ԸՆՏԱՆԻՔԸ՝ ՆԵՐՈՒՄԻ ԴՊՐՈՑ
«Ներողութիւն»ը, ընդհանուր առումով՝ թողութիւնն է պատիժին կամ հատուցման՝ այն յանցանքներուն կամ վնասներուն համար, որոնց հետեւանքը արդէն ջնջուած, չեղեալ նկատուած է։ Ներումի իրողութեան լաւ տրամադրուած անձը այս թողութիւնը կ՚ընդունի որոշուած պայմաններով եւ ներգործութեամբ անկեղծ զղջումի, որ ի վերջոյ անտես կ՚առնէ կատարուած յանցանքը կամ վնասը։
Եւ երբ «վնաս»ի մասին է խօսքը, ասիկա պէտք է հասկնալ աւելի շատ բարոյական իմաստով, մանաւանդ արժանապատուութեան վիրաւորանքի առումով, ատելութեան ենթարկուած եւ «վշտացած» ըլլալու հոգեվիճակով։ Անշուշտ որ նիւթական վնասներու ալ հատուցումը եւ կամ մարմնական վիրաւորանքներու ալ պատիժը կրնայ ներումի առարկայ ըլլալ, որոշ պայմաններու ներքեւ, օրինական տրամադրութիւններու սահմաններուն մէջ։ Կարգ մը ներումներու չափը եւ սահմանը կ՚որոշուի օրէնքի տուեալ տրամադրութիւններու նկատմամբ։ Այս կը նշանակէ, որ հասարակութիւնը հետաքրքրող եւ ընկերութեան վնաս պատճառող յանցանքներու ներումը անձնական ներումի ազատ կամքի թողուլ կարելի չէ, քանի որ հոն վնասուողը կամ վիրաւորուողը անհատը չէ, այլ՝ ընկերութիւնը, մասամբ կամ ամբողջութեամբ։
Ուրեմն ներումի գործադրութեան ժամանակ այս տարբերութիւնը պէտք է նկատի առնել եւ ներումին սահմանը ըստ այնմ որոշել եւ գործադրել։ Հոգեւոր կեանքի մէջ կրնայ ամէն յանցանք ներուիլ, քանի որ ան մարդուս ներաշխարհին կը պատկանի. իսկ քաղաքական-աշխարհային կեանքի մէջ պէտք է նկատի ունենալ ընկերային կեանքը, հասարակաց կեանքը, որ բոլորովին տարբեր մարզ մը կը կազմէ եւ պէտք է զանազանել անհատական կեանքէն։
Արդարեւ «ներում»ը կը նմանի դեղահատի՝ չափաւոր պէտք է օգտագործուի եւ չափազանց գործածութիւնը եւ կամ անտեղի օգտագործումը ո՛չ թէ օգուտ, այլ մանաւանդ, վնաս կը պատճառէ։ Ինչպէս դեղահատի եւ նոյնպէս ներումի գործածութիւնը եթէ շեղի իր նպատակէն վնասը կը կրկնապատկուի, քանի որ սխալը սխալով շտկել կարելի չէ, աւելի մեծ սխալներու պատճառ կը դառնայ…։
Ուրեմն, ներումը պէտք է չափ, կշիռ եւ մանաւանդ սահման ունենայ եւ ըստ այդ չափերուն գործադրուի՝ ո՛չ աւելի, եւ ո՛չ պակաս. տեղին եւ ժամանակի՛ն, որպէս դեղ գործածուելու է, որպէսզի օգտակար ըլլայ եւ նպատակայարմար։ Ներումը շնորհ մը չէ, այլ մարդկային բնական արարք մը, ամէն յանցաւոր, անշուշտ զղջալու պայմանով, ներումի գործադրութիւնը պահանջելու իրաւունքը ունի։
Հոգեւոր իմաստով զղջացող եւ ներում խնդրող մէկուն պէ՛տք է ներել՝ քանի որ ներումը կրօնական պարտադրութիւն մըն է։ Ուստի անմեղ, անսխալական մարդ գոյութիւն չունի, ուրեմն իւրաքանչիւրը պէտք է ներէ ուրիշին, քանի որ ամէն մէկը՝ մէկ ուրիշին, իրարու պարտական է եւ պարտաւոր։ Այլապէս «անմեղ եւ անսխալական մա՛րդ չկայ» խօսքը կը նշանակէ, որ ամէն մարդ իրարու նկատմամբ սխալանք մը, յանցանք մը, մեղք մը գործած է եւ կամ կրնայ գործել եւ ուրեմն պէտք է իրարու ներել եւ արդարանալ իրարու նկատմամբ։ Եթէ հարցին այս տեսանկիւնէն նայինք, ներումը պարտաւորութիւն մըն է, քանի որ ներողն ալ պէտք ունի ուրիշին ներումին։ Բայց, ինչպէս ըսինք, ասիկա պէտք է ունենայ չափ, կշիռ եւ սահման, այլապէս ներումը դուրս կու գայ պարտաւորութիւն մը, ստիպողութիւն մը ըլլալէ։
«Ներում»ի մէջ ուրիշ հարց մըն ալ սա է, թէ՝ ներելու համար պէ՞տք է նաեւ մոռնալ։
Արդարեւ, ոմանք կ՚ըսեն, թէ ներելու համար պէտք է մոռնալ գործուած սխալը կամ կատարուած յանցանքը։
«Կը ներեմ, բայց չե՛մ մոռնար», կ՚ըսէր Մանտէլլա։ Արդարացի էր ան, քանի որ մարդ եթէ մոռնայ պատահածը, ապա ուրեմն ի՞նչ բան պիտի ներուի. մոռցուած արարքի մը ներել ի՞նչ նշանակութիւն ունի, կամ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ ներում մը՝ որուն նիւթը սրբուած է միտքերէ եւ այլեւս որեւէ ազդեցութիւն կամ հետեւանք չունի։ Ուրեմն, բանականութեան հակառա՛կ կը թուի՝ «մոռնալ» եւ «ներել», քանի որ մոռցուած որեւէ արարք գոյութիւն չունի այլեւս եւ ուրեմն «ներել» կամ «չներե՛լ» արժէք մը չի ներկայացներ։
Մինչդեռ, չմոռնալ, յիշել արարքը եւ այդ վիճակով ներել՝ ներումի աւելի կը պատշաճի, նպատակայարմար է եւ պէտք է ներել «ներկա՛յ արարք» մը, ազդեցութիւնը չկորսնցնող յանցանք մը, շեղում մը կամ վիրաւորանք մը, մարդուս ցաւ եւ վիշտ պատճառող արարք մը, այլապէս եթէ այս բոլորը մոռցուին, ի՞նչ պիտի ըլլայ ներումին պատճառը կամ նիւթը. մէկ խօսքով՝ մոռցուած արարք մը ի՞նչ նշանակութիւն եւ ի՞նչ արժէք պիտի ունենայ։
«Չմոռնալ» պէտք է նաեւ երկրորդ կարեւոր պատճառով մը։
Ըսուեցաւ որ մարդ սխալական է՝ միշտ կրնայ շեղումներ ունենալ, սխալներ գործել եւ բնական է, որ կրկնէ յաճախ իր սխալները, այս իմաստով անմեղ մարդ չկա՛յ եւ ուրեմն մարդ ամէն ատեն կրնայ սխալիլ։ Երբ մոռցուին կատարուած սխալները, յանցանքները, անոնք միշտ կրնան կրկնուիլ, նորոգուիլ, որպէս «առաջին անգամ»։ Մինչդեռ եթէ չմոռցուին, մարդ կը զգուշանայ զանոնք կրկնելէ, գոնէ աւելի քիչ կը սխալի, կը զգուշանայ նոր յանցանք գործելէ։
Մոռացումը արգելք կ՚ըլլայ, որ մարդ դաս առնէ իր սխալներէն։ Սխալը մարդկային է, ըսենք, բնական է, բայց անոր կրկնութիւնը բանականութեան հակառա՛կ է՝ մարդ պէտք է դաս առնէ, զգոյշ ըլլայ եւ կարելի չափով ինքզինք կատարելագործէ։
Ուրեմն, կարեւոր է՝ ներել բայց չմոռնա՛լ։ «Չմոռնալ» ներումի արգելք մը չէ, քանի որ մոռնալ՝ ներել չի նշանակեր։ Ընդհակառակը՝ մոռնալ անտարբերութիւն կը նշանակէ՝ յանցանքը, սխալը կամ շեղումը անկարեւոր նկատել եւ անոնցմէ դաս չքաղել։
Մոռնալը երբեք չի՛ նպաստեր ներումին արդիւնաւորութեան, բայց կրնայ ներումին ազդեցութիւնը նուազեցնել։ Եւ ուրեմն արդարացի է Մանտէլլայի խօսքը, թէ՝ «Պէտք է ներել, եւ սակայն երբեք չմոռնա՛լ»։
Սա ալ յիշեցնենք, թէ՝ չմոռնալ՝ երբեք պէտք չէ ոխակալութիւն կամ վրէժխնդրութիւն նկատել, քանի որ չմոռնալ որեւէ արարք՝ չի նշանակեր ոխ ունենալ կամ վրէժ լուծելու փափաքը ունենալ, քանի որ հոս կարեւորը նպատակն է՝ դաս քաղել, օգտուիլ եւ յանցանքի դէմ զգոյշ եւ դիմադրելու համար պատրա՛ստ ըլլալ։ Ոխակալութիւնը եւ վրէժխնդրութիւնը չափազանցուած զգացումներ են, որոնք թէեւ ո՛չ մէկ օգուտ ունին, այլ մանաւանդ, վնաս կը պատճառեն թէ՛ ենթակային եւ թէ՛ մարդկային փոխյարաբերութիւններու զարգացման։ Ուստի այս վատ զգացումները շահագործում են անմոռացութեան եւ ներման արարքներուն։
Այո՛, չմոռնալ եւ ներե՛լ, բայց ո՛չ երբեք ոխակալ եւ վրէժխնդիր ըլլալ…։
Ներումը եթէ մարդկային ազնիւ զգացում մըն է, անիկա կ՚աճի եւ կը զարգանայ ընտանիքին մէջ, ընտանեկան ջերմ միջավայրին մէջ։ Արդարեւ, ընտանիքի մէջ կը կիրարկուի բոլոր առաքինութիւններու գործնականութիւնը՝ ընտանեկան օճախը կը հանդիսանայ առաքինի կեանքի մը առաջին դպրոցը եւ մարդկային ազնիւ զգացումներու առաջին կրթարանը։ Ընտանիքի մէջ է որ մարդ կը սորվի չարքաշութիւնը եւ ուրախութիւնը, սէրը, կրկնուած վեհանձն ներումը եւ ամէն նուիրական վարմունք։
Ընտանիքի ամէն մէկ անդամ, հո՛ն կը սորվի, կը կրթուի, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքաբար եւ անխոնջ կերպով, փոխադարձաբար իրարու ներելու վեհանձնութիւնը՝ որուն արժանի են վիրաւորանքները, անարդարութիւնները, կռիւները, անմիաբանութիւնը եւ լքումները։
Ընտանիքը, իր անդամներուն կը թելադրէ սէր եւ փոխադարձ գուրգուրանք։ Աստուածատուր եւ Քրիստոսաւանդ սէրը եւ գութը՝ «ներում»ի, ներողութեան նախապայմաններն են, այն ընդոծին զգացումները՝ որոնք անպակաս են սուրբ եւ առաքինի կեանքով ապրող ընտանիքներու յարկէն ներս…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 1, 2017, Իսթանպուլ