ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԺԸ.)

Սփիւռքի մէջ տարածուած է այն մտայնութիւնը, որ երկրին տեղական լեզուն շատ աւելի կարեւոր է՝ քան հայերէն լեզուն, հաւատալով այն թիւր «ճշմարտութեան», որ սփիւռքի այս կամ այն գաղութին մէջ ապրող երիտասարդը իր մայրենի լեզուէն աւէլի կարիքը պիտի ունենայ երկրի տեղական լեզուին՝ իր աշխատանքի եւ ընկերային շրջանակներէ ներս. նոյնիսկ պետական քննութիւններու ընթացքին տեղական լեզուի իմացութիւնը աւելիով պիտի գնահատուի՝ առանց հարցնելու, թէ հայերէն գիտէ՞, թէ ոչ:

Այսօր մարդիկ աւելիով հետաքրքրուած են իրենց սեփական շահերով, իրենց ուսումով ու զբաղեցնելիք պաշտօնով՝ քան իրենց պատկանելիութեամբ, որովհետեւ անոնք այսօր պատրաստ են փոխել իրենց ինքնութիւնը եւս՝ իրենց շահերուն համար: Մերօրեայ երիտասարդութիւնը կազմած է այն կարծիքը, որ ինքնութիւնն ու պատկանելիութիւնը փոր չի կշտացներ եւ մեր իրականութիւնը այնպէս մըն է, որ գոյատեւելու համար պէտք է զոհել ամէն բան՝ ներառեալ ինքնութիւնն ու լեզուն:

Գուցէ շատերու համար աւելորդ թուի լեզուի կարեւորութեան այսքան շեշտադրումը, որովհետեւ այդ լեզուի աղաւաղումն ու մոռացումը սկսած է պարզ ու սովորական թուիլ բոլորին. այս սովորական դառնալը մեր անտարբերութեան մեծագոյն փաստն է, որովհետեւ եղեռնին ընել չկրցածը մեր անտարբերութիւնը պիտի յաջողի ընել:

Անցնիք բառերուն՝ որոնք մեր լեզուն կ՚աղաւաղեն:

Ծ.- ՀԱՎԷՍ

Կարծես այս բառը թրքերէն ըլլալէ աւելի հայերէն է, որովհետեւ օրական դրութեամբ մեր խօսակցութեան մէջ կարելի է լսել: Մեր լեզուին մաս կազմելով, բնականաբար տեղ պիտի գտնէր նաեւ մեր գրականութեան մէջ:

Արփիար Արփիարեան իր «Ոսկի ապրջան» գիրքին մէջ իր տիպարներէն մէկուն անունով կ՚ըսէ. «Ատա՛շ, օղլո՛ւմ, ես քեզի կը սիրեմ, ամա դուն ինչո՞ւ աս նալլէթ արհեստին հավէս տուիր»:

Զապէլ Եսայեան իր «Աւերակներուն մէջ» աշխատութեան մէջ կը յիշէ այդ բառը. «Մենք ալ ապրելու հավէս ունէինք, բայց գիտցանք, որ մեռնելու օրը հասած է՜...»:

Այս բառը գործածողներէն մէկն է նաեւ Շաւարշ Միսաքեան. ան իր ուսումնասիրութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Ամա շատ հոգի մէկ տեղ հավէս ունեցողներ՝ սորվելու ու խել մը սորվածներ...»:

Յովսէփ Մալէզեան հավէս բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ փափաք բառը:

ԾԱ.- ՀԷԼԱԼ

Այս բառը կը տեսնենք թէ՛ վէպերու, թէ՛ ուսումնասիրութիւններու եւ թէ բանաստեղծութիւններու մէջ:

Մարտիրոս Ղրիմեցի իր բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Զաղու հացն հէլալ արէք»:

Այս բառին կը հանդիպինք Զապէլ Եսայեանի «Ժողովուրդի մը հոգեվարքը» աշխատութեան մէջ: Ան իր տիպարներէն մին խօսեցուցած ժամանակ կ՚ըսէ. «Հեծիր, գնա՛, հէլալ ըլլայ քեզի»:

Թէոդիկ Արշակուհի եւս իր ուղեգրութեան մէջ կը գործածէ այդ բառը. «Կեավուրի ապրանք է, կերէ՛ք, կերէ՛ք, հէլալ է…»:

Երուխանի գրած «Ամիրային աղջիկը» աշխատութեան մէջ եւս կը հանդիպինք այդ բառին. «Հէլալ ըրէ, Գառնիկ աղա»:

Յովսէփ Մալէզեան հէլալ բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ արդար բառը:

ԾԲ.- ՀԷԼՊԷԹ

Այս բառը խօսակցական բառ ըլլալով, աւելի կը հանդիպինք թատրերգութիւններու մէջ. օրինակի համար, Թլկատինցի իր «Զալըմ տղան» թատրերգութեան մէջ. ան իր Լուսիկ տիպարին բերնով կ՚ըսէ. «Հէլպէթ, տանը աւելն ալ տղիդ պոչը կապեցիր»:

Այս բառը կարելի է տեսնել Եղիա Կարնեցիի նամակներէն մէկուն մէջ. անձ՝ որուն նամակներուն մէջ կարելի է հանդիպիլ բազմաթիւ օտար բառերու. ան իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Հէլպէթ, ինչ մարթ ռաստ գու գա»:

Այս բառը կարելի է գտնել նաեւ Թլկատինցիի «Գեղի նամակներ» աշխատութեան մէջ. ան կը գրէ. «Հէլպէթ, ճամբու եկեր են, խօլա՞յ է»:

Յովսէփ Մալէզեան այս բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ հարկաւ բառը:

ԾԳ.- ՀԱՐԷՄ

Վստահաբար այս բառը նուազագոյնը հանդիպած պիտի ըլլաք հեքիաթներու եւ կամ թագաւորական պատմուածքներու մէջ:

Արշակուհի Թէոդիկ կը գործածէ այս բառը. «Ամօթխած օրիորդներ հեռու հեռու փախցուած՝ «հարէմ»ները շէնցունելու համար»:

Հարէմ բառը գործածողներէն մէկն է Գարեգին Սրուանձտեանց. ան իր «Թորոս աղբար» աշխատութեան մէջ «Փաշայի մարդիկներէն ոմանք կը կարծեն, թէ գողեր են, եւ հարէմն ու աղջիկը կ՚ուշաթափին»:

Յովսէփ Մալէզեան այս բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել կանանի բառը:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -334-

Վերջերս կը կարդայի, թէ մանուկներուն եւ պատանիներուն լեզու սորվեցնելու ամենէն ազդու միջոցները գիշերօթիկ դպրոցներն են, որովհետեւ այդտեղ մանուկները ստիպուած ըլլալով լեզուն գործածել՝ կը սորվին։

Կը կարծեմ այս մէկը ճշմարտութիւն է։ Իր պատանեկութեան հայերէն չգիտցող, սակայն այսօր բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ դարձած մարդիկ կը ճանչնամ։ Դպրեվանքի տարիներուն Սուրիոյ ծայրամասերէն կու գային իրենց մայրենի հայերէն լեզուն չգիտցող բազմաթիւ մանուկներ, որոնք մի քանի տարի ետք կը սկսէին անսխալ հայերէն խօսիլ։ Անոնցմէ շատեր այսօր Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորներ են, որոնք մայրենի լեզուով կը ճառեն, կը քարոզեն ու կը գրեն։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2023