ՀԱՅՆ ՈՒ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴԸ ՀԱ՞ՇՏ
Համացանցն ու լրատուական միջոցները երէկ ողողուած էր զիրար հակասող պատկերներով, որոնք կը ստիպեն լրջօրէն մտածել սոյն խնդիրին մասին. հայը երբեւէ պիտի կարենա՞յ հաշտ ապրիլ իր դարաւոր թշնամիներուն հետ։
Երէկ տարածում գտաւ ազերի մանուկի մը տեսանիւթը, ուր Հայաստանի դրօշը կրակի կը տրուէր։ Այլ խօսքով ատելութիւն մը կ՚արտացոլար հայերու եւ Հայաստանի նկատմամբ։
Նոյնպէս տարածում գտաւ հայերու տեսանիւթեր, ուր հայեր կ՚անարգեն թշնամիին դրօշը, նախագահի պատկերը եւ այլն…
Այս երկու պատկերներուն հակառակ արաբական «Ալժազիրա» լրատուութիւնը տարածեց Ստեփանակերտէն տեսանիւթ մը, ուր հայ ու ազերի երկու մեծահասակներ կ՚ողջագուրուին եւ իրարու հետ հաշտ ապրելու խոստում կը փոխանակեն։
Ընդունինք կամ ոչ, ակնյայտ է որ վերջաւորութեան «հաշտութիւն» մը պիտի կնքուի պետութիւններու միջեւ եւ մինչեւ իսկ սահմանները պիտի բացուին, որովհետեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան գործընթացը այդ մէկը ցոյց կու տայ։ Սակայն լուրջ մտահոգութիւն է, որ այսքան ժամանակ զոհ ու նահատակ տուող երկու ժողովուրդներ ինչպէ՞ս պիտի «բարեկամներ» դառնան, երբ նահատակներու եւ կորուստներու ցաւը կը շարունակէ կոտտալ։
Նախնիներէն լսած ենք, որ ազերի եւ հայ ժողովուրդը Խորհրդային Միութեան տարիներուն ինչպէս մէկտեղ հաշտ կ՚ապրէին։ Իրականութեան մէջ ժողովուրդները միշտ ալ զոհն են ղեկավարութեանց։ Ո՛չ ազերի եւ ոչ ալ հայ մայրը կ՚ուզէր իր զաւակը հողին յանձնել, մանաւանդ երբ բոլոր կռիւները վերջ պիտի գտնեն համաձայնութեամբ ու հաշտութեամբ։ Պատերազմի մը դժբախտները (այնպէս ինչպէս այսօր) միշտ ալ եղած է համեստ ու անմեղ ժողովուրդը։
Մեր կարծիքով այսօր կռուող Ահմէտը այնքան մեղաւոր չէ, ինչքան թշնամի պետութեան ղեկավարութիւնը, որովհետեւ վերջապէս բոլորն ալ հրամաններու ենթակայ անձեր են։ Ներկայ պատերազմները նման են մանուկի լացին, որ կը տեւէ շատ կարճ՝ այս կամ այն բանը ձեռք բերելու համար. քանինե՜ր կը զոհուին այդ կարճ լացի ժամանակ, սակայն յետ լացին բան մը չեղածի պէս կեանքը կը շարունակուի…
Անցնող մի քանի տարիներու ընթացքին աւելի քան 7 հազար զոհ ունեցաւ Հայաստանը։ Այսինքն 7 հազար եւ աւելի ընտանիք ապրեցան ահաւոր ցաւը։ Եթէ իւրաքանչիւր ընտանիք, մօտիկ հարազատներով, ընկերներով մօտաւոր 10-15 հոգի հաշուենք, աւելի քան 100 հազար հոգի իր մորթին վրայ զգաց այդ ցաւը։ Այս թիւին վրայ աւելցնենք անտուն եւ անօթեւան մնացած դարձեալ 100 հազարի հասնող հայութիւնը՝ պիտի ունենանք աւելի 200 հազարէն վեր թիւ մը։
Իրենց մորթին վրայ այդ վիշտը զգացած հայերը ինչպէ՞ս հաշտութեամբ նոյն միջավայրին մէջ պիտի ապրին իրենց հարազատին մահուան պատճառ դարձած ազգի մը հետ։ Ցաւ ի սիրտ, նման «հաշտութեան» պարագային շատ աւելի խնդիրներ պիտի յառաջանան։ Նուազագոյնը մի քանի սերունդ պէտք է փոխուի, որպէսզի կարելի ըլլայ մտածել հաշտութեան մասին։
Մեր կարծիքով՝ ուշ կամ կանուխ այդ հաշտութիւնը պիտի ըլլայ, մանաւանդ ապագայ սերունդներուն միջեւ, որոնց համար հայրենասիրութիւն, նահատակութիւն եւ այլ արժէքներ այնքան ալ կարեւորութիւն պիտի չունենան. 1915-ը ապրող սերունդին յաջորդեցին պահանջատէր սերունդներ, սակայն մեր ապագայի սերունդները ցաւ ի սիրտ նոյն պահանջատիրութիւնը պիտի չունենան։
Օր մը թուրք ու հայ կռիւներն ու թշնամութիւնը պիտի յանձնուի պատմութեան՝ այնպէս ինչպէս պատմութեան յանձնուած է հայ ու պարսիկ թշնամութիւնը։
Մեզի սպասող օրերը անյստակ են եւ նոյնպէս ցաւալի, սակայն պետութիւններ այդ մէկը առանց նկատի առնելու իրենց սեփական շահերը կը հետապնդեն։ Այսքան իրարանցումէ ետք ո՛չ Ալիեւի ընտանիքը եւ ոչ ալ Փաշինեանի ընտանիքը վնաս կրեց կամ կորուստ ունեցաւ։ Ըլլալիքը եղաւ ժողովուրդին եւ պիտի շարունակէ ըլլալ…
Աւելի քան հարիւր ընտանիք կը շարունակէ մնալ Ստեփանակերտ։ Թշնամիին հետ ապրող հայերուն վնաս չի սպառնար, որովհետեւ միջազգային հանրութեան աչքը պիտի ըլլայ անոնց վրայ։ Նոյնիսկ եթէ երեւութապէս ըլլայ այդ մէկը, Ստեփանակերտ մնացող հայերը հանգիստ կեանք պիտի ունենան։
Այս բոլոր քաոսը կը կոչուի քաղաքականութիւն…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -360-
Տարիներ առաջ հայ յայտնի երաժիշտ Ճիվան Գասպարիան հրաւիրուեցաւ Իսթանպուլ, ներկայ գտնուելու «Խաղաղութեան համերգ» նախագիծին։ Համերգին նպատակն էր խաղաղասիրութիւն ցոյց տալ։ Հայ երաժիշտը թէեւ վերապահ իր մասնակցութիւնը բերաւ, սակայն համերգէն մի քանի տարի ետք պատահած պատերազմները խաղաղասիրութեան լոկ բառ ըլլալը ցոյց տուին, որովհետեւ մարդոց համար սեփական շահը աւելի սուղ արժեց՝ քան խաղաղութիւնը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան