ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ

Իր լայն ա­ռու­մով «բա­րե­կա­մու­թիւն» կը ստեղ­ծուի այն ա­տեն՝ երբ մէ­կը իր ինք­նա­մո­լու­թե­նէն եւ անձ­նա­սի­րու­թե­նէն կը պար­պուի եւ կը լե­ցուի դի­մա­ցի­նին ան­ձո­վը, կամ կը նոյ­նա­նայ ա­նոր հետ։ Ար­դա­րեւ ա­մէն ժա­մա­նակ­նե­րու «ոս­կի կա­նոն»ն է՝ վա­րուիլ մէ­կու մը հետ այն­պէս՝ ի՛նչ­պէս որ մարդ կ՚ու­զէ որ ու­րի­շը վա­րուի ի­րեն հետ։ Այս սկզբուն­քը կը տես­նուի Պուտ­տա­յի քով ա­ւե­լի չէ­զոք մօ­տա­ցու­մով՝ թէ չը­նե՛լ բան մը մէ­կուն, ի՛նչ որ չես ու­զեր որ ը­նեն ու­րիշ­նե­րը քե­զի։

Յի­սուս այս սկզբուն­քը վե­րա­ծեց ա­ւե­լի գործ­նա­կա­նի եւ օգ­տա­կար ձե­ւի, ը­սե­լով՝ թէ ը­րէ՛ ու­րի­շին այն՝ ի՛նչ որ կ՚ու­զես որ ը­նեն ու­րիշ­նե­րը քե­զի։ Ար­դա­րեւ չա­րիք չը­նել «բա­րի ըլ­լալ» չի՛ նշա­նա­կեր, քա­նի որ «բա­րու­թիւն»ը գործ եւ աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջէ՝ բա­րիք ը­նել, բա­րի գոր­ծել, օգ­տա­կար ըլ­լալ…։

Մէ­կու մը հա­մար «չար չէ՛», ը­սել եր­բեք ա­նոր «բա­րի» ըլ­լա­լու նշա­նը չէ՜, քա­նի որ չէ­զո­քու­թե­նէ ո՛չ թէ բա­րիք, այլ թե­րեւս չա­րիք կրնայ գո­յա­նալ։

Կա­րօտ մէ­կու մը, զոր օ­րի­նակ՝ իր կա­րօ­տու­թիւ­նը չա­ւելց­նել, զայն չհա­րուա­ծել բա­րիք չէ՛, այլ ան­տար­բե­րու­թիւն, չէ­զոք դիրք ու­նե­նալ, ի՛նչ որ ո­րե­ւէ օ­գուտ չ՚ա­պա­հո­վեր կա­րօ­տեա­լին եւ ու­րեմն «բա­րիք» չէ՛, բա­րե­կա­մու­թիւն չի հա­մա­րուիր։ Այլ երբ մէ­կու մը կա­րօ­տու­թիւ­նը գո­նէ մա­սամբ նուա­զաց­նե­լու հա­մար ջանք ը­նել, աշ­խա­տիլ «բա­րի՛ք» է եւ բա­րե­կա­մու­թիւն, ան­շուշտ մարդ ե­թէ ան­կեղծ է իր վար­մուն­քին մէջ։

Ու­րեմն «բա­րե­կա­մու­թիւն»ը գործ եւ աշ­խա­տանք, դրա­կան վար­մունք կը պա­հան­ջէ։ Եւ այս դրա­կան վար­մուն­քը, մեծ մա­սամբ կ՚ի­րա­կա­նա­նայ զո­հո­ղու­թեամբ, իր­մէ բան մը տա­լով դի­մա­ցի­նին։ Եւ իս­կա­կան բա­րե­կա­մը ո՛չ թէ իր ա­ւե­լոր­դէն, այլ իր ամ­բողջ ու­նե­ցա­ծէն տուողն է, զո­հե­լու եւ զո­հուե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն ցոյց տուո՛­ղը։ Բա­րե­կա­մը՝ ան­կեղծ է, սրտա­կից է եւ հա­մա­կիր ու մտե­րի՛մ։ Ուս­տի «բա­րե­կա­մու­թեան» մէջ «կա՛մք» պէտք է ըլ­լայ, այ­սինքն՝ բան մը ը­նե­լո՛ւ եւ ու­զե­լու կա­րո­ղու­թիւն, կո­րով եւ ե­ռանդ, որ ընդ­հա­նուր ա­ռու­մով «աշ­խա­տա՛նք» կ՚են­թադ­րէ։

«Բա­րե­կամ» է այն՝ որ բան մը, օգ­տա­կա՛ր բան մը կ՚ը­նէ կամ պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը ու­նի, թէ ո՛չ ան­տար­բեր ու չէ­զոք մնա­լով՝ ե­թէ ո՛չ վնա­սա­կար, բայց օգ­տա­կա­րու­թիւն ալ չու­նե­ցո­ղը, զո­հո­ղու­թե­նէ խու­սա­փո­ղը բա­րե­կամ հա­մա­րել կա­րե­լի չէ՛։

Բա­րե­կա­մու­թեան այս ըն­դար­ձակ սահ­մա­նին մէջ երբ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վեր­լու­ծենք՝ կը տես­նենք, թէ ճշմա­րիտ բա­րե­կա­մը ո՛վ է…։

Եւ դար­ձեալ բա­րե­կա­մու­թեան այս սահ­մա­նին կեն­դա­նի լու­սա­բա­նու­թիւ­նը կը տես­նենք ան­շուշտ մար­դոց մէջ, բայց պա­տա­հա­բար եւ ցան­ցա­ռօ­րէն, այլ մի՛շտ եւ ան­բա­ցառ՝ Բնու­թեա՛ն մէջ։

Բնու­թեան մէջ է որ կը տես­նենք ճշմա­րիտ, ան­կեղծ, պայ­ծառ ու յստակ «բա­րե­կա­մու­թիւն»ը։

Թե­րեւս տա­րօ­րի­նակ թուի մեր այս կար­ծի­քը, քա­նի որ ընդ­հան­րա­պէս վար­ժուած ենք «բա­րե­կա­մու­թիւն»ը հասկ­նալ միա՛յն մար­դոց փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու նկատ­մամբ։ Բայց բա­րե­կա­մու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի լա՜յն եւ ըն­դար­ձակ սահ­ման­նե­րու մէջ պէտք է հասկ­նալ մին­չեւ իսկ Բնու­թեան բա­րե­կա­մու­թիւ­նը։ Եւ երբ այս ի­մաս­տով մօ­տե­նանք, կը տես­նենք, որ «բա­րե­կա­մու­թիւն»ը իր իս­կա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը կը գտնէ Բնու­թեան մէջ, քա­նի որ Բնու­թիւ­նը ան­կեղծ է՝ այն, ինչ որ կը տես­նուի, չի խա­բեր, խա­բե­բայ չէ՛, ո­րե­ւէ խար­դա­խու­թիւն չու­նի, չի ստեր, ի­րե­նը չի՛ փնտռեր, շա­հա­մոլ չէ՛, եւ ընդ­հա­կա­ռա­կը՝ մօր մը պէս, կ՚ըն­դու­նի ա­մէն ինչ՝ զո­հե­լու եւ զո­հուե­լու հա­մար, կու տայ ի՛նչ որ ու­նի, ան­վե­րա­պա­հօ­րէն, եւ ա­ռանց փո­խա­րէ­նի ակն­կա­լու­թեամբ…։ Եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով է որ կ՚ը­սենք. ա­մե­նէն ան­կեղծ, ճշմա­րիտ բա­րե­կա­մը՝ Բնու­թիւնն է՝ ո­րուն մէջ ո՛չ կեղ­ծիք եւ ոչ ալ նեն­գու­թիւն կայ։

Պահ մը խոր­հե­ցէք սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ. որ­քան յա­ճախ մեր յոգ­նած ու տա­ռա­պած հո­գին իր հան­գիս­տը եւ խա­ղա­ղու­թիւ­նը գտած է դաշ­տի մը, կամ ան­տա­ռի մը մէջ՝ ծա­ռի մը տա­րա­ծուած թե­ւե­րուն տակ, եւ կամ ա­ռուա­կի մը, ծո­վի մը ափն ի վեր քա­լած ա­տեն՝ մեր սրտին քա­կուած լա­րե­րը պրկած է եւ հա­ւատ­քին մրմուն­ջը մեր ալ եր­գը ը­րած ենք։

Ճամ­բուն վրայ երբ մեր ա­չե­րը կը վերց­նենք դէ­պի բլուր­նե­րը եւ լեռ­նե­րը եւ կամ ծո­վուն վրայ կը դի­տենք ան­հո՜ւն հո­րի­զո­նը, գու­նա­գեղ ամ­պե­րը մեր նե­րաշ­խար­հին մէջ կը հաս­տա­տուի հո­գե­ւոր ար­ժէք­նե­րու տե­ւա­կա­նու­թեան հա­ւատ­քը։ Կը զգանք ա­պա­ւէ­նը, ա­պաս­տա­նը եւ պատս­պա­րա­նը՝ որ կը ներշն­չէ մե­զի ան­կեղծ եւ ճշմա­րի՛տ բա­րե­կամ մը՝ մե­զի հա­մար զո­հե­լու եւ զո­հուե­լու պատ­րա՛ստ հե­րոս մը։

Յու­սա­խա­բուած մար­դոց շա­հա­մո­լու­թե­նէն, կեղ­ծա­ւո­րու­թե­նէն, նեն­գամ­տու­թե­նէն, ա­նա­մօթ դա­ւադ­րու­թիւն­նե­րէն եւ վա­տու­թե­նէն, ե՛ւ զազ­րե­լի ան­բա­րո­յու­թե­նէն՝ եւ մարդ դառ­նայ Բնու­թեան, եւ ա­նոր բու­ժիչ սի­րոյն են­թար­կուի, վէր­քե­րուն բու­ժում գտնէ… ա­հա­ւա­սիկ պի­տի տես­նուի մար­դուն եւ Բնու­թեան զգա­լի տար­բե­րու­թիւ­նը ան­կեղ­ծու­թեան, հա­ւա­տար­մու­թեան, բա­րե­կա­մու­թեան եւ բա­րեմ­տու­թեան տե­սա­կէ­տէ։

Աս­տուած թարմ ժա­մե­րուն կը նո­րո­գէ մար­դուս պտոյ­տը եւ կը կազ­դու­րէ զայն։ Աս­տու­ծոյ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւնն է Բնու­թիւ­նը եւ ան ա­պաս­տան է՝ «խա­ղա­ղու­թեան քա­ղաք», ո­րուն մէջ Աս­տուած Ի՛նք կը յայտ­նուի Իր փառ­քին լիու­թեամ­բը ամ­բողջ։

Ար­դա­րեւ Աս­տու­ծոյ նկա­րագ­րին հա­յե­լին պէտք է փնտռել ո՛չ թէ մարդ­կա­յին սրտին մէջ, այլ՝ Բնու­թեան եւ բնու­թե­նա­կան բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րուն մէջ՝ ո­րոնք Աս­տու­ծոյ կամ­քին տի­րա­կա­լու­թեան եւ կա­րո­ղու­թեան ա­պա­ցոյց­ներն են։ Մար­դուս եր­կին­քը՝ երկ­րի վրայ Բնու­թիւնն է։ Եւ ե­թէ «Աս­տու­ծոյ թա­գա­ւո­րու­թիւն»ը՝ Ար­քա­յու­թիւ­նը պի­տի գայ մրա­դոց մէջ, զոր օ­րի­նակ՝ աս­կէ յի­սուն հա­զար կամ ա­ւե­լի տա­րի ետք, ան ար­դէն ե­կա՛ծ է Բնու­թեան մէջ։

Սաղ­մո­սեր­գուն չը­սաւ՝ մար­դիկ ի­րենց կեան­քո­վը Աս­տու­ծոյ փառ­քը կը պատ­մեն, հա­պա յայ­տա­րա­րեց, «եր­կինք» եւ «հաս­տա­տու­թիւն» կը պատ­մեն Ա­նոր փառ­քը։ Հոս պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ, որ «հաս­տա­տու­թիւն»ը Բնու­թի՛ւնն է, ու­րեմն Բնու­թիւ­նը Աս­տու­ծոյ փառ­քը կը յայտ­նէ երկ­րի վրայ։

Այս պատ­ճա­ռով իսկ «Բնու­թեան հա­րա­զատ ու ան­կեղծ բա­րե­կա­մու­թեան տա­ճար»ին մէջ մարդ կը մա­տու­ցա­նէ իր պաշ­տա­մուն­քը Աս­տու­ծոյ, հոն՝ ուր սրբու­թիւ­նը անժխ­տե­լի՛ է, ուր եր­գը՝ ան­կեղծ զգա­ցում­նե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ վեր­ջա­պէս՝ ա­ղօթ­քը հա­ւա­տար­մու­թիւն եւ հնա­զան­դու­թի՛ւն է։

Եւ մարդ պէ՛տք է եր­ջա­նիկ զգայ ինք­զինք Բնու­թեան բա­րե­կա­մու­թիւ­նո­վը, քա­նի որ ան մի­նակ չէ՛ Բնու­թեան մէջ, քա­նի որ Աս­տուած ի­րեն հետ է, ի՛նք՝ Աս­տու­ծոյ հետ։ Ու­րեմն մարդ եր­բե՛ք մի­նակ չէ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 12, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Յունիս 6, 2016