ԱՆԻՐԱՒ ՏՆՏԵՍԻ ԱՌԱԿԸ

Մեծ պահքի 4-րդ կիրակին կը կոչուի «Տնտեսի», քանի որ ճաշու ժամուն կը կարդացուի Ղուկասի Աւետարանի ԺԶ գլուխը, որու սկիզբը կը գտնուի «Տնտեսին առակը»։ Եւ այս է պատճառը, որ Մեծ պահքի չորրորդ կիրակին կոչուած է «Տնտեսի կիրակի»։

Այս առակը իր ընդհանուր գիծերով ցոյց կու տայ, թէ անիրաւ մարդիկ, եթէ ուզեն, կրնան ճարպիկութիւն, վարպետութիւն, հնարամտութիւն ցոյց տալ իրենց գործին մէջ, իրենց նիւթական վիճակը ապագային ապահովութեան համար, մինչ այդքան բան մը չեն կրնար ընել անոնք՝ որոնք «անիրաւ չեն», ընդհակառակը «լոյսի որդիներ» են՝ արդար եւ ուղղամիտ, այսինքն մաքուր սրտով եւ անկեղծ հաւատքով մարդիկ, իրենց բարոյական կեանքին մէջ։

Արդարեւ, արդարներն ալ եթէ անիրաւներուն չափ համարձակ եւ աշխոյժ ըլլան՝ շատ մը հարցեր չեն գոյանար իսկ կեանքի մէջ, եւ այն հարցերն ալ որ կը գտնուին, դիւրութեամբ կը լուծուին եւ մարդիկ ընդհանրապէս խաղաղութեան մէջ կ՚ապրին։

«Անիրաւ տնտեսի առակը» կը պարունակէ նաեւ իմաստասիրական նշանակութիւն մը. մարդիկ իրենց ապրած աշխարհին տնտեսներն են՝ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած։ Անոնք ազատ են, ազատ կրնան վարուիլ աշխարհի բարիքներուն հետ։ Բայց ինչպէս ամէն ազատութիւն, աշխարհը ազատ կերպով տնտեսող մարդիկ ալ «պատասխանատո՛ւ» են իրենց ամէն մէկ ազատ արարքին, ազատ վարմունքին։ Ազատ գործունէութեան համար անխուսափելի՛ է պատասխանատուութիւնը։

«Անիրաւ տնտեսի առակ»ին սկզբունքը եւ ամբողջ ոգին կը կայանայ ազատութեան եւ պատասխանատուութեան գաղափարներուն վրայ։

«Անիրաւ»ներ կը քալեն յաջողութեամբ ընդհանրապէս. իրաւացիներ նկուն են կարծես։ Բայց Առակախօսը կ՚ըսէ. «Արդար գործերու վարձքը կեանք է. անօրէնները վաղահասօրէն պիտի կորսուին։ Երբ արդարը հազիւ կը փրկուի, ի՜նչ պիտի ըլլայ ամբարիշտին եւ մեղաւորին վիճակը». (ԱՌԱԿ. ԺԱ 30-31)։

Պէտք է խոստովանիլ, որ այս հակադրութիւնները՝ անիրաւներու յաջողութիւնը եւ իրաւացիներու տկարութիւնը, միշտ խոշոր համեմատութեամբ, վրդոված է մարդկային բանականութիւնը, եւ կը շարունակէ վրդովել, քանի որ այսօրուան կեանքի մէջ ալ նոյն տարօրինակութիւնը կը տիրէ. անիրաւներ, ընդհանրապէս, յաջողութեան ճամբուն մէջ կը յառաջանան, իրաւունքի տէր եղողներ առանց բանաւոր պատճառի կը զրկուին, կը կորսնցնեն ո՛չ միայն ինչքեր, ստացուածք, գործ, ասպարէզ, այլ նաեւ՝ «ապրելու իրաւունք»է։ Կեանքի՝ ապրելու իրաւունքի այսպիսի անիրաւ կերպով բռնաբարումը վերապահուած կարելի է տեսնել ժողովուրդներու մէջ ամբողջ մարդկային պատմութեան ընթացքին, եւ ո՛չ միայն ժողովուրդներու այլ նաեւ անհատներու կեանքին մէջ։

Անարդարութիւնը, անիրաւութիւնը կարծես տիրական կը հանդիսանայ մարդուն թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական-ընկերային կեանքին մէջ։ Քաղաքակրթութեան եւ լոյսի դարուն, տգիտութիւններ, լոյսի եւ գիտութեան, յառաջդիմութեան ներհակ բոլոր մարդկային եւ հակամարդկային տկարութիւններ, թերութիւններ, անկատարութիւններ եւ արարքներ կարծես պաշտպան կը հանդիսանան անիրաւութեան եւ անարդարութեան։

Ամէն մարդ, որ վրդոված եւ վնասուած է այս անիրաւութիւններէն, կը փնտռէ ճամբայ մը՝ որ այս խրթին «հանելուկ»ին լուծումը անհատական կեանքի, անհատական նկարագրի կերտումէն կախուած է։

Մարդիկ առանց բացառութեան, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան, տարողութեան եւ չափին սահմաններուն մէջ, պատասխանատո՛ւ են աշխարհի վրայ տիրող չարիքներէն։ Արդարեւ, ո՛չ ոք իրաւունք ունի ինքզինք զերծ պահել, անտարբեր մնալ այսպիսի պատասխանատուութեան մը գիտակցութենէն։ Ուստի, հաւաքական-ընկերային կեանքն ալ այսպիսի պատասխանատուութիւն մը կը պահանջէ. ամբողջի մը մաս կազմել, անդամ ըլլալ այս կը նշանակէ։ Եթէ իրաւունք կայ, եթէ ազատութիւն կայ, կա՛յ ուրեմն նաեւ պատասխանատուութիւն։ Ահաւասիկ, ա՛յս է «արդարութեան» նախապայմանը։

Եւ երբ փորձենք քննել մարդը եւ իրերը, եւ սերտ յարաբերութիւններ պիտի գտնենք անոնց մէջ։

«Չարիք»ը, որ գոյութիւն ունի, չարիքը  որմէ կը տառապի աշխարհ, «բնական պատուհաս» մը չէ, երկրաշարժի, ջրհեղեղի նման, այլ ուղղակի՛ արդիւնքն է այն ուրացման պատասխանատուութեան, զոր մարդիկ ունին ամէն շրջանի՝ իրենց բոլոր գործունէութիւններուն, արարքներուն մէջ։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ մարդիկ՝ առհասարակ տոգորուած, օժտուած են «տկարութեամբ» մը՝ որ կը կայանայ անյաջողութիւններու, ձախողութիւններու եւ վնասուածներու, կորսնցուցածներու պատասխանատուութիւնը «ուրիշ»ներու կը վերագրեն։ Եթէ «չարիք» մը կայ, ասիկա անպայմա՛ն պատճառ մը ունի, բայց այդ պատճառը երբեք ինք չէ, որ վնաս կամ կորուստ կրած է այդ չարիքէն…։

Մա՛րդ իրեն ուղղուած խօսք մը իր վրայ չ՚առներ, բաժին մը ունենալը չ՚ընդունիր այդ խօսքէն եւ կը կարծէ, թէ այդ խօսքը «ուրիշ»ի մը ուղղուած է։

Ինքնախաբէութիւնը, մինչդեռ, արգե՛լք է ինքզինք ճանչնալու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 2, 2021, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մարտ 6, 2021