ԿԱՐՄԻՐ ԿԻՐԱԿԻ
Յինանց Դ. Կիրակին սովորաբար կը կոչուի «Կարմիր Կիրակի»։ Այս կը համապատասխանէ նաեւ Յինանց 22-րդ օրուան։
«Եւ այն զի՞ կոչի
«Կարմիր Կիրակի
«Եւ յոյժ պատշաճի,
«Զի արեամբ ծաղկի»։
Հոգեւոր բանասեղծութեան այս հրաշալի՜ քառեակը գեղեցիկ կերպով կը բացատրէ «Կարմիր Կիրակի»ի իմաստը եւ զայն կը պատշաճեցնէ Յիսուսի արիւնով բուսած ծաղիկներու։ Արդարեւ Հայ Եկեղեցւոյ Հայրեր Զատկի յաջորդող այս 4-րդ Կիրակին կոչած են «Կարմիր Կիրակի»։ Շատ բնական է, որ «կարմիր»ը կը յիշեցնէ եւ խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի խաչի վրայ թափուած արիւնը՝ որ հոսեցաւ մարդկութեան փրկութիւնը ապահովելու համար ամէն ժամանակի հաւատացեալներուն։ Անմեղ «կարմիր» արիւնը փրկութեան միջոց եղաւ համայն մարդկութեան մեղքերուն համար։
Եւ դարձեալ «կարմիր»ը կը յիշեցնէ Եկեղեցիի մարտիրոսները, վկաները եւ նահատակները՝ որոնք իրենց հաւատքին համար զոհուեցան՝ պահպանելով եւ պաշտպանելով իրենց հաւատքը։
Յիսուս Քրիստոս իր առաքելութեան վերջին շաբաթուան ընթացքին մատնուեցաւ, դատապարտուեցաւ, խաչուեցաւ, թաղուեցաւ եւ յարութիւն առնելով վերակենդանացաւ։ Յիսուս իր արեան գինով, իրեց մեղքերէն փրկեց մարդկութիւնը։ Եւ ահաւասիկ, այդ կարմիր փրկարար արեան յիշատակով, Զատկի յաջորդող այս 4-րդ Կիրակին անուանուած է «Կարմիր Կիրակի»՝ յիշելով խաչի վրայ թափուած անմեղ արիւնը Յիսուս Քրիստոսի։ Արդարեւ խաչի վրայ չգամուեցաւ միայն Յիսուս, այլ՝ Ադամէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը, մեղաւոր ամբողջ մարդկութեան բոլոր մեղքերը։ Յիսուս խաչին վրայ թափուած իր անմեղ արիւնով փրկութիւն բերաւ ապրողներուս։
Արդարեւ Եղիշէ պատմիչի խօսքը պատահական չէ, երբ կ՚ըսէ. «Մահ իմացեալ անմահութի՛ւն է»։
Ուստի, Յիսուսի խաչափայտին վրայ մահուամբ մահուան յաղթելը նման է գիտակցուած մահուան, որ մէկը յանձն կ՚առնէ գիտակցաբար դէպի մահ երթալով։ Եւ պատմութիւնը կը վկայէ այդ ձեւով մահերու՝ որոնք կատարած են հերոսներ, փրկելով մարդկային արժանապատուութիւնը եւ արժէքը։ Մահով մահուան յաղթել, մահը պարտութեան մատնել՝ իրապէս մե՛ծ հոգիներու, վեհա՛նձն անհատականութիւններու գործ է։
Բայց հարցը այն է, թէ՝ ինչպէ՞ս կարելի է մահով մահուան յաղթել։ Մարդ եթէ անսասան հաւատք ունի Աստուծոյ հանդէպ, որ յաւիտենականութիւնն իսկ է անսկիզբ եւ անվախճան, եթէ հաւատ ունի դէպի կենդանի Աստուածը, որ իրեն կեանք կը պարգեւէ, եթէ լա՛ւ գիտէ ու համոզուած է, անշուշտ շատ հեշտ կ՚ըլլայ իրեն համար հաւատքի ճամբով ըմբռնել Քրիստոսի՝ մահով մա՛հուան յաղթելու պարագան։
Բնութիւնը կը վկայէ մահուան եւ յարութեան իրողութեան. ձմրան խորունկ քունի մէջ է բնութիւնը, կարծես ամէն ինչ անշարժ, անկենդան, բայց երբ գարունը կը հասնի ան կը վերակենդանայ՝ ամէն կողմ կանաչ դաշտեր եւ գոյնզգոյն ծաղիկներով կը պատուի, բնութիւնը նոր կեանք կը ստանայ եւ ամէն ինչ կը բարեփոխուի, կ՚ոգեւորուի։
Ահաւասիկ, մահը մահով կը յաղթուի, անկենդան բնութիւնը կեանք կը ստանայ, եւ այս ապացոյցն է յարութեան։ Եւ գարունը երբ հասնի, ինչպէս որ ծաղիկներ կը կարմրին, դաշտեր կը զարդարուին, նոյնպէս ալ մարդկային կեանքը կը ծաղկի, կենդանութիւն կը ստանայ, եւ «Կարմիր Կիրակի»ի խորհուրդն ալ ծաղիկներու գոյնէն, կարմիր ծաղիկներու գեղեցիկ տեսքէն կ՚առնէ իր անունը։
Գարուն է այսօր եւ գարունը զարդարած է կանաչ դաշտերը կարմիր ծաղիկներով եւ բնութեան այս գեղեցիկ եւ հրապուրի՜չ տեսարանին մէջ կը տօնենք «Կարմիր Կիրակի»ն՝ Յինանց 4-րդ Կիրակին, խանդավառ ու ոգեւորուած Յարութեան մեծ աւետիսով եւ ուրախութիւնը կը պատէ մեր հոգիները, մեր սիրտերը եւ մեր միտքը գիտակից՝ Յարութեան խորհուրդին, մահով մահուան վրայ տարուած մեծ յաղթանակին, մահով անմահանալու ճշմարտութեա՛ն։
Բայց չի՛ բաւեր միայն դիտել ու տեսնել բնութեան գեղեցկութիւնները, գարուն եղանակի շնորհները, չի բաւեր միայն ներկայ ըլլալ, հանդիսատես ըլլալ այդ բոլորին, այլ պէ՛տք է մասնակից ըլլալ՝ ապրիլ, վայելել բնութեան ամէն գեղեցկութիւն եւ հրաշք, ինչպէս մարդկային կեանքին վերակենդանանալու իրողութիւնը, հին կեանքին նոր կեանքի վերածուելու երեւոյթը, մահուան յաջորդող անմահութիւնը՝ ժամանակաւորին հետեւող անժամանակ կեանքը, յաւիտենականութեան ճշմարտութիւնը…։
Եւ թող այս գարունը, այս «Կարմիր Կիրակի»ն, կարմիր ծաղիկներով զարդարուած կանաչ դաշտերը, ամբողջ տիեզերքը՝ որ վկա՛յ է այս բնական ընթացքին, հոգեւոր իմաստով նոր ծաղիկներ բանայ մեր սիրտերուն, հոգիներուն, միտքերուն մէջ՝ նոր մարդ եւ նոր կեանք ունենանք, նոր շնորհներով օժտուինք, ճոխանանք եւ հարստանանք բոլորս։
Թող Եկեղեցին, ժողովուրդը գիտակցին «հոգեւոր գարնան» եւ անոր հրաշալի՜ գալուստին, որպէսզի այդ գարունը իրական, արդիւնաւոր դարձնէ մեր իւրաքանչիւրին կեանքը։ Արդարեւ, կեանքը մեծ արժէք մըն է մարդուս համար՝ արժէք մը անբաղդատելի, անհամեմատ երկրային որեւէ արժէքի նկատմամբ։
Քրիստոսի յարութեան աւետիսը թող մեր հոգիներուն նոր գարուն բերէ եւ նոր կեա՛նք շնորհէ։
Վերջապէս, երբ կ՚ըսենք «Կարմիր Կիրակի», այդ կոչումին տակ կը տեսնենք, թէ «կարմիր» գոյնը խորհրդանիշն է կեանքի՝ արեան եւ կեանքի համար պայքարի ու յաղթանա՛կի։ Այս յաղթանակը այն յաղթանակն է, ուր կ՚ապրուի շրջանէ շրջան, քրիստոնէական ոգիի, յատկապէս քրիստոնէական վարդապետութեան եւ ընդհանրապէս քրիստոնէական ըմբռնումի յաղթանա՛կն է։ Եւ մանաւանդ այս յաղթանակին մասնակից եւ ժառանգորդ ըլլալու համար Եկեղեցիի Հայրերու կողմէ մեզի մատուցուող սրբագրական ընթերցումներու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը անտեսել կարելի չէ, քանի որ նման սխալ մը շատ մեծ վնասներու, կորուստներու, հոգեկան անկումներու պատճառ կրնան ըլլալ։
Կարմիր գոյնը ընդհանրապէս պայքարի նշանն է։ Քրիստոնէութիւնը երբ ուզեց իր Յարուցեալ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի պատկերով ներկայացնել՝ զԱյն զգեստաւորեց ընդհանրապէս կարմիրով։ Քրիստոնէական այս կեանքի արդար պայքարը՝ մահու կենաց կռի՛ւ մըն է։ Եւ «Կարմիր Կիրակի»ն մեզի կը յիշեցնէ, թէ՝ քրիստոնէական ճշմարիտ կեանքը «պայքա՛ր» մըն է՝ չարին դէմ, վատ ու տգեղ երեւոյթներու դէմ, որոնք մարդս կը նուաստացնեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 27, 2017, Իսթանպուլ