ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՐԴՍ Կ՚ԸՆԷ
ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Յա­ճախ կը խօ­սինք մարդ էա­կին մա­սին՝ որ իր ա­րար­չու­թե­նէն ի վեր միշտ «ան­ծա­նօթ» մըն է, թէ՛ իր էու­թեամբ, թէ՛ իր ա­րարք­նե­րով։ Տքթ. Ա­լեքս Գա­ռէլ, իր «Մար­դը՝ Սա Ան­ծա­նօ­թը» գիր­քին մէջ (1901) կ՚ու­սում­նա­սի­րէ մարդ էա­կը, բայց ան կը մնայ միշտ «ան­ծա­նօթ» մին­չեւ այ­սօր, որ­պէս ան­լու­ծե­լի «հարց» մը՝ իր մարմ­նա­կան, հո­գե­կան եւ մտա­յին էու­թեամբ։

Սա, ճշմար­տու­թիւն մըն է՝ թէ մարդ էա­կը բա­նա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած է եւ այդ բա­նա­կա­նու­թեան շնոր­հիւ կը վա­յե­լէ «ա­զատ կամք»ի յատ­կու­թիւ­նը։ Եւ այս «ա­զատ կամք»ը՝ ա­զա­տու­թի՛ւնն է, որ մարդս կ՚ը­նէ «բա­րո­յա­կան ա՛նձ»։ Ուս­տի մարդս «ան­հատ» ըլ­լա­լէ կ՚անց­նի «անձ» ըլ­լա­լու վի­ճա­կին իր բա­նա­կա­նու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան շնոր­հիւ։ Եւ մար­դը երբ կը գոր­ծէ ինք­նա­կամ կեր­պով, ան, ա՛յս­պէս ըլ­լա­լու հա­մար, հա՛յրն է եւ պա­տաս­խա­նա­տուն իր ա­րարք­նե­րուն։

Մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րը՝ ո­րոնք «ա­զա­տօ­րէն ընտ­րուած» են յետ խղճի բծախն­դիր քննու­թեան, ո­րա­կա­ւո­րե­լի են եւ հա­մե­մա­տե­լի ըստ բա­րո­յա­կա­նի։

Մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րը «բա­րի» են կամ «չա՛ր»։­

Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը կա­խում ու­նի ըստ հե­տե­ւեալ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն կամ ազ­դակ­նե­րուն։

ա) Ընտ­րուած ա­ռար­կա­յէն կամ մի­ջո­ցէն,

բ) Հե­տապն­դուած նպա­տա­կէն կամ դի­տա­ւո­րու­թե­նէն,

գ) Գոր­ծե­լու պա­րա­գա­նե­րէն։

Մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն բա­րո­յա­կա­նու­թեան ա­ռար­կան, դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը եւ պա­րա­գա­նե­րը կը հան­դի­սա­նան ա­նոր «աղ­բիւր»նե­րը կամ բա­ղադ­րիչ տար­րե­րը։

Ընտ­րուած ա­ռար­կան «լա­ւու­թիւն» մըն է՝ ո­րուն ա­զա­տօ­րէն կը ձգտի կամ­քը։ Ուս­տի, ան «ա­տա՛ղձ»ն է մարդ­կա­յին ա­րար­քի մը։ Ընտ­րուած ա­ռար­կան բա­րո­յա­պէս կը բնո­րո­շէ «կա­մե­նա­լու ա­րարք»ը՝ որ­քա­նով որ ի­մա­ցա­կա­նու­թիւ­նը ճշմա­րիտ բա­րիին հետ զայն հա­մա­պա­տաս­խան կը ճանչ­նայ եւ կը դա­տէ։

Բա­րո­յա­կա­նու­թեան ա­ռար­կա­յա­կան կա­նոն­նե­րը կը բա­ցա­յայ­տեն ի­մա­ցա­կան կար­գը «բա­րի»ին եւ «չար»ին՝ խղճմտան­քին վկա­յու­թեամբ։

Ա­ռար­կա­յին դի­մաց՝ դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը կը կանգ­նի, գոր­ծող են­թա­կա­յին կող­քին։

Դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը, քա­նի որ կա­պուած է սեր­տօ­րէն գոր­ծին կա­մա­ւոր աղ­բիւ­րին եւ կը յատ­կան­շէ զայն իր վախ­ճա­նով, էա­կան տա՛րրն է գոր­ծին բա­րո­յա­կան ո­րա­կա­ւո­րու­մին։ Վախ­ճա­նը՝ ա­ռա­ջին նպա­տա­կա­կէտն է դի­տա­ւո­րու­թեան եւ ցոյց կու տայ գոր­ծին հե­տապն­դած նպա­տա­կը։

Դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը, այս ի­մաս­տով, շար­ժում մըն է կամ­քին դէ­պի վախ­ճա­նը. ան կը հա­յի գոր­ծե­լու վախ­ճա­նին։ Ան հա­յե­ցա­կէ՛տն է նա­խա­ձեռ­նուած գոր­ծէն սպա­սուած բա­րի­քին կամ օգ­տին։ Ան չի՛ սահ­մա­նա­-փա­կուիր մար­դոց ան­հատ գոր­ծե­րուն ուղ­ղու­թեամբ, այլ ան կա­րող է բազ­մա­զան գոր­ծեր դա­սա­ւո­րել դէ­պի միեւ­նոյն նպա­տա­կը. ան կա­րո՛ղ է ուղ­ղել ամ­բողջ կեան­քը՝ ըն­թացք տալ ա­նոր դէ­պի վերջ­նա­գոյն վախ­ճա­նը։ Զոր օ­րի­նակ, մա­տու­ցուած ծա­ռա­յու­թիւն մը իբ­րեւ «վախ­ճան» ու­նի օգ­նել մեր­ձա­ւո­րին, իր նմա­նին, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ան կա­րող է ներշն­չուիլ Աս­տու­ծոյ սէ­րէն իբր վերջ­նա­գոյն նպա­տակ մարդ­կա­յին բո­լոր գոր­ծե­րուն։

Նոյն ա­րար­քը կրնայ ներշն­չուիլ բազ­մա­թիւ դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէ, ինչ­պէս որ ծա­ռա­յու­թիւն մը կա­րե­լի է մա­տու­ցա­նել՝ շնորհք մը ըն­դու­նե­լու հա­մար եւ կամ ան­կէ սնա­պար­ծու­թիւն քա­ղե­լու հա­մար։

Բա­րի դի­տա­ւո­րու­թիւն մը, զոր օ­րի­նակ, օգ­նե­լը մեր­ձա­ւո­րին կամ բա­րե­կա­մին, ո՛չ բա­րի ո՛չ ալ գէշ կը դարձ­նէ վե­րա­բեր­մունք մը, որ յին­քեան ան­բա­րե­կարգ է՝ ինչ­պէս սու­տը  եւ չա­րա­խօ­սու­թիւ­նը։

Ուս­տի, վախ­ճա­նը չ՚ար­դա­րաց­ներ մի­ջոց­նե­րը։

Այս­պէս, ու­րեմն՝ ար­դա­րա­նա­լի չէ՛ դա­տա­պար­տու­թիւ­նը ան­մե­ղի մը իբ­րեւ օ­րի­նա­ւոր մի­ջոց փրկե­լու ժո­ղո­վուր­դը։ Ընդ­հա­կա­ռա­կը, ա­ւել­ցուած յո­ռի դի­տա­ւո­րու­թիւն մը, զոր օ­րի­նակ, սնա­պար­ծու­թիւ­նը, յո­ռի՝ գէշ կը դարձ­նէ ա­րարք մը՝ որ ինք­նին կրնայ բա­րի ըլ­լալ, ինչ­պէս՝ ո­ղոր­մու­թիւ­նը։

Պա­րա­գա­նե­րը, նե­րա­ռեալ ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րը, երկ­րոր­դա­կան տար­րեր են բա­րո­յա­կան ո­րե­ւէ ա­րար­քի մը։

Ա­նոնք կը սա­տա­րեն սաստ­կաց­նե­լու կամ նուա­զեց­նե­լու բա­րո­յա­կան լա­ւու­թիւ­նը կամ գէ­շու­թիւ­նը մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն, զոր օ­րի­նակ, գո­ղու­թեան մը քա­նա­կու­թիւ­նը։ Ա­նոնք կրնան նաեւ թե­թեւց­նել կամ ա­ճեց­նել գոր­ծո­ղին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը՝ ինչ­պէս, մա­հուան վա­խո՛վ շար­ժի­լը։ Ըստ ին­քեան պա­րա­գա­նե­րը չեն կրնար փո­փո­խել ա­րարք­նե­րուն բա­րո­յա­կան ո­րա­կը. չեն կրնար ո՛չ բա­րի, ո՛չ ալ ար­դար դարձ­նել գործ մը՝ որ ինք­նին գէշ է եւ վնա­սա­կար։

Բա­րո­յա­պէս բա­րի ա­րար­քը կ՚են­թադ­րէ միան­գա­մայն լա­ւու­թիւ­նը ա­ռար­կա­յին նպա­տա­կին եւ պա­րա­գա­նե­րուն։ Գէշ նպա­տակ մը կ՚ա­պա­կա­նէ ա­րար­քը, նոյ­նիսկ  ե­թէ ա­նոր ա­ռար­կան ինք­նին բա­րի է, ինչ­պէս՝ ա­ղօ­թե­լը եւ ծոմ պա­հե­լը՝ ո­րոնք կը կա­տա­րուին տես­նուե­լու հա­մար մար­դոց­մէ։ Ուս­տի ա­րար­քին ան­կեղծ մտադ­րու­թեամբ կա­տա­րուի­լը կա­րե­ւոր է։

Ո­րե­ւէ ընտ­րու­թեան ա­ռար­կան կրնայ ինք­նին ա­պա­կա­նել գոր­ծին ամ­բող­ջու­թիւ­նը։

Ուս­տի, տուեալ վա­րուե­լա­կեր­պեր կան, օ­րի­նա­կի հա­մար «շնալ»ը, ո­րոնց հե­տե­ւի­լը սխա՛լ է, քա­նի որ զա­նոնք ընտ­րե­լը կամ­քի տկա­րու­թիւն է, բա­րո­յա­կան գէ­շու­թիւն է եւ հո­գե­կան ան­կո՛ւմ։

Ար­դա­րեւ «կամ­քի տկա­րու­թիւն» է նաեւ ա­մէն տե­սակ գէշ սո­վո­րու­թիւն՝ ո­րոնց գէ­շու­թիւ­նը եւ վնա­սը գիտ­նա­լով իսկ, մարդ չի կրնար ա­զա­տիլ։

Եւ ու­րեմն, սխա՛լ է մարդ­կա­յին ա­րարք­նե­րուն բա­րո­յա­կա­նու­թիւ­նը դա­տել՝ նկա­տի առ­նե­լով միայ՛ն զի­րենք ներշն­չող դի­տա­ւո­րու­թիւ­նը կամ պա­րա­գա­նե­րը՝ մի­ջա­վայ­րը, ըն­կե­րա­յին ճնշու­մը, ստի­պու­մը կամ ան­մի­ջա­կան հար­կադ­րան­քը զա­նոնք գոր­ծե­լու, ո­րոնք ա­նոր ընդ­հա­նուր շրջա­նա­կը կը կազ­մեն։

Կան ա­րարք­ներ՝ ո­րոնք ի­րենք ի­րենց­մէ եւ յին­քեանս, ան­կա­խա­բար պա­րա­գա­նե­րէն եւ դի­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, ծան­րօ­րէն ար­գի­լուած են ի­րենց ա­ռար­կա­յին պատ­ճա­ռով. այս­պէս հայ­հո­յու­թիւ­նը եւ սուտ եր­դու­մը, մար­դաս­պա­նու­թիւ­նը եւ պոռն­կու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս։

Ար­տօ­նուած չէ՛ չա­րիք մը ը­նել՝ ան­կէ բա­րիք յա­ռաջ բե­րե­լու հա­մար։

Եւ բո­լոր ա­սոնք ցոյց կու տան, թէ՝ մար­դը եւ մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը ի­րա­պէ՛ս «ան­ծա­նօթ» մըն է եւ ա՛յդ­պէս կը մնայ...։­

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 17, 2016, Գնա­լը կղզի

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016