ՊԱՏԳԱՄ՝ Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

«Ես իսկ եմ յարութիւն եւ կեանք. որ հաւատայ յիս, թէպէտ եւ մեռանի, կեցցէ» (Յովհ. ԺԱ 25)

Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ,

Անցեալ տարուան ընթացքին ողջ աշխարհը ցնցուեցաւ պսակաժահրի պատճառով. ան յառաջացուց տնտեսական, ընկերային եւ հոգեկան նոր իրավիճակներ, որոնց հետեւանքները ցարդ լուծուած չեն։ Հայ իրականութեան մէջ, սոյն վարակի կողքին աղիտալի վիճակներու ենթարկուեցան մեր Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի գաղութները. մենք ալ որպէս եկեղեցի եւ համայնք՝ փորձեցինք օգտակար ըլլալ անոնց։ Աւստրալիա իր աղէտներու բաժինն ալ ունեցաւ այս վարակի կողքին՝ հրդեհներ, հեղեղներ, երաշտներ: Մեր Եկեղեցին ու համայնքը, որպէս քրիստոնեայ, ձեռք երկարեցինք այստեղի մեր քաղաքացիներուն՝ թեթեւցնելու համար անոնց վիշտն ու տառապանքը:

Արցախի պատերազմը սակայն ողջ հայութիւնը ցնցեց, մեզի յիշեցնելով հայոց մեծ եղեռնը եւ անոր սոսկալի հետեւանքները։ Մեր սկզբնական կորովը, միասնութիւնը եւ օգնելու տենչը, պարտութեան եւ անձնատուութեան դիմաց, պահ մը յուսալքուեցաւ եւ անճրկեցաւ: Ի հարկէ, այս վիճակին համար մենք բոլորս մեղաւոր ենք, որ երեսուն տարուան առիթը չկրցանք երկխօսութեան միջոցաւ մնայուն խաղաղութեան վերածել՝ մեր մեծամտութեան եւ անհեռատես քաղաքականութեան պատճառով։

Անցեալին ալ ունեցած ենք պարտութիւններ եւ ընկրկումներ, սակայն գտած ենք ոտքի կանգնելու ուժ, որովհետեւ ունեցած ենք հոգեւոր եւ աշխարհիկ ղեկավարներ. ինչպէս՝ Խրիմեան Հայրիկն ու Գէորգ Ե. Կաթողիկոսներ, Անդրանիկն ու Արամը, անմնացորդ հայրենասէր ղեկավարներ։ Անոնք հաւատացած են մեր ժողովուրդի յաւիտենական երթին եւ մեր արդար իրաւունքներուն։ Այսօրուան մեր հոգեվիճակը կը նկարագրէ Պօղոս առաքեալ՝ «Ճնշուած ենք ամէն կողմէ բայց ոչ ընկճուած. գիտենք միշտ յուսալ եւ երբեք չյուսահատիլ։ Հալածուած ենք, բայց ոչ լքուած, չարչարուած՝ բայց ոչ մեռած» (Բ Կորնթ. 4։ 8-9):

Մեր Տիրոջ հրաշափառ Յարութիւնը Յոյսի երաշխիքն է հաւատացեալին. Կեանքի յաղթանակը՝ ընդդէմ մահու, Լոյսինը՝ ընդդէմ խաւարի: Թող ան կրկին գօտեպնդէ մեր բոլորը, եկեղեցական թէ աշխարհական, յիշեցնելով մեզի մեր Տիրոջ խօսքը թէ` «Աշխարհի վրայ պիտի տառապիք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհ. 16։ 33):

Ժամանակն է սթափելու որպէս անհատ եւ որպէս կազմակերպութիւն: Բուժենք մեր վիրաւոր հոգիները, հաւատքով եւ միացեալ ոգիով ոտքի կանգնինք եւ հասնինք օգնութեան մեր Արցախի եւ Հայաստանի հարազատներուն։ Մեղաւորներ գտնելու ժամանակը չէ՝ այլ միասնաբար մտածելու եւ գործելու՝ ի խնդիր մեր Հայրենիքին, Արցախին եւ մեր ժողովուրդի փրկութեան։

Թող Յարուցեալ Քրիստոսը մուտք գործէ մեր տկարացած սիրտերէն ներս, բուժէ մեր վիրաւոր հոգիները, ներշնչէ մեզ կեանքի յաղթանակով, վստահ ըլլալով՝ «Աստուած արդարութիւն պիտի ընէ իր ընտրեալներուն, որոնք իրեն կ՚աղաղակեն գիշեր ու ցերեկ» (Ղուկ.18։7-8)։

Ի դիմաց մեր Թեմական խորհուրդին եւ եկեղեցականներուն կը շնորհաւորեմ բոլորիդ Սուրբ Զատիկը, մաղթելով առողջութիւն, կորով եւ իմաստութիւն ։

Քրիստոս Յարեաւ ի Մեռելոց,

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

Սիրոյ Ողջունի՝

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ԵՒ ՆՈՐ ԶԵԼԱՆՏԱՅԻ
ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԱՐՔ. ՆԱՃԱՐԵԱՆ

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021