ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԱԽՈՐԺԱԿԸ

Զգացական ախորժակը մարդս կը մղէ բաղձալու իր չունեցած հաճելի բաները։ Այսպէս՝ բաղձալ ուտել երբ անօթի է մարդ, կամ տաքնալ երբ կը մսի։ Այս բաղձանքները յինքեան բարի՛ են, բայց յաճախ անոնք չեն յարգեր բանականութեան չափաւորութիւնը եւ կը մղեն մարդս ցանկալու անարդարօրէ՛ն ինչ որ իրեն չի պատկանիր, ինչ որ ուրիշին կը պատկանի կամ կը վերաբերի։ Ահաւասիկ, այս իմաստով բարոյական օրէնքներ կ՚արգիլեն «անյագութիւն»ը եւ երկրաւոր բարիքներուն սեփականացումի անյագուրդ բաղձանքը. անոնք կ՚արգիլեն անկարգ եւ չափազանցուած «ընչաքաղցութիւն»ը, ծնած հարստութիւններուն եւ անոնց զօրութեան անյագ կիրքէն։ Անոնք կ՚արգիլեն նաեւ անարդարութիւն մը գործելու բաղձանքը, ինչ որ մերձաւորին ունեցածներուն վնաս պիտի հասցնէր.

«Երբ Օրէնքը կ՚ըսէ մեզի.- Պիտի չցանկաք, ան կ՚ըսէ մեզի, այլ խօսքերով, մեր բաղձանքները հեռու պահել մեզի չպատկանող ամէն բանէ։ Որովհետեւ մերձաւորին ինչքին քաղցը անսահման, անվերջ եւ անյագ է, ինչպէս որ գրուած է. Ագահը երբեք պիտի չյագենայ արծաթով». (ՍԻՐ. Ե 9)։

Մերձաւորին պատկանած բաները ձեռք ձգելու բաղձանքը այս բարոյական օրէնքներուն դէմ չէ, պայմանով որ անիկա կատարուի արդա՛ր միջոցներով։

Աւանդական բարոյականութիւնը եւ նաեւ կրօնուսուցումը իրապաշտօրէն մատնացոյց կ՚ընէ այն անձերը՝ որոնք պարտին աւելի պայքարիլ իրենց ոճրային ցանկութիւններուն դէմ եւ զորս հարկ է նաեւ աւելի յորդորել, որ պահեն այս պատուէրը։ Անոնք այն վաճառականներն են, որոնք կը բաղձան որ ապրանքները պակսին կամ սղին։ Անոնք կը նեղուին որ նոյն առուծախը ընողները միայն իրենք չեն, ինչ որ իրենց թոյլ պիտի տար ապրանքը աւելի սուղի ծախելու եւ ամենացած գինով գնելու, ինչ որ կը նշանակէ չափէն աւելի շահիլ։ Եւ դարձեալ անոնք են որ կը մաղթեն, որ իրենց նմանները չքաւորութեան մատնուին, որպէսզի շահ ապահովեն, ապրանք ծախելով անոնց, կամ գնելով անոնցմէ։ Այս մարդոցմէ են այն բոլոր մարդիկ, որոնք ուրիշներու վնասներէն շահ ապահովել կ՚ուզեն, ինչ որ բանականութեան եւ բարոյականութեան հակառակ է եւ անընդունելի՛։

Բարոյական օրէնքները կը պահանջեն «նախանձ»ը արտաքսել մարդկային կեանքէն։

Երբ Նաթան մարգարէն ուզեց Դաւիթ թագաւորը զղջումի դրդել, պատմեց անոր պատմութիւնը աղքատի մը, որ միայն գառնուկ մը ունէր, որուն հետ իր աղջիկ զաւակին պէս կը վարուէր, ապա այն հարուստին որ հակառակ իր ունեցած բազմաթիւ հօտերուն, այս աղքատ մարդուն վրայ կը նախանձէր, մինչեւ որ վերջապէս գողցաւ մարդուն գառնուկը. (Բ ԹԱԳ. ԺԲ 1-4)։

Նախանձը կրնայ տանիլ յոռեգոյն չարագործութւիններու. (ԾՆՆԴ. Դ 3-8), (Ա ԹԱԳ. ԻԱ 1-29)։

Արդարեւ, սատանային նախանձով է որ մահը մտաւ աշխարհ. (ԻՄԱՍՏ. Բ 24)։

Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Մենք երբ իրարու դէմ կը կռուինք, մեր մէջ մախանքն է, որ մեզ իրարու դէմ կը լարէ…։ Եթէ ամենքս այսպէս շարունակենք խախտել Քրիստոսի մարմինը, ո՞ւր պիտի հասնինք։ Մենք Քրիստոսին մարմինը տկարացնելու գործին լծուած ենք…։ Մենք մեզ միեւնոյն մարմինին անդամները կը յայտարարենք եւ զիրար կը յօշոտենք գազաններու պէս»։

Ուստի, նախանձը գլխաւոր մոլութիւն մըն է։

Նախանձը կը մատնանշէ ուրիշին բարիքին դիմաց մարդուն զգացած տխրութիւնը եւ ինչպէս նաեւ զայն նոյնիսկ անպատշաճ կերպով իւրացնելու անսանձ փափաքը։ Մախանքը երբ մերձաւորին ծանր չարիք մը կը մաղթէ, մահացու մեղք է։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս նախանձին մէջ կը տեսնէ «գերազանցօրէն սատանայական մեղքը»։

Իսկ Սուրբ Գրիգոր Մեծ կ՚ըսէ թէ՝ «Նախանձէն կը ծնին ատելութիւնը, չարախօսութիւնը, զրպարտութիւնը, մերձաւորին դժբախտութեան վրայ հրճուիլը, ուրախանալը եւ անոր բարութեան վրայ նեղուիլը»։

Նախանձը տխրութեան կերպերէն մէկն է, ուրեմն եւ մարդասիրութեան, եղբայրսիրութեան զլացումը. մկրտեալը պիտի պայքարի անոր դէմ իր բարեսիրութեամբ, մարդասիրութեա՛մբ։

Նախանձը յաճախ յառաջ կու գայ հպարտութենէն, ինքնահաւանութենէն եւ մեծամտութենէն։ Ուստի մարդ պէտք է մարզուի ապրիլ խոնարհութեան, համեստութեա՛ն մէջ։

Եւ դարձեալ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան կ՚ըսէ.

«Արդեօք պիտի չուզէի՞ք տեսնել Աստուած ձեր միջոցով փառաւորուած։ Ուրախացէք ուրեմն ձեր եղբօր յառաջդիմութիւններով, եւ անոր գործով։ Աստուած ձեզմով պիտի փառաւորուի։ Եւ այն ատեն մարդիկ պիտի ըսեն.- օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած քանի որ Անոր ծառան գիտցաւ յաղթել նախանձին՝ իր հրճուանքը դնելով ուրիշներուն արժանիքներուն մէջ»։

Օրէնքին եւ շնորհքին տնտեսութիւնը կ՚ազատագրէ մարդոց սրտերը ընչաքաղցութենէն եւ մախանքէն՝ նախանձէն, կը հրաւիրէ զայն Գերագոյն Բարիին բաղձանքին մէջ. կը դաստիարակէ զայն Սուրբ Հոգիին բաղձանքներովը, որ կը յագեցնէ մարդուն սիրտը։

Խոստումներուն Աստուածը միշտ զգուշացուցած է մարդը այն հրապոյրներէն, որոնք աշխարհի սկիզբէն իսկ մարդուն կը պատկերանան, կը ներկայանան իբր քիմքի համեղ, հաճելի աչքերուն, եւ տեսքով գեղեցիկ. (ԾՆՆԴ. Գ 6)։ Կամենալութեան եւ կատարելուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անհամընթացութիւնը կը մատնանշուի այն բախումէն, որ գոյութիւն ունի բանականութեան օրէնքին, այսինքն Աստուծոյ Օրէնքին եւ մեղքին օրէնքին ընդմէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 2, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2020