ԱՅԼԱԲԱՆԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏ

Սուրբ Գիրքը խնամով եւ զգուշութեամբ կարդալու եւ հասկնալու կարեւորութիւնը աւելի յայտնի կը տեսնուի, եթէ դիտենք կրօնական եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններու վերաբերեալ վերացեալ գաղափարները մարդոց եւ մարդկային լեզուով հաղորդելու դժուարութիւնը։

Հոգեւոր բաներու վրայ խօսելու ժամանակ մարդիկ ընդհանրապէս կը գործածեն «վերաբանութիւն» կամ «նմանութիւն»։ Մտային եւ մտաւոր գործողութիւններու վերաբերեալ գաղափարներ այս կերպով միայն կարելի կ՚ըլլայ բացատրել, եւ հասկնալի դարձնել հետաքրքրուողներուն։

Մարդկային ցեղերուն տղայութեան ժամանակ գրեթէ միշտ գործածուած է այս «այլաբանական» լեզուն. հասարակ իրողութիւններ եւ իրեր անգամ այլաբանական բառերու օգնութեամբ նկարագրուած կը գտնենք։ Զոր օրինակ, որովհետեւ մտքին ըմբռնելու գործողութիւնը նմանութիւն ունի աչքի գործողութեան հետ, կ՚ըսուի, թէ «միտքը կը տեսնէ». «հոգի» բառը նախապէս կը նշանակէր «շունչ», «խորհրդածել» բային բառական նշանակութիւնն է՝ խորհուրդը դարձեալ բերել. «ուշադրութիւն» կամ «մտադրութիւն» որ մտաւոր գործողութիւն է՝ կը նշանակէ միտքը բանի մը վրայ դնել, կեդրոնացնել, կեցնել։

Նոյնպէս, «ածել» եւ «դնել» բառերը որ կը նշանակեն մարմնի անդամներու միջոցաւ եղած գործողութիւններ՝ վերաբանութեամբ կամ նմանութեամբ ըսուած են իմացական գործողութիւններու համար։

Արդարեւ, մարդկային վիճակը այնպէս է որ մարդս չի կրնար պարզ կերպով, այսինքն՝ առանց զգալի բաներու բառերը կամ անունները գործածել, բացատրել, մտքի կամ վերացեալ ճշմարտութիւններու վերաբերեալ գաղափարներ։ Ուստի իմացական գաղափարներ բացատրելու համար մեր այս բնական կերպին զիջանիլ ուզելով, Աստուած մեզ ծանօթ զգալի իրերու նշաններով կամ բառերով հաղորդած է կրօնական եւ հոգեւոր ճշմարտութիւններ. ուրիշ խօսքով, ծանօթացուցած է զանոնք մեզի «ընտանի» միջոցներով։

Այս ուղղութեամբ, Աստուած ուզած է զիջանիլ մեր բացատրութեան բնական-սովորական կերպին. աւելի ճշմարիտ կ՚ըլլար ըսել՝ թէ Աստուած այնպէս կարգադրած է բոլոր զգալի իրերը որ անոնք, ըստ երեւոյթին, շատ յարմարութիւն ունին ներկայացնել եւ յայտնել հոգեւոր գաղափարները։ Ուստի, տեսանելի աշխարհը անտեսանելիին հայելի՛ն է։ Մի եւ նոյն ձեռքէ ելած են այս երկու «աշխարհ»ները։ Մասնաւորապէս բարեպաշտ մարդը այնչափ նմանութիւն կը տեսնէ տեսանելի եւ անտեսանելի աշխարհներուն միջեւ, որ հոգեւոր աշխարհին խորհրդաւոր նշան կամ պատկեր կը համարի նիւթական՝ տեսանելի աշխարհը։

Հոգեւոր ճշմարտութիւններ բացատրելու համար Սուրբ Գիրքի մէջ «այլաբանական լեզու» գործածուելու օրինակները շատ են։ Զոր օրինակ, ըսուած է Աստուծոյ համար՝ թէ «լոյսի» մէջ կը բնակի. կը հաստատէ իր «թագաւորութիւն»ը, երկինք է անոր «աթոռ»ը։

Քրիստոնէական հաւատքը նկարագրուած է հասարակ կամ զգալի գործողութիւններ բացատրող բառերով. զոր օրինակ, ըսուած է. Կեանքի խօսքը «բռնել». Աներեւոյթը «տեսնել» Քրիստոսի «երթալ», Քրիստոսի կռթնիլ։ Դարձեալ, Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ վրայ կը խօսի որպէս թէ մարդու վրայ, իբրեւ թէ Աստուած ունի մարդկային կիրքեր եւ կը կատարէ մարդկային գործողութիւններ։ Աստուած մարդու կերպարանքով ներկայացնել սովորութիւն է եղած ընդհանրապէս. մանաւանդ մանուկներու երբ կը ներկայացուի Աստուած որպէս մարդ, կամ մարդու կերպարանքով, անոնց մէջ կը տպաւորուի այդ, եւ մինչեւ վերջ կը կարծեն անոնք թէ Աստուած ճերմակ երկար մօրուքով՝ ալեզարդ պատկառելի ծերունի մըն է։ Եւ այդպէս երեւակայողներու թիւն ալ քիչ չէ եղած կեանքի մէջ։ Եւ այս պատճառով է որ Ժ. Ժ. Ռուսօ կ՚ըսէ, թէ մինչեւ որոշ տարիք մը տղոց պէտք չէ Աստուած ներկայացնել կամ բացատրել իբրեւ «մարդ» մը, մարդու կերպարանքով Էակ մը։

Այսպէս նաեւ, երբ Աստուծոյ մասին կը խօսուի, Անոր կ՚ընծայուի «ձեռք», «աչք» եւ «ոտք», որոնց նշանակութիւնն է, թէ Աստ-ւած կարո՛ղ է կատարել բոլոր այն գործողութիւնները, որոնք մենք կը կատարենք մեր այն անդամներով եւ գործարաններով։ «Հայր» կոչուած է Աստուած, քանի որ Ան է հոգեւոր կեանքի աղբիւրը։ Ըսուած է. «Տէր, քու երեսիդ լոյսը մեր վրայ ծագէ» (ՍԱՂՄ. Դ 6), փոխանակ ըսելու. «Տէր, յայտնէ մեզի քու ներկայութիւնդ եւ սէրդ»։

Ըսուած է նաեւ. «Անտես կ՚ըլլաս» (ՍԱՂՄ. Ժ 1), փոխանակ ըսելու՝ թէ կը զրկես մեզ օրհնութիւններէդ։

Երբ վերաբանական կամ այլաբանական նշանով հոգեւոր ճշմարտութիւն մը կը ներկայացուի, ներկայացուած բանն է աւելի ազնիւ եւ կատարեալ քան ներկայացուող իրը կամ առարկան. այսպէս է ամէն տեսակ այլաբանութիւններու մէջ։ Զոր օրինակ, կ՚ըսենք. «Միտքը կը կշռէ ձեռնարկութիւնները կամ փաստերը», բայց մտքի այն գործողութիւնը զոր կը բացատրենք «կշռել» բառով՝ աւելի ազնիւ է քան մեքենապէս կշռելու գործողութիւնը։

Այսպէս եւս Աստուծոյ տեսնելը անհամեմատ աւելի կատարեալ է քան աչքին տեսնելը, եւ լոյսը որուն մէջ կը բնակի Ան՝ այնպիսի է որ մեր բնական լոյսը հազիւ կրնայ անոր շատ աղօտ մէկ նմանութիւնը ըլլայ։ Երբ կ՚ըսենք թէ «Եկեղեցին է Քրիստոսի Հարսը», Եկեղեցիին այս երկնաւոր առընչութիւնն է շատ աւելի գերազանց քան նոյն առընչութեան երկրաւորը, այսինքն՝ երկրի վրայ տեսնուած հարսնութիւնը։ Արդարեւ, երկրաւորը երկնաւորին շուքն է, ինչպէս երկրաւոր թագաւորութիւններ կամ երկրաւոր թագաւորներու վեհափառութիւնը լոկ ստուեր կամ օրինակ են Աստուծոյ թագաւորութեան եւ վեհափառութեան։

Ուստի պէտք է գիտնալ, թէ թէպէտ շատ յատկութիւններ կան որ կ՚ընծայուին առ հասարակ Աստուծոյ եւ մարդոց, զոր օրինակ՝ իմաստութիւն, սէր, գիտութիւն, սրբութիւն, մեծ տարբերութիւն կայ Աստուծոյ եւ մարդոց այս յատկութիւններուն մէջտեղ։ Աստուծոյ յատկութիւններն են անհուն կերպով ազնիւ եւ կատարեալ. Անոր եւ մարդոց յատկութիւններու մէջտեղ վերաբանութիւն կամ նմանութիւն տեսնելուն համար է միայն որ նոյն բառերը կը գործածուին Աստուծոյ եւ մարդոց համար միանգամայն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 1, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2018