ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Փոր­ձե­ցէ՛ք դի­տել կեան­քը, դի­տել բնու­թիւ­նը, հոն նմա­նու­թիւն­ներ պի­տի չգտնէ՞ք Քրիս­տո­սի Յա­րու­թեան խոր­հուր­դին հետ։ Կեան­քը՝ որ կ՚ըն­թա­նայ զա­նա­զան պա­տա­հար­նե­րով, տե­սակ տե­սակ ե­րե­ւոյթ­նե­րով, ը­սենք՝ ե­լե­ւէջ­նե­րով, եր­բեմն ու­րա­խու­թիւն­նե­րով, եր­բեմն տրտմու­թիւն­նե­րով, յա­ճախ չար­չա­րանք­նե­րով, տան­ջանք­նե­րով, նե­ղու­թիւն­նե­րով, ցա­ւե­րով ու վիշ­տե­րով, ո­րոնց վեր­ջա­ւո­րու­թեան մարդ կը հաս­նի ու կը հանգ­չի մա­հուան ան­խու­սա­փե­լի ե­րե­ւոյ­թով եւ ի վեր­ջոյ յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թեան՝ ան­մա­հու­թեան։ Այս բո­լո­րը չի նմա­նի՞ր Յի­սու­սի երկ­րա­ւոր կեան­քին եւ Յա­րու­թեան խոր­հուր­դին։

Եւ դար­ձեալ բնու­թիւ­նը՝ գար­նա­նա­մու­տին կը ծաղ­կին ծա­ռե­րը, դաշ­տե­րը կը զար­դա­րուին ու կը ճո­խա­նան կա­նաչ մար­գա­խո­տե­րով, թռչուն­ներ հետզ­հե­տէ կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց նա­խա­պէս լքած բոյ­նե­րը, եւ մէկ խօս­քով՝ բնու­թիւ­նը կը վե­րա­կեն­դա­նա­նայ, կար­ծես կ՚արթն­նայ իր «մա­հուան քուն»էն… եւ բո­լոր այս ե­րե­ւոյթ­նե­րը չե՞ն նմա­նիր Յի­սու­սի Յա­րու­թեան։

Ուս­տի հե­ռո՜ւն չփնտռենք Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը, քա­նի որ ան մե­զի հետ է ա­մէն պահ, մե­զի մօտ է միշտ եւ մին­չեւ իսկ մեր մէ՛ջ։ Կա­րե­ւո­րը անդ­րա­դառ­նա՛լն է ա­նոր ներ­կա­յու­թեան, ա­նոր էու­թեան։

Յա­րու­թիւ­նը, իր լայն ա­ռու­մով կը պա­տա­հի մե­զի, մեր ա­մէն­քին, երբ ա­ռա­ւօ­տուն կ՚արթն­նանք գի­շե­րա­յին քու­նէն։ Ուս­տի ա­ռա­ւօ­տեան զարթ­նու­մը, քու­նէն ել­լե­լը՝ «յա­րու­թեան» խոր­հուր­դին մէկ ման­րան­կարն է՝ որ իր մէջ կը ցո­լաց­նէ յա­րու­թեան խոր­հուր­դին ամ­բող­ջո­վին յատ­կու­թիւն­նե­րը։

Եւ նոյ­նը կը պա­տա­հի բնու­թեան մէջ, կը կրկնուի ա­մէն տա­րի երբ կը վեր­ջա­նայ ձմեռ­նա­յին ե­ղա­նա­կը, եւ կը սկսի գար­նա­նա­յի­նը, չի նմա­նի՞ր Յա­րու­թեան խոր­հուր­դին։ Չոր­ցած, ցամ­քած, գրե­թէ ան­կեն­դան ծա­ռեր, ճիւ­ղեր կը սկսին ծլիլ, ծաղ­կիլ եւ վե­րա­կեն­դա­նա­նալ, չոր ու ե­րաշտ հո­ղը կը սկսի հետզ­հե­տէ բուս­նիլ, բող­բո­ջիլ եւ կար­ծես «կեան­քի կո­չուիլ»։ Եւ բո­լոր այս ե­րե­ւոյթ­ներ չե՞ն նմա­նիր յա­րու­թեան՝ որ իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ՝ վե­րա­կեն­դա­նու­թիւն, մա­հէ կեանք փո­փո­խու­թիւն։

Ա­հա­ւա­սիկ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ճիշդ այս պատ­ճա­ռով է որ ը­սինք, թէ «յա­րու­թեան» գա­ղա­փա­րը մար­դուս թէ՛ ներ­քին, թէ՛ ար­տա­քին աշ­խար­հէն հե­ռու ե­րե­ւոյթ մը, ի­րո­ղու­թիւն մը չէ։ Յա­րու­թեան ի­րո­ղու­թիւ­նը մարդս կ՚ապ­րի թէ՛ իր մէջ եւ թէ իր շրջա­պա­տին մէջ, բնու­թեան մէջ։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով ալ «յա­րու­թիւն»ը դիւ­րըմբռ­նե­լի, դիւ­րաւ հասկ­նա­լի ե­րե­ւոյթ մըն է ա­մէն ա­նոնց հա­մար, որոնք կ՚անդ­րա­դառ­նան ի­րենց էու­թեան, ի­րենց նե­րաշ­խար­հին, եւ նաեւ զի­րենք շրջա­պա­տող բնու­թեան։

Ար­դա­րեւ Յա­րու­թեան խոր­հուր­դը հրա­շա­լի՜ է եւ մե­ծա­պա­տիւ, քա­նի որ գլո՛ւխն է բո­լոր տնօ­րի­նա­կան խոր­հուրդ­նե­րուն։ Ան­ժա­մա­նակ, միակ Որ­դին, փառ­քե­րու Լոյ­սը եւ Հօր էու­թեան նկա­րա­գի­րը, ան­ճա­ռե­լի ու ան­հա­սա­նե­լի Բանն Աս­տուած, որ անս­կիզբ էու­թեամբ Հօր մօտ էր եւ հա­մա­գոյ՝ Սուրբ Հո­գիին, կա­մե­ցաւ գտնել «կոր­սուած»նե­րը, ժող­վել ցրուած­նե­րը, դար­ձի բե­րել մո­լո­րած­նե­րը, կանգ­նեց­նել գլո­րուած­նե­րը եւ օ­տա­րա­ցած­նե­րը վե­րըն­ծա­յել Փառ­քեր Հօր։

Այս իսկ պատ­ճա­ռով «Քաջ Հո­վիւ»ը իր մո­լո­րած ոչ­խար­նե­րուն հա­մար իր Ան­ձը տուաւ։

Եւ Քրիս­տո­ս յա­րու­թիւն առ­նե­լով մե­ռել­նե­րէն՝ Իր հետ յա­րու­թիւն տուաւ նաեւ մար­դոց մեղ­քե­րուն եւ մա­հուան մէջ ին­կած բնու­թեա­նը։ Քրիս­տո­սի յա­րու­թեամբ «եր­կի­րը եր­կինք դար­ձաւ»։ Ներ­քին աշ­խար­հի բնա­կիչ­նե­րը դար­ձան եր­գա­կից վե­րին հո­գե­ղէն­նե­րուն։ Քրիս­տո­սի յա­րու­թեամբ, վե­րին կրա­կան­ման զօր­քե­րը ա­ւե­տիս կու տան երկ­րա­ւոր­նե­րուն, որ փա­րա­տե­ցաւ եւ լու­ծուե­ցաւ մահ­կա­նա­ցու­նե­րու մա՛­հը, կորսնց­նե­լով իր բո­լոր զօ­րու­թիւ­նը եւ տի­րա­պե­տու­թիւ­նը։ Յի­սու­սի յա­րու­թեան շնոր­հիւ պար­տուե­ցաւ մա­հը՝ կորսնց­նե­լով իր ժա­մա­նա­կա­ւոր իշ­խա­նու­թիւ­նը։ Եւ տես­նուե­ցաւ, որ մա­հը ո՛չ թէ «վերջ», այլ մա­նա­ւա՛նդ «սկի՛զբ» մըն է. սկիզբ մը ե­րա­նա­ւէտ կեան­քի մը՝ ան­մահ ու յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի՝ ո­րուն կո­չուած է մարդ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան պա­հէն ի­սկ, իր ա­րար­չու­թիւ­նը ե­ղած է յա­ւի­տե­նա­կան եւ ան­մահ կեան­քի մը խոս­տու­մով։ Եւ այս ի­մաս­տով՝ Յա­րու­թիւ­նը «Նոր Ա­րար­չու­թիւն»ն է, քա­նի որ երբ Ա­րար­չու­թիւ­նը կա­տա­րուե­ցաւ ո­չին­չէն, այս «Նոր Ա­րար­չու­թեամբ» ալ՝ մեղ­քե­րով ին­կա­ծը վերս­տին կանգ­նե­ցուց, վերս­տին ա­րար­չա­գոր­ծեց Աս­տուած։

Եւ ինչ­պէս կը վկա­յէ մար­գա­րէն. «Եր­կու օ­րէն մեզ պի­տի կեն­դա­նաց­նէ, եր­րորդ օ­րը մեզ պի­տի կանգ­նեց­նէ ու ա­նոր առ­ջեւ պի­տի ապ­րինք» (ՈՎ­ՍԵԱՅ Զ 2)։­

Ա­ռա­քեալն ալ կ՚ը­սէ. «Գի­տենք թէ Քրիս­տո­ս մե­ռել­նե­րէն յա­րու­թիւն ա­ռաւ եւ այ­սու­հե­տեւ չի մեռ­նիր, այ­լեւս մա­հը չի կրնար ա­նոր տի­րել» (ՀՌՈՄ. Զ 9)։ Քա­նի որ Ա­նոր հո­գին եր­բեք դժոխք չտե­սաւ եւ մար­մի­նը բնաւ չա­պա­կա­նե­ցաւ։

Յի­սուս դուրս ե­կաւ կնքուած սուրբ գե­րեզ­մա­նէն՝ ա­ռանց խախ­տե­լու գե­րեզ­մա­նին կնի­քը։ Քա­նի որ ի՛նչ­պէս Ան ծնաւ Սուրբ Կոյ­սէն, ա­ռանց խախ­տե­լու ա­նոր կու­սու­թիւ­նը, այդ­պէս ալ եր­րորդ օ­րը փառ­քով ու ա­նա­պա­կան մարմ­նով յա­րու­թիւն ա­ռաւ «կոյս գե­րեզ­ման»էն՝ զգետ­նե­լով մա­հը եւ խա­փա­նե­լով ա­պա­կա­նու­թիւ­նը՝ ըստ Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի խօս­քե­րուն. «Մա­հը կլա­նուե­ցաւ, յաղ­թա­նա­կը շա­հուե­ցաւ։ Ո՞ւր է, Մա՛հ, յաղ­թա­նակդ. ո՞ւր է, Մա՛հ, քու խայ­թոցդ» (ՈՎ­ՍԵԱՅ ԺԳ 14) եւ (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 54-55)։­

Եւ Քրիս­տոս մա­հա­նա­լով ու յա­րու­թիւն առ­նե­լով՝ դար­ձաւ ննջե­ցեալ­նե­րու ա­ռա­ջին Պտու­ղը։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ է, որ ա­ւե­լի լաւ կը հասկ­նանք, թէ ի՛նչ ը­սել կ՚ու­զէ Վիք­թոր Հիւ­կօ, երբ կ՚ը­սէ.

«Գե­րեզ­ման­նե­րու մէջ է որ կ՚անդ­րա­դառ­նամ թէ յա­ւի­տե­նա­կան կեանք մը գո­յու­թիւն ու­նի»։­

Ա­յո՛, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ինչ­պէս ա­մէն ձմեռ ե­ղա­նա­կին ան­մի­ջա­պէս կը յա­ջոր­դէ գա­րու­նը, նոյն­պէս եւ ան­պայ­մա՛ն մա­հուան ալ ան­մի­ջա­պէս կը յա­ջոր­դէ ան­մա­հու­թիւ­նը, յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քը՝ ո­րուն կո­չուած է մար­դը։

Ար­դա­րեւ հոն՝ ո՛ւր գե­րեզ­ման կայ, հոն այ­լեւս մահ չկա՛յ, քա­նի որ մա­հը միայն անցք մըն է՝ մարմ­նա­կա­նէն դէ­պի հո­գե­ւոր, ժա­մա­նա­կա­ւո­րէն դէ­պի ան­ժա­մա­նակ, երկ­րա­ւո­րէն դէ­պի երկ­նա­ւոր։ Եւ ին­չո՞ւ տա­րա­կու­սիլ այս մա­սին. ո­չին­չէն ստեղ­ծող Աս­տուած, չէ՞ք խոր­հիր որ նա­խա­պէս ար­դէն ստեղ­ծուա­ծը չկրնայ վե­րա­կեն­դա­նաց­նել, վերս­տին կեան­քի կո­չե՛լ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 30, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2016