ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ Կ՚ԱՊՐԻՆՔ

Եթէ քննութեան ենթարկենք մեր կեանքը, անպատճառ պիտի նկատենք, որ մինչեւ օրս գրեթէ բոլո՛րս ալ ապրած ենք ուրիշներու համար. որովհետեւ հայկական անգիր սովորութեան մաս կը կազմէ սեփական հանգիստէն աւելի նկատի ունենալ ու առաջնահերթ նկատել «ուրիշները ինչ կ՚ըսեն» օրէնքը, որ սեփական ուրախութեան ու երջանկութեան մեծագոյն դահիճը կը հանդիսանայ:

Շատ անգամ մեր համար ամենէն սուրբ ու մաքուր զգացումները անգամ ոտնակոխած ու աղաւաղած ենք՝ «ուրիշներ»ուն սիրոյն. մեր սիրտերուն մէջ կարօտ զգացած ենք, սակայն փորձած ենք խեղդել այդ մէկը, որպէսզի մարդիկ մեզ «տկար» չսեպեն. յաճախ հարց տրուած է կործանուած սիրոյ մը մասին. հարցուցած են «տակաւին կը յիշե՞ս զինք», սակայն յիշելն անգամ ամօթ նկատելով անտարբեր «ո՛չ» մը ըսած ենք, որպէսզի մարդիկ չըսեն «տակաւին կը յիշէ՜»: Յաճախ տնտեսապէս լաւ չըլլալով հանդերձ փորձած ենք կարելի եղած չափով քօղարկել այդ մէկը, վստահ ըլլալով որ «եղբայրասիրութիւն» կոչուածը թանգարանային բառ ըլլալով մարդիկ պիտի խօսին եւ ըսեն «վիճակը տե՜ս»: Ունեցած ենք դժուարութիւններ, սակայն այդ բոլորը փորձած ենք մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ խեղդել, վստահ ըլլալով որ մարդիկ օգնութեան ձեռք մեկնելու փոխարէն «ի՜նչ տկար է» պիտի ըսեն:

Ու այսպէս կեանք մը ամբողջ պիտի ապրինք մարդոց համար՝ որոնք այսպէս թէ այնպէս բան մը պիտի ըսեն եւ չգտնելու պարագային ըսելիք մը ստեղծեն, որովհետեւ այդ մէկը ընդհանրապէս համամարդկային, սակայն մասնաւորապէս հայկական սովորութեան մաս կը կազմէ:

Պատանի տարիքիս գաղտնի ձեւով կը գրէի սիրային բանաստեղծութիւններս, որպէսզի չըլլայ յանկարծ ու մեծահասակ մը տեսնելով «որո՞ւ համար կը գրես» հարցումը ուղղէ եւ ամենէն մաքուր ու անմեղ զգացումները սուտերով ծածկել կը փորձէի. վերջապէս մարդոց աչքին մենք սիրե՞լ գիտենք...:

Անգիր սովորութեան համաձայն, մարդոց լեզուին մէջ ձեր հազար ըրածներուն կողքին տեղ պիտի գտնէ եւ յաւիտեան շունչով մնայ հաւանաբար ձեր մէկ չըրածը, որովհետեւ աշխարհի թուաբանական հաշիւներու համաձայն՝ մէկ սխալ մը կրնայ մշտնջենաւորապէս ջնջել կատարուած հազար բարիքները, որովհետեւ բարիքէն աւելի չարիքին մէջ է որ մարդիկ խօսելիք ու ըսելիք բան մը կը գտնեն:

Հետաքրքրականը հո՛ն է սակայն, որ վերոյիշեալ բոլոր նշուածները փոքր տարիքէն մեր մէջ կը սերմանեն «բարի» եւ «լաւ» դաստիարակութիւն անուան տակ, որովհետեւ փաստօրէն լաւ դաստիարակուած կը նկատուի ան՝ որ ուրիշները նկատի կ՚ունենայ: Այդ է պատճառը, որ Եւրոպան եւ Ամերիկան շատ անգամ մեզի համար տարօրինակ կը թուի, որ մարդիկ ուրիշներու կարծիքէն աւելի կը կարեւորեն իրենց ԵՍը, զգացումներն ու ապրումները ի հարկին անտեսելով բոլո՛ր անոնց՝ որոնք անպայմանօրէն բան մը ըսելիք ունին: 

Եւրոպայի եւ Ամերիկայի ազատութեան դիմաց մինչեւ օրս մեր մէջ իրենց աղջիկները շուտ ամուսնացնելու մարմաջով ապրողներ գոյութիւն ունին... որպէսզի չըլլայ թէ մարդիկ «տունը մնացած» ըսեն. եւ ի՜նչ իմաստ աղջիկը այդ ամուսնութեամբ կը դժբախտանայ թէ ոչ. հիմնականը «մարդիկ ի՞նչ կ՚ըսեն»ն է։

Եւ այսպէս ամբողջ կեանք մը ուրիշներուն աչքին հաճելի թուելու համար մենք մեր անձը կը կորսնցնենք, մեր համոզումներուն եւ զգացումներուն դէմ կ՚ապրինք, որովհետեւ անոր հակառակ ապրիլը նոյն այդ մարդոց դիմաց «ամօթ» մը կը նկատուի: Իսկ աւելի սարսափելին այն է, որ այս բոլորը որոնց համար զոհողութիւն ընել յանձն կ՚առնես յաճախ կ՚ապրին այնպէս՝ ինչպէս որ կ՚ուզեն, որովհետեւ իրենք եթէ ընեն, վնաս մը չ՚ունենար, սակայն վա՜յ թէ դուն ընել այդ մէկը:

Այդ է պատճառը, որ մեր արտաքին աշխարհն ու ներքինը շատ անգամ կրնայ իրարու չհամապատասխանել, որովհետեւ հոգին այլ ուղղութեամբ եւ մարմինը այլ ուղղութեամբ կ՚առաջնորդուի եւ հոգեկանը մարմնականէն բաժնել՝ արդէն իսկ սպաննել կը նշանակէ:

Քեզմէ կարճ աղջիկ սիրեցի՞ր. պիտի ըսեն «իրարու համապատասխան չեն». պիտի քննադատեն անոր արտաքին երեւոյթը, քալուածքը, նայուածքը, խօսածը, սակայն քննադատելով հանդերձ միշտ պիտի ժպտան ու յարգալիր վերաբերմունք մը ունենան: Անոնք երբեք հոգեկան կամ զգացական արժէքներուն կարեւորութիւն պիտի չկարենան տալ, որովհետեւ երեւոյթը զգացումներէն շա՜տ շատ աւելի առաջ կու գայ: Այդ երեւոյթի եւ մարդոց առջեւ լաւ երեւալու սիրոյն է, որ գրուեցան պոլսահայութեան կեանքին մասին բազմաթիւ վէպեր, որովհետեւ անոնց համար պատանիի մը մեծահասակ գործատիոջ հետ պսակուիլը շատ աւելի տրամաբանական էր, քան գիտուն վարժապետի մը հետ, որովհետեւ շատ անգամ նիւթականը նման մարդոց բերանը գոցելու եւ սեւը որպէս սպիտակ ցոյց տալու շնորհքն ալ ունի:

Վստահ եմ, եթէ ի սկզբանէ ուրիշներու համար ապրելու սովորութիւնը չունենայինք, այսօր բոլորիս ալ կեանքը տարբեր կրնար ըլլալ. յետդարձ մը կատարելով միայն այդ բոլորին անիմաստ ըլլալը պիտի նկատենք, սակայն արդէն իսկ ուշ պիտի ըլլայ:

Այսօր աշխարհի վրայ մարմնապէս քաջ եղողը չէ՛ որ իսկապէս քաջ է. քաջ է ան՝ որ իր զգացումները, ազատութիւնն ու ուրախութիւնը կրնայ աւելի առաջնահերթ նկատել քան մարդոց խօսքերը, արաբերէն յայտնի երգը կ՚ըսէ. «մարդոց խօսքերը ո՛չ առջեւ եւ ո՛չ ալ յետ կը տանին»:

Հետեւաբար երանի՜ անոր, որ իր սիրտն ու հոգին, զգացումներն ու ապրումները «մարդիկ ինչ կ՚ըսեն»ի սիրոյն զոհ ու նահատակ չեն դարձներ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -112-

Ճշմարիտ ծնողքի մը պարտականութիւնն է օտարներու խօսքերէն աւելի ուշադրութիւն եւ կարեւորութիւն դարձնել իրենց զաւակին երազներուն, իղձերուն ու փափաքներուն, որովհետեւ այդ երազներու իրականացումն է, որ իրենց զաւակները երջանիկ կը դարձնեն եւ ո՛չ օտարներու խօսքերն ու «ըսի-ըսաւ»ները:

Վերոյիշեալին հակառակ ապրող ընտանիքի մը հանդիպեցայ Լիբանանի մէջ, որ ոտնակոխելով իրենց զաւակի երազները ուշադրութիւն կը դարձնէին «մարդիկ ինչ կ՚ըսեն»ին. իրենց զաւակն ալ հլու հնազանդ կ՚ենթարկուէր այդ բոլորին՝ վստահելով որ ընտանիք մը միայն իր զաւակին բարիք կը ցանկայ: Որոշ ժամանակ ետք երիտասարդուհին ինքզինք իր երազներուն ամբողջութեամբ հակառակ ուղղութեամբ կը գտնէ եւ կը նկատէ, որ ուրիշները գոհացնելու համար ինք ապրած է կեանք մը՝ որ չէր համապատասխաներ իր երազներուն:

Յանկարծ որոշում կ՚առնէ իր երազները հետապնդելու եւ կը փշրէ այդ բոլորը՝ որ մարդոց համար յանձն առած էր: Արդի՞ւնք. մարդիկ փոխանակ անդրադառնալու իրենց ըրածին կը սկսին մեղադրել երիտասարդուհին՝ որ մինչեւ այդ օր իրենց համար բազմաթիւ զոհողութիւններ յանձն առած էր:

Կը կարծէ՞ք երբեւէ մարդիկը կարելի է գոհացնել...:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2022