ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԷ՛Կ Է
Ճշմարտութիւնը թէեւ մէկ է, բայց անիկա տարբեր տեսանկիւններէ դիտողներու աչքին տարբեր է եւ յարաբերական։ Ճշմարտութեան հասնող ճամբաներն ալ բազմաթիւ են, եւ այն «ճամբաներ»ը կրնան իրապէս ճշմարտութեան հասնիլ կամ ուղղութիւնը փոխել եւ «կարծեցեալ ճշմարտութեան» մը հասնիլ։ Արդարեւ, ամէն «ճշմարտութիւն» կարծուածը իրապէս ճշմարտութիւն չէ։ Ճշմարտութեան «նման» կամ «մերձաւոր»ն է, բայց ճշմարտութի՛ւն չէ։ Արդարեւ, որքան որ շատեր նոյն բանը կը կարծեն, իրականութիւնը (=réalité) եւ ճշմարտութիւնը (=vérité) բոլորովին տարբեր երեւոյթներ են ըստ էութեան։ Թէեւ, այս երկու ըմբռնումները մերձիմաստ կը կարծուի, բայց տարբեր հասկացողութիւններ են։ Եւ այս իմաստով՝ անոնք երբեք «հոմանիշ» չե՛ն։ Իրականութիւնը կրնայ իր մէջ պարունակել ճշմարտութիւնը կամ կրնայ խաբէութիւն մը ըլլալ։ Իրականութիւնը՝ արտաքնապէս տեսնուածն է, իսկ ճշմարտութիւնը՝ ներքին էականը եւ անփոփոխելի՛ն։
«Ճշմարտութիւն»ը, իբրեւ մարդու խօսքի եւ գործի միջեւ ճշդութիւն, կը կոչուի «ճշմարտախօսութիւն», «անկեղծութիւն» կամ «ուղղամտութիւն»։ Արդարեւ, ճշմարտութիւնը մէ՛կ եւ անփոփոխ վիճակ մըն է։ Ճշմարտութիւնը ա՛յն է՝ ի՛նչ որ պէտք է ըլլայ։ Ճշմարտութիւնը, արդարեւ, կը կայանայ արարքներու մէջ՝ ուղիղը եւ ճիշդը ներկայացնելու մէջ։ Ան կը մերժէ ամէն երկդիմութիւն, ձեւացում եւ կեղծաւորութիւն։ Ճշմարտութիւնը կ՚ենթադրէ վստահութիւն։ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Մարդիկ պիտի չկարենային միասին ապրիլ եթէ փոխադարձ վստահութիւնը չունենային, այսինքն եթէ ճշմարտութիւնը իրարու չյայտնէին»։ Ուստի, ճշմարտութեան առաքինութիւնը կը վերադարձնէ ուրիշին՝ ի՛նչ որ անորն է։ Ճշմարտութեան յատկանիշն է անպայմա՛ն յայտնուիլը. ան երբեք ծածուկ եւ գաղտնի չի մնար։ Ճշմարտութիւնը միջին ճամբու մը վրայ կը զանազանուի ըսուելիքը եւ գաղտնի պահուելիքը, քանի որ երբեմն հասարակաց բարիքը կը պահանջէ կարգ մը բաներ «գաղտնի պահել»։ Բայց ասիկա երբեք չի փոխեր ճշմարտութեան էութիւնը եւ իսկութիւնը։ Ան կ՚ենթադրէ պարկեշտ եւ գաղտնապահ ըլլալ ի պահանջել հարկին։ Այս ալ չի նշանակեր, որ ճշմարտութիւնը փոխակերպուի կամ տարբեր իմաստ մը ունենայ. ճշմարտութիւնը մէ՛կ է եւ անփոփոխ։ Ըստ արդարութեան եւ իրաւունքի՝ «մարդը մարդուն պարկեշտօրէն պարտական եւ պարտաւոր է ճշմարտութիւնը յայտնել», կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի։
Արդարեւ, քրիստոնեան կ՚ընդունի Ճշմարտութեան մէջ ապրիլ, այսինքն Տիրոջ օրինակին համանման կեանքի մը պարզութեան եւ համեստութեան մէջ եւ մնալ Անոր ճշմարտութեան մէջ։
«Եթէ ըսենք, թէ հաղորդութիւն ունինք Անոր հետ եւ խաւարին մէջ կը շրջինք, կը ստենք եւ ճշմարտութիւնը չենք գործադրեր». (Ա ՅՈՎՀ. Ա 6)։ Այս կը նշանակէ, թէ ճշմարտութիւնը սերտօրէն կապուած է անկեղծութեան առաքինութեան։
Պիղատոսի առջեւ Քրիստոս կը յայտարարէ, թէ Ինք եկած է աշխարհ վկայելու համար ճշմարտութեան». (ՅՈՎՀ. ԺԸ 37)։ Քրիստոնեան «Տիրոջ վկայութիւնը ամօթ չի համարիր». (Բ ՏԻՄ. Ա 8)։ Հաւատքին վկայութիւնը՝ ճշմարտութեան վկայութի՛ւնն է, ուստի, այդ վկայութիւնը պահանջող կացութիւններու մէջ քրիստոնեան պարտի անսեթեւեթ դաւանիլ զայն, ըստ օրինակին Պօղոս առաքեալի՝ յանդիման իր դատաւորներուն։
Ուստի, հարկ է պահել «խիղճ մը անբասիր՝ Աստուծոյ եւ մարդոց առջեւ». (ԳՈՐԾ. ԻԴ 16)։ Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցելու պարտականութիւնը կը մղէ քրիստոնեաները գործելու իբրեւ «վկաներ ճշմարտութեան» եւ անկէ բխող պարտաւորութիւններուն։ Այս վկայութիւնը փոխանցումն է հաւատքին, խորհուրդով, խօսքով եւ գործով։ Արդարեւ, այս վկայութիւնը արդարութեան արարք մըն է՝ որ կը հաստատէ ճշմարտութիւնը եւ կը ճանչցնէ զայն. (ՄԱՏԹ. ԺԸ 16)։
Արդարեւ, բոլոր քրիստոնեաները՝ որոնք կը դաւանին ճշմարտութիւնը, պարտաւոր են ցուցաբերել իրենց կեանքին օրինակով եւ իրենց խօսքին վկայութեամբ ճշմարտութիւնը։ Ապրելակերպը գերագոյն վկայութիւնն է մատուցուած ճշմարտութեան. ան արտայայտութի՛ւնն է ճշմարիտ եւ անկեղծ վկայութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 5 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024