ՉԱՐԻՆ ՍԿԻԶԲԸ

«Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը։ Անիկա պատասխանեց.- Ասիկա թշնամի մարդու գործ է». (ՄԱՏԹ. ԺԳ 27-28)։

Չարութիւնը «չար»էն կու գայ, բայց հարցը սա է, թէ՝ չարը ո՞ւրկէ կու գայ։ Աւելի յստակ կարելի է հարցնել, քանի որ Աստուած բարի է եւ ամէն բան բարի կը ստեղծէ, հապա ուրեմն չարը ինչո՞ւ գոյութիւն ունի։

Պարապ պարկը կանգուն չի մնար՝ պէտք է լեցնել։

Այն ինչ որ պարապ է՝ կարելի չէ՛ անիկա վեր կանգնի, եւ միշտ ցած մնայ։ Ուրեմն, պէտք է լաւ ուսումնասիրել, շրջահայեաց ըլլալ եւ քննարկել հարցը, եւ վերջապէս ինչպէս յաճախ կը կրկնուի՝ գաղափար կազմելու համար պէտք է նախ եւ առաջ գիտութեան տէր ըլլալ, քանի որ առանց գիտութեան գաղափար կազմել եւ յայտնել անկարելի՛ է։

«Rubicon»ը անցնիլ. կը նշանակէ՝ ետդարձը անկարելի կէտէ մը յառաջ երթալ։ Ն.Ք. 49 թուականին Յուլիոս Կեսար իր լեգէոնի հետ գետը անցնելու յիշատակը կ՚ենթադրէ։ Այս ընթացքին Կեսարի խօսքը նշանաւոր է. «Alea İacta est», որ կը նշանակէ՝ վճռական եւ պատասխանատու քայլ առնել, որ ըսուած է Յուլիոս Կեսարի կողմէ, երբ կ՚անցնէր Ռուբիկոն (Rubicon) գետը։

Ի՞նչ կապակցութիւն «պարապ պարկ»ի եւ «Ռուբիկոնը անցնիլ» ասացուածքներու «չարի գոյութեան» հարցին միջեւ։

Նախ սա ըսել պէտք է, թէ՝ «չար»ը եւ չարութիւնը հասկնալու համար չարի մասին գիտութիւն ունենալու է. չարին ի՛նչ ըլլալը լաւ ուսումնասիրելու եւ հասկնալու է։

Իսկ «Ռուբիկոնը անցնիլ» կարեւոր է, մարդուս կեանքի մէջ կատարած ընտրութիւններու նկատմամբ, այսինքն բարին եւ չարը ընտրելու ատեն հաստատակամ եւ վճռական ըլլալու մէջ։ Մարդ պէտք է անյետադարձ որոշումներ առնելու քաջութիւնը ունենայ՝ ինքնավստահ եւ հաստատամի՛տ։ Արդարեւ, մարդ երբ կարենայ «բարի»ն ընտրելու կարողութիւնը ունենալ, այլապէս «չար»ը չի կրնար գոյութիւն ունենալ եւ տիրապետել մարդուն։

Պօղոս առաքեալի վարդապետութեան հետեւելով, Եկեղեցին միշտ ուսուցած է, թէ մարդոց վրայ ճնշող անսահման խեղճութիւնը, ինչպէս նաեւ չարին եւ մահուան հանդէպ անոնց հակումը չեն հասկցուիր առանց անոնց Ադամի մեղքին հետ ունեցած կապին եւ այն իրողութեան, թէ Ադամ մեզի փոխանցեց «մեղք» մը՝ որմէ ամէնքս արատաւորուած կը ծնինք, որ «հոգիին մահն է»։ Հիմնուելով հաւատքի այս ստուգութեան վրայ, Եկեղեցին մեղքերու թողութեան համար Մկրտութիւն կու տայ նոյնիսկ անձնական մեղք չգործած մանուկներուն։

Սկզբնական չարին վարդապետութիւնը՝ որ առընչուած է Քրիստոսով կատարուած փրկչագործութեան վարդապետութեան ճանաչողական լուսաւոր տեսութիւն մը կու տայ աշխարհի վրայ մարդուն կացութեան եւ անոր գործին մասին։

Նախածնողներուն մեղքով «սատանան» որոշ տիրապետութիւն մը ձեռք ձգեց մարդուն վրայ, թէպէտ եւ այս վերջինը կը շարունակէ ազատ մնալ։ Սկզբնական մեղքը իր հետ կը բերէ ստրկութիւնը՝ իշխանութեան տակ անոր, որ ունէր տէրութիւնը մահուան, այսինքն սատանային։

Անգիտանալ, թէ մարդը դէպի չարը հակած վիրաւոր բնութիւն մը ունի, ասիկա դաստիարակութեան, քաղաքականութեան, ընկերային գործունէութեան եւ բարքերու մարզերէն ներս ծանրակշիռ սխալներու տեղի կու տայ։

Սկզբնական մեղքին եւ մարդոց գործած անձնական բոլոր մեղքերուն հետեւանքները ամբողջ աշխարհին կը փոխանցեն մեղանչական իրավիճակ մը՝ որ կարելի է բնորոշել Յովհաննէս Աւետարանիչի արտայայտած խօսքով. «Աշխարհի մեղքը». (ՅՈՎՀ. Ա 29)։

Ուստի, չարին ստեղծումը երբեք Աստուծմէ չէ՛, քանի որ Աստուած միշտ բարին կը ստեղծէ, երբեք չարը չի ստեղծեր։

Մեղքը ազատ կամքի, չարն ալ մեղքի հետեւանքն է։ Այլապէս չարը բարիին այլասերած կամ վատասերած վիճակն է. ճիշդ՝ ճիւղէն փրցուած թարմ խնձորի մը ժամանակի ընթացքին՝ արտաքին ազդեցութիւններով փտած եւ նեխած խնձորի մը վերածուելուն նման։

Ազատ կամքը մարդս կ՚ընէ «բարոյական անձ»։ Մարդը երբ կը գործէ ինքնակամ կերպով, ան, այսպէս ըսելու համար, «հայրն է իր արարքներուն»։

Մարդկային արարքները, որոնք ազատօրէն ընտրուած են յետ խղճի քննութեան, որակաւորելի են ըստ բարոյականի։

Անոնք «բարի» են կամ «չա՛ր» բնականօրէն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 5, 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2023