ԿԵԱՆՔԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կեանքը կը սկսի եւ կը շարունակուի մեծ ակնկալութիւններով եւ յաճախ արգելքներ կը ցցուին մարդուս յոյսերու, ակնկալութիւններու լայն հորիզոնին վրայ. շատ չանցած մարդ ինքզինք կը գտնէ «տառապանքներու խորունկ ձորեր»ուն մէջ։ Կեանքը երբե՛ք չէ՝ ի՛նչ որ մարդ կը փափաքի որ ըլլայ։

Արդարեւ, կեանքը ունի ուրախութիւններու վարձատրութիւնները, բայց նաեւ՝ իր ցաւերը եւ յուսախաբութիւնները։

Ուրախութիւններու, յաջողութիւններու լեռնակատարներուն ստորոտը միշտ կայ ձախողութիւններու ձորը։

Մարդկային կեանքին մէջ, առողջութեան դէմ, հիւանդութիւնն ալ ունի իր խոր եւ մո՜ւթ ձորը։

Այս իմաստով՝ կեանքը լեցուն է «լեռ»ներով եւ «ձոր»երով։ Այս կը նշանակէ, որ կեանքը ինչպէս ունի բարձրութիւններ, ունի նաեւ ցածութիւններ։

Փառք, պատիւ, դիրք, բարձր աստիճաններ, տիտղոսներ, բարձունքներ են՝ որոնց վրայ մարդ մնայուն շէնք չի՛ կրնար կառուցանել։ Ուստի, ան կամաւ կամ ակամայ պիտի իջնէ ձոր մը։ Եւ ան պիտի քալէ «մահուան շուքի ձորէն», ինչպէս կը քալեն բոլոր մարդիկ անխտիր՝ ո՛ր մէկ բարձունքին վրայ ալ որ կեցած են։

Եւ ահաւասիկ, լեռներ եւ ձորեր… ա՛յս է կեանքը. երբեմն մութ, երբեմն լուսաւոր, երբեմն տխուր, երբեմն ուրախ։ Բայց մարդ պէտք է գիտնայ նաեւ, թէ մութն ալ, լոյսն ալ, տխրութիւնն ալ, ուրախութիւնն ալ ժամանակաւոր են, երկուքն ալ կ՚անցնին՝ մէկը միւսին տեղը գրաւելով, եւ այսպէս կ՚ընթանայ կեանքը…։

Արդարեւ, ծաղկաստան մը չէ կեանքը, այլ՝ փորձառութիւններու երկար շղթայ մը՝ որուն օղակներէն ոմանք երջանկութեամբ դարբնուած են, իսկ ոմանք ալ՝ տառապանքով, նեղութիւններով։ Ուրեմն մարդ պէ՛տք է պատրաստ ըլլայ ամէն տեսակ անակնկալի, քանի որ կեանքին ընթացքը ծրագրել եւ ըստ այնմ շարժիլ կարելի չէ իրեն համար։ Մարդ որքան ալ «ծրագրէ», վերջնական որոշումը կու տայ Աստուած, միշտ նկատի ունենալով մարդ արարածին բարիքը եւ օգուտը։ Կեանքի մէջ մարդուն «ծրագիր»ը որքան համապատասխան ըլլայ Աստուծոյ որոշումին, այսինքն Աստուծոյ կամքին, այնքան շուտ կ՚իրականանայ։

Ուրեմն դարե՜ր մարդուս միտքը զբաղեցնող հարցում մը. Ի՞նչ է կեանքը։ Միատարր փորձառութի՞ւն մը միայն։ Մարդ կեանքը կ՚ապրի, որպէսզի ի՞նչ ըլլայ. միայն վայելէ անխառն երջանկութի՞ւն, միայն յաջողութի՞ւն, միայն առողջութի՞ւն, միայն հարստութի՞ւն։ Ո՛չ, անշուշտ։ Կեանքին նպատակը եւ իմաստը միայն այս վիճակները չեն, քանի որ այն ատեն կեանքը պիտի կորսնցնէր իր արժէքը. մինչդեռ «կեանք»ը այդքան պարզ եւ միատարր փորձառութիւն մը չէ. աննպատակ եւ անիմաստ շրջան մը, վատնուած ժամանակ մը չէ, կեանքը աւելի՛ն է, աւելի արժէք ունի, աւելի մեծ նպատակ եւ աւելի իմաստալից նշանակութիւն ունի։

Կեանքը միայն վայելք չէ, այլ նաեւ տառապա՛նք։ Մարդ ուրախութիւններու կարգին, վայելքներու մէջ կ՚ապրի նաեւ տխրութիւններ, տրտմութիւններ եւ տառապանքներ։ Մարդ կ՚ապրի նաեւ «տառապելու» համար։

Տառապանքը երկու գլխաւոր աղբիւր ունի։

Նախ՝ ուղղակի մարդ ինքն է իր տառապանքներուն ստեղծիչը, յետոյ՝ եւ թերեւս աւելի յաճախ, ուրիշներ։ Չարութիւնը ունի իրեն յատուկ շատ մը սահմաններ, որոնցմէ մէկն է՝ «գազանավայել ախորժակ ուրիշներ տառապեցնելու»։ Կամ, Քրիստոսի սորվեցուցած «ընկերային յարաբերութիւններու հիմնական սկզբունքին ժխտումը»։ Ինչ որ ալ ըլլայ չարութիւնը «չարութի՛ւն» է, որ կը կործանէ ամէն մարդասիրական փոխյարաբերութիւն։

Ոմանց համար «Սիրէ ընկերդ» պատուէրը գոյութիւն չունի։ «Սիրել անձը եւ ատել ընկերը». ահաւասիկ ա՛յդ սկզբունքով միայն կ՚ապրին այդպիսիներ, եւ անշո՛ւշտ կը տառապեցնեն ամէն անոնք, որոնք կ՚իյնան իրենց ընկերային յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ։ Փափկութեան հակապատկերն է բիրտ ուժը, եւ մարդուս կեանքին այդ կողմն է, որ կը խորհրդանշեն անոնք, որոնք կ՚ապրին «Սիրէ անձդ եւ ատէ ընկերդ» սկզբունքով։

Ուստի, մարդկային ընկերութիւնը կարօտ է մանաւանդ մեր օրերուն այնպիսի անհատներու, որոնք տարի՜ներու փորձառութիւնով թրծուած են, եւ ճշմարտութեան՝ արդարութեան՝ եւ փորձուած՝ ընդունուած՝ ամէն տեսակ բարոյական սկզբունքի ախոյեան եղած են։ Նաեւ մարդոց՝ որոնք ուժեղ առաջնորդներ են եւ կրնան փրկել ընկերութիւնը քաոսէ եւ կորստեան վիհերէ։

Ճշմարտութիւնը խօսիլ դիւրին չէ ժամանակի մը մէջ՝ ուր «ճշմարտութիւնը կը նշանակէ ստախօսներու կողմէ՝ թշնամութի՛ւն»։

Այս իմաստով, Քրիստոսի ճշմարտախօսութիւնը եւ վախճանը տիպար մը եղաւ համայն մարդկութեան. Քրիստոսի ճշմարտախօսութեան «վարձատրութիւն»ը եղաւ մա՛հ։

Բայց ճշմարտութեան ախոյեանը՝ մահէն ալ չի վախնար։ Հալածանքը եւ սպառնալիքը չեն տկարացներ զօրաւորը, ընդհակառակը՝ կ՚աւելցնեն անոր զօրութիւնը։

Վատեր կրնան նախատել, նոյնիսկ քարկոծել իրենց առաջնորդները, բայց չեն կրնար իրենք հանդուրժել այն առաջին հարուածին, զոր Ճշմարտութիւնը կ՚իջեցնէ իրենց գլխուն։ Վատերը կը թաղուին «մոռացութեան գերեզման»ի մը մէջ՝ որ իրենք իրենց ձեռքով պատրաստած են, բայց ճըշ-մարտութեան հերոսները անմա՛հ են, եւ թէեւ մոռցուին՝ չեն մեռնիր, այլ՝ կ՚ապրին ցմիշտ, իրենց անունովն ալ, իրենց գործովն ալ։ Ժողովուրդ մը կը բարձրանայ իր բարի առաջնորդներովը, որոնք հերոսներ են ճշմարտախօսութեան եւ չեն վախնար վատերու ամէն տեսակ սպառնալիքներէն եւ դաւերէն։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ մեզի՝ թէ պէտք չէ՛ կորսցնել յոյսը տառապանքներու եւ նեղութիւններու մէջ, քանի որ ճշմարտութի՛ւնն է, որ յաղթական պիտի գայ ի վերջոյ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 4, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Փետրուար 6, 2020