ՄԱՇՏՈՑԵԱՆ ՍՈՒՐԲ ԱՒԱՆԴԸ
«Հայ Գիրերու Գիւտը. պայծառագոյն է՛ջը հայոց պատմութեան։ Հայ Գիրերուն Գիւտարարը. ազնուական դէ՛մքը հայ ժողովրդեան՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ դարե՜րու դիմաց կեցող ադամանդեայ ապառա՛ժ…»։
Մեծութիւնները, ընդհանրապէս, իրենց համար անհրաժեշտ պայման ունին առանձնացումի մէջ ներքին լուռ եւ խորհրդաւոր աճումի ընթացքը։
Խոկումի եւ ինքնաճանաչութեան պա՛հն է այդ ընթացքը, ժամանակաշրջան մը, որ առաւել եւս ներհայեցողութիւն կը պահանջէ։ Այս ընթացքը, արդարեւ այն պահն է, որ մարդուս ակնարկը, հայեցողութիւնը, ամբողջ ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ հոգիի աշխարհին վրայ, աչքերը կը սեւեռէ հոգեմտաւորին՝ ինքն իր էութեան ըմբռնումին եւ իմացումին, եւ մարդ կ՚անդրադառնայ իր իսկ էութեան, իր գոյութեան եւ կարեւորութեան այս աշխարհի վրայ։ Եւ կ՚անդրադառնայ ու կը զգայ, թէ ինք պարտականութիւն մը, առաքելութիւն մը ունի այս աշխարհի վրայ, եւ պատասխանատո՛ւ է իր շուրջիններուն, իր նմաններուն, իր պատկանած հաւաքականութեան բարօրութենէն, երջանիկ եւ խաղաղ կեանքէն։ Գիտակից եւ ողջախոհ մարդը՝ ազնիւ ու առաքինի անհատը ինքզինք պարտաւոր կը զգայ ուրիշի մը հոգեմտաւոր աշխարհի զարգացումէն, այդ աշխարհին գոյապահպանման ու գոյատեւման համար անհրաժեշտ միջոցառումներէն չզրկուելու համար ջանադիր ըլլալու, կարելին ընելու անոնց համար։
Արդարեւ, մարդ կոչուած է իրերօգնութեան, կարելին ընելու եւ իր կարողութիւններուն չափով նպաստելու իր շուրջիններուն, իր նմաններուն, ժողովուրդին եւ անշուշտ համայն մարդկութեան՝ անխտիր եւ համահաւասար կերպով։
Եւ ահա՛ «մարդ»ը, այն՝ որ մարդ կը կոչուի, այն որ ստեղծուած է որպէս բանաւոր էակ, օժտուած բանականութեամբ, իմացականութեամբ, ինքնագիտակցութեամբ եւ մանաւա՛նդ՝ սիրով։ Այն որ սէր ունի, գիտակցութիւնը ունի իր պարտաւորութեան եւ պատասխանատուութեան իր նմաններուն հանդէպ։ Եւ ա՛ն է որ կ՚ապահովէ ո՛չ միայն իր անձնական բարութիւնը, այլ նաեւ՝ իր նմաններուն, իր շուրջիններուն երջանկութիւնը։ Երջանկութիւնը, իր լայն առումով կը նշանակէ՝ կատարելութիւն, անթերի ըլլալու վիճակ, եւ ուրեմն երջանիկ ըլլալու եւ ուրիշն ալ երջանկացնելու համար պէտք է թերութիւնները լրացնել, տկարութիւնները զօրացնել եւ անկատարութիւնները կատարելագործե՛լ։
Եւ ահաւասի՛կ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մեծութիւնը, վեհանձնութիւնը հո՛ս է, քանի որ ան անդրադարձաւ իր ժողովուրդին հոգեմտաւոր մարզի մէջ թերութիւններուն, անկատարութիւններուն, եւ զգաց որ իրենց երջանկութեանը համար բան մը կը պակսի, այն ի՛նչ որ իրենց հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքին զարգացման կարեւոր արգելք մը կը հանդիսանայ։ Ան էր որ զգաց «իր սեփական գիրը չունենալ»ու, իր սեփական գրականութիւնը, իր սեփական դպրութիւնը չունենալու եւ վերջապէս իր իսկ լեզուն իր սեփական տառերով չգրելու եւ չկարենալ կարդալու դժբախտութիւնը, անոր բարոյական ճնշումը, յուսալքումը եւ անոնց պատճառած ցաւը, տառապանքը, տանջանքը… եւ այս մտահոգութեան, այս թերութեան լրումը եղաւ «Հայ Գիրերու Գիւտ»ը եւ անոր հրաշագործ Գիւտարարը եղաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց։
Հայ ժողովուրդը ունեցաւ իր սեփական Գիրը, գրականութիւնը, դպրութիւնը եւ լեզուն, գրեց ու կարդաց իր սեփական տառերով, աւելի հաճոյքով, աւելի ուրախութեամբ՝ իրենը, իր սեփականը օգտագործելու երջանկութիւնը եւ գոհունակութիւնը վայելելով։ Հայ հոգեւորականը իր աղօթքները արտասանել սկսաւ իր գիրերով, հայ մտաւորականը գրել ու կարդալ սկսաւ իր իսկ գիրերով, եւ ասիկա այնքան զրկումներէ վերջ ի՜նչ մեծ երջանկութիւն, ի՜նչ երանելի իրադարձութիւն մըն էր, որը Հայ ժողովուրդը կը պարտէր իր մեծ Գիւտարարին, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին։
Արդարեւ ամէն մարզի մէջ եւ ամէն ժամանակ, ժողովուրդի մը մաս կազմող ամէն մէկ անհատ պարտաւոր է պակաս մը լրացնելու, տկարութիւն մը զօրացնելու, անկատարութիւն մը կատարելագործելու իր կարողութեան, կարելիութեան եւ տարողութեան չափին համեմատ։ Անշուշտ որ ո՛չ մէկէ անկարելին չի սպասուիր, բայց կ՚ակըն-կալուի այն՝ որ կարելի է ընել, կարողութիւնը ունի կատարելու, այս մասին անտարբերութիւնը յանցանք մըն է՝ թերացում մը մարդկային պարտաւորութեան, զանցառութիւն պատասխանատուութեան իր պատկանած ընկերութեան հանդէպ եւ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ վիրաւորա՛նք մը։
Թէեւ չի սպասուիր մեզմէ ըլլալ՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց մը, բայց բնական է սպասել հետեւորդ ըլլալ անոր, հաւատարիմ մնալ անոր մեծ գործին, հրաշքին՝ օգտագործելով, խնամելով, հոգալով ամէն մէկ գիրին վրայ, անտարբեր չգտնուելով գրականութեան, դպրութեան, այդ հրաշք գիրերով գրելով, այդ լոյս տառերով կարդալով, իւրացնելով, սեփականացնելով զանոնք եւ գիտակցելով Գիրին կարեւորութեանը՝ մեր հոգեմտաւոր կեանքին զարգացման նկատմամբ։
Սիրենք մեր գիրը, բայց սիրելու համար նախ ջանանք ճանչնալ զայն, ծանօթանալ անոր բարիքներուն, անոր հրաշագործ ազդեցութեան հետ, քանի որ սիրելու կամ ատելու համար որեւէ բան, նախ պէտք է ճանչնալ զայն, եւ արդէն անգամ մը որ ծանօթանայ մարդ հայ գիրին հետ, անկարելի է որ չսիրէ զայն, չօգտագործէ անոր բարիքները, չվայելէ անոր գեղեցկութիւնը եւ չպարուրուի, չհամակուի անոր ճշմարտութեան լոյսովը։ Հայ գիրը ճանչցողներ կը սիրեն զայն, ուրեմն ճանչնանք զայն, սիրենք եւ վայելենք անոր հրաշալի՜ գեղեցկութիւնը։
Գիրը կեա՛նք է, անով կ՚արտայայտուի մարդկային զգացումները եւ անով կը յարաբերուին, կը կապակցին միտքեր, հոգիներ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 30, 2017, Իսթանպուլ