ՄԱՐԴՈՒՍ «ԵՍ»Ն Է ԻՐ ԻՍԿ ԱՄԵՆԱՎՆԱՍԱԿԱՐ ԹՇՆԱՄԻՆ

«Թշնա­մու­թիւն» բա­ռը ա­մե­նէն նող­կա­լի բառն է ա­մէն լե­զուի բո­լոր բա­ռա­րան­նե­րուն մէջ։ Ե­րա­նի՜ թէ չըլ­լար թշնա­մու­թեան զգա­ցու­մը մար­դոց մէջ եւ չգոր­ծա­ծուէր այդ բա­ռը՝ բո­լոր լե­զու­նե­րու մէջ անխ­տիր։ Բայց ի­րա­տես պէտք է ըլ­լալ՝ թշնա­մու­թիւ­նը ար­դէն իսկ սկսաւ մարդ էա­կին ստեղ­ծա­գոր­ծու­թե­նէն ի վեր, այն պա­հէն՝ երբ մարդ անդ­րա­դար­ձաւ իր էու­թեան, հպար­տա­ցաւ ինքն իր­մով եւ թշնա­մու­թեան հուն­տեր սկսան սեր­մա­նուիլ ա­նոր սրտին եւ մա­նա­ւանդ մտքին մէջ…։

Շատ սո­վո­րա­կան պի­տի ըլ­լայ ը­սել՝ թէ մար­դուս իս­կա­կան թշնա­մին իր­մէ դուրս չէ, այլ նոյն ինքն իր իսկ մէ՛ջն է, մարդ նախ ի­րեն թշնա­մի է, իր­մէ կը բխի ա­մէն թշնա­մու­թիւն, ա­մէն թշնա­մա­կան զգա­ցում։ Մար­դուս ա­մե­նավ­տան­գա­ւոր եւ վնա­սա­կար թշնա­մին իր «ԵՍ»ն է։

Սուրբ Գրա­յին ճշմար­տու­թիւն­ներ կը վկա­յեն, որ մար­դուս ա­ռա­ջին մեղ­քը ե­ղաւ՝ հպար­տու­թիւ­նը, ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէ հա­ւա­նիլ իր «ԵՍ»ին…։

Այս ի­մաս­տով, մա՛րդ թող չփնտռէ «թշնա­մի»ներ իր­մէ դուրս, քա­նի որ իր մէ՛ջն է իր թշնա­մին՝ իր ան­պար­տե­լի, ան­խու­սա­փե­լի «Ե՛ս»ը…։ Մարդ ե­թէ կա­րե­նար հա­կակշ­ռել ու տի­րա­պե­տել իր իսկ «Ես»ին, այն ժա­մա­նակ գո­յու­թիւն պի­տի չու­նե­նար ո՛չ հպար­տու­թիւն, ո՛չ մե­ծամ­տու­թիւն, ո՛չ ինք­նա­հա­ւա­նու­թիւն։

«Ինք­զինքդ ճանչ­ցի՛ր»։ Այս տա­ճա­րա­յին, այս սկզբուն­քա­յին խօս­քը՝ ճարն ու դար­մանն է ա­մէն մո­լու­թեան եւ ո­րոնց ար­դիւնքն է, ան­խու­սա­փե­լի հե­տե­ւան­քը թշնա­մու­թիւ­նը, որ կը կար­ծուի, թէ դուրսն է, այլ հոն՝ ո՛ւր կը գտնուի մարդ ինք…։ Ու­րեմն, ջա­նանք հա­կակշ­ռել, զսպել, սան­ձել մեր «Ես»ը եւ զայն հպա­տա­կեց­նել մտքին, բա­նա­կա­նու­թեան, կիր­քե­րը կշռել ու չա­փա­ւո­րե­լու աշ­խա­տինք, որ­պէս­զի խա­ղաղ ու եր­ջա­նիկ կեանք մը ու­նե­նանք եւ ապ­րինք հա­մե­րաշ­խու­թեան մէջ։

Ու­րեմն ա­ղօ­թենք, որ մեր ներ­քին «թշնա­մի»ն հե­ռա­նայ մեզ­մէ, ա­ռիթ չտայ, որ ան ստեղ­ծէ նոր թշնա­մի­ներ, ո­րոնց մա՛յրն է «Ես»ը, ինք­նա­մո­լու­թիւ­նը, հպար­տու­թիւ­նը։

Իսկ «Ես»էն ստեղ­ծուած ար­տա­քին թշնա­մի­նե­րուն հա­մար ա­ւե­լի եւս ա­ղօ­թենք, ինչ­պէս ա­ղօ­թեց Յի­սուս։

«Յի­սուս ը­սաւ.- Հա՜յր, նե­րէ՛ ա­նոնց, քա­նի որ չեն գի­տեր թէ ի՛նչ կ՚ը­նեն» (ՂՈՒԿ. ԻԳ 34)։ Ուս­տի թշնա­միին հա­մար ա­ղօ­թել՝ կը նշա­նա­կէ ինքն ի­րեն հա­մար ա­ղօ­թել ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ, եւ յե­տոյ «գո­յա­ցած թշնա­մի»ին հա­մար…։

Նոյն­պէս Սուրբ Գիր­քը կը վկա­յէ թշնա­մու­թեան եւ թշնա­մի­նե­րու դէմ կա­տա­րե­լի ըն­թաց­քին. «Վասն­զի մարդ մը ե­թէ իր թշնա­մին գտնե­լու ըլ­լայ, զա­նի­կա թող կու տա՞յ որ խա­ղա­ղու­թեամբ եր­թայ, ուս­տի այ­սօր քու ին­ծի ըրա­ծիդ փո­խա­րէն Տէ­րը քե­զի բա­րիք թող հա­տու­ցա­նէ» (Ա. ԹԱԳ. ԻԴ 20)։

«Ե­թէ թշնա­միդ ա­նօ­թի է, ա­նոր հաց կեր­ցուր, ու ե­թէ ծա­րաւ է, ա­նոր ջուր խմցուր» (Ա­ՌԱԿ. ԻԵ 21)։­

Ուս­տի «սի­րոյ պա­տուի­րան»ը կը տա­րա­ծուի եւ կ՚ընդգր­կէ բո­լոր թշնա­մի­նե­րուն վրայ։ Ա­ւե­տա­րա­նի ըմբռ­նած ա­զա­տագ­րու­մը ան­յա­րիր է թշնա­միին ա­տե­լու­թեան հետ, բայց ո՛չ այն ա­տե­լու­թեան հետ, որ մարդ կ՚ու­նե­նայ իր թշնա­միին գոր­ծած չար ա­րար­քին հան­դէպ։ Եւ մար­դիկ՝ օժ­տուած են միեւ­նոյն հո­գիով, ուս­տի բո­լոր մար­դիկ, անխ­տիր ու­նին նոյն բնու­թիւ­նը եւ նոյն ծա­գու­մը։ Ու­րեմն բո­լոր մար­դիկ հա­ւա­սար ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան տէր են։

Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նը Ա­բէ­լին իր եղ­բօր՝ Կա­յէ­նի ձեռ­քով սպա­նու­թեան պատմուած­քին մէջ (ԾՆՆԴ. Դ 8-12) մարդ­կա­յին պատ­մու­թեան սկիզ­բէն իսկ կը յայտ­նէ մար­դուն մէջ գո­յու­թիւ­նը բար­կու­թեան, ըն­չա­քաղ­ցու­թեան եւ թշնա­մու­թեան՝ հե­տե­ւանք սկզբնա­կան մեղ­քին։ Եւ մար­դը թշնա­մի՛ դար­ձաւ իր նմա­նին։ Աս­տուած կը մատ­նան­շէ այս եղ­բայ­րաս­պա­նու­թեան նեն­գա­ւոր բնոյ­թը. «Ի՞նչ ը­րիր»։ Եղ­բօր ա­րեան ձայ­նը կ՚ա­ղա­ղա­կէ դէ­պի ա­մէն շրջա­նի մար­դուն։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ ան­ցեա­լին ան­մի­ջա­կան փո­խան­ցու­մը ներ­կա­յին։

Ար­դա­րեւ «մարմ­նա­կան մահ»ը, որ­մէ մարդ զերծ մնա­ցած պի­տի ըլ­լար ե­թէ մե­ղան­չած չըլ­լար՝ կը հան­դի­սա­նայ մար­դուն «վեր­ջին թշնա­մի»ն, որ ի վեր­ջոյ պի­տի պար­տուի. «Վեր­ջին թշնա­մին որ պի­տի բնաջն­ջուի՝ Մա­հը պի­տի ըլ­լայ» (Ա. ԿՈՐՆԹ. ԺԵ 26)։­

Ար­դա­րեւ Քրիս­տոս մե­ռաւ, քա­նի որ սի­րեց մար­դը՝ երբ տա­կա­ւին թշնամի էր իր նմա­նին. (ՀՌՈՄ. Ե. 10)։ Ուս­տի Ան կը պատուի­րէ մար­դոց՝ սի­րե­լ զի­րար Ի­րեն պէս, եւ նոյ­նիսկ ի­րենց թշնա­մի­նե­րը։

Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կ՚ը­սէ, թէ սէ­րը չի բար­կա­նար եւ ա­նո­խա­կալ է, ինչ որ կը նշա­նա­կէ, թէ այն, որ ան­կեղծ սէր ու­նի, եր­բե՛ք չի թշնա­մա­նար իր նմա­նին։ Այլ ան կը խայ­տայ ճշմար­տու­թեան մէջ. (Ա. ԿՈՐՆ. ԺԳ 4-7)։ Այս­պէս, Ա­ւե­տա­րա­նը կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ Օ­րէն­քը իր լիու­թեան, նմա­նե­լով երկ­նա­ւոր Հօր կա­տա­րե­լու­թեան, նե­րե­լով թշնա­մի­նե­րուն եւ ա­ղօ­թե­լով հա­լա­ծող­նե­րուն հա­մար, ըստ օ­րի­նա­կին աս­տուա­ծա­յին ա­ռա­տա­բաշ­խու­թեան. (ՄԱՏԹ. Ե 44)։

­Լե­րան քա­րո­զին մէջ, Յի­սուս կը յի­շեց­նէ պա­տուէ­րը. «Մի՛ սպան­ներ» (ՄԱՏԹ. Ե 21) եւ այս պա­տուէ­րին վրայ կ՚ա­ւելց­նէ ար­գի­լու­մը՝ բար­կու­թեան, ա­տե­լու­թեան եւ վրէժխնդ­րու­թեան։ Դեռ ա­ւե­լի՛ն, Յի­սուս կը պա­տուի­րէ Իր ա­շա­կեր­տին միւս ե­րե­սը դարձ­նել եւ սի­րե՛լ թշնա­մի­նե­րը։

Յի­սուս, Ինքն իսկ Ինք­զինք չպաշտ­պա­նեց եւ ը­սաւ Պետ­րո­սին՝ որ սու­րը պա­հէ իր պա­տեա­նին մէջ եւ չգոր­ծա­ծէ՛։ Կա­մա­ւոր ա­տե­լու­թիւ­նը եւ թշնա­մու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին հա­կա­ռա՛կ է սի­րոյ։ Մեր­ձա­ւո­րին ա­տե­լու­թիւ­նը մե՛ղք մըն է, երբ ան ա­զա­տա­կա­մօ­րէն ա­նոր չա­րի­քը կը ցան­կայ եւ կը վե­րա­ծուի թշնա­մու­թեան։

Մեր­ձա­ւո­րին ա­տե­լու­թիւ­նը ծանր մե՛ղք է, երբ ա­զա­տա­կա­մօ­րէն ա­նոր ծանր վնաս մը կը մաղ­թէ. «Բայց Ես կ՚ը­սեմ ձե­զի. սի­րե­ցէ՛ք ձեր թշնա­մի­նե­րը, ա­ղօ­թե­ցէ՛ք ձեզ հալածողներուն համար, որպէսզի որդիներ ըլլանք ձեր Հօ­րը՝ որ եր­կինքն է…» (ՄԱՏԹ. Ե 44-45)։

Թշ­նա­մու­թեան մէկ ար­տա­յայ­տու­թիւնն է՝ բար­կու­թիւ­նը։ Բար­կու­թիւ­նը որ­քան ար­տա­յայ­տու­թիւն, նոյն­քան ալ պատ­ճառն ու շար­ժա­ռի՛թն է թշնա­մու­թեան։

«Բար­կու­թիւն»ը փա­փաք մըն է վրէժխնդ­րու­թեան։ Վրէժխնդ­րու­թիւ­նը ա­պօ­րի­նի է, վրէժխնդ­րու­թիւն բաղ­ձա­լը պա­տի­ժի ար­ժա­նա­ցած մար­դուն գոր­ծած գէ­շու­թեան հա­մար, եւս ա­պօ­րի­նի է։ Գո­վե­լի է սա­կայն ա­նոր հա­տու­ցում պար­տադ­րել մո­լու­թիւն­նե­րը սրբագ­րե­լու եւ ար­դա­րու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու հա­մար։ Եւ ե­թէ բար­կու­թիւ­նը հաս­նի մին­չեւ մեր­ձա­ւո­րին թշնա­մու­թեան՝ սպան­նե­լու կամ զինք ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րե­լու ա­զա­տա­կամ փա­փա­քին, ան ծան­րօ­րէն կը հա­կա­ռա­կի, կը հա­կադ­րէ սի­րոյն, եւ «մա­հա­ցու մեղք»ի աս­տի­ճա­նին կը հաս­նի…։

Ար­դա­րեւ Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Ո՛վ որ բար­կա­նայ իր եղ­բօ­րը, պար­տա­ւոր պի­տի ըլ­լայ դա­տաս­տա­նի» (ՄԱՏԹ. Ե 22)։

­Պի­տի ըլ­լա՞յ ար­դեօք օր մը՝ ա­ռանց ա­տե­լու­թեան եւ թշնա­մու­թեան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 3, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015