ԱՅՐ ՈՒ ԿՆՈՋ ՊԱՅՔԱՐՆ ՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Մամուլի հին էջերը բանալով կը տեսնենք, թէ մեր հին մտաւորականներն ու գրողները ջանք չեն խնայած իրենց յօդուածներուն ու վերլուծութիւններուն ճամբով բացատրելու եւ լուսաբանելու հանրութիւնը, թէ ի՛նչ է ընտանեկան կեանքը, ի՛նչ են այդ ընտանեկան կեանքին մէջ ծնունդ առած հարցերուն լուծումները: Սակայն այսօր, որ աւելիով կարիքը ունինք այդ բոլորին... մեր հասարակութիւնը կը շարունակէ մնալ լուռ ընտանեկան խնդիրներու դիմաց եւ նկատենք թէ ոչ, օրական դրութեամբ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ կը քայքայուին:

Մինչեւ մօտիկ անցեալ, ամուսնալուծութեան հանդէպ եւս գոյութիւն ունէր ամօթ մը. անհամերաշխ ընտանիքներ նոյնիսկ յանձն կ՚առնէին տեղի ունեցող բոլոր խնդիրները խեղդել ու չբարձրաձայնել եւ «բան մը չեղածի» պէս շարունակել իրենց կեանքը, սակայն մերօրեայ հասարակութիւնը ամբողջութեամբ այլ է եւ նկատի ունենալով միանման հարցերը՝ կ՚ուզենք խօսիլ այր ու կնոջ եւ ընտանիքին միջեւ գոյութիւն ունեցած խնդիրներուն մասին:

Ա.- ԱՅՐ ԵՒ ԿԻՆ.- Անհաւանական է, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենայ զոյգ մը՝ որ գէթ մէկ անգամ վիճաբանած կամ կռուած չըլլայ, որովհետեւ մարդ արարած ըլլալով, ինչքան ալ գոյութիւն ունենայ անսահման սէր մը, անպայմանօրէն վերիվայրումներ տեղի կ՚ունենան՝ ինչ որ մարդկային է: Մարդկային կը նկատենք, որովհետեւ մեր ընտանիքները քայքայողը հիմնականին մէջ կռիւները չեն, այլ այդ կռիւներուն յաջորդող ընթացքն է, որ ընտանիքը քայքայումի կ՚առաջնորդէ: Այս բոլորին առաջքը առնելու առաջին ու հիմնական պայմանը ԵՍ-ի խեղդումն է. մենք կ՚ըսենք, թէ զոյգեր «մէկ մարմին են», այլ խօսքով մէկ են, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ. իւրաքանչիւր վէճի եւ կռիւի պարագային մարդուն ներքին ԵՍ-ը պաշտպանողական դիրք կը բռնէ եւ ամէն ձեւով կ՚ուզէ արդարացնել նոյնիսկ իր անարդարանալի սխալը եւ բնականաբար մարդը կնոջ, իսկ կինը մարդուն մեղաւոր կը նկատէ եւ զիջումի պակասը փոքր վէճը անգամ կ՚առաջնորդէ մեծ վնասներու:

Մարդկային է, որ մարդը իր կինը կ՚ուզէ «իր ուզածին պէս» անձ մը դարձնել, իսկ կինը՝ նոյնպէս, որովհետեւ տարբեր միջավայրէ, տարբեր ընտանիքներէ եկած ըլլալով, բնական է որ ունենան տարբեր չափանիշներ. դժբախտ կը դառնայ այն ընտանիքը, ուր միա՛յն կնոջ եւ կամ միա՛յն մարդուն «երազ»ները իրականութիւն կը դառնան, որովհետեւ այդ պարագային անոնցմէ մին անպայմանօրէն ինքզինք որոշ չափով դժբախտ պիտի զգայ: Հոս է որ սէրը կու գայ կատարելու իրեն վիճակուած պարտաւորութիւնը, որ նահանջելն է եւ այս պարագային նահանջել չի՛ նշանակեր պարտուիլ:

Մեր թուականէն աւելի քան 80 տարիներ առաջ ապրող ֆրանսացի թատերագիր Պ. Ֆրանսիս ընտաներկան այս վիճակը կրկեսի կը նմանցնէ եւ իր «Մեր խամաճիկները» թատրերգութեան մէջ ընտանեկան կեանքին համար հետեւեալները կը գրէ. «Մի՛ կարծէք, թէ ձեր կնոջ թերութիւնները պիտի կրնաք սրբագրել: Ընդունեցէ՛ք զանոնք: Թերութիւն մը կարելի չէ սրբագրել. անիկը կը զսպուի միայն: Աւելի լաւ է գտնել իր մօտ յատկութիւններ, զորս չունի. միքրոպները չեն սպաններ, զանոնք կը չէզոքացնեն լաւերով». առանց թատերագիրին սեռը ըսելու, բոլորիս համար ալ յստակ է, որ գրողը տղամարդ մըն է՝ որ ինքզինք կատարեալ նկատելով կնոջ թերութիւնները «սրբագրել»ու միջոցներուն մասին կը խօսի՝ զանոնք միքրոպներու նմանցնելու աստիճան: Խնդիրն ալ հո՛ս է, որովհետեւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ կայ այն համոզումը, որ մարդը կինը կը «դաստիարակէ» եւ անոր ըսածով կ՚առաջնորդուի տունը: Այնպէս ինչպէս կինը մարդուն համար, մարդն ալ կնոջ համար ունի թերութիւններ ու սրբագրելի երեւոյթներ եւ այդ խոցելի երեւոյթներուն մատնանշումը տան մէջ միայն ու միայն կռիւ ու թշնամութիւն կը յառաջացնեն եւ կը ստեղծեն իշխանութեան հարց մը. տունը պէտք է առաջնորդուի մայրիշխանութեա՞մբ... թէ հայրիշխանութեամբ: Այդ իշխանը երբ փնտռելու սկսինք, հոն արդէն մեծ խոցի մը գոյութիւնը յայտնաբերած կ՚ըլլանք, որովհետեւ սիրով ու համերաշխութեամբ ապրող ընտանիքի մը մէջ ո՛չ մայրիշխանութիւն եւ ո՛չ ալ հայրիշխանութիւն գոյութիւն կ՚ունենայ, այլ ընտանեկան սէրն է որ կ՚իշխէ հոն:

Այս բոլորին պատճառը շատ անգամ ծնողներն են. բազմիցս լսած եմ, թէ ինչպէս մայր մը իր աղջկան կը յորդորէ. «խօսքդ քալեցուր» խրատով. նոյնիսկ զոյգերու ծնողներուն մօտ առաջ կու գայ «իրենց ուզածը եղաւ»ի գաղափարը, որովհետեւ իրենց զաւակներուն ուրախութիւնը երկրորդական նկատելով կ՚ուզեն նորակառոյց ընտանիքի մը «իշխան»ի ընտրութիւնը կատարել:

Այսօր, հակառակ 21-րդ դար ըլլալուն, ամուսին ըլլալը կողակիցին վրայ իշխել կը նշանակէ շատերու համար. այսօր մեր հասարակութիւնը լեցուն է այնպիսի կիներով, որոնք ամէն շարժումէ առաջ կ՚ուզեն իրենց ամուսնոյն տեղեկացնելէ անկախ ենթակայի մը նման հրաման վերցնել:

Բ.- ԶՈՅԳԵՐ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ.- Սերօրեայ ամենէն խոցելի երեւոյթը այն է, որ ընտանիքներ իրենց առօրեայ կռիւները կը կատարեն բացայայտօրէն՝ նոյնիսկ իրենց անչափահաս ու չափահաս զաւակներու ներկայութեամբ: Աւելի ցաւալին, նման կռիւներու ժամանակ հին հաշուեյարդարի տետրակները կը բացուին եւ երկուստեք դէմ դիմաց ամէ՛ն տեսակ զրպարտութիւն, չարախօսութիւն ու վատաբանութիւն կը կատարեն: Իրականութեան մէջ զաւակներուն ծնողներուն հանդէպ անյարգալիր վիճակը ներկայ աշխարհի արհեստագիտութենէն կամ սերունդներու փոփոխութենէն աւելի ընտանիքներու այս ընթացքէն յառաջ կու գայ, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել, որ զաւակ մը յարգէ իր հայրն ու մայրը, երբ անոնք երկուստեք դէմ առ դէմ իրարու հասցէին «ապուշ», «էշ», «անասուն» եւ այլ արտայայտութիւններ կ՚ունենան:

Զաւակներու պարագային պահելու համար հաւասար յարգանքը թէ՛ մօր եւ թէ՛ հօր հանդէպ, անհրաժեշտ է միակամութիւնը. յաճախ ականատես կ՚ըլլամ, թէ ինչպէս զաւակ մը բան մը կը խնդրէ իր մօրմէն եւ «ոչ»ով մը մերժուելու պարագային կը դիմէ հօր եւ վերջինս «այո»ով մը կ՚ընդունի զաւակին պահանջը: Նման քայլ մը ո՛չ թէ հայրը աւելի սիրելի կը դարձնէ, այլ մօրը հեղինակութիւնը կ՚ոտնակոխէ եւ անոր հետեւանքով կ՚ունենանք մերօրեայ սերունդին նման ոչ-հնազանդ ու սանձարձակ սերունդ մը:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -185-

Առիթով մը բարեկամներէս մէկուն կինը խնդրեց, որպէսզի ինքնաշարժով իրենց մինչեւ հիւանդանոց հասցնեմ. ընդառաջեցի: Այդ միջոցին բարեկամս կը գտնուէր երկրէն դուրս, սակայն կինը նախքան հիւանդանոց տանիլը խօսած ու բոլոր տեղեկութիւնները փոխանցած էր:

Պիտի երթայինք Երեւանի կեդրոնը գտնուող «Վարդանեան» բժշկութեան կեդրոնը: Հասնելէ ետք տեղեկացանք, որ  բժիշկը անակնկալ ձեւով դուրս եկած էր կեդրոնէն եւ կրնայ ըլլալ չվերադառնայ դարձեալ: Առաջարկեցի երթալ «Ս. Աստուածածին» մանկական բժշկական կեդրոն, ուր կարելի է գտնել բոլոր հիւանդութիւններուն համար յատուկ մանկական բժիշկներ. մերժեց.- «Ամուսինիս Վարդանանց ըսած եմ, առանց ըսելու ինչպէ՞ս Աստուածածին տանիմ» ըսաւ...:

Եթէ մայր մը իր զաւակին մասին որոշում կայացնելու իրաւասութիւն անգամ պիտի չունենայ, վա՜յ այդ ընտանիքին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2023