ՍԱԴՈՒԿԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՂԱՆԴԸ
Սադուկեցիները փոքր, բայց քաղաքականապէս ուժեղ կուսակցութիւն մը կամ դասակարգ մըն էր հրեաներու մէջ։ Հաւանաբար, ամենէն շատ անոնք յայտնի էին Մովսէսի օրէնքի գիրին հնազանդելու իրենց աննկուն հաւատքի եւ հոգիներու եւ հրեշտակներու իրական ըլլալը, ինչպէս եւ յարութեան եւ յաւերժական կեանքի վարդապետութիւնները ժխտելու համար։ Իր լայն առումով «աղանդ» մը կարելի է նկատել Սադուկեցիները հրեաներու մէջ։
Սադուկեցիներ կ՚ըսեն՝ թէ մեռելներու յարութիւն չկայ. (ՄԱՐԿ. ԺԲ 18)։ Անոնք կը զայրանային որ առաքեալները ժողովուրդին կը քարոզէին, յայտարարելով՝ թէ Յիսուսի օրինակով մեռելները յարութիւն պիտի առնեն. (ԳՈՐԾ. Դ 2)։ «Երբ Պօղոս գիտցաւ, որ Ատեանին մէկ կողմը Սադուկեցիներն են, իսկ միւս կողմը՝ Փարիսեցիները, սկսաւ աղաղակել.- Եղբայրնե՜ր, ես Փարիսեցի եմ եւ Փարիսեցիներու զաւակ, եւ եթէ կը դատուիմ ահա՝ մեռելներու յարութեան յոյսը ունենալուս համար է։ Ասիկա ըսելուն պէս՝ Փարիսեցիները եւ Սադուկեցիները որ հոն կը գտնուէին, իրենց միջեւ երկպառակութիւն ինկաւ եւ բազմութիւնը երկուքի բաժնուեցաւ։ Որովհետեւ մինչ Սադուկեցիները կ՚ըսեն թէ յարութիւն չկայ, ո՛չ ալ հրեշտակ կամ հոգի կայ, Փարիսեցիները այս բոլորը կ՚ընդունին։ Մեծ աղմուկ բարձրացաւ» (ԳՈՐԾ. ԻԳ 6-9)։ Սադուկեցիներու խմբակը կամ ինչպէս ըսուեցաւ, լայն առումով «աղանդ»ը Իսրայէլի կրօնաքաղաքական խմբակցութիւններէն էր՝ բաղկացած գլխաւորապէս «քահանայ»ներէն։
Անոնք անկախ պետականութեան կողմնակից էին, թէեւ դէմ չէին հռոմէացիներու կողմէ կառավարուելու։ Սադուկեցիները Սուրբ Գիրքէն կ՚ընդունէին միա՛յն Մովսէս մարգարէի Հնգամատեանը։
Սադուկեցիներ չէին ընդուներ բանաւոր աւանդութիւնները։ Կը մերժէին, կը ժխտէին համընդհանուր յարութեան, հոգիի անմահութեան եւ հանդերձեալ կեանքի ուսուցումը, ինչպէս նաեւ՝ հրեշտակներու գոյութիւնը։ Սադուկեցիներ շատ հարցերու մէջ կը հակադրուէին Փարիսեցիներուն, կը ծաղրէին անոնց բծախնդրութիւնը եւ ծիսակատարութիւնները։ Սակայն անոնք միաձայնութեամբ վարուեցան, որպէսզի Քրիստոսը դատապարտեն խաչի մահուամբ։ Սադուկեցիներ գործօն մասնակցութիւն ունեցան նաեւ առաքեալներու դէմ, սանձազերծուած հալածանքներուն մէջ։
Ըստ աւանդութեան, Սադուկեցիներու խմբակցութիւնը հիմնուած է մեր թուականներէն առաջ, այսինքն Քրիստոսէ Առաջ Բ. դարուն։ Եւ դարձեալ ըստ աւանդութեան, «Սադուկեցի» անունը կը թուի ծագած Եբրայեցերէն բառէ մը, որ կը նշանակէ «արդար». բայց Թալմուտեաններ՝ կ՚ըսեն թէ «Սադուկեցի» բառը ելած էր Սադովկ կամ Սադովկոս անուն անձէ մը, որ էր հիմնիչը աղանդին, եւ ապրեցաւ իբրեւ երրորդ դարուն Նախքան Քրիստոս։
Սադուկեցիներ կը մերժէին ամէն աւանդութիւն եւ անգիր օրէնք, եւ կը համարէին Սուրբ Գիրքը միա՛յն իբրեւ միմիայն աղբիւր եւ կանոն Հրէական կրօնքին։
Անոնք կը կարծէին, թէ հոգին կը մեռնէր մարմնին հետ, եւ ընդհանրապէս չէին հաւատար եւ չէին ընդուներ նաեւ հանդերձեալ կեանքի վարձատրութեան եւ կամ պատիժներու։ Մինչ Փարիսեցիներ կը հաւատային մանաւանդ թէ ամէն դէպք եւ ամէն գործ կը պատահի «անդառնալի հրամանով կամ ճակագրով», Սադուկեցիներ կը համարէին ամէն դէպք, ամէն պատահար եւ գործ «կախեալ է մարդոց կամքէն եւ գործողութիւններէն»։
Հրեաներու Ազգային Ժողովի անդամներէն ոմանք Սադուկեցի էին (ԳՈՐԾ. ԻԳ 6-9), նաեւ Առաքեալներու ժամանակի քահանայապետը Սադուկեցի էր։ Քրիստոսի Յարութիւնը կը թուի թէ առաւել եւս զայրացուց անոնց ատելութիւնը ընդդէմ քրիստոնէութեան. (ԳՈՐԾ. Դ 1), (ԳՈՐԾ. Ե 17)։
Ինչպէս յիշուեցաւ, գլխաւորաբար քահանաներէ բաղկացած կրօնաքաղաքական փոքրիկ «խմբակցութիւն» մըն էր այս աղանդը՝ պահպանողական ուղղութեամբ։ Քաղաքական համոզումներով ալ կը տարբերէին Փարիսեցիներէն, քանի որ աւելի՛ հակամէտ էին գործակցելու տիրող իշխանութեան՝ Հռոմայեցիներուն հետ։
Սադուկեցիներ յաճախ իրենց հարցումներով կը փորձէին Յիսուսի վարդապետութիւնը քննադատել (ՄԱՏԹ. ԻԲ 23-33), (ՄԱՐԿ. ԺԲ 16-27), (ՂՈՒԿ. Ի 27-40)։ Բայց Յիսուս իր պատասխաններով կը պապանձեցնէր անոնք եւ այլեւս չէի՛ն համարձակեր Յիսուսի որեւէ հարցում ընել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 26, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024