ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՂՕԹՔ

Օրհնութիւնը՝ աստուածային կենսաբաշխ արարք մըն է, որուն աղբիւրն է Հայրը։ Հօր օրհնութիւնը միանգամայն խօսք է եւ պարգեւ։ Մարդուն նկատմամբ «օրհնութիւն» բառը պիտի նշանակէ երկրպագել Արարչին եւ Անոր յանձնուիլ՝ զԱյն գոհաբանելով։

«Օրհնաբանութիւն»ը կ՚արտայայտէ քրիստոնեայ աղօթքին խորքէն բխող շարժումը, ան «հանդիպում» մըն է Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ։ Անոր մէջ Աստուծոյ Պարգեւը եւ մարդուն ընկալումը զիրար կանչելով իրարու կը միանան։ Օրհնաբանութեան աղօթքը պատասխանն է մարդուն՝ Աստուծոյ պարգեւներուն դիմաց. քանի որ Աստուած մարդը կ՚օրհնէ, մարդուն սիրտն ալ կը տարուի փոխադարձաբար օրհնաբանելու Ան, որ աղբիւրն է ամէն օրհնութեան։

Մնայուն գիծեր կ՚անցնին Սաղմոսներուն ընդմէջէն. հոն կայ աղօթքին պարզութիւնը եւ ինքնաբուխ արտայայտութիւնը, հոն կայ Աստուծոյ բաղձանքը արարչութեան մէջ՝ ամէն բարի բանի հետ եւ ընդմէջէն, հոն կայ անհանգիստ կացութիւնը հաւատացեալին, որ Տիրոջ հանդէպ իր նախընտրական սիրոյն մէջ կը բախի բազմատեսակ թշնամիներու եւ փորձութիւններու, իսկ հաւատարիմ Աստուծոյ կատարելիք գործին սպասումին մէջ՝ կայ ստուգութիւն Անոր սիրոյն եւ ապաւինում Անոր կամքին։

Սաղմոսներուն աղօթքը միշտ լիացած է գովաբանութիւններով եւ ասոր համար՝ այս հաւաքածոյին տիտղոսը լաւապէս կը պատշաճի անոր բովանդակութեան. «Գովասացութիւններ»։

Համախումբին պաշտամունքին համար կազմուած, ան կը բարձրացնէ աղօթքի կանչը եւ կ՚երգէ կանչին պատասխանը. «Հալլէլու-Եահ». (Ալէլուիա), «Գովեցէ՛ք Տէրը»։

Սուրբ Ամբրոսիոս կ՚ըսէ. «Ի՞նչ կայ լաւագոյն քան սաղմոս մը։ Այս մասին Դաւիթ շատ լաւ ձեւով կ՚ըսէ.- Գովեցէ՛ք Տէրը, որովհետեւ Սաղմոսը բարի բան մըն է. մեր Աստուծոյ մատուցանենք քաղցր եւ գեղեցիկ գովաբանութիւն։ Եւ ասիկա ուղիղ բան է, որովհետեւ Սաղմոսը օրհնաբանութիւն է մատուցուած ժողովուրդէն, գովաբանութիւն է Աստուծոյ՝ համախումբի կողմէ, համախմբումէն, ծափողջոյն է՝ բոլորին կողմէ, ձայնն է Եկեղեցւոյ, հաւատքի դաշն դաւանութիւն է…»։

«Արդարեւ, աղօթքը վերացումն է հոգիին դէպի Աստուած կամ Աստուծոյ ուղղուած խնդրանքն է մեզի պատշաճող բարիքներուն», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Դամասկացի։

Տիրոջ եւ Սուրբ Հոգիին խօսքերուն այս անանջատելի պարգեւը, որ զանոնք կենսունակ կը դարձնէ հաւատացեալներուն սրտին մէջ, սկիզբէն իսկ ընդունուեցաւ եւ ապրուեցաւ Եկեղեցւոյ կողմէ։ Առաջին հասարակութիւնները Տիրոջ Աղօթքը «օրը երեք անգամ» կ՚աղօթեն, փոխարէն «տաս-նըութ օրհնաբանութիւններ»ուն, որոնք կիրարկուած էին հրէական բարեպաշտութեան մէջ։

Մենք երբ կ՚աղօթենք Հօր, մենք Հօր եւ Անոր Որդիին հետ «հաղորդակից» կ՚ըլլանք, ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. «Ինչ որ տեսանք ու լսեցինք՝ կը պատմեմ ձեզի, որպէսզի դո՛ւք ալ մասնակից դառնաք այն հաղորդակցութեան որ մենք ունինք Հօրը եւ Անոր Որդիին՝ Յիսուս Քրիստոսի հետ». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 3)։ Եւ այն ատեն՝ մենք կ՚իմանանք եւ կը ճանչնանք զԻնք մշտանորոգ սքանչացումով։ Տիրոջ Աղօթքին առաջին խօսքը՝ պաղատանք մը ըլլալէ առաջ «երկրպագող օրհնաբանութիւն» մըն է։ Արդարեւ, զԻնք իբր «Հայր» Աստուած ճշմարիտ ճանչնալը՝ Աստուծոյ Փառքն է։ Մենք Իրեն գոհութիւն կը մատուցանենք, որ մեզի Իր անունը յայտնեց, եւ Իրեն հաւատալու, Իրեն վստահելու, Իրեն ապաւինելու եւ Իր Ներկայութեան բնակարանը դառնալու պարգեւը տուաւ մեզի։ Մենք երկրպագելու, օրհնաբանելու ենք Հօր, քանի որ Ինք մեզ վերստին ծնաւ Իր Կեանքին, Իր Միածին Որդիով՝ մեզ իբր Իր զաւակները որդեգրեց։

Մեր Հայր Աստուածը պաշտելու, սիրելու եւ օրհնաբանելու համար մեզ Անոր ներկայութեան դնելէ ետք, որդիական Հոգին մեր սրտերէն եօթը խնդրանքներ, եօթը օրհնաբանութիւններ երկինք կը բարձրացնէ։

Առաջին երեքը, որոնք աւելի աստուածաբանական են, մեզ դէպի Հօր փառքը կը քաշեն։ Իսկ չորս վերջինները, իբրեւ դէպի Հայրը տանող չորս ուղիներ, մեր թշուառութիւնը Անոր Շնորհքին կ՚ընծայեն։ «Անդունդը կը կանչէ անդունդը». (ՍԱՂՄ. ԽԱ 8)։ «Հայր մեր»ի խնդրանքներուն երկրորդը կը թաւալի գոհաբանական կարգ մը հոգեկոչումներու շարժումին մէջ։ Ասիկա մեր ակնկալութիւններուն ընծայումն է, որ գթութիւններու Հօր ակնարկը դէպի մեզ կը քաշէ։ Կը բարձրանայ մեր մէջէն եւ այժմէն իսկ այս աշխարհիս մէջ կը վերաբերի մեզի։

Օրհնաբանութեան այս փոխադարձ շարժումը կ՚արտայայտուի հիմնական երկու ձեւերով. մերթ ան կը բարձրանայ Սուրբ Հոգիին մղումով՝ Քրիստոսէն դէպի Հայրը (մենք կ՚օրհնենք զԻնք որովհետեւ Ինք օրհնեց մեզ). մերթ ան կը հայցէ շնորհքը Սուրբ Հոգիին, որ Քրիստոսով կ՚իջնէ Հօր քովէն (Ինքն է որ կ՚օրհնէ մեզ)։

Յարատեւ աղօթենք եւ օրհնաբանենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 30, 2021, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021