ԳԱՐԵԳԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ (1880-1961)

«Խօսքեր կան՝ որոնք մոգական զօրութիւն մ՚ունին իրենց մէջ, նախադասութիւններ, որոնք իրենց պարզութեան մէջ անհուն խորհուրդներ կը ծածկեն։ Սրտին լեզուն բանալին է այդ ամէնուն։ Միտքը կը տարրալուծէ, կը վերլուծէ, քիչ մը կը տրամաբանէ, կը համադրէ, կը ներդաշնակաւորէ եւ եզրակացութեան մը կը բերէ այն բոլոր իրադարձութիւնները, որոնց մէջ կը փոխադրուի միակ բառի մը ներշնչումով. եւ հոգեխօսական այդ բարդ վիճակը իր ամբողջ երանգովը պարբերացած կը տեսնէ հոգին միակ պարբերութեան մը մէջ։ Աչքերը՝ սրտին լոյսովը ողողուած՝ հազար անգամ կ՚երթեւեկեն անոր վրայ եւ ամէն անգամ յիշատակներու նոր փունջ մը կը կազմուի սրտեղէն խորաններու վրայ։

Այսպէս է Աւետարանի ԽՕՍՔԸ»։

ԳԱՐԵԳԻՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

ԳԱՐԵԳԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
(Գ. ՇՆՈՐՀԱԼԻ)

«Իր վախճանման յիսնամեակին, ջերմեռանդ՝ ու ակնածանքով կ՚ոգեկոչեմ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանը։

Վերջին Արմաշականն էր, «Մե՛ծ Արմաշական»ը, որ ի յայտ եկաւ իբրեւ տիպար ու բացառիկ հոգեւորական, հեղինակաւոր եւ արդարակորով էութիւն։

Բարձրարժէք ընտրեալն էր, բազմաբեղուն գրագէտը, մատենագիրը, հեղինակը, «գիրի եւ խօսքի քաղցր մեկնաբանը», աննման գրաբարագէտը ու թարգմանիչը, պատկառելի վաստակով։

Եղաւ երանափառ Ուսուցիչն ու Դաստիարակը, ցանկալի մշակը՝ հոգեմտաւոր կեանքի, ներշնչման ականակիտ աղբիւրը՝ վսեմ տեսլականներու։

Նարեկացիներու եւ Շնորհալիներու շունչով ու լիակատար արժանիքներով սրբամաքուր՝ եղաւ Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռի պատուական Գահակալը. Առաքելաշնորհ Հոգեւոր Պետը, «Լուսապայծառ Դէմքը» Երանաշնորհ Վազգէն Ա. Հայրապետի յորջորջումով։

Ամբողջ տասը տարի, բախտն ու պատիւը ունեցայ մօտէն ճանչնալու այս Եռամեծար եկեղեցականը։

Գարեգին Պատրիարք. Իր հոգեւոր ծնողին՝ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանին «Դուրեան Բ. Շնորհալի» պատուանունը սահմանած էր։ Համեստօրէն ես ալ կը յիշատակեմ Գարեգին Պատրիարքը, «Խաչատուրեան Գ. Շնորհալի» հոգեգրաւ կոչումով։

Խո՛ւնկ ու աղօ՛թք Իր հոգիացեալ նշխարներուն»։

ՏՔԹ. ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ

Գարեգին Ա. Տրապիզոնցի Խաչատուրեան Պատրիարք (1951-1961) ծնած է 1880 նոյեմբեր 6 թուականին Տրապիզոնի մէջ։ Ուստի նոյեմբեր 6-ին անոր ծննդեան 142-րդ տարեդարձն է որ կը յիշատակուի։

Աւազանի անունով Խաչիկ, նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Ազգային վարժարանը, յետոյ տեղւոյն Վենետիկեան Մխիթարեան վարժարանը։

1896-ին ընդունուած է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը։ Հոն երկու տարի ուսանելէ յետոյ, դարձած է Իսթանպուլ եւ մտած Արմաշի դպրեվանքը, երբ վանահայր էր Տ. Եղիշէ Եպսկ. Դուրեան։

20 մայիս 1901-ին, իր ուսուցիչը Դուրեան Սրբազան՝ իր ինն դասընկերներուն հետ կուսակրօն քահանայ է ձեռնադրած զինք, վերակոչելով զայն Գարեգին։

Ան երկու տարի, վանքին մէջ ուսուցիչ եղած է հայերէնի եւ պատմութեան։

Տեսուչ կարգուած է Սիսի Ժառանգաւորաց, ապա Մարաշի Կեդրոնական վարժարաններուն։

Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Նորայանի (ապա Մեսրոպ Ա Մշեցի Նարոյեան Պատրիարք. 1927-1944) վանահայրութեան օրով, մեկնած է Արմաշ, եւ վարած՝ փոխ-տեսուչի պաշտօն։

1915-ին ղրկուած է Երուսաղէմ։ Ուսուցչական պաշտօններ վարած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ ընտրուած նաեւ՝ Ս. Սինոդի անդամ։

Զաւէն Ա. Պաղտատցի Տէր-Եղիաեան Պատրիարք (1913-1915, 1919-1922), 17 օգոստոս 1919-ին զինք նշանակած է առաջնորդական տեղապահ Տրապիզոնի, ուր Գարեգին Վարդապետ Խաչատուրեան զբաղած է որբերու կրթութեան գործով։

1 յուլիս 1922-ին, Գիւտ Նշխարաց Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տօնին, Ս. Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուած է եպիսկոպոս Տրապիզոնի։

Տարի մը յետոյ եկած է Իսթանպուլ, եւ իբր ուսուցիչ պաշտօնավարած է Կեդրոնական վարժարանը, աւանդելով հայերէնի մատենագրութիւն եւ կրօնագիտութեան դասեր։ Իսկ Նոր Դպրոցի մէջ ալ դասաւանդած է հայերէն գրաբար լեզուն։

1928 թուականին կաթողիկոսութեան պատուիրակ է նշանակուած Գալիֆորնիոյ թեմին։

1935-ին Մարսիլիոյ առաջնորդ նշանակուած է։

Երկու տարի յետոյ մեկնած է Հարաւային Ամերիկա՝ կաթողիկոսական պատուիրակի պաշտօնով։

2 դեկտեմբեր 1950-ին, 99 ժողովականներու ստուար մեծամասնութեան քուէով ընտրուած է թրքահայոց պատրիարք, որ այդ շրջանին պաշտօնով կը գտնուէր Արժանթին։ 1951 տարւոյ 16 մարտին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ ընտրեալ Սրբազան Պատրիարքը կատարած է հանդիսաւոր ուխտը եւ տեղի ունեցած է գահակալութիւնը։

(Զինք, 20 մայիս 1901 թուականին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրող վանահայր Եղիշէ Եպսկ. Դուրեան, ապա ընտրուած է թրքահայոց պատրիարք. Եղիշէ Ա. Պոլսեցի Դուրեան. 1909-1910)։

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան վախճանած է 22 յունիս 1961-ին «Սրբոց Թարգմանչաց Մերոց Սահակայ եւ Մեսրոպայ» տօնին օրը, երբ կը նախագահէր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Յուղարկաւորութիւնը եւ օծումը կատարուեցաւ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, որ յատկապէս ժամանած էր Իսթանպուլ 4 յուլիսին Ս. Էջմիածինէն։

Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք իր պաշտօնավարութեան ընթացքին նախանձախնդիր ջահակրութեամբ ջանք է թափած վառ պահելու Աւետարանի եւ մշակոյթի «լոյս»ը։ Ան ցուցաբերած է գրական բեղուն եւ օգտաշատ գործունէութիւն։

Ունեցած է յօդուածներ, քարոզի պատճէններ, յորդորականներ եւ բազմաթիւ զանազան գրութիւններ՝ որոնք լոյս տեսած են թերթերու եւ հանդէսներու մէջ։ Ան միշտ փափաքած է ունենալ սեփական հրատարակութիւն մը՝ այն բոլոր կեդրոններու մէջ՝ ուր գտնուած է հովուական առաքելութեամբ։ Ասոնց կարգին է նաեւ Իսթանպուլի մէջ «Շողակաթ»ը։

1925-ին լոյս ընծայած է «Կրօնաբարոյական շողակաթումներ» հատորը։ 1926-ին՝ «Նարեկ»ի աշխարհաբար առաջին թարգմանութիւնը։ 1936-ին «Աշխարհի Լոյսն ի Հայս» Ա. հատորը եւ 1939-ին Բ. հատորը հրատարակած է։

Յաջորդաբար լոյս է ընծայած «Աստուածաշունչ Նոր Կտակարան»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը (1943). «Տարօնաշունչ»ը (1945), «Նարեկ»ի երկրորդ թարգմանութիւնը՝ տաղաչափեալ ըստ բնագրի եւ գրաբար հանդիպագրութեամբ (1948), Եզնիկ Կողբացիի «Եղծ Աղանդոց»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը՝ գրաբարի հանդիպագրութեամբ (1951)։

1960 թուականին, Տ. Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանին ծննդեան (23 փետրուար 1860) 100-ամեակի տօնակատարութեան առիթով հրատարակած է «Եղիշէ Բ. Շնորհալի» հատորը, որպէս «Շողակաթ» հանդէսի միացեալ բացառիկ թիւ։

Յօրինած է նաեւ դասագիրք մը «Իսրայէլի պատմութիւն» անունով, շուրջ 300 էջնոց աշխատասիրութիւն մը։

Ան ունի նաեւ բազմաթիւ քերթուածներ, որոնք ամփոփած է «Քնար Արեւագալի» հատորին մէջ (1917)։ Իսկ արձակները լոյս ընծայած է «Խոհեր եւ յուշեր» անունով։

Գարեգին Պատրիարքի կրթական-դաստիարակչական գործունէութեան դափնեպսակը կը հանդիսանայ «Ս. Խաչ դպրեվանք»ի հիմնարկութիւնը։

Իր պատրիարքութեան շրջանին, Պատրիարքարանը մօտէն հետաքրքրուած է գաւառի հայութեամբ։ Հոգեւորականներ իրենց կրօնական առաքելութիւններով զգաղած են հոգեւոր մատակարարական գործերով…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 2 2022, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2022