«ՋԱՀԵԼ» ՀՐԱՅՐԻՆ

Մի քանի օրեր առաջ ձեռքս անցաւ հին տետրերէս մին, որուն մէջ պատանեկութեանս կարդացած գիրքերէս տողեր արտագրած եմ. տողեր՝ որոնք «ճիշդ» ու «գրաւիչ» թուացած են պատանի միտքիս ու տասնամեակ մը ետք անոնց ընթերցումը կու գայ տալու այն եզրակացութիւնը, որ փիլիսոփայական այդ խօսքերը պարզապէս գեղեցիկ բառերու փունջ մըն է՝ ամբողջապէս հեռու իրականութենէն:

Այդ խօսքերը կրնային ճիշդ թուիլ միայն պատանիի մը համար՝ որ տակաւին կեանքին ինչ ըլլալը չի գիտեր ու այսօր անոնց ընթերցանութիւնով կը փաստեմ, որ անոնք նոյնիսկ խաբուսիկ են՝ ինչպէս ամէն բան:

Ահաւասիկ անոնցմէ օրինակներ.-

Պենժամին Ֆրանքլինն է որ կը գրէ. «երբ բարեկամութիւն կ՚ընեն քեզի, յիշէ՛ ըրածնին, բայց երբ բարեկամութիւն կ՚ընես դուն, մոռցիր ըրածդ»։ Գուցէ այդ ժամանակ այս մէկը տետրիս մէջ գրած ըլլամ այն նպատակով, որ ճի՛շդ է... պէտք է նուիրուիլ բարեկամներու, ընկերներու եւ հարազատներու համար՝ անշահախնդիր ու պէտք է մոռնալ ամէ՛ն զոհողութիւն, որ պարտաւոր ես յանձն առնել: «Ջահել» Հրայր, անոնք միայն գրականութիւնը զարդարելու համար գրուած տողեր են, որովհետեւ կեանքի իրականութիւնը ամբողջութեամբ հակառակն է. ուրիշներ բարիք պիտի ընեն քեզի, սակայն դուն այդ բոլոր բարիքները պիտի մոռնաս, սակայն իրենց կատարած հազարաւոր բարիքներուն դիմաց մէկ բարիք կատարեցիր՝ այդ մէկը խոշորացոյցով դիտել պիտի տաս. քեզի համար զոհողութիւն ընող բարեկամները պիտի մոռնաս այն համոզումով, որ անոնք ո՛չ թէ զոհողութիւն ըրած են, այլ պարտաւոր ե՛ն ընելու: Ներկայ աշխարհը այս օրէնքով կ՚առաջնորդուի:

Չինացի փիլիսոփայ Քոնֆիչիուս կը գրէ. «Ան որ ուրիշներուն լաւութիւնը կը մտածէ, իր իսկ լաւութիւնը ապահոված է արդէն». այսքան ալ ստախօսութիւն շատ չէ՞. մեր օրերուն ուրիշին լաւութիւնը մտածել, սեփական անձին վնաս պատճառել չի՞ նշանակեր. ներկայ աշխարհի օրէնքով լաւ վիճակի մը մէջ յայտնուելու, փառքի եւ պաշտօնի տէր դառնալու համար ուրիշին բարիքը մտածելով չէ՛ որ կ՚իրագործուի։ Ներկայ աշխարհի օրէնքը չ՚ըսե՞ր «Ճզմիր մարդուն եւ թռիր վեր». «լաւ» վիճակի մէջ յայտնուիլը պայմանաւորուած չէ՞ ուրիշներու ձախորդութեամբ ու անկումով: Մեր օրերուն ուրիշներուն լաւութիւնը մտածել սեփական գերեզմանը փորելու պէս բան մըն է պարզապէս, որովհետեւ այս կեանք կոչուած պայքարին մէջ «Մենք»ը փշրուած եւ վերածուած է «Ես»ի: Վերոյիշեալ ստախօսութեան նման սուտ մը կը շարադրէ նաեւ փիլիսոփայ Պղատոն, ըսելով. «Հոգ ընելով ուրիշներուն երջանկութեան մասին՝ մենք կը գտնենք մեր սեփական երջանկութիւնը». գուցէ հազարամեակներ առաջ այդպէս էր աշխարհը. ո՞վ գիտէ:

Մեր հայ հեղինակներէն Ալիշանն է որ կը գրէ. «լաւ է ծառայել քան հրամայել, պաշտօնատար ըլլալ քան պաշտօնատէր». ականջի ի՜նչ անուշ ու քաղցր կը լսուին բառերը, սակայն իրենց անուշութեան կողքին ունին դժբախտ իրողութիւն մը, որ անոնք իրական են այնքան՝ ինչքան աշխարհ մոլորակէն դուրս գոյութիւն ունեցող բոլոր էակներ: Առաւօտ մը պիտի արթննաս եւ տեսնես, որ բոլոր աշխարհը, մասնաւորաբար հայերը Ալիշանի խօսքին ճշդութիւնը փաստելով սկսած են միմեանց ծառայել. ամէն հայ սկսած է ծառայութեան մէջ մրցիլ, այն համոզումով, որ աւելի լաւ է «պաշտօնատար ըլլալ քան պաշտօնատէր»: Պահ մը երեւակայեցէք, որ մարդ իր զաւակը այս հոգեբանութեամբ մեծցնէ եւ պատկերացուցէք այդ զաւակին ապագան. պարզապէս ցաւերով ու յուսախաբութեամբ լեցուն աշխարհ մը: Իսահակեան հակառակելով Ալիշանի այս խօսքերուն կը գրէ. «տէր կամ ստրուկ պիտի լինիս» եւ առաջ տանելով այս գաղափարը կ՚ըսէ. «չես սպանի քեզ կը սպանեն, դու սպանիր քեզ չսպանեն»:

Մեծագոյն ստախօսութիւններէն մին կատարած ըլլայ կարծես Գարեգին Կաթողիկոսը՝ իր այս խօսքով. «այսօր հայը հայուն ձեռք չի բարձրացներ: Հայը հայուն ձեռքը կը սեղմէ…: Ձեռքերը, սեղմումով բռունցք կը դառնան: Բռունցքը՝ ուժ: Ուժը՝ պարիսպ հայութեան պաշտպանութեան եւ ապահովութեան համար». այսքան ալ ստախօսութիւն շատ էր չէ՞. այդ ո՞ր մոլորակին մէջ հայը հայուն ձեռքը կը սեղմէ... եւ այդ ձեռքերը սեղմումով բռունցք կը դառնան. այս կապակցութեամբ եթէ ճիշդ խօսք մը կայ, այն ալ կը պատկանի Րաֆֆիին. «Հայը աւելի քան օտարները, ինքն է իր թշնամին». Հայը եթէ պատմութեան ընթացքին Կաթողիկոսին խօսքերուն համաձայն յաջողէր բռունցք եւ ուժ դառնալ, մենք ներկայ դժբախտ իրավիճակին մէջ չէինք գտնուիր: Այսօր հայն է, որ առաջին ձեռքը կը բարձրացնէ հայուն վրայ, որովհետեւ մենք տան մէջ «առիւծ», սակայն դուրսը «կատու» դարձող ազգ մըն ենք. մեր ուժը միայն զիրար քարկոծելու եւ զիրար ճզմելու կը բաւէ պարզապէս:

Ինչո՞ւ պահել նման անիմաստ խօսքերով տետր մը, որ մարդու կեանքը «կործանում»ի տանելէ զատ ուրիշ բան չի քարոզեր: Եթէ անցեալին կեանքը այդպէս էր, չեմ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ մեր օրերուն անոնք պայթուցիկ բառեր են պարզապէս, այն խօսքին պէս որ կ՚ըսէ. «Երազը աւելի իրական է՝ քան նոյնինքն իրականութիւնը»:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -212-

Յաճախ կ՚ըսենք թէ գրականութիւնը մարդկային կեանքի հայելին է, սակայն իրականութեան մէջ անոնք իրարմէ ամբողջութեամբ տարբեր բան կը ներկայացնեն. մենք գիրքերու ճամբով սորվեցանք նուիրուիլ եւ մեր ազգին նուիրաբար ծառայել, սակայն այդ գիրքերը մեզի չսորվեցուցին, որ այդ ծառայութիւններուն դիմաց պիտի քարկոծուինք, չսորվեցուցին, որ հոգիով ու սրտով կատարած մէկ գործդ մարդիկ պիտի անտեսեն եւ այդ մէկը հաւաքական շահերուն ծառայեցնելու փոխարէն սեփական անձիդ հանդէպ «փառք» կարծելով պիտի ոտնակոխեն. գիրքերը սորվեցուցին անձնուիրաբար սիրել, սակայն չսորվեցուցին, որ այդպէս սիրելով ոչ թէ սիրոյ երջանկութիւնը այլ ցաւն է, որ պիտի ապրինք:

Անոնք մեզի սորվեցուցին ան՝ ինչ որ հեռու էր իրականութենէն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2023