ԱՆՀԱՇՏ ՀԱՄԵՐԱՇԽ

Սէրը կը ստիպէ յարգել ու զղջալ սխալ արարքներու համար: Անբացատրելի կապ մը կայ, որ չի ձգեր իրարմէ հեռանալ, երկար ժամանակ մնալ վիրաւորանքի մէջ: Երկուքն ալ զիրար շատ կը սիրեն: Մէկզմէկու կեանքի իմաստն են, սակայն միշտ ապրած են անհաշտ:

Անհաշտութեան ակունքները շատ խոր են՝ կը հասնին մինչեւ վաղ մանկութիւն: Այնտեղ այդ քաղցր օրերու մէջ կայ քօղարկուած սրդողում մը, զոր մինչեւ օրս յարմար պահին կը յիշեցնէ ինքզինքին մասին: Թերեւս ծնողական անսահման սէրը կուրացուցած է տեսնելու մատղաշ հոգիի փխրութիւնը: Ամէն բան կը զգար ու կը հասկնար: Միայն հայեացքով կը փորձէր հասկցնել այն, ինչ որ հաճելի չէր հնչեր իր ականջներուն կամ անդուր էր իր զոյգ աչքերուն համար: Բառերը միշտ կ՚երթային կուլ: Խիստ հայեացքները կը մնային աննկատ ու չհասկցուած: Փոխարէն հոգիի մէջ կը գոյանար անսահման անդունդ մը, զոր ապագային պիտի բաժնէ երկու սիրելիները:

Պատժել կարելի չէ ներել:

Իւրաքանչիւր ծնող ինք կ՚որոշէ՝ այս նախադասութեան մէջ ո՞ւր ստորակէտ դնել, ինչպէ՞ս վարուիլ այս կամ այն պարագային: Սիրաշատ ու հոգատար մայրիկը յաճախ կը խառնէր ու մինչեւ հիմա ալ կը խառնէ լեզուաբանութեան այն բաժինը, որ կը կոչուի կէտադրութիւն: Երեխան կարգի հրաւիրելու, ուղեցոյց ըլլալու համար ան ընտրած էր գերվտանգաւոր մօտեցումներ, որոնք յետագային պիտի պայթէին եւ զանոնք իրարմէ հազարաւոր քիլօմեթրեր հեռու նետէին: Այդպէս ալ եղաւ: Կ՚ըսեն՝ կաթիլ կաթիլ ծով կ՚ըլլայ: Հիմա այդ անհասկացողութեան ու անհանդուրժողականութեան ծովի յատակը կը սուզուին երկուքը:

Ամէն պզտիկ մանրուքէ անմիջապէս կը բորբոքին, իրարու կը սրդողին: Վայրկեաններ անց անոնց մեղաւորի սիրտը կ՚ամչնայ, սակայն իրարու չեն խոստովանիր, քանզի խոստովանանքը ըմբռնող, հասկցող չկայ: Կը գերադասեն ապրիլ լարուածութեան մէջ:

Մայրը ոչ մէկ ատեն երեխայի նկատմամբ բռնութիւն գործադրած է, նոյնիսկ հայկական աւանդական ապտակ մը չէ հասցուցած: Սակայն, անոր ոչ ուշիմ ու հեռատես քայլերը բազմիցս ցաւցուցած են սիրելիի փխրուն հոգին: Հոգիի ցաւը միշտ անպակաս էր: Գիտակցաբար ընտրուած սուր եւ կծու խօսքերը իրենց մէջ կը պարունակէին անսահման ցաւ ու վիրաւորանք: Երբեմն վիրաւորանքը այնքան շատ կ՚ըլլար, որ երեխան կը պապանձէր իր կեցած տեղը: Այս կինը տեղեակ չէր հոգիի նրբութիւններու արուեստին… որ կան հոգիներ, որոնք պատրաստուած են յախճապակիէ, եւ անզգոյշ շարժումի մը պարագային անմիջապէս կը փշրուին:

Երեխան մնացած է տարիներու վիրաւորանքի ծանրութեան տակ: Այսօր վերջինիս համար բաւական դժուար է առողջ յարաբերութիւններ կառուցել մէկու մը հետ, զոր կը սիրէ իր կեանքէն շա՜տ աւելի: Երկուստեք կը բացակային լուրջ խնդիրները, սակայն համերաշխութեան մասին ալ խօսք չի կրնար ըլլալ:

Այդ իսկ պատճառաւ, սիրելի ծնողներ, նախքան ձեր երեխաները պատժելը, փորձեցէք հասկնալ անոնց հոգին: Ամէն մատղաշ հոգիի հետ վարուեցէք շատ զգոյշ: Մասնաւորապէս գերզգայուն երեխաներու հոգիները նման են ականապատ դաշտի: Չես գիտեր ո՞ւր ու ե՞րբ կրնայ պայթիլ: Գիտեմ, որ երեխաներու հետ վարուիլը դիւրին չէ, անհրաժեշտ է համբերութիւն ու հանդուրժողականութիւն: Երբեմն, կը ստեղծուին այնպիսի պարագաներ, երբ պոռթկումը կը դառնայ անխուսափելի: Իսկ պոռթկումը պայթիւն մըն է, որու ընթացքին որոշ մայրիկներ ազատութիւն կու տան իրենց ձեռքերուն, լեզուին ու մտքերուն, ոմանք ալ ինծի պէս կը բարձրացնեն իրենց ձայնը:

Մերձաւորի կամ օտարի մը նկատմամբ բոլորը փայլուն կը տիրապետեն դաստիարակութեան կանոններուն: Սակայն երբ հարկ ըլլայ գործնականի մէջ կիրառել գիտելիքները, մեծամասնութիւնը կ՚արձանագրէ նուազագոյն ցուցանիշ:

Իւրաքանչիւր ծնող լաւագոյն կրնայ դաստիարակել ու կրթել իր զաւակը, եթէ առաջնորդուի իր ներքին ձայնով: Ըստ իս, իրականութեան մէջ գոյութիւն չունին դաստիրակութեան չափանիշներ: Դաստիարակութեան ակունքը սէրն է եւ ուշադրութիւնը: Տուէ՛ք ձեր զաւակներուն անսահման սէր եւ ուշադրութիւն: Չկան անդաստիարակ երեխաներ, կան անկիրթ ծնողներ, որոնք ոչ մէկ բան կը հասկնան իրենց երեխայի հոգեվիճակէն:

Երեխաները համեստ են ու քչաբաւ: Անոնք երբեք չեն ըներ կամակորութիւն, այլ մենք մեր սխալ մօտեցումներով վերջիններս կը դրդենք դէպի չարութիւն: Եթէ կ՚ուզէք ապագային լաւ ու հաւատարիմ ընկեր ունենալ, ապա շատ սիրեցէք ու փայփայեցէք ձեր փոքրիկ հրեշտակները: Ձեր տուածը անոնք վաղը քանի մը անգամ աւելի պիտի վերադարձնեն ձեզի:

Եթէ կ՚ուզէք հնձել համերաշխութիւն՝ անհաշտութեան սերմեր մի՛ ցանէք:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021