ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՀԱՒԿԻԹԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Գրեթէ բոլոր հին մշակոյթներու մէջ, հաւկիթը կեանքի, վերակենդանութեան խորհրդանիշն է եղած եւ կը բովանդակէ «Նոր կեանք»ը։ Հաւանաբար քրիստոնէական շրջաններէն շա՜տ առաջ, գարնանային վերակենդանութեան նուիրուած ծիսակատարութիւններու, տօնախմբութիւններու ընթացքին հաւկիթ կը ներկուէր, կ՚օրհնուէր եւ կը փոխանակուէր, յետոյ մարդիկ կ՚ուտէին զանոնք։ Մինչեւ իսկ ամենահին քաղաքակրթութիւնները ունէին «գարնանային տօնակատարութիւն»ներ՝ նուիրուած ձմրան երկարատեւ քունէն բնութեան եւ արեւին արթննալուն եւ վերակենդանութիւն ստանալուն։

Քրիստոնէական շրջանին, մարդիկ կը հաւատային, թէ Աւագ Ուրբաթ, հաւուն ածած հաւկիթը եթէ հարիւր տարի պահուէր, անոր դեղնուցը ադամանդի կը վերածուէր։ Եւ Աւագ Ուրբաթ օրը հաւուն ածած հաւկիթը Զատկի տօնին ներկելը՝ կը նպաստէր ծառերու պտղատուութեան եւ բերքի առատութեան եւ նաեւ կը պաշտպանէր եւ արգե՛լք կը հանդիսանար յանկարծահաս մահերու։

Իսկ եթէ զատկական հաւկիթը, թէեւ հազուադէպօրէն, պարունակէր զոյգ դեղնուց, ապա այդ տարին կ՚ակնկալուէր արագ հարստացում։

Ուստի, հին ժամանակներուն, հաւկիթը մոգական նշանակութիւն ունէր։ Հնագէտները, քրիստոնէական շրջանէն շա՜տ առաջուան ժամանակաշրջաններուն՝ գերեզմաններու մէջ թուագրուած շիրիմներ կը յայտնաբարեն բնական կամ մարմարեայ, եւ կամ կաւէ կամ ուրիշ նիւթերէ պատրաստուած հաւկիթներ։ Ուստի «հաւկիթի խորհուրդ»ը կար հի՜ն ժամանակներէն ի վեր։

Հին ժամանակներուն, զոր օրինակ, սովորութիւն կամ հեթանոսական աստուածներու, այսինքն՝ չաստուածներու նուիրել հաւկիթներ, փոխանակել զանոնք բարեկամներու միջեւ, ընկերներու եւ հարազատներու հետ բաժնել՝ Ամանորի եւ ծննդեան օրերուն կամ տարեդարձներուն։

Իսկ «հարուստ»ներ հաւի ներկուած հաւկիթի փոխարէն կը նուիրէին «ոսկի հաւկիթ»։

Այս ուղղութեամբ, ուքրանացիներ կը հաւատային, թէ՝ «օրհնուած հաւկիթները» կարող են եւ կ՚օգնեն մարել հրդեհը եւ կամ գտնել կորսուած որեւէ անասուն։ Անոնք նաեւ կը հարուածէին անասունները հաւկիթով, որպէսզի անոնք առողջ մնային, կը խառնէին հաւկիթի կեղեւը սերմերու հետ՝ առատ բերք ստանալու համար։ Հաւկիթը այսպիսի խորհուրդ մը ունէր անոնց համար։

17-րդ դարուն, զատկական պատարագներէն յետոյ, ռուս ցարը «զատկական համբոյր» կը փոխանակէր բարձրաստիճան հոգեւորականներու հետ, ապա կը հրաւիրէր «ընտիր դասակարգի անձ»եր եւ ազնուականներու ներկայացուցիչներ եւ տօնի առթիւ անոնց կը նուիրէր հաւի, սագի փայտէ շինուած մէկ, երկու կամ երեք հաւկիթ՝ կախուած նուէրը ձողի մը աստիճաններէն։ Հաւկիթները կը ներկուէին ոսկեգոյն յատակի վրայ պայծառ գոյներով։ Անոնք կը պատրաստուէին փայտամշակ վարպետներու կողմէ, սրբանկարիչներ, զինագործարանի փորագրիչներ, ինչպէս նաեւ վանականներ կը մասնակցէին այդ պատրաստութեան։

Զատկէն մինչեւ Համբարձման տօնի ժամանակաշրջանին պէտք էր ըլլար 37.000 հաւկիթ՝ բոլորին նուիրելու համար։ Իսկ ցարին կը նուիրէին հսկայական քանակութեամբ ներկուած հաւկիթներ՝ զետեղուած ոսկենախշերով զարդարուած թաւշերիզ փայտաշէն սկահակիկներու, այսինքն՝ թէյ կամ սուրճ խմելու՝ ըմպանակներու մէջ։ Իսկ 18-19-րդ դարերուն, Ռուսաստանի մէջ կը գտնէուին ապակեայ հաւկիթներ՝ պատրաստուած անթափանց եւ կամ կիսաթափանցիկ կաթնագոյն ապակիներէ կամ բիւրեղապակի.ներէ, որոնք ոսկեզօծուած կը պատուէին նախշերով, մակագրութիւններով եւ նրբաճաշակ մանրանկարներով։ Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ արտադրուած է նաեւ ճենապակեայ, եւ աւելի վերջ՝ արծաթեայ եւ արծաթապատ հաւկիթներ, որոնք ցոյց կու տան «հաւկիթ»ի տրուած կարեւորութիւնը։

Քրիստոնէական արուեստի գործերէն եւ սուրբերու նկարներէն զատ, հաւկիթի վրայ կը նկարուէին նաեւ պատմական եւ դիցաբանական մանրանկարներ։

Այսօր դժուար է որոշել, թէ ո՞վ առաջին անգամ որոշած է ներկել հաւկիթները։ Ըստ որոշ վարկածներու՝ սլաւոններ հաւկիթները սկսած են ներկել քրիստոնէութիւնը ընդունելէ շատ առաջ։ Անոնք կ՚ենթադրէին, որ հաւկիթը աշխարհի արարման-ստեղծման նախատի՛պն է եւ կը ջանային հաւկիթը վառ գոյներով պատել՝ անոր միջոցով արտայայտելով իրենց յարգանքը։

Զատկի խորհրդանիշը սոխը կը ներկայացնէ՝ սոխի կճեպով ներկուած հաւկիթը, նաեւ ուռենիի ճիւղը եւ ցորենի հատիկն էին։ Բայց մշակութային յատուկ կարեւորութիւն է ունեցած հաւկիթը հոգեւոր մարզի մէջ միշտ խորհրդանիշ մը ըլլալով՝ նոր կեանքի, վերակենդանութեան եւ նորութեա՛ն։

Կայ հաւկիթներու ներկման կենցաղային բացատրութիւն, քանի որ կենդանական ծագում ունեցող մթերքը արգիլուած էր ուտել պահոց շրջանին, հաւկիթները չփճացնելու համար անհրաժեշտ էր զանոնք եփել։ Եւ շատ հեշտ էր զանազանել ներկուած հաւկիթները՝ հում հաւկիթներէն։ Ուստի հաւկիթ ներկելու պատճառներէն մին կրնայ ըլլալ հումը՝ եփածէն զանազանելու դիւրութի՛ւնը։

Ամենէն շատ արժէք ներկայացնող եւ ինքնատիպ զատկական հաւկիթները, ամբողջ աշխարհի վրայ կը համարուին Քառլ Ֆապէրժէի հանրայայտ, հռչակաւոր ոսկերչական աշխատանքները։ Այսօր արուեստի այդ ստեղծագործութիւնները կը պահպանուին Քրեմլինի Զինապալատին մէջ եւ յատուկ հաւաքածոներու մէջ, որոնցմէ է նաեւ Ֆապէրժէի ինը զատկական հաւկիթը։

Մի քանի տարի առաջ վաճառուեցաւ այդ թանկագին հաւկիթը, «Sotheby՚s» վաճառատան աճուրդով, եւ ըստ հաւաստի աղբիւրներու՝ խնդրոյ առարկայ գործարքի գումարը կազմած է 90-150 միլիոն տոլար։

Արդարեւ, տարբեր երկիրներու մէջ Զատկի կամ Յարութեան խորհրդանիշը տարբեր են։ Զոր օրինակ, Արեւմտեան Եւրոպայի որոշ երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ Քրիստոսի Յարութեան խորհրդանիշն է՝ զատկական ճագարը։ Ըստ պատմաբաններու կարծիքին՝ զատկական ճագարը կու գայ 13-րդ դարէն, նախաքրիստոնէական Գերմանիայէն՝ ուր մարդիկ ուրիշ չաստուածներու եւ չաստուածուհիներու պաշտամունք կ՚ընէին նաեւ գարնան, լուսաբացի եւ պտղաբերութեան չաստուածուհի Եոստրային կամ Օստարային՝ որուն խորհրդանիշն էր ճագարը։ Այնպէս կը համարէին, թէ՝ ճագարը կը տանի Եոստրայի լապտերը։

«Ճագարի»՝ Զատկական այս խորհրդանիշին մասին առաջին անգամ փաստով յիշատակուած է 16-րդ դարուն։ Հաւկիթներ ածող եւ անոնք այգիին մէջ պահող ճագարի մասին առաջին պատմութիւնը հրապարակուած է 1680 թուականին։ Այսօր «Զատկական ճագար»ի տօնը՝ «Osterhose»ը, գերմանացի մանուկներու համար նո՛յնքան սպասուած է, ո՛րքան Ս. Ծննդեան տօնը։ Առաջինը գերմանացի եւ գերմանախօս եւրոպացի վերաբնակիչները 17-րդ դարու վերջին եւ 18-րդ դարու սկիզբը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տարածեցին «Զատկական ճագար»ի մասին առասպելը եւ մանուկներու շաքարեղէններու կամ տուրմերու ձեւով ճագարներ նուիրելու աւանդոյթը։

Արդարեւ, իւրաքանչիւր ժողովուրդի մօտ ձեւաւորուած են տօնական հիւրասիրութիւններու եւ խնջոյքներու սեփական եւ իւրայատուկ աւանդութիւններ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 3, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 6, 2018