ԾԵՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱ՛Ն
Ի՞նչ կը խորհիք սիրելի՜ բարեկամներ. «ծեր»ը եւ «տարիքոտ»ը տարբեր ըմբռնումներ չե՞ն։ Արդարեւ, տարիներու ընթացքը կասեցնել անկարելի է՝ բնութեան օրէնքին հակառա՛կ, բայց կարելի է ծերութեան արգելք ըլլալ։ Չկա՞ն «երիտասարդ տարիքոտ»ներ, ինչպէս կան՝ «ծերացած երիտասարդ»ներ։
Կեանքի փորձառութիւնը մեզի ցոյց կու տայ, թէ ծերութիւնը մարդուս տրամադրութեան եւ հոգեվիճակին հետ առընչութիւն ունեցող վիճակ մըն է։ Ընկճուած, կեանքի հարուածներէն ազդուած, կեանքի անտանելի բեռը զինք վիրաւորած երիտասարդ մը՝ թէեւ ո՛չ տարիքոտ, բայց ինքզինք «ծերացած» զգալ։ Բարոյապէս եւ հոգեպէս յոգնած մարդը ինքզինք «ծեր» կը զգայ՝ ի՛նչ տարիք որ ալ ունենայ։ Այս իմաստով «ծերութիւն»ը իր ամենալայն առումով հոգեվիճակի մը արտայայտութիւնն է։
Ծերութիւնը հիւանդութեան հետ ալ որեւէ կապ չունի, չկա՞ն երիտասարդ հիւանդներ։ Անշուշտ թէ տարիները կը մաշեցնեն մարդուս մարմինը եւ անդամները, բայց այդ մէկը մեր հասկցած իմաստով «ծերութիւն» չէ, այլ՝ բնութեան օրէնքին հետեւանքը։
Դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը, եւ հոն պիտի տեսնէք տարիքոտեր՝ որոնք չեն ծերացած, առողջ են, գործունէութեան մէջ են, առոյգ են, եւ պիտի տեսնէք նաեւ երիտասարդներ՝ կեանքէն յոյսը կտրած, գործունէութենէ դադրած, յուսալքուած, մէկ խօսքով՝ բարոյապէս ծերացած, դասալիք եղած։
Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով, կը խորհինք որ տարիքոտներու, այո՛, պէտք է յարգանք ցոյց տալ, բայց եւ երբեք անոնց «ծեր մարդու» պէս չնայիլ, «ծեր մարդու» վարմունք չցուցաբերել։ Տարիքոտներու սովորութիւն եղած է նայիլ որպէս «ծեր»՝ այսինքն՝ այլեւս արդիւնաբեր չեղող մարդ։ Անոնց համար, դժբախտաբար, ծերութիւնը եւ տարիքոտ ըլլալը նոյն բանն է, եւ թէ կը նշանակէ մէկ իմաստով, չորցած, անապատի պէս մարդ։
Երիտասարդներն ալ օր մը տարիքոտ պիտի ըլլան, ասիկա անխուսափելի բնական օրէնք մըն է, բայց ծերանալը իրենց ապրելակերպէն կախում ունի, մաքուր կեանք մը մարդս չի՛ ծերացներ։ Ուստի մարդ երբ տարիքոտ է, բայց ինքզինք տակաւին երիտասարդ կը զգայ, ան ծեր չէ, պայմանով որ յաճախ հայելիին մէջ ինքզինք չդիտէ…։ Մարդ արտաքնապէս կրնայ «ծեր» տեսնուիլ, բայց ներքնապէս ան կրնայ երիտասարդ մնացած ըլլալ, քանի որ «ծերութիւն» ըսուածը բոլորովին մարդուս ներքին աշխարհին հետ կապուած վիճակ մըն է։
Ուրեմն, տարիքոտ ըլլալը որոշ վիճակ մըն է եւ ժամանակի կապուած է, բայց ծերութիւնը՝ յարաբերակա՛ն։
Տարեց մարդ ըլլալ՝ կեանքի ընթացքին մէջ շրջան մը, կեանքի ճամբորդութեան մէջ կայարան մըն է, եւ այդ շրջանը ունի իր վարձատրութիւնները անտարակոյս, բայց նաեւ իր անպատեհութիւնները, որոնք ոմանք «պատիժ» կամ «ճակատագիր» կ՚անուանեն։ Այդպէս մտածողներ որպէս փաստ ցոյց կու տան «կղզիացում»ը՝ յաւէտ ակամայ քան կամաւոր։ Անոնց պէտք է յիշեցնել, թէ մինակութիւնը եւ առանձնութիւնը բոլորովին տարբեր ըմբռնումներ են, ինչպէս ծերութիւնը եւ տարեց ըլլալը, որ շատեր հոմանիշ եւ նոյնիսկ մերձիմաստ կը կարծեն։ Արդարեւ, մարդ արտաքնապէս կրնայ «մինակ» երեւիլ, բայց ան ներքնապէս «առանձին» է. ինքն իր հետ եւ քանի որ ամէն մարդ հոգի մը կը կրէ եւ այդ հոգին Աստուծոյ շունչն է, ապա ուրեմն առանձին մարդը մինակ չէ, կարծուածին պէս այլ՝ վստահելի եւ ապաւինելի Անձի մը հետ՝ Աստուծոյ հետ…։
Եւ գիտակից հաւատացեալը երբեք մինակ չէ՛, որովհետեւ առանձին՝ ինքն իրեն հետ՝ Աստուծոյ հետ է։ Այսպէս ուրեմն, թող չմտահոգուին անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ մէկը մինակ է, եթէ ան գիտակից է մինակութեան եւ առանձնութեան տարբերութեան, ան աւելի՛ ապահով է քան բազմութեան մէջ ապրող մէկը…։
Երբ մէկը հասած կամ անցած է այն սահմանը՝ զոր Սաղմոսերգուն կը դնէ մարդկային կեանքին տեւողութեանը համար. «եօթանասուն եւ զօրութիւնով ութսուն» կը մտնէ աշխարհի մը մէջ, որուն բնակչութիւնը անբաղդատելիօրէն քիչ է քան բնակչութիւնը այն աշխարհին՝ որուն մէջ ծնաւ, հասաւ եւ ապրեցաւ իր կեանքին առաջին 2/3-ը կամ շատ շատ 3/4-ը։ Կամ ըսենք, ընդհանրապէս խօսելով, անհատի մը ընկերային շրջանակը հետզհետէ կը լայննայ սկսելով իր անմիջական ընտանիքէն՝ մինչեւ իր միջին տարիքը, առ առաւելն մինչեւ 60-րդ տարիքը, եւ անկէ ետք ալ հետզհետէ կը նեղնայ եւ ասիկա շատ բնական երեւոյթ մըն է, որուն պատճառները բացայայտ են։ Կեանքին բնական ընթացքին մէկ հետեւանքն է ասիկա։
Նախ, տարիներու ընթացքին ամէն անհատի ընկերային կապերը կը քակուին, գաղափարներու եւ աւանդութիւններու, միջավայրի փոփոխութեամբ, տեղափոխութեամբ, մահուամբ։ Նորերուն անծանօթ են հիները։ Երիտասարդները չեն մօտենար տարեցներուն։ Իրենց ընկերային ծիրին մէջ չեն մտներ տարիքոտները։ Երիտասարդը ինք թարմ եւ նոր՝ իրեն նման թարմէն եւ նորէն կ՚ախորժի եւ շատ բնականօրէն, ինչպէս հայկական առածը կ՚ըսէ. «Նմանը իր նմանը կը գտնէ»։
Եւ ահաւասիկ, այսպէս տարեցները կղզիացումի եւ առանձնութեան կը դատապարտուին։ Տարեցի մը հոգեբանութիւնն ալ կը փոխուի։ Տարեցը կը սիրէ ապրիլ անցեալին մէջ, ներկան իր շահեկանութիւնը կը կորսնցնէ։ Որովհետեւ ներկային մէջ ընելիք մը չունի եւ այն որ ընելիք ունի՝ ան տարեց է բայց ո՛չ ծեր. անցեալին մէջ ըրածներուն յիշատակը կը վերարծարծէ եւ անոնցմով կը լեցնէ իր ներկան։
Երիտասարդը անցեալ չունի. անոր ամբողջ կեանքը ներկային կը պատկանի. ահա թէ ինչո՛ւ «բաժանման պատ» մը կը ստեղծուի ընդհանրապէս երիտասարդին եւ տարեցին միջեւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 31, 2022, Իսթանպուլ