ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Սուրբ Հոգին ալ՝ զոր Աստուած իրեն հնազանդ եղողներուն տուաւ». (ԳՈՐԾՔ Ե 32)։

Ի՞նչ կը նշանակէ հնազանդութիւն։

«Հնազանդութիւն» չի՛ նշանակեր ընել կարգ մը բաներ, կամ շատ բաներ, կամ Աստուծոյ հրամայած բաներուն մեծ մասը։ Ասիկա կատարեալ, կէտ առ կէտ նուիրում, անձնատուութիւն, հնազանդութիւն կը պահանջէ Աստուծոյ կամքին։

«Տէրը շնորհք եւ փառք պիտի տայ, բարութիւն մը պիտի չպակսեցնէ ուղղութեամբ քալողներէն». (ՍԱՂՄ. ԶԴ 11)։ Մարդկային արարածը պէտք է միշտ հնազանդի իր խղճմտանքին ստոյգ դատողութեան։ Եթէ ազատ կամքով անոր դէմ գործէ, մարդ ինքզինք պիտի դատապարտէ։ Բայց կը պատահի, որ բարոյական խղճմտանքը տգիտութեան մէջ կը գտնուի եւ կ՚արձակէ թիւր դատաստաններ՝ կատարելիք կամ արդէն կատարուած գործերուն մասին։ Այս «տգիտութիւն»ը կրնայ յաճախ վերագրուիլ անձնական պատասխանատուութեան։ Այսպէս է պարագան, երբ մարդ քիչ հոգ կ՚ընէ ճշմարիտը եւ բարին որոնելու եւ երբ մեղքին ունակութիւնը տակաւ առ տակաւ գրեթէ կը կուրցնէ խղճմտանքը։ Այս պարագային, անձը յանցաւոր է իր գործած գէշութեան համար։

Աւետարանական խրատները իրենց բազմապիսի ձեւերով առաջարկուած են Քրիստոսի ամէն մէկ աշակերտին։ Եղբայրասիրութեան կատարելութիւնը, որուն կոչուած են բոլոր հաւատացեալները, նուիրեալ կեանքին կոչը ազատօրէն ընդգրկող անձերուն համար կ՚ըմբռնէ պարտաւորութիւնը Արքայութեան համար գործադրելու կուսակրօն ողջախոհութիւնը, աղքատութիւնը եւ հնազանդութիւնը։

Յիսուս Քրիստոս հետեւիլը կը բովանդակէ պատուիրակններուն գործադրութիւնը՝ անոնց հնազանդելո՛վ։ Ուստի Աւետարանական խրատները անբաժանելի են պատուիրաններէն։

Հաւատքով՝ մարդը իր իմացականութիւնը եւ կամքը ամբողջովին կ՚ենթարկէ Աստուծոյ։ Իր ամբողջ էութեամբ մարդը իր հաւանութիւնը կու տայ ինքզինք յայտնող Աստուծոյ։ Սուրբ Գիրքը «հաւատքի հնազանդութիւն» կը կոչէ մարդուն այս պատասխանը յայտնութիւն կատարող Աստուծոյ։

Հնազանդիլ հաւատքով՝ ազատօրէն ենթարկուիլ է ունկնդրուած խօսքին, որուն ճշմարտութիւնը երաշխաւորուած է Աստուծմէ՝ որ նոյնինքն ճշմարտութիւնն է։ Աբրահամ տիպա՛րն է այս հնազանդութեան, Սուրբ Գիրքը զայն իբր օրինակ կ՚առաջնորդէ մեզի։ Մարիամ Աստուածածինը այս հնազանդութեան ամենակատարեալ իրականացումն է։

Եբրայեցիներուն թուղթը, մեծապէս գովելով նախնիներուն հաւատքը, շեշտը կը դնէ մասնաւորաբար Աբրահամի հաւատքին վրայ։ «Հաւատքով Աբրահամ հնազանդեցաւ կոչին, մեկնեցաւ դէպի երկիր մը, զոր պիտի ընդունէր իբր ժառանգութիւն։ Մեկնեցաւ առանց գիտնալու, թէ ուր կ՚երթայ». (ԵԲՐ. ԺԱ 8), (ԾՆՆԴ. ԺԲ 1-4)։ Հաւատքով ան ապրեցաւ խոստացեալ երկրին մէջ իբր օտարական եւ պանդուխտ. (ԾՆՆԴ. ԻԳ 4)։ Սառա հաւատքով կրցաւ ծնունդ տալ խոստումի որդիին։ Վերջապէս հաւատքով, Աբրահամ իր միակ որդին զոհ ընծայեց. (ԵԲՐ. ԺԱ 17)։ Աբրահամ գործնականացումն է Եբրայեցիներուն նամակին,  որուն տուաւ հաւատքի սահմանում. «Հաւատքը գրաւականն է բարիքներուն, զորս կը յուսանք, ապացոյցը՝ իրականութիւններուն, զորս չենք տեսներ». (ԵԲՐ. ԺԱ 1)։ «Աբրահամ հաւատաց Աստուծոյ եւ ասիկա անոր արդարութիւն համարուեցաւ». (ՀՌՈՄ. Դ 3), (ԾՆՆԴ. ԺԵ 6)։

Շնորհիւ այս «հզօր հաւատքին». (ՀՌՈՄ. Դ 20) Աբրահամ եղաւ «Հայր բոլոր անոնց որ պիտի հաւատային». (ՀՌՈՄ. Դ 11,18), (ԾՆՆԴ. ԺԵ 5)։

Հին կտակարանը հարուստ է այս հաւատքին մասին վկայութիւններով։ Եբրայեցիներուն նամակը գովքը կը հիւսէ նախնիներու օրինակելի հաւատքին, «որոնք արժանացան բարի վկայութեան». (ԵԲՐ. ԺԱ 2,39)։

Սակայն «Աստուած մեզի համար կը նախատեսէր աւելի լաւ վիճակ մը». շնորհքը՝ հաւատալու Իր Յիսուս Որդիին. «զօրագլուխը մեր հաւատքին, որ զայն կը հասցնէ կատարելութեան». (ԵԲՐ. ԺԱ 40, ԺԲ 2)։

Հնազանդութեան պարտականութիւնը կը պարտաւորէ բոլորը՝ իշխանութեան ընծայելու պատիւները, որոնք անկ են անոր եւ յարգանքով եւ ըստ անոնց արժանիքին՝ երախտագիտութեամբ եւ բարեհաճութեամբ շրջապատելու այն անձերը՝ որոնք սոյն պաշտօնը կը վարեն։

Յիսուս՝ «Որդի ըլլալով հանդերձ չարչարանքով սորվեցաւ հնազանդութիւնը». (ԵԲՐ. Ե 8)։ Եւ որքան աւելի մենք, որ մեղաւոր արարածներ ենք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 3 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 6, 2023