձը, եւ ազատաբար կը խօսի ճշմարտութիւնը, եւ կը յայտնէ արիութեամբ։ Անշուշտ ազատօրէն խօսելու եւ յայտնելու համար, մարդ, նախ պէտք է ազատօրէն խորհի, ազատամիտ ըլլայ։ Ճշմարտութիւնը անարատ պահելու համար պէտք է աչք առնել թշնամանք, նախատինք։

Ճշմարտութիւնը երբեք չի՛ կորսուիր եւ ոչնչութեան մէջ չ՚անհետանար։ Աշխարհիս լուսաւորութեան հեղինակ եղողներուն շատերը քաջաբար ճշմարտութիւնը պաշտպանողներն են՝ որոնք ազատամիտ եւ անկախ՝ կատարած են իրենց պարտականութիւնը ի նպաստ մարդկութեան։

Սակայն «թշուառ» մարդիկ՝ անձնասէր, ինքնակեդրոն, կը խստասրտին եւ երբեք չեն ուզեր ճշմարտութիւնը պաշտպանել։ ԱՆոնք իրենց կիրքերուն պարտուած՝ միայն իրենց անձը կը խորհին։ Այնպիսի մարդիկ օտար են ազատամտութեան. նախապաշարուած եւ կանխակալ՝ սեղմ շրջանակի մը մէջ կ՚ապրին կեանքը՝ ուր միայն իրենք կան եւ ուրիշի մը գոյութեան փա՛կ է իրենց աչքերը։ Անոնք իրենց ականջները կը խցեն եւ չեն ուզեր լսել ճշմարտութեան եւ ազատամտութեան արձագանգը. անփոյթ եւ անտարբեր կը մնան ճշմարտութեան մը հառաչանքները մտիկ ընելու, որովհետեւ իրենց խղճմտանքը սոսկալի կիրքերով խեղդուած անզգայ եղած է։ Անոնք որ օտա՛ր են ազատամտութեան, անգթաբար կը զոհեն արդարութիւնը եւ իրաւունքը։ Եւ չեն անդրադառնար իսկ իրենց անխղճութեան, անիրաւութեան եւ անարդարութեան։

Երբեմն, թէեւ հազուադէպ, իրենք իսկ վերահասու կ՚ըլլան, թէ իրենց ըրածը անիրա՛ւ է, բայց չեն ուզեր իրենց մտածումը խոստովանիլ եւ ետ առնել իրենց խօսքը, չեն ուզեր իրենց սխալը բացայայտել՝ «անպատուութիւն» կարծելով, եւ կ՚ընտրեն նոյն սխալանքին մէջ թաղուած մնալ։

Եթէ խօսակցութեան մէջ ազատամտութիւնը նիւթ ըլլայ, իրենք ալ կը գովեն զայն, բայց միայն իրենց բերանը, իսկ սիրտը ուրիշ տեղ է։ Պզտիկ շահու եւ ամենափոքր փառքի համար ճշմարտութիւնը խօսելու կը դանդաղին, որովհետեւ եթէ բացարձակ ըսեն՝ իրենց շահագործած անձերուն աչքէն պիտի ելլեն։ Անկախ եւ ազատ չեն, քանի որ շահու գերի են, եւ չեն ուզեր վշտացնել եւ հեռացնել անոնք՝ որոնց կապուած են շահու ակնկալութեամբ։ Չեն ուզեր իրենց շահու աղբիւրը կորսնցնել եւ կը զոհեն ազատամտութիւնը եւ ճշմարտութիւնը։ Շահ կը յուսայ մարդ, երբ իր ուժերուն եւ կարողութեան չի վստահիր, տկար եւ թերի է իր կամքը եւ կորովը, եւ միշտ կ՚ապրի ուրիշներուն ուժին ապաւինելով։

Մարդասիրութիւնը «ունայնութիւն» է անոնց համար, որ կը մերժեն ճշմարտութիւնը եւ կ՚ուրանան ազատամտութեան շնորհքները։ Որովհետեւ մարդասիրութեամբ չեն կրնար յագեցնել իրենց անձնամոլութիւնը, ինքնասիրութիւնը։

«Ճշմարտութիւնը եւ ազատութիւնը սա գերազանց աղէկութիւնը ունին, որ մարդս անոնց բարեկամ ալ ըլլայ, թշնամի ալ ըլլայ, երկու կերպով ալ անոնց յառաջանալուն ծառայած կ՚ըլլայ», կ՚ըսէ Victor HUGO։

Արդարեւ, այն մարդկային մտքին աստիճանաբար զարգացումը, գիտութիւններու մշակումը, եւ աշխարհին հետզհետէ լուսաւորուիլը, եւ գիտութեան եւ ճշմարտութեան ջահով բոլոր մարդկութեան լուսաւորուիլը՝ ազատամտութեան բնական մէկ հետեւա՛նքն է։

Ազատամտութեան շնորհիւ իմացականութիւնը իր ճմլիչ պատեանէն դուրս կ՚ելլէ գրական սիրոյ աճումին զօրութեամբը, հետզհետէ կ՚արթննայ եւ ճնշուած միտքեր կը սկսին նոր հիւթ եւ նոր սնունդ փնտռել։ Մարդկային միտքը, այսպէս կ՚արդիւնաւորուի եւ «երթաս բարեաւ» կ՚ըսէ նախորդ շրջանին եւ արշալոյսը կը պատէ եւ կը պսակէ իմացականութեան հոգեշահ լոյսովը։

Եւ ահաւասիկ, այս արշալոյսէն ծնաւ եւ միտքերու շարժումը վարձատրելու համար գիտութիւնը ազատութեան վրայ հիմնեց Descartes։ Եւ դարձեալ ան է որ յայտարարեց ազատամտութեան կարեւորութիւնը իւրայատուկ եւ հատու բանաձեւով. «Կը խորհիմ՝ ուրեմն գոյութիւն ունիմ»։ (=Co-gito ergo sum)։

Ուստի, ազատամտութեան շունչը նուիրական է եւ միանգամայն զօրութիւնը անընկճելի՛։ Այս զօրութեան դէմ դնել՝ ճշմարտութիւնը խափանելու ունայն աշխատութիւն մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 1, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 5, 2020