ԳԱԼՍՏԵԱՆ ԿԻՐԱԿԻ

Մեծ պահոց շրջանի վեցերորդ կիրակին կը կոչուի «Գալստեան կիրակի»։ Արդարեւ բոլոր ժամանակներու մէջ եղած են մեծաձայն գալուստներ, բայց ոչ մէկ գալուստ ունեցած է այն փառքը եւ իմաստը, որ ունեցաւ Յիսուս Քրիստոսի գալուստը։

Մեր Տիրոջ գալուստը բացաւ դրախտի դռները եւ քանդեց դժոխքի կապանքները։ Իր առաջին գալուստով Ան հաստատեց եւ պատրաստեց նաեւ «Երկրորդ գալուստ»ը։ Ուստի Մեծ պահոց շրջանը հոգեկան եւ մարմնական պատրաստութեան շրջան է՝ ընդունելու, ըմբռնելու եւ փառաբանելու Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութիւնը։

Քրիստոսի Համբարձումէն ետք, Իր փառաւորեալ գալուստը մօտալուտ դարձած է (ՅԱՅՏ. ԻԲ 20), նոյնիսկ եթէ մեզի «չի վերաբերիր գիտնալ ժամանակը եւ պահը, զորս Հայրը սահմանեց միա՛յն Իր իշխանութեամբ» (ԳՈՐԾ. Ա 7)։

Կատարածնային այս «Գալուստ»ը կրնայ կատարուիլ ամէն րոպէ (ՄԱՏԹ. ԻԴ 44, Ա ԹԵՍ. Ե 2), նոյնիսկ եթէ ան եւ զինք կանխող վերջին փորձութիւնը «զսպուած» են. (Բ ԹԵՍ. Բ 3-12)։ Ուստի Մեսիային փառաւորեալ գալուստը կախուած է պատմութեան որեւէ պահուն (ՀՌ. ԺԱ 31) «ամբողջ Իսրայէլի» (ՀՌ. ԺԱ 26, ՄԱՏԹ. ԻԳ 39) կողմէ կատարուելիք անոր ճանաչո՛ւմէն։

Արդ Իսրայէլի մէկ մասը կարծրացաւ «անհաւատութեան» մէջ (ՀՌ. ԺԱ 20) Յիսուսի հանդէպ։ Պետրոս առաքեալ եւս՝ Պենտեկոստէէն ետք Երուսաղէմի հրեաներուն նոյնը կ՚ըսէ. «Հետեւաբար ապաշխարեցէք եւ Աստուծոյ դարձէք, որպէսզի ձեր մեղքերը ջնջէ, առիթ տայ որ վերանորոգուիք եւ ձեզի ղրկէ Յիսուսը, կանուխէն ձեզի համար սահմանուած Քրիստոսը, որ երկինքի մէջ պիտի մնայ, մինչեւ գայ ժամանակը՝ երբ ամէն ինչ պիտի վերանորոգուի, այնպէս՝ ինչպէս Աստուած սկիզբէն ի վեր յայտնեց իր մարգարէներուն բերնով», (ԳՈՐԾ. Գ 19-21)։

Պետրոս առաքեալի կ՚արձագանգէ Պօղոս առաքեալ եւ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ, եթէ Աստուած զանոնք մերժեց՝ որպէսզի հեթանոս աշխարհը հաշտեցնէ իրեն հետ, կը նշանակէ թէ երբ վերստին ընդունի զանոնք՝ մեռելներու յարութիւնը տեղի պիտի ունենայ» (ՀՌ. ԺԱ 15)։

Հրեաներուն ամբողջութեան մուտքը մեսիական փրկութեան մէջ, յետ «հեթանոսներուն լիութեան» Աստուծոյ ժողովուրդին (ՀՌ. ԺԱ 25, ՂՈՒԿ. ԻԱ 24) հնարաւորութիւն պիտի տայ «իրականացնելու Քրիստոսի լրումը» (ԵՓՍ. Դ 13), որպէսզի «Աստուած ըլլայ ամէն ինչ՝ ամէնուն մէջ» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 28)։

«Քրիստոս մեռաւ եւ վերստին կենդանացաւ որպէսզի ըլլայ Տէրը մեռեալներուն եւ կենդանիներուն» (ՀՌ. ԺԴ 9)։ Քրիստոսի երկինք Համբարձումը կը նշանակէ Իր իբր մարդ մասնակցութիւնը Աստուծոյ զօրութեան եւ իշխանութեան։ Յիսուս Քրիստոս Տէր է. Ան ունի ամէն իշխանութիւն երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ։ Ան «աւելի բա՛րձր է քան ամէն իշխանութիւն. պետութիւն, զօրութիւն եւ տէրութիւն», քանի որ Հայրը «ամէն ինչ դրաւ Անոր ոտքերուն տակ». (ԵՓՍ. Ա 20-22)։ Քրիստոս Տէրն է տիեզերքին (ԵՓՍ. Դ 10, Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 24, 27-28) եւ պատմութեան։ Անոր մէջ, մարդուն պատմութիւնը եւ ամբողջ արարչութիւնը կը գտնեն իրենց «բովանդակութիւնը». (ԵՓՍ. Ա 10), իրենց վերանցական լրումը։ Արդարեւ, Համբարձումէն սկսեալ, Աստուծոյ «ծրագիր»ը անցած է իր գործադրումին։ Մենք արդէն «յետին ժամն» ենք (Ա ՅՈՎՀ. Բ 18)։ Քրիստոսի թագաւորութեան ներկայութիւնը արդէն իսկ յայտնի՛ կը դառնայ հրաշագործ նախանշաններով (ՄԱՐԿ. ԺԶ 17-18), որոնք կ՚ընկերանան Թագաւորութեան-Արքայութեան աւետումին՝ Եկեղեցիին միջոցով. (ՄԱՐԿ. ԺԶ 20)։ Քրիստոսի թագաւորութիւնը, որ արդէն իսկ ներկա՛յ է Իր Եկեղեցիին մէջ, սակայն տակաւին չէ հասած «զօրութեամբ եւ մեծ փառքով» իր լրումին, (ՂՈՒԿ. ԻԱ 27, ՄԱՏԹ. ԻԵ 31), Թագաւորին ժամանումով երկրի վրայ։

Արդարեւ, այս Թագաւորութիւնը տակաւին ենթակայ է չար զօրութիւններու յարձակումին, նոյնիսկ եթէ անոնք իբր մեկնակէտ՝ արդէն իսկ պարտուած են Քրիստոսի Զատիկով։

Իր Համբարձումէն առաջ Քրիստոս ըսած էր, թէ Իսրայէլի կողմէ սպասուած մեսիական թագաւորութեան փառապանծ հաստատումին ժամը տակաւին չէր հասած, ան ըստ մարգարէներուն՝ բոլոր մարդոց բերելու էր արդարութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան վերջնական բարեկարգութիւնը։ Ներկայ ժամանակը, ըստ Տիրոջ, Հոգիին եւ վկայութեան ժամանակն է, ժամանակ մը՝ որ նաեւ յատկանշուած է «անձկութեամբ» եւ չարին գործերով, որ չի խնայեր Եկեղեցւոյ եւ սկիզբ կը հանդիսանայ վերջին օրերուն պայքարներուն։

«Վերջին Դատաստան»ը տեղի պիտի ունենայ Քրիստոսի փառքի մէջ գալուստով։ Անոր ժամն ու օրը միայն Հայրը գիտէ, միայն Ի՛նք կը վճռէ անոր պատահումը։

Քրիստոսի գալուստին ատեն՝ Իր Որդիին միջոցով, Հայր Աստուած պիտի ըսէ Իր վերջին խօսքը ամբողջ պատմութեան մասին։ Եւ մենք պիտի իմանանք ամբողջ արարչագործութեան, ստեղծագործութեան եւ փրկչական ամբողջ տնտեսութեան վերջնական իմաստը, պիտի ըմբռնենք այն սքանչելի՜ ուղիները, որոնցմով նախախնամ Հայրը ամէն բան առաջնորդեց դէպի Իր վերջնագոյն վախճանը։ Վերջին Դատաստանը յայտնի պիտի ընէ, թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ արդարութիւնը յաղթեց Իր արարածներուն գործած բոլոր անիրաւութիւններուն եւ թէ Իր սէրը աւելի հզօր է քան մահը. (ԵՐԳ. Ը 6)։

Արդարեւ, Վերջին Դատաստանին պատգամը կո՛չ մըն է դարձի՝ այնքան ատեն որ Աստուած մարդոց դեռ կու տայ «յարմար ժամանակը, փրկութեան օրը», (Բ ԿՈՐՆ. Զ 2)։ Ան կը ներշնչէ Աստուծոյ սուրբ երկիւղը։ Մարդը յանձնառու կ՚ընէ ի նպաստ Աստուծոյ Թագաւորութեան արդարութեան։ Կ՚աւետէ «երանաւէտ յոյսը» (ՏԻՄ. Բ 13) Տիրոջ վերադարձին. «որ պիտի գայ փառաւորուելու Իր սուրբերուն մէջ եւ հռչակուելու բոլոր հաւատացեալներուն մէջ». (Բ ԹԵՍ. Ա 10)։

Ժամանակներուն աւարտին, Աստուծոյ Արքայութիւնը պիտի հասնի իր լրումին։ Ընդհանրական դատաստանէն ետք, մարմինով ե՛ւ հոգիով փառաւորուած արդարները յաւիտեա՛ն պիտի թագաւորեն Քրիստոսի հետ, իսկ տիեզերքը պիտի վերանորոգուի։

Այս կերպարանափոխութիւնը՝ վերանորոգումը Ս. Գիրքը կը կոչէ «նոր երկինք եւ նոր երկիր…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 23, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019