ՀԱՄԲԵՐԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ

«Համ­բե­րու­թիւ­նը կեա՛նք է», կ՚ը­սէ ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը, բայց ան­մի­ջա­պէս ետք կ՚ա­ւեց­նէ. «Շատն ալ տան­ջա՛նք է»։ Կեան­քի զա­նա­զան նե­ղու­թիւն­նե­րու, դժուա­րու­թիւն­նե­րու, մին­չեւ իսկ ցա­ւե­րու եւ վիշ­տե­րու որ­պէս դեղ­թափ կամ դար­ման, ընդ­հան­րա­պէս կը յանձ­նա­րա­րուի համ­բե­րու­թիւն եւ յա­ճախ ցոյց կը տրուի կեան­քէն օ­րի­նակ­ներ՝ ուր համ­բե­րա­տա­րու­թեամբ յաղ­թա­հա­րուած են նե­ղու­թիւն­ներ։ Այս ի­մաս­տով «համ­բե­րու­թիւն»ը, մարդս խա­ւա­րէն դէ­պի լոյս տա­նող մի­ջոց մը, ճամ­բայ մըն է։

Բայց ի՞նչ է համ­բե­րու­թիւ­նը իր իս­կու­թեա­նը մէջ։

Եւ ի­րա­պէս, ե­թէ ա­նի­կա «դեղ» մը կամ «դար­ման» մըն է, ու­նի՞ չափ ու կշիռ եւ ինչ­պէս ժո­ղովր­դա­կան ի­մաս­տու­թիւ­նը ը­սած է՝ չա­փա­զան­ցու­թիւ­նը կը տան­ջէ՞ մարդս, քա­նի որ դե­ղի մըն ալ ան­հա­մե­մատ գոր­ծա­ծու­թիւ­նը ո՛չ թէ օ­գուտ, այլ վնա՛ս կը պատ­ճա­ռէ, քա­նի որ շե­ղած է իր նպա­տա­կէն։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, ան­գամ մը եւս կը տես­նուի չա­փա­ւո­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը նաեւ ա՛յս հար­ցին մէջ։

«Համ­բե­րու­թիւն» բա­ռին ֆրան­սե­րէն՝ «patience», կու գայ լա­տի­նե­րէն «patientia» բա­ռէն՝ «pati» ար­մա­տէն, որ կը նշա­նա­կէ «տա­ռա­պիլ»։ Ու­րեմն, այս բա­ցատ­րու­թեամբ, ի­րա­ւա­ցի պէտք է գտնել այն մտա­ծու­մը՝ թէ համ­բե­րու­թեան չա­փա­զան­ցու­թիւ­նը տան­ջանք եւ տա­ռա­պանք կը ստեղ­ծէ։ Գո­նէ, համ­բե­րու­թեան եւ տան­ջան­քի մի­ջեւ «ներ­քին կապ» մը գո­յու­թիւն ու­նի՝ ինչ­պէս շատ մը դե­ղե­րու մէջ կը գտնուին վնա­սա­կար տար­րեր նաեւ, երբ ան­հա­մե­մատ կեր­պով գոր­ծա­ծուին՝ ա­նոնց օ­գու­տը կը վե­րա­ծուի վնա՛­սի։

Եւ «համ­բե­րու­թիւն»ը, ու­րեմն կը թե­լադ­րէ նաեւ տա­ռա­պան­քի գա­ղա­փա­րը՝ որ չա­փա­ւոր, նուրբ տա­ռա­պանք մըն է։ Այս կը նմա­նի դե­ղե­րու մէջ գտնուող թու­նա­ւոր-չա­փա­ւոր եւ հա­մե­մա­տա­կան տար­րե­րու, ո­րոնց չա­փա­ւոր գոր­ծա­ծու­թիւ­նը կը դար­մա­նէ հի­ւան­դու­թիւ­նը։

Կա­րե­լի է նմանց­նել նաեւ, ներ­քին մխա­ցող կրա­կի մը՝ ո­րուն բո­ցը չի տես­նուիր եւ չ՚այ­րեր, բայց վա՛ռ կը պա­հէ, կեն­դա­նու­թիւն կու տայ ո­րե­ւէ գո­յու­թեան։

Ուս­տի, «հա­մբե­րու­թիւն»ը տա­ռա­ցիօ­րէն կը նշա­նա­կէ՝ համ­բե­րել, այ­սինքն համ­բե­րա­տար ըլ­լալ, համ­բե­րու­թեամբ տա­նիլ, ինք­զինք զսպել, չխռո­վիլ, չվրդո­վիլ, դէպք մը պա­ղա­րիւն կեր­պով դի­մա­ւո­րել, հո­գե­կան եւ մտա­յին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը պա­հել՝ չկորսնց­նել, ա­ռանց դառ­նու­թեան «ակ­ռայ սեղ­մել» եւ վեր­ջա­պէս չազ­դուիլ ար­տա­քին ո­րե­ւէ անն­պաստ ե­րե­ւոյ­թէ։

Ան­շուշտ ա­սի­կա զօ­րա­ւոր նկա­րա­գիր եւ հո­գե­կան հա­սու­նու­թիւն, մտա­ւոր կա­տա­րե­լու­թիւն կը պա­հան­ջէ։

Այս ի­մաս­տով, «համ­բե­րու­թիւն»ը մար­դուս հո­գե­կան եւ մտա­յին ներ­դաշ­նա­կու­թեան պահ­պան­ման կա­րե­ւոր մէկ ազ­դակն է։ Ան չի՛ թո­ղուր որ զգա­ցում­ներ տի­րա­պե­տեն բա­նա­կա­նու­թեան եւ ա­ռիթ կու տայ որ ըն­թա­ցիկ կեան­քը շա­րու­նա­կուի։

Քա­նի որ ե­թէ բա­նա­կա­նու­թեան եւ զգա­ցո­ղու­թեան ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը եւ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը խան­գա­րուի, մար­դուս վա­րուե­լա­կերպն ալ, կեան­քի սո­վո­րա­կան ըն­թացքն ալ կը վատ­թա­րա­նայ, ա­պա ու­րեմն այդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը միշտ պէտք է չա­փին մէջ պա­հել եւ ա­հա­ւա­սիկ, համ­բե­րու­թեան մի­ջո­ցով է որ կ՚ա­պա­հո­վուի այդ պահ­պա­նու­թիւ­նը։

Ուս­տի, համ­բե­րու­թեամբ է որ մարդ տհաճ եւ վիշտ պատ­ճա­ռող վի­ճակ­նե­րու դէմ կրնայ տո­կալ, դի­մա­նալ՝ չար­քաշ ըլ­լալ, կան­գուն եւ ա­մուր մնալ եւ ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը պա­հել, ինչ որ կ՚են­թադ­րէ պա­ղա­րիւ­նու­թեամբ դի­մադ­րել ա­մէն դէպք, որ պի­տի ազ­դէ թէ՛ բա­նա­կա­նու­թեան եւ թէ՛ զգա­ցում­նե­րու։

Համ­բե­րու­թիւ­նը կրնայ ընդգր­կել նաեւ յա­րա­տե­ւու­թեան գա­ղա­փա­րը։

Համ­բե­րա­տա­րու­թիւ­նը ան­բաղ­ձա­լի մէ­կու մը նկատ­մամբ ալ պաշտ­պա­նու­թեան զօ­րա­ւոր մի­ջոց մըն է. նե­ղա­ցու­ցիչ, ձանձ­րա­ցու­ցիչ ան­ձի մը հան­դէպ նե­րո­ղա­միտ՝ եր­կայ­նա­միտ ըլ­լալ կը նշա­նա­կէ նաեւ՝ հան­դուր­ժել այդ­պի­սի մէ­կու մը, նե­րո­ղա­միտ գտնուիլ սի­րոյ հո­գիո՛վ։

Երբ մարդ ցաւ մը, վիշտ մը, նե­ղու­թիւն մը կը կրէ՝ համ­բե­րու­թեամբ դի­մա­ւո­րե­լով զա­նոնք, չտրտնջալ, չդժգո­հիլ, չգան­գա­տիլ, պա­րա­գան ըն­դու­նիլ եւ ինք­զինք հա­մո­զել այդ վի­ճա­կին, ա­ռանց ակ­ռայ կրճտե­լու իւ­րաց­նել, հա­մա­կեր­պիլ՝ ա՛յս ալ համ­բե­րա­տա­րու­թիւն կ՚են­թադ­րէ։ Այս պա­րա­գա­յին՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն մը, վե­հանձ­նու­թիւն մը, հո­գե­ւոր հա­սու­նու­թիւն մըն է համ­բե­րա­տա­րու­թիւ­նը՝ որ պէտք է ան­կեղ­ծու­թեամբ խոս­տո­վա­նիլ, թէ քի­չե­րու տրուած շնորհ մըն է ա­սի­կա։ Մա­նա­ւանդ ըն­դու­նիլ եւ հա­մա­կեր­պիլ՝ ա­մէ­նուն տրուած յատ­կու­թիւն մը չէ, այլ՝ հա­զուա­գիւտ ազ­նիւ հո­գի­նե­րու վե­հանձ­նու­թեա­նը ա­պա­ցո՛յց…։

Համ­բե­րու­թիւ­նը՝ իր լայն ա­ռու­մով կը նշա­նա­կէ նաեւ սպա­սել։ Բայց այս «սպա­սում»ը ա­նի­մաստ, անն­պա­տակ, ան­գի­տակ­ցա­բար սպա­սում մը չէ՛, այլ՝ յո՛յ­սով, հա­ւա­տա­լով սպա­սում մըն է. վստահ՝ թէ պի­տի անց­նի այդ բո­լոր անն­պաստ եւ ցաւ ու վիշտ պատ­ճա­ռող մի­ջա­վայ­րը, գի­տակ­ցե­լով թէ ա­մէն խա­ւա­րին կը յա­ջոր­դէ լոյ­սը ան­պայ­մա՛ն…։

Ա­սի­կա այն յոյսն է, որ կրնայ բա­րե­փո­խուի՛լ կա­ցու­թիւ­նը, այն հաս­տատ յոյսն է, որ կեան­քը միայն «ներ­կայ» ժա­մա­նա­կը չէ, կեան­քը միայն ա՛յս պա­հը չէ, այլ կայ նաեւ «ա­պա­գայ» ժա­մա­նա­կը՝ որ մա՛րդ չի գի­տեր թէ ի՜նչ ա­նակն­կալ­նե­ր ու­նի իր հետ՝ փո­խե­լու հա­մար կեան­քը ամ­բող­ջո­վին։

Ա­պա­գան՝ ան­ծա­նօթ եւ սա­կայն հաս­տատ այն պահն է, որ հի­ւան­դը կ՚ա­ռող­ջա­նայ, մու­թը կը լու­սա­ւո­րուի, տնան­կը պա­լատ­նե­րու կը տի­րա­նայ, ձա­խո­ղու­թիւն­ներ յա­ջո­ղու­թեան՝ պար­տու­թիւն­ներ յաղ­թա­նակ­նե­րու կրնան վե­րա­ծուիլ։ Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին կեան­քի մէջ «ան­կա­րե­լի»ն ան­կա­րե­լի՛ է. ան­կա­րե­լի ո՛­չինչ կայ, բայց թե­րեւս դժուա՛ր, բայց ո՛չ ան­կա­րե­լի։ Չէ՞ որ կեան­քի մէջ «հրա՛շք»ը միշտ գո­յու­թիւն ու­նե­ցած է եւ միշտ պի­տի ըլ­լայ, քա­նի որ մարդ ա­մէն բա­նի տէ­րը չէ՛, նոյ­նիսկ ինք­զին­քին, իր ա­պա­գա­յին, իր կեան­քին տէ­րը չէ՝ որ­քան ալ կար­ծէ, թէ ա­նոնց տէրն է։ Ինք­նա­խա­բէու­թիւն է ա­նոր հա­ւա­տալ։ Մար­դուս գի­տու­թիւ­նը, ծա­նօ­թու­թիւ­նը միշտ սահ­մա­նա­ւոր է, կա­րո­ղու­թեա­նը եւ կա­րե­լիու­թեա­նը սահ­մա­նա­փակ ըլ­լա­լը ա­մէն ա­ռի­թով կը ներ­կա­յա­նայ ա­նոր, զոր օ­րի­նակ, կո­րուս­տի մը ա­ռի­թով, հի­ւան­դու­թեան մը պա­րա­գա­յին, ան­յա­ջող ձեռ­նար­կի մը ա­տեն, բայց հա­զուա­դէպ է որ ան անդ­րա­դառ­նայ իր ան­կա­րո­ղու­թեան, կա­րո­ղու­թեա­նը սահ­մա­նա­փա­կու­թեան։

Ուս­տի, երբ մար­դուս ան­ծա­նօթ է ա­պա­գան, տէ­րը չէ՛ իր գա­լիք ապ­րում­նե­րուն եւ կը ծրագ­րէ ա­նոնց մա­սին, բայց եր­բեք վստահ չէ՛ թէ պի­տի կա­տա­րուի՞ն ա­նոնք, թէ ո՛չ, ա­պա ու­րեմն կը մնայ միայն յու­սալ եւ համ­բե­րու­թեամբ սպա­սել ի­րեն ան­ծա­նօթ պա­հե­րուն։ Այս ի­մաս­տով՝ յոյ­սը ող­նա­յա՜րն է համ­բե­րու­թեան, որ կան­գուն ու հաս­տա­տուն կը պա­հէ զայն եւ յոյ­սը օգ­նու­թեան կը հաս­նի համ­բե­րու­թեան՝ փա­րո­սի մը նման ա­լե­կո­ծեալ նա­ւուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 4, 2017, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2017