ԵՐԿՐՈՐԴ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴ

Քրիս­տո­սի Համ­բարձ­ման տօ­նին յա­ջոր­դող Կի­րա­կի օ­րը Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը նշէ «Երկ­րորդ Ծաղ­կա­զարդ»ը։ Տօ­նին ա­նուա­նու­մը ե­կած է Զատ­կի, այ­սինքն Սուրբ Յա­րու­թեան նա­խոր­դող տօ­նի ա­նուա­նու­մէն։ Ծաղ­կա­զար­դը կը խորհր­դան­շէ Քրիս­տո­սի յաղ­թա­կան մուտ­քը Ե­րու­սա­ղէմ, երբ մար­դիկ զԱյն կը դի­մա­ւո­րէին փա­ռա­բա­նու­թեամբ եւ ցնծու­թեամբ եւ ծա­ռե­րու ճիւ­ղեր եւ մին­չեւ իսկ ի­րենց զգեստ­ներն ու հան­դերձ­նե­րը փռե­լով Ա­նոր առ­ջեւ՝ ճամ­բուն վրայ։

Իսկ «Երկ­րորդ Ծաղ­կա­զարդ»ը ար­դէն համ­բար­ձեալ Քրիս­տո­սի Վե­րին Ե­րու­սա­ղէմ մտնե­լու յի­շա­տակն է, երբ զԱյն ցնծու­թեամբ եւ մեծ ու­րա­խու­թեամբ կը դի­մա­ւո­րէին հրեշ­տակ­նե­րը։

Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, Խոր Վի­րա­պի մէջ բան­տար­կուած Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չին, ա­մէն օր կ՚այ­ցե­լէր հրեշ­տա­կը։ Օր մը ան կը բա­ցա­կա­յի։ Յա­ջորդ օր, Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ կը հարց­նէ հրեշ­տա­կին՝ իր բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճա­ռը, եւ կը հասկ­նայ, թէ Համ­բարձ­ման ժա­մա­նակ Յի­սուս Քրիս­տոս ան­ցեր է հրեշ­տակ­նե­րու դա­սե­րու մի­ջո­ցով։ Եւ Սուրբ Լու­սա­ւո­րի­չին այ­ցե­լող հրեշ­տա­կը՝ որ չոր­րորդ դա­սուն կը պատ­կա­նէր, եւ Համ­բարձ­ման չոր­րորդ օ­րը հրեշ­տակ­նե­րու այդ չոր­րորդ դա­սը ա­մէն տա­րի կը տօ­նէր Քրիս­տո­սի եր­կինք համ­բար­ձուի­լը։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ ա՛յդ իսկ պատ­ճա­ռով բա­ցա­կա­յած էր հրեշ­տա­կը։

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցիի մեծ ու հմուտ աս­տուա­ծա­բան Սուրբ Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցիի մեկ­նու­թեան հա­մա­ձայն՝ բա­ցի հրեշ­տակ­նե­րու ա­մե­նաս­տո­րին դա­սէն, ո­րոնք ալ նոյն­պէս կը ծա­ռա­յէին Քրիս­տո­սի Իր երկ­րա­ւոր կեան­քի ըն­թաց­քին, հրեշ­տակ­նե­րու միւս դա­սե­րը ան­ծա­նօթ էին Քրիս­տո­սի փրկա­րար տնօ­րի­նու­թեան մա­սին, հրա­շա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ՝ մին­չեւ Համ­բար­ձում։

Քրի­սո­սի Համ­բարձ­ման ժա­մա­նակ, երբ Տէ­րը կ՚անց­նէր հրեշ­տակ­նե­րու դա­սե­րուն մի­ջո­ցաւ՝ ա­նոնց մէ­ջէն, հրեշ­տակ­նե­րու միւս դա­սե­րը զար­մա­ցած կը հարց­նէին, թէ ո՞վ է այս «հզօր Թա­գա­ւոր»ը։ Իսկ Քրիս­տո­սի ու­ղեկ­ցող «ստո­րին դա­սի հրեշ­տակ»նե­րը ա­նոնց ման­րա­մասն կը բա­ցատ­րէին ա­մէն ինչ։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ հրեշ­տակ­նե­րու այս երկ­խօ­սու­թիւ­նը Աս­տուա­ծա­շունչ Մա­տեա­նի մէջ Սաղ­մո­սեր­գուն Դա­ւիթ սա­պէս կը նկա­րագ­րէ.

«Ո՛վ դռներ, վեր վեր­ցու­ցէք ձեր գլուխ­նե­րը,

«Ու վեր­ցու­ցէ՛ք, ո՛վ յա­ւի­տե­նա­կան դռներ,

«Որ­պէս­զի փա­ռաց Թա­գա­ւո­րը մտնէ։

«Ո՞վ է այս փառ­քե­րու Թա­գա­ւո­րը,

«Կա­րող եւ հզօր Տէ­րը,

«Պա­տե­րազ­մի մէջ հզօր Տէ­րը։

«Ո՛վ դռներ, վեր վեր­ցու­ցէք ձեր գլուխ­նե­րը,

«Ու վեր­ցու­ցէ՛ք, ո՛վ յա­ւի­տե­նա­կան դռներ,

«Որ­պէս­զի փառ­քե­րու Թա­գա­ւո­րը մտնէ։

«Ո՞վ է այս փառ­քե­րու Թա­գա­ւո­րը։

«Զօր­քե­րուն Տէ­րը.

«Ի՛նքն է փառ­քե­րու Թա­գա­ւո­րը»։

(ՍԱՂՄ. ԻԴ 7-10)։

­Նոյն այս հար­ցում ու պա­տաս­խա­նը նաեւ Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին կա­տա­րուող վե­րա­բե­րու­մի մաս կը կազ­մէ։

«Երկ­րորդ Ծաղ­կա­զարդ»ը քրիս­տո­նեա­նե­րուն կը յի­շեց­նէ Քրիս­տո­սի Համ­բար­ձու­մը եւ մա­հուը­նէ յե­տոյ՝ երկն­քի մէջ, Աս­տու­ծոյ՝ Հօր ներ­կա­յու­թեամբ ե­րա­նու­թիւն վա­յե­լե­լու յոյ­սը՝ որ պար­գե­ւուած է իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեա­լի։

Ար­դա­րեւ Քրիս­տոս, երկ­րի վրայ ապ­րած իր 33 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին եւ յատ­կա­պէս իր կեան­քի վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րուն, ո­րոնք ե­ղան մա­նա­ւանդ քա­րոզ­չու­թեան, ա­ւե­տա­րան­չու­թեան շրջան մը, Աս­տու­ծոյ հետ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը հաշ­տեց­նե­լու տա­րի­ներ ե­ղան։ Այս շրջա­նին աս­տուա­ծա­յին սի­րոյ բո­լոր սահ­ման­նե­րը բա­ցուե­ցաւ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ՝ բժշկուե­ցան հի­ւանդ­ներ եւ նոյ­նիսկ մա­հա­ցած­ներ վերս­տին կեան­քի կան­չուե­ցան։ Քա­րոզ­չու­թեան այդ շրջա­նին, բա­ցի Քրիս­տո­սի ա­շա­կերտ­նե­րէն ու հե­տե­ւորդ­նե­րէն, Ան կապ հաս­տա­տեց նաեւ զա­նա­զան ըն­տա­նիք­նե­րու հետ՝ ժո­ղո­վուր­դին մէջ, ժո­ղո­վուր­դին հետ ե­ղաւ։

Եւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի այս ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւ­նը պատ­րաս­տեց Իր Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քի ժա­մա­նակ այդ մեծ ու ան­նա­խըն­թաց ո­գե­ւո­րու­թիւնն ու խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը, որ­պէս մարդ։

Իսկ Ա­նոր Վե­րին Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քի նշանն էր իր աս­տուա­ծու­թեան, աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան։

Մա­ղա­քիա Ար­քե­պիս­կո­պոս Օր­մա­նեան իր «Ծի­սա­կան Բա­ռա­րան»ին մէջ Երկ­րորդ Ծաղկա­զար­դի մա­սին կ՚ը­սէ. «Երկ­րորդ Ծաղ­կա­զարդ կը կո­չուի Համ­բարձ­ման յա­ջոր­դող Կի­րա­կին՝ որ յա­տուկ տօն մը չու­նի, այլ ըստ կար­գի օ­րե­րու՝ Յի­նանց 43-րդ ու Համ­բարձ­ման 4-րդ օրն է։ Երկ­րորդ Ծաղ­կա­զարդ ա­նու­նը ա­ռած է պար­զա­պէս օ­րուան ա­ւե­տա­րան­նե­րու հա­տուած­նե­րէն։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին Նոր Կի­րա­կիէն սկսեալ՝ չորս ա­ւե­տա­րան­նե­րը կը կար­դայ ա­մէն օր կար­գաւ, եւ այդ կար­գին շա­րու­նա­կու­թեամբ չորս ա­ւե­տա­րան­նե­րէն Քրիս­տո­սի Ե­րու­սա­ղէմ Գալս­տեան հա­տուած­նե­րը Յի­նանց 7-րդ Կի­րա­կիին ին­կած են՝ ո­րով Ծաղ­կա­զար­դի յի­շա­տա­կու­թեան կրկնու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ։ Տոհ­մա­յին յի­շա­տակ մըն ալ ա­ւել­ցած է նոյն օ­րուան վրայ. իբր զի ա­ւան­դու­թեամբ հա­սած է մե­զի, թէ հրեշ­տակ մը ա­մէն օր կ՚այ­ցե­լէր Լու­սա­ւոր­չին՝ Խոր­վի­րա­պին մէջ, այլ Համ­բար­ձու­մէն յե­տոյ, 4-րդ օ­րը չէ ե­կած՝ Քրիս­տո­սի Համ­բար­ձու­մը տօ­նե­լու հա­մար, որ այդ օ­րը հրեշ­տա­կը չէր ու­զած իր դա­սին հան­դէս­նե­րէն բա­ցա­կա­յիլ։ Վկա­յա­սէր այդ յի­շա­տա­կը խառ­նուած է նաեւ օ­րուան շա­րա­կա­նին։ Երկ­րորդ Ծաղ­կա­զար­դի օրն ալ 35 օ­րե­րու շար­ժա­կա­նու­թեամբ՝ Մա­յիս 3-էն մին­չեւ Յու­նիս 6 կրնայ հան­դի­պիլ»։­

Ար­դա­րեւ այս տա­րի Երկ­րորդ Ծաղ­կա­զար­դը կը հան­դի­պի՝ 8 Մա­յիս Կի­րա­կի օ­րուան։

Եւ վեր­ջա­պէս նշենք, որ այս տօ­նե­րը միշտ վառ կը պա­հեն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու մտքին ու հո­գիին մէջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի հրա­շա­գո՜րծ ներ­կա­յու­թիւ­նը՝ որ իր վախ­ճա­նին կը հաս­նի Ա­նոր եւս հրա­շա­փառ Յա­րու­թեամ­բը…։

- Օգ­տուե­ցանք նաեւ՝ «Ա­յուն­յաց Կան­թեղ. թիւ 40»էն։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 27, 2016, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2016