ԱՐԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՕՐԸ

«Տէրը վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը, եւ եօթներորդ օրը դադրեցաւ եւ հանգստացաւ». (ԵԼԻՑ ԼԱ 17)։

Սուրբ Գիրքը կը վկայէ եւ կը հաստատէ, թէ Աստուած՝ ամբողջ տիեզերքի Արարիչը դադրեցաւ գործելէ եւ հանգստացաւ, քանի որ երկրիս ստեղրագործութեանը նկատմամբ ունեցած Իր մտադրութիւնը կատարած էր։ Յաջողութեան այդ գագաթնակէտին՝ Ան աչքէ անցուց Իր աւարտած «գործ»ը, եւ ինչպէս կը վկայէ Սուրբ Գիրքը. «Աստուած իր ամէն ըրածը տեսաւ, եւ ահա շատ բարի էր». (ԾՆՆԴ. Ա 31)։ Ուրեմն, Աստուած կրնար ատոր համար հանգստացած զգալ Ինքզինք, այսինքն՝ Ան կրնար վայելել Իր կամքը ի գործ դրած ըլլալուն բերկրալի հաճոյքը։ Ան Իր փափաքած չափովը Իր գործը լրացուցած ըլլալով՝ Ան մի միայն երկրիս նկատմամբ դադրած ըլլալու էր ստեղծումի գործը։

Արդարեւ, ո՛չ տրամաբանական եւ ոչ ալ Սուրբ Գիրքի համաձայն է խորհիլ, թէ տիեզերքի միւս բոլոր մասերուն մէջ ալ ստեղծագործութիւնը կանգ առնել տուաւ Ան։

Աստուած տիեզերքը՝ երկինքը եւ երկիրը ստեղծեց նպատակի մը համար, քանի որ արարչագործութիւնը պատահական կամ դիպուածով մը կատարած «գործ» մը չէ, եւ հոն՝ ուր նպատակ կայ, հոն անպայման կա՛յ նաեւ «ծրագիր»։ Ուստի ծրագիրը տեւականութիւն կ՚ենթադրէ՝ ժամանակի մէջ տարածուած, շարունակ բարեփոխուող, յառաջընթաց, կատարելութեան ձգտող «գո՛րծ» մը։ Կարելի է հարց տալ, թէ՝ «եօթներորդ օրը որքա՞ն երկար է, եւ թէ վերջացա՞ծ է, թէ ոչ չէ վերջացած տակաւին»։

Աստուած Արարիչ է եւ նաեւ՝ Նախախնամ։

Այս ճշմարտութիւնը արդէն ցոյց կու տայ, թէ չէ վերջացած արարչագործութիւնը եւ Արարիչը՝ Աստուած որպէս Նախախնամ կը հետապնդէ՝ կը հետեւի իր նպատակին եւ ծրագրին գործադրութեան, իր բոլոր ընթացքներուն մէջ։ Ան կը հոգայ, կը խնամէ Իր արարչագործութիւնը եւ բարեփոխութիւններ կ՚ընէ ի պահանջեալ հարկին, քանի որ ծրագրի մը կատարելագործումը եւ յաջողութեամբ պսակուիլը խնամք կը պահանջէ։

Կեանքէ օրինակ մը առնենք։

Մարդ շէնք մը կը շինէ, կ՚աւարտի շինութիւնը, բայց երբ շէնքին պէտք եղած խնամքը չտարուի, շէնքը միջոց մը վերջ փուլ կու գայ եւ անգործածելի կը դառնայ։ Եւ ահաւասիկ այս իսկ պատճառով, Աստուած չէ թողած արարչագործութեան ընթացքը եւ կը շարունակէ խնամել, հոգալ եւ բարեփոխութիւններ ընել անոր վրայ։

Իր ամենալայն իմաստով «կեանք»ը տեւական ընթացք մըն է եւ միշտ բարեփոխութեան կը կարօտի, եւ լայն առումով, ստեղծագործութիւնն ալ «կեանք» մըն է եւ շարունակ փոփոխութեան ենթակայ է, եւ հոգածութեան, խնամքի կը կարօտի։ Այս իմաստով, եւ այս ճշմարտութեամբ, Աստուած ալ Արարիչ է ե՛ւ Նախախնամ։

Գիտենք, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկա՛յ. Ան ամենակարող է։ Ան կարող է փոխել արարչագործութեան ընթացքը, երբ ան կը շեղի իր նպատակէն եւ ծրագրի սահմաններէն։ Այն ինչ որ մենք «հրաշք» կը կոչենք, ան Աստուծոյ կատարած «բարեփոխութիւն»ն է։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Կէօթէ, հրաշքը բնութեան օրէնքին բացառութիւնն է՝ այն ի՛նչ որ հակառակ կը գործէ նպատակին եւ ծրագրին, պէտք է փոխուի, եւ կը փոխուի Աստուծոյ ամենակարող կամքով եւ ամենատիրող իշխանութեամբ…

Արարչութիւնը ծրագրուած «ընթացք» մըն է, եւ այս միջոցին մէջ ամէն ինչ կրնայ փոխուիլ՝ ծրագրին կատարելագործման համար. մէկ բան չի փոխուիր, ան ալ Ճշմարտութի՛ւնն է, Աստուծոյ ճշմարտութիւնը, որ ամէն ինչ կը կատարէ իմաստութեամբ, սիրով եւ կատարեալ իշխանութեամբ։ Եւ երբ բնութեան մէջ ամէն ինչ կը փոխուի, մարդը կը մնայ միշտ «մա՛րդ», աս ալ Աստուծոյ մէկ շնորհը չէ՞ մարդ արարածին նկատմամբ։ Բայց մարդ որքա՞ն հաւատարիմ է իր կոչումին, ահաւասիկ այդ խնդրական է, եւ մարդուն ալ ամենամեծ հա՛րցն է…

Ուստի, պէտք չէ այնպէս հասկցուի, թէ 24 ժամուան օր մըն էր այդ «եօթներորդ օր»ը, երբ Աստուած երկրագունդին նկատմամբ գործելէ դադրեցաւ։ Այդ «եօթներորդ օր»ը կապուած է նախընթաց վեց օրերուն հետ. եւ բոլոր ապացոյցներէն այնպէս կը տեսնուի, թէ այդ նախընթաց վեց օրերուն ամէն մէկը 24 ժամէն շատ աւելի երկար էր, թերեւս ամէն մէկը «շրջան» մը։ Ստուգիւ, անոնք հազարաւոր տարիներու երկարութիւն ունեցող մեծ «ժամանակաշրջաններ» էին։

Ահաւասիկ, փաստ մը թէ՝ գիտութիւն եւ կրօնք ունին հասարակաց կէտեր, քանի որ երկուքն ալ կը ծառայեն Ճշմարտութեան. անոնք մրցակից չեն, այլ՝ գործակի՛ց։

Չափելով «եօթներորդ օր»ուան հետ՝ երբ Աստուած գործելէ դադրեցաւ եւ հանգստացաւ, կը տեսնուի որ այդ օրերուն իւրաքանչիւրը 7000 տարուան երկարութիւն ունէր։ Մարդը վեցերորդ օրուան վերջաւորութեան ժամանակները ստեղծուած ըլլալով՝ ան երկրագունդիս վրայ դրուեցաւ անոր պատրաստութեան 42000 տարուայ շրջանին լրացած ատենները։ Հետեւաբար, ժամանակի ընթացքին, եօթը «օրեր»ուն մեծ շրջանը մօտաւորապէս 49000 տարիներու համագումարի մը պիտի հասնի։

Արդարեւ, Սուրբ Գիրքի ժամանակացուցակը այնպէս կը յայտնէ, թէ այդ մեծ դարաշրջանը լրանալու համար դեռ տարիներ, դարեր, ժամանակաշրջաններ կայ…

«Հանգստացաւ». (ԾՆՆԴ. Բ 1-3) բառը՝ Եբրայեցերէն «շապաթհ» բառէն թարգմանուած է, որմէ եկած են անգլերէն «սէպպըթհ», «samd», «sumûd» եւ հայերէն «շաբաթ» բառերը։ Այս օրը ստեղծագործութեան նախընթաց վեց օրերուն իւրաքանչիւրին հաւասար երկարութեամբ «եօթներորդ օր» էր եւ տակաւին է՛…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 5 2023, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023