ՈՂՋԱԽՈՀՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉՈՒՄԸ

«Ող­ջա­խո­հու­թիւն» կը նշա­նա­կէ սե­ռա­կա­նու­թեան ստեղ­ծած եւ կազ­մա­ւո­րած հա­մար­կու­մը ան­ձին մէջ եւ ա­նոր մի­ջո­ցով՝ մար­դուն «ներ­քին միու­թիւն»ը իր մարմ­նա­ւոր-ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գե­ւոր-բա­րո­յա­կան էու­թեան մէջ։ «Սե­ռա­կա­նու­թիւն»ը՝ ո­րուն մէջ կ՚ար­տա­յայ­տուի մար­դուն մարմ­նա­կան եւ կեն­սա­բա­նա­կան աշ­խար­հին պատ­կա­նե­լիու­թիւ­նը, կը դառ­նայ անձ­նա­կան եւ իս­կա­պէս մարդ­կա­յին՝ երբ ան կը հա­մար­կուի ան­ձէ անձ կա­տա­րուած ա­ռըն­չու­թեամբ, մար­դուն եւ կնոջ ամ­բող­ջա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­պէս ան­վերջ փո­խա­դարձ նուի­րու­մին մէջ։

Ու­րեմն, ող­ջա­խո­հու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը իր մէջ կը բո­վան­դա­կէ ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը ան­ձին եւ ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը շնորհ­քին։

Ար­դա­րեւ, «ող­ջա­խոհ անձ»ը գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նի իր մէջ պա­հե­լու՝ կեան­քի եւ սի­րոյ ու­ժե­րուն ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, գի­տէ զա­նոնք ներ­դաշ­նա­կել, ո­րոնք զե­տե­ղուած են իր մէջ։ Կեան­քի եւ սի­րոյ ու­ժե­րը ըն­դո­ծին են, եւ ա­մէն մար­դու մէջ կը գտնուին, եւ սա­կայն, ինչ­պէս ը­սուե­ցաւ, ա­նոնց անդ­րա­դառ­նա­լու եւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­նա­լու աս­տի­ճա­նը կը փո­խուի։ Ո­մանք գի­տա­կից են այս եր­կու ու­ժե­րուն, ո­մանք ալ բո­լո­րո­վին ան­տար­բեր ա­նոնց նկատ­մամբ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ բնա­տուր այս ու­ժե­րուն միու­թիւ­նը, որ կը գտնուի ան­ձին մէջ, կը հա­կա­ռա­կի զայն վի­րա­ւո­րող ա­մէն վե­րա­բեր­մուն­քի։

Ան չ՚ար­տօ­ներ ո՛չ կրկնա­կի կեանք, ո՛չ ալ կրկնա­կի բար­բառ։ «Պար­զա­պէս ձեր ա­յոն ա­յո՛ թող ըլ­լայ եւ ո­չը՝ ո՛չ։ Ան­կէ ա­ւե­լին չա­րէն կու գայ» (ՄԱՏԹ. Ե 37)։ Ու­րեմն յա­րա­փո­փոխ միտ­քը հա­կա­ռակ է ող­ջա­խո­հու­թեան։

Ող­ջա­խո­հու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը կը հա­մըն­թա­նայ «ժուժ­կա­լու­թեան» բա­րո­յա­կան ա­ռա­քի­նու­թեան հետ, որ կը ձգտի մարդ­կա­յին զգայ­նա­կա­նու­թեան կիր­քե­րը եւ ա­խոր­ժակ­նե­րը ի­մա­ցա­կա­նու­թեամբ թրծե­լու։ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս կ՚ը­սէ, թէ՝ «ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը մեզ կը վե­րա­կազ­մէ. ան կը տա­նի մեզ այն ներ­քին միու­թեան՝ զոր մենք կորսն­ցու­ցած էինք տարտղ­նուե­լով»։ Ար­դա­րեւ ժուժ­կա­լու­թեան ա­ռա­քի­նու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ «ինք­նա­տի­րա­ցում»՝ որ եր­կար յա­րա­տե­ւու­թեան աշ­խա­տանք է։ Մարդ պէտք չէ հա­մա­րի՝ թէ զայն ձեռք կրնայ ձգել մի ան­գամ ընդ միշտ։ Ան կեան­քի ա­մէն տա­րիք­նե­րուն՝ միշտ վերսկ­սած ճի՛գ մըն է։ Վե­րած­նո՛ւնդ մըն է։

Պա­հան­ջուած ճի­գը կրնայ ա­ւե­լի սաստ­կա­նայ ո­րոշ շրջան­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս անձ­նա­կա­նու­թեան կազ­մա­ւոր­ման շրջա­նին՝ մա­նու­կին եւ պա­տա­նիին մէջ։

Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը ու­նի «ա­ճու­մի օ­րէնք»ներ՝ ո­րոնք կ՚անց­նին ան­հա­տա­կա­նու­թե­նէն եւ շատ յա­ճախ մեղ­քով դրոշ­մուած հանգ­րուան­նե­րէ։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ նկրտում մը գե­րա­զան­ցօ­րէն անձ­նա­կան, ան կ՚են­թադ­րէ նաեւ մշա­կու­թա­յին ճի՛գ մը, քա­նի որ ան­ձին կա­տա­րե­լու­թեան եւ նոյ­նինքն ըն­կե­րու­թեան բար­գա­ւա­ճու­մին մի­ջեւ գո­յու­թիւն ու­նի «փո­խա­դարձ ներ­քին կա­խեա­լու­թիւն» մը։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ յար­գան­քը ան­ձին ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս ի­րա­ւուն­քը կրթու­թեան, որ յար­գէ բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր եզ­րե­րը մարդ­կա­յին կեան­քին։

Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը բա­րո­յա­կան ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է։ Ան նաեւ պար­գեւն է Աս­տու­ծոյ, «շնորհք» է, պտուղ՝ հո­գե­կան գոր­ծին։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը, որ ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է, կը ծաղ­կի «բա­րե­կա­մու­թեան» մէջ։ Ան ցոյց կու տայ ա­շա­կեր­տին ի՛նչ­պէս հե­տե­ւիլ եւ նմա­նիլ Ա­նոր՝ որ մեզ ընտ­րեց իբր Իր յա­տուկ բա­րե­կամ­նե­րը, Ինք­զինք մե­զի ամ­բող­ջո­վին տա­լէն ետք, մեզ մաս­նա­կից կ՚ը­նէ Իր աս­տուա­ծա­յին վի­ճա­կին։ Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը խոս­տում է ան­մա­հու­թեա՛ն։ Ան կ՚ար­տա­յայ­տուի յատ­կա­պէս «բա­րե­կա­մու­թեան» մէջ «մեր­ձա­ւոր»ին հետ։ Հո­գե­ւոր հա­ղոր­դու­թիւն է ան։

Ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը պէտք է ան­ձե­րը ո­րա­կա­ւո­րէ ըստ ի­րենց կեան­քի տար­բեր վի­ճակ­նե­րուն, ա­նոնց­մէ ո­մանք նուի­րու­մի մէջ՝ ի՛նչ որ գե­րա­զանց կերպն է կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­թեան եւ յանձ­նուե­լու Աս­տու­ծոյ՝ ամ­բողջ սրտով։ Ար­դա­րեւ մարդս կո­չուած է ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը ապ­րե­լու եւ վա­յե­լե­լու ժուժ­կա­լու­թեան մէջ, ի՛նչ որ Աս­տուծ­մէ ըն­դու­նուե­լու վար­ժու­թիւն մըն է։ Ուս­տի իւ­րա­քան­չիւր ան­հատ պար­տա­ւոր է ի­րար օգ­նե­լու այս մա­սին եւ քա­ջա­լե­րէ, մար­դա­սի­րու­թեան յա­տուկ գուր­գու­րան­քի դրսե­ւո­րու­մով։

Ող­ջա­խո­հու­թեան հա­կա­ռակ են բղջա­խո­հու­թիւ­նը, ան­հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը եւ բռնա­բա­րու­մը։

Բղջա­խո­հու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ, ան­կարգ բաղ­ձանք մը կամ խո­տո­րած վա­յելք մըն է։ Ան­շուշտ որ ար­դար եւ մար­դա­վա­յել ա­մէն հա­ճոյք, փա­փաք եւ վա­յե­լք ներ­հակ չէ ող­ջա­խո­հու­թեան։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս­տեղ ալ կը տես­նուի չա­փա­ւո­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւն մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն մէջ։ Ան­կարգ եւ ան­չափ վա­յելքն է որ կը դա­տա­պար­տուի, իսկ բնա­կա­նոն, կար­գին ա­մէն վա­յելք ար­դար է եւ բնա­կան պա­հանջք։

Այս մար­զին մէջ ճոխ կարգ ու կա­նոն­նե­րով օժ­տուած է Ե­կե­ղե­ցին։ Ար­դա­րեւ Ե­կե­ղեց­ւոյ կարգ եւ կա­նո­նը հաս­տա­տուած է չա­փա­ւո­րու­թեան վրայ՝ ո­րը կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել կար­գա­պա­հու­թեա՛մբ։

Ա­մէն մար­զի մէջ, միշտ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ է կարգ եւ կա­նո­նը տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար։ Սկզբուն­քի, օ­րէն­քի, կար­գա­պա­հու­թեան ան­հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը մե­ծա­պէս կը վնա­սէ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ կը վի­րա­ւո­րէ ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը՝ ո­րուն նա­խա­պատ­ճառն է՝ ող­ջա­խո­հու­թիւ­նը։ Ող­ջա­խոհ, ինք­նա­գի­տակ­ցու­թեան տէր «անձ»ը այն է՝ որ կը հնա­զան­դի, կը հպա­տա­կի եւ հա­ւա­տա­րիմ կը մնայ տուեալ կա­նոն­նե­րուն, օ­րէնք­նե­րուն եւ կար­գա­պա­հու­թեան պա­հանջք­նե­րուն։ Ող­ջա­միտ մար­դը կա­տա­րե­լու­թեան ըն­թաց­քին մէջ բա­ւա­կան յա­ռա­ջա­ցած «անձ»ն է, որ տի­պար մըն է իր շուր­ջին­նե­րուն։

Ող­ջա­խո­հու­թեամբ շար­ժող մար­դը՝ հա­ւա­տա­րիմ է իր կո­չու­մին, իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան նպա­տա­կին եւ իր էու­թեան պատ­ճա­ռին։

Իսկ «բռնա­բա­րում»ը՝ որ պղծու­մով բռնի ա­նի­րա­ւել եւ ա­նար­դար վա­րուիլ կը նշա­նա­կէ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ չա­փա­ւո­րու­թեան սկզբուն­քին բո­լո­րո­վին հա­կա­ռակ մո­լու­թիւն մը։ Ուս­տի բռնա­բա­րու­մը, ա­մէն մար­զի մէջ, վնա­սա­րա­րու­թիւն է ար­դա­րու­թեան եւ մար­դա­սի­րու­թեան դէմ։

Բռնա­բա­րու­մը խո­րա­պէս կը վի­րա­ւո­րէ իւ­րա­քան­չիւր ան­ձի յար­գան­քի, ա­զա­տու­թեան, ֆի­լի­քա­կան եւ բա­րո­յա­կան ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը։

Բռնա­բա­րու­մը միշտ ներք­նա­պէս յո­ռի ա­րարք մըն է եւ մար­դուս վրայ հետք մը կը թո­ղու ա­նոր կեան­քին ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան։

Բռնա­բա­րու­մը դեռ ա­ւե­լի ծանր հե­տե­ւանք­նե­րու պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ եւ «վստա­հե­լի» կար­ծուած ան­ձե­րու կող­մէ կը գոր­ծադ­րուի, զոր օ­րի­նակ՝ ծնող­նե­րու եւ կամ դաս­տիա­րակ­նե­րու կող­մէ՝ ի­րենց վստա­հուած ան­չա­փա­հաս­նե­րու եւ մա­նուկ­նե­րու վրայ։

Կը տես­նուի, որ կարգ ու կա­նո­նի հպա­տա­կիլ մարդս ա­զատ կ՚ը­նէ, ինք­նավս­տահ եւ ող­ջա­խոհ։

Եւ ող­ջա­խո­հու­թեան հիմն է՝ չա­փա­ւո­րու­թիւ­նը՝ որ կ՚են­թադ­րէ ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւն…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպ­տեմ­բեր 30, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2016