ԵԿԵՂԵՑԻ՝ ԱՌԱՆՑ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼԻ

Մտահոգիչ կը դառնայ Հայ Եկեղեցւոյ վիճակը եւ իր նախկին առաջնորդողի դերէն դուրս գալով՝ կամաց-կամաց կը վերածուի պարզապէս խորհուրդներ կատարուող վայրի մը՝ մինչեւ որ հասնի օրը եւ դադրի նաեւ եկեղեցական խորհուրդները կատարելու աւանդութիւնը, ինչ որ արդէն իսկ սկսած է հայրենիքէն ներս:

Ներկայ վիճակը մեզի դիտել կու տայ, որ կամաց-կամաց եկեղեցին պիտի վերածուի միա՛յն պսակադրութիւն, թաղում եւ մկրտութիւն ընելու վայրի մը, սակայն այդ մէկը եւս երկար կեանք պիտի չունենայ, որովհետեւ (ինչպէս այսօր կ՚ընեն) մարդիկ պիտի սկսին պսակադրութիւնն ու թաղումը կատարել առանց եկեղեցական կարգի, իսկ մկրտութիւնը՝ ընդհանրապէս պէտք պիտի չըլլայ:

Հաւանաբար զարմանալի թուի, սակայն հայրենիքի մէջ կազմուած ընտանիքներուն մեծամասնութիւնը այսօր չունի եկեղեցական պսակ։ Այսօրուան երիտասարդները կը նախընտրեն կառավարական ստորագրութեամբ զոյգեր դառնալ՝ քան Աստուծոյ օրհնութեամբ։ Աւելին, կան երիտասարդներ, որոնք առանց կառավարական կամ եկեղեցական ամուսնութեան կը կենակցին։ Անոնց զաւակը կ՚արձանագրուի մօր մականունով՝ առանց նշուելու, թէ ո՛վ է հայրը:

Հայաստան հաստատուելէս ի վեր հաւանաբար ներկայ եղած ըլլամ 4 թաղման արարողութեան՝ բոլորն ալ առանց եկեղեցական կարգի։ Հայաստանի մէջ այսօր հանգուցեալին դիակը նախ տուն, ապա սրահ եւ գերեզման կը տանին՝ առանց եկեղեցւոյ կարիքը զգալու, որովհետեւ աւելի նախընտրելի է երթալ գաւաթ մը օղի խմել հանգուցեալի հոգիին համար՝ քան աղօթք բարձրացնել:

Հայաստանէն դուրս ալ վիճակը այդքան փայլուն չէ։ Սփիւռքի մեր եկեղեցիները այսօր լեցուն են տարեցներով, որոնք խիղճի պարտք կը համարեն ամէ՛ն կիրակի ներկայ գտնուիլ Տէր Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերման, սակայն յետո՞յ…։ Երբ այդ տարեցները ի տէր հանգչին, անոնց տեղ պիտի գա՞ն նորերը, թէ ոչ այսպէս հետզհետէ պիտի նուազին՝ մինչեւ եկեղեցին դատապարտուի ամայութեան:

Եկեղեցւոյ մէջ տարեցներու ներկայութիւնը չենք քննադատեր, այլ երիտասարդներու բացակայութիւնը, որովհետեւ ամէ՛ն հաստատութիւն՝ ըլլայ եկեղեցի, կազմակերպութիւն կամ կուսակցութիւն, եթէ հիներուն տեղ նորերը չի՛ պատրաստեր, ենթակայ է կորուստի:

Սակայն եկեղեցւոյ պարագային ինչպէ՞ս նորը պատրաստել, երբ այդ մէկը հոգեւոր մղում մը կը պահանջէ եւ ո՛չ վարժութիւն։ Երիտասարդը չես կրնար ստիպել, որպէսզի երթայ եկեղեցի, սակայն կը ստեղծես այնպիսի պայմաններ, որպէսզի սիրէ՛ եկեղեցին ու անոր մթնոլորտը եւ ինքզինք հարազատ զգայ այդ բոլորին։ Տարեցները թէ՛ անցեալին եւ թէ այսօր անգիր օրէնքի մը պէս կը յաճախէին եկեղեցի՝ հակառակ բոլոր պայմաններուն, սակայն այսօրուան երիտասարդը տարբեր բան մը կը սպասէ, ինչ որ հոգեւորէն աւելի ընկերային բնոյթ ունի:

Տասնամեակներ շարունակ եկեղեցին մեղադրեց երիտասարդութիւնը, իսկ երիտասարդութիւնը՝ եկեղեցին, որովհետեւ անոնց միջեւ ստեղծուեցաւ հինի եւ նորի պայքար մը, որովհետեւ ո՛չ եկեղեցին ուզեց հեռանալ իր աւանդութիւններէն ու սկզբունքներէն եւ ոչ ալ երիտասարդները ուզեցին ըմբռնել ու հասկնալ եկեղեցւոյ պարփակած խորհուրդը: Եկեղեցին քննադատեց երիտասարդութեան սանձարձակ ընթացքը, որ գրեթէ պարտաւորութիւն էր ներկայ աշխարհին հետ քայլ պահելու, իսկ երիտասարդութիւնը, իր կարգին քննադատեց եկեղեցւոյ հին-գլուխութիւնը եւ այս բոլորը պատնէշ եղաւ երկուքին միջեւ:

Այսօր երիտասարդութիւնը եկեղեցիէն հեռացած է հիմնական հետեւեալ պատճառներով.

Ա.- ՓՈԽՈՒԱԾ Է ԿԵԱՆՔԸ

Այսօր գրեթէ ամէն երիտասարդ առաւել կամ նուազ չափով կը դիմագրաւէ տնտեսական, ինչպէս նաեւ մարդկային ու ընկերային տարբեր դժուարութիւններ, որոնք հաւատքէն աւելի առաջնահերթ կը դառնան եւ մարդ հոգեւորին կողքին կը ձգտի գոհացում տալ այդ բոլորին՝ որքան որ ալ ժամանակաւոր ըլլան: Ի տարբերութիւն անցեալին, այսօր երիտասարդութիւնը մեծաւ մասամբ ստիպուած է աշխատիլ նաեւ այն օրերուն, որոնք Տիրոջ նուիրուած պէտք է ըլլան:

Բ.- ՍՈՒՂ Է ԺԱՄԱՆԱԿԸ

Ներկայ հասարակութիւնը երիտասարդին սորվեցուց, որ ժամանակ ըսուածը սուղ է մարդ արարածին համար, որովհետեւ նոյնիսկ այն պահուն, որ ի՛նք եկեղեցոյ մէջ աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, կեանքը կը շարունակէ սրընթաց սուրալ։ Վերջապէս ինք պիտի նախընտրէր այդ ժամանակը իր վայելքին նուիրել՝ քան Աստուծոյ:

Գ.- ԱՆՈՒԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ

Ցաւ ի սիրտ, այսօր մեր երիտասարդութեան մեծամասնութիւնը քրիստոնեայ է, պարզապէս որովհետեւ իր ծնողքը եղած է քրիստոնեայ։ Անոնք անունով քրիստոնեաներ են՝ ոչինչ գիտեն Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ մասին:

Դ.- ԺԱՄԱՆՑ

Այսօր երիտասարդութիւնը կը փնտռէ շրջանակներ, ուր կը նախընտրէ հաճելի ժամանակ անցընել։ Այսօր անոնք կը բողոքեն եկեղեցւոյ դէմ, կ՚առարկեն որ գրաբարը չեն հասկնար, կը մեղադրեն քահանան կամ տարեց հաւատացեալ մը, սակայն գիտենք, որ այս բոլորը լոկ պատճառաբանութիւններ են՝ յաւելեալ ժամանակ ստեղծելու եւ գոհացնելու համար իրենց ժամանցը, որ յաւիտենական կեանքէն ալ սուղ է:

Միացեալ Նահանգներու մէջ եկեղեցիներ քայլ պահելու համար երիտասարդութեան հետ ամբողջութեամբ կը փոխեն իրենց ընթացքը՝ պարզապէս այն մտադրութեամբ, որ աւելի լաւ է ունենալ փոխուած, սակայն հաւատացեալներով լեցուն եկեղեցի՝ քան իր աւանդութիւններուն վրայ հաստատ, սակայն թափուր եկեղեցի:

Պէտք է լաւապէս մտածել, թէ մենք ո՛րը կ՚ուզենք:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -11-

Նախքան Հայաստան հաստատուիլս որոշ ժամանակ աշխատած եմ հայկական մեծ կազմակերպութեան մը մէջ՝ որպէս արխիւի պատասխանատու եւ քարտուղար:

Առիթով մը Հայաստանի անուանի բարերարներէն մին կ՚որոշէ մեր կազմակերպութեան երիտասարդներուն ղրկել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզաշապիկները՝ որպէս նուէր:

Մի քանի շաբաթ ետք Լիբանան կը հասնին մարզական զգեստներ. սիրուն կարմիր տարազներ՝ վրան հայկական զինանշանով ու դրօշակով: Տարազներէն մէկուն չափը ստուգած ժամանակ կը նկատեմ հետեւեալը. «Made in Turkey»։ Հայաստանի հաւաքականի տարազը տպագրուած եւ արտադրուած է Թուրքիոյ մէջ։ Կազմակերպութիւն մը, որ կը մերժէ թրքականը, իր անդամներուն բաժնեց հպարտացնող մարզաշապիկը՝ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած։

***

Որոշեցինք մանուկներու համար բանակում կազմակերպել եւ այդ մէկը ընել անվճար։ Յայտարարեցինք՝ անոնք, որոնք կ՚ուզեն օժանդակել մեր աշխատանքներուն, կրնան գրասենեակ այցելել:

Յաջորդ օր գրասենեակ կու գայ մօտաւորապէս 60 տարեկան կին մը՝ զարդարուած ոսկիներով եւ արժէքաւոր հլուններով։ Հարուստի իր հպարտ արտաքինով կը բանայ պայուսակը եւ մէջէն շա՜տ փոքր ու աննշմար գումար մը կը հանէ՝ որպէս օժանդակութիւն:

Նոյն օրը գրասենեակ կու գայ այլ կին մը՝ Ալիս անունով. համեստ ու անշուք արտաքինով մը: Իր պայուսակէն սրտաբուխ գումար հանելու փոխարէն հարց կու տայ, թէ ինչքա՞ն դրամ պէտք է՝ բանակումը իրականացնելու համար։ Լուսահոգի Մեղրիկ սրբազան կը պատասխանէ, որ այդ մէկը սրտաբուխ է եւ ամէն մարդ կրնայ տալ այնքան՝ ինչքան կը փափաքի, սակայն կինը կը շարունակէ հարցնել, թէ մեզի ինչքան պէտք է։ Այդ պնդումներուն վրայ յուսահատ սրբազանը որոշ մեծ գումար մը կ՚ըսէ՝ ենթադրելով, որ այդ գումարը լսելով կինը փոքր բարերարութիւն մը ընելով դուրս կու գայ գրասենեակէն:

Յանկարծ կինը պայուսակէն կը հանէ դրամատան տետրը եւ կը գրէ այդ ամբողջ գումարը, զոր սրբազան հայրը «վախցնելու» համար փորձած էր ըսել։ Այդ օր սկսայ աւելիով հասկնալ, որ արտաքինը խաբուսիկ է եւ ամէ՛ն հարուստ երեւցող կրնայ հարուստ չըլլալ եւ ամէ՛ն անշուք ու համեստ անձ՝ աղքատ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2022