ՈԽԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՎՐԷԺԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ

«Ոխակալութիւն» եւ «վրէժխնդրութիւն». ահաւասիկ երկու քստմնեցուցիչ՝ սարսուռ եւ գարշանք պատճառող երկու բառեր, որոնք պէտք է մնան միայն բառարաններու մէջ եւ երբեք չգործածուին՝ կեանքի չկոչուի՛ն։ Արդարեւ, այս երկու բառերը մարդ արարածը ամենէն շատ զբաղեցնող, կեանքին մէջ տեղ գրաւող հոգեվիճակներ կը ներկայացնեն. բայց կանխաւ ըսենք որ անոնք, թէ՛ ոխակալութիւնը եւ թէ՛ վրէժխնդրութիւնը տկա՛ր մարդու գործ են, ողջախոհ մարդը երբեք իր ժամանակը չի վատներ անոնցմով։

Պահ մը խորհինք, սիրելի՜ բարեկամներ, այս վատ զգացումներով մարդ ի՞նչ կը շահի, որո՞ւ օգուտ մը ունին անոնք, բացի ինքզինք նեղութեան մատնելէ, քանի որ անոնք ցեցի պէս կը կրծեն, եւ որդի նման կը մաշեցնեն մարդը եւ ոխակալը կամ վրէժխնդրութիւն զգացողը միայն ինքզինք կը վնասէ եւ դիմացինին ոչինչ կը պատահի։ Իսկ անոնց մի գուցէ կիրարկութիւնը աւելի մեծ վնասներու եւ ահռելի աղէտներու պատճառ կ՚ըլլայ։

Ո՞վ ոխակալութեամբ բան մը շահած, կամ ո՞վ վրէժխնդրութեամբ օգուտ մը քաղած է… ունայնութիւն ունայնութեա՛նց։ Անոնք պարզապէս, ենթակային մտատանջութիւն կը պատճառեն եւ ա՛յդքան։

Արդարեւ, կան մարդիկ՝ որոնք անմեղութեան դիմակին տակ, այլ սատանայական նենգութեամբ կը մօտենան իրենց նմաններուն։ Պէտք է վստահիլ անոր որ սրտով մաքուր է, բայց նաեւ պէտք է զգուշանալ անոնցմէ՝ որոնք «սրբութեան դիմակ» կը կրեն։ Որովհետեւ անոնք անհաշի՜ւ չարիքներու գործիք են։ Եւ այս ուղղութեամբ, նախընտրելի է անկեղծ թշնամին, քան կեղծաւոր եւ կարծեցեալ բարեկամը։ Հարուածը երբ անակնկալօրէն կ՚իջնէ «բարի» կարծուած, «բարեկամ» կարծուած ձեռքէն, աւելի զգետնիչ եւ քանդիչ է քան հարուածը՝ որ «չար»ին, ճանչցուած չարին ձեռքով կը հասնի։ Ովկիանոսին կատաղութենէն աւելի՛ զարհուրելի է ձիւնափոթորիկը՝ մրրիկը։ Եւ աւելի վտանգաւոր է անակնկալը քան ակնկալուածը…։

Ստոյգ է, որ կայ տիեզերական օրէնք մը, որ երբեք չի խաբեր։ Սա՛, թէ՛ չարին բռնատիրութիւնը ժամանակաւոր է. օր մը՝ յաղթական փառպանծ, միւս օրը՝ պարտեալ մը անփառունակ…։

Կեանքի փորձառութեան եւ վկայութեան հրաշալի՜ պատկեր… պատմութիւնը կը հաստատէ, թէ ամէն մարդկային ուժ եւ բռնութիւն ժամանակաւոր կեանք ունին։ Եւ անոնց ճակտին վրայ կարելի է կարդալ.- Ունայնութի՜ւն ունայնութեանց։ Այլապէս, ինչո՞ւ ոխակալութիւն, ինչո՞ւ վրէժխնդրութիւն, եւ ինչո՞ւ անիմաստ տանջանք ոխակալութեամբ եւ վրէժխնդրութեամբ…։ Պէտք չէ մոռնալ որ ոխակալութիւնը եւ վրէժխնդրութիւնը՝ այս համընթաց վատ զգացումները ծնողներն են նոյնքան վատ զգացումի մը՝ ատելութեա՛ն։

Քրիստոսի Աւետարանին դէմ սատանան չի կրնար կենալ երկար ատեն։ Ուրեմն, ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան ամենազօրաւոր հականեխիչը, դեղն է հաւատքը, յոյսը եւ անշո՛ւշտ սէրը, որոնց պէտք է միանայ «համբերատարութիւն»ը։ Աստուծոյ զօրութիւնը յաւիտենակա՛ն է. բաւ է որ չյուսահատի, չյուսալքուի մարդ՝ երբ տեսնէ յոխորտանքը չարին։ Արդարեւ, աշխարհի վրայ չարը մշտատեւ կը բարգաւաճի, կը տարածուի, բայց ան որ իր վստահութիւնը Աստուծոյ նկարագրին եւ անսահման զօրութեան եւ կարողութեան վրայ է դրած, երբեք պիտի չտարուի ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան զգացումներով եւ երբեք պիտի չզղջայ։

Կեանքին արժէքը այն ատեն կը մեծնայ, երբ մարդ ողջամտութեամբ կը գործէ, հեռու կը մնայ ամէն անիմաստ եւ ապարդիւն զբաղումներէ թէ՛ մտածումով եւ թէ՛ գործով։ Եւ որքա՜ն երջանիկ պիտի ըլլայ մարդ, երբ իրմէ կարենայ հեռու պահել ժխտական, բացասական, անհիմն գաղափարները՝ որոնք ո՛չ մէկ օգուտ ունին իրեն, բայց միայն վնաս կը պատճառեն։

Աստուած կա՛յ եւ պիտի մնայ յաւիտեան, ի՛նչ որ ալ ըլլայ մարդոց զգացումը եւ համոզումը։ Բայց մարդ, ընդունինք որ «կախեալ» էակ մըն է։ Մարդ իր կախման գիտակցութեամբ կրնայ գտնել Աստուած եւ փորձառիլ Անոր նկարագրին եւ վերաբերման եւ դերին իր կեանքին մէջ։ Եւ երբ մարդ զբաղի աւելի վեհ գործերով, այլեւս կրնա՞յ խորհիլ ոխակալութեան եւ վրէժխնդրութեան վրայ, որոնք անշահ, անօգուտ գաղափարներ են մարդուս համար։

Մարդ ամբողջ իր կեանքի ընթացքին կը փնտռէ երջանկութիւնը, եւ չ՚անդրադառնար իր երջանկութեան արգելք հանդիսացող զգացումներուն եւ գաղափարներուն։ Եթէ կ՚ուզես երջանիկ ըլլալ, ապա ուրեմն հեռացուր քեզմէ ամէն վատ զգացում, վատ խորհուրդ եւ վատ գաղափար եւ ամէն ինչ որ «սատանայական» է՝ թակարդ եւ արգելք երջանկութեան։

Կանխակալ եւ նախապաշարեալ ամէն մտածում արգելք են երջանկութեան՝ կատարեալ հաւատքի, եւ ոխակալութիւնն ալ, վրէժխնդրութիւնն ալ նախապաշարումի արդիւնք են. պատի՞ժ, անիկա պատկան իշխանութիւններու գործ է, մա՛րդ ինքնին չի կրնար դատել եւ որոշել եւ վճռել պատիժ մը՝ որուն գործադրիչն ալ ի՛նք ըլլայ։

Եւ կա՛յ աստուածային անշեղ արդարութիւնը, որ թերեւս երբեմն ուշ, ըստ մարդկային հասկացողութեան, բայց անպայմա՛ն կ՚իրագործուի։

Ապա ուրեմն, ի՞նչ իմաստ ունին ոխակալութիւնը եւ վրէժխնդրութիւնը, որոնք տկա՛ր մարդու գործեր են…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 1 2022, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 5, 2022