ՄՈՒԹ ՓԱՊՈՒՂԻԷՆ ԴԷՊԻ ԼՈՅՍ

Կեանքը, սիրելի՜ բարեկամներ, կը նմանի ճամբու մը՝ որ երբեմն մութ փապուղիներէն անցնելու կը հարկադրուի ճամբորդը։

Արդարեւ, այն որ կ՚ապրի կեանք մը, ստիպուած է հանդուրժել անոր մութ ճամբաներուն, որքան սիրով կը վայելէ լոյսը նոյն ճամբուն վրայ։ Եւ ահաւասիկ մեր ապրած կեանքը ա՛յս է՝ երբեմն մութ, երբեմն լուսաւոր եւ մի՛շտ դէպի յառաջ։ Ընդհանրապէս, կեանքի ճամբորդը երբ կը յառաջանայ, որքան ալ հեռատես ըլլայ, ճամբան միշտ լեցուն է անակնկալներով, քանի որ գալիքը միշտ ալ անորոշ է եւ պղտո՛ր։ Ապագան այդ ճամբուն անորոշ է, եւ որքան ալ մարդ ծրագրէ, անպայման կը յայտնուին անակնկալներ, քանի որ մարդ ըստ էութեան թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի։

Մարդիկ ընդհանրապէս կը ծրագրեն իրենց ապագան, ուղղութիւն կու տան անոր, ոմանք կ՚իրագործեն իրենց ծրագիրը եւ ոմանք՝ ո՛չ։ Բնական է ասիկա, քանի որ մարդ որքան ալ հեռատես եւ լուսամիտ ըլլայ, անպայման պիտի գտնուի պակաս մը, անկատարութիւն մը՝ որ պիտի ազդէ «ծրագրուած»ին վրայ եւ «ծրագիր»ը կա՛մ բոլորովին պիտի չիրագործուի, կա՛մ թերի կողմեր պիտի ունենայ, անկատար պիտի մնայ։

Երկար ճամբայ ճամբորդողներ լա՛ւ գիտեն. ճամբու ընթացքին յաճախ փապուղիներէ՝ մութ անցքերէ անցնելու կը ստիպուին։ Բայց գրեթէ ամէն մութ փապուղին ի վերջոյ կը բացուի լոյսի, եւ լուսաւոր ճամբով կ՚աւարտէ իր ընթացքը։ Եւ ամէն մութի եւ խաւարի կը յաջորդէ լո՛յսը։ Արդէն չկա՛յ որեւէ խաւար, որ բոլորովին մութ ըլլայ, քանի որ ամէն խաւարի մէջ կը գտնուի լոյսի նշոյլ մը, լոյսի յոյսի ճառագայթ մը՝ որքան ալ աննշան ըլլայ անիկա։

Մարդուս համար կարեւոր է նշմարել խաւարի մէջ լոյսի շողը՝ ցոլքը եւ յոյսի նշո՛յլը։ Եւ անոնք որ չեն կորսնցներ իրենց լոյսի յոյսը, անոնք են որ յաղթական կը հասնին ճամբու լուսաւոր աւարտին։

Սակայն սիրելի՜ բարեկամներ, այդ «մութ փապուղի»ն կը յայտնուի մանաւանդ կեանքի վերջաւորութեան՝ որ կը կոչուի «մա՛հ»։ Մահը սիրելիներ, կեանքի վերջը չէ՛, բայց միայն կարճ միջոց մը՝ մութ փապուղի մը, որուն վերջաւորութիւնը անպայմա՛ն լոյս է։ Եւ անոնք որ մահը անվերջ եւ անել մութ փապուղի մըն է կը կարծեն, այլապէս իրենց կեանքն ալ կ՚ապրին աննպատակ եւ անիմաստ։ Բանականութիւնը, արդարեւ, բոլորովին կը մերժէ՛ մտքին եւ հոգիին որոշ ժամանակով մը սահմանափակուած ըլլալու մտածումը. արտադրող, հնարող եւ ստեղծող միտքը եւ հոգին կարելի՞ է որ փճանայ, ոչնչանայ։

Մարդիկ որ ստեղծող են իրենց Ստեղծիչին նմանութեամբ եւ տիպարով, կարելի՞ է խորհիլ, թէ սահմանափակուած ըլլայ իրենց ստեղծագործելու կարողութիւնը։ Քանի որ մարդ ստեղծուած է իր Արարիչին նմանութեամբ եւ Անոր պատկերով, ապա ուրեմն քանի որ Ան անմահ է եւ յաւիտենական, ապա ուրեմն Անոր «նմա՛ն»ն ալ, մա՛րդն ալ անմահ է եւ յաւիտենակա՛ն։ Եւ արդէն, Արարիչը ինչո՞ւ ստեղծէ բան մը, որ ի վերջոյ կորստեան պիտի մատնուի։ Ո՞վ կ՚ուզէ որ իր կերտածը, իր աշխատանքի արդիւնքը «վերջ» մը ունենայ։ Եւ մանաւանդ որ երբ ան շինէ իր պատկերով եւ իր նմանութեամբ։ Մարդ միայն մարմին չէ, միայն նիւթ չէ, ան մարմին է ե՛ւ հոգի, ուրեմն, ըստ բնութեան օրէնքի, երբ «մարմին»ը ժամանակի ընթացքին կը մաշի, կը տկարանայ եւ կը փճանայ, հոգին, որ չի մաշիր, չի տկարանար, չի փճանար, կը շարունակէ իր ընթացքը՝ որպէս նոյն այն անձը՝ որ պատուած էր մարմինով։

Արդարեւ, պատեան փոխելով կը փոխուի՞ անոր բովանդակութիւնը՝ կեղեւը եթէ որեւէ կերպով վնասուի, կորիզը կը կորսնցնէ՞ իր էութիւնը, իր հանգամանքը։ Ապա ուրեմն, եթէ մարդ իր ամբողջութեանը մէջ մարմին ե՛ւ հոգի է, եւ երբ մարմինը փճանայ կամ ոչնչանայ, հոգին, որ ըստ էութեան անմահ է, կարելի՞ է որ ան ալ փճանայ կամ ոչնչանայ։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, մահը՝ մութ փապուղին երբ կը կորսնցնէ, իր մէջ կ՚ոչնչացնէ «մարմին»ը եւ կ՚արգիլէ անոր լոյսը, այդ չի՛ նշանակեր որ «հոգին» պիտի չկարենայ հասնիլ այդ մութ փապուղիին վերջաւորութեան զինք սպասող լոյսին։ Արդարեւ, այն որ ունի լոյսի յոյսը իր մէջ, անպայմա՛ն կը հասնի լոյսին՝ հոգ չէ թէ ան ըլլայ առանց մարմինի։

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ հոգին մարմինէն կախում չունի, բայց մարմինը կախում ունի հոգիէն։ Արդարեւ, «մարդ», այսինքն բանաւոր էակ՝ անձ ըլլալու համար պէտք է հոգին բովանդակուի մարմինի մէջ, եւ մարմին ե՛ւ հոգի կազմեն ամբողջական «անձ»ը, բայց այս չի նշանակեր, կամ մեզ այն եզրակացութեան չի՛ տանիր, թէ հոգին առանձին կարող չէ շարունակել իր գոյութիւնը։ Ուստի մարմինը միայն «տեսանելի» եւ «շօշափելի» կ՚ընէ հոգիին ներկայացուցած անձը, բայց մարմնին կորստեան մատնուելով անձը թէեւ «անտեսանելի» եւ «անշօշափելի» կը դառնայ, բայց չի կորսնցներ իր հանգամանքը։ Եւ ահաւասիկ, մարմինո՜վ յարութիւն առնելու հաւատքն ու խորհուրդն ալ այս իրողութեան վրայ է հաստատուած։ Մարմինը եւ հոգին կը բաժնուին, եւ յետոյ երբ ժամանակը հասնի, դարձեալ կը միանա՛ն։ Մինչ «մարմին»ը կը հանգչի իր հանգստարանը՝ որ կը կոչուի «գերեզման» եւ հոն կը սպասէ վերստին միանալու ժամանակին հոգիին հետ, եւ այս երկրորդ միացումն է՝ յարութիւնը մարդուն։

Ուրեմն, մահը ոչնչացում մը չէ՛, այլ որոշ ժամանակաշրջանի մը լրումը եւ միջոցի փոփոխութիւն մը միայն։ Եւ ինչպէս որ ծնունդէ առաջ կենդանի, ապրուած շրջան մը, միջոց մը կայ, նոյնպէս ալ մահէն ետք կա՛յ միջոց մը, շրջան մը։ Արդարեւ, քրիստոնէութիւնը Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեամբ կը պարզաբանէ մահուան մութ փապուղիէն ետք երեւցող լոյս կեանքը։

Մահը խաւար եւ մութ անցք մըն է, պահ մը միայն, ժամանակաւոր փապուղի մը՝ որ կը հասնի ճշմարիտ Լոյսին՝ Աստուծո՛յ։ Եւ դարերէ՜, շրջաններէ ի վեր այդ մութ ու խաւար կարճ ու ժամանակաւոր փապուղիէն անցան մարդիկ, ո՞ւր հասան, տեսա՞ն լոյսը, ահաւասի՛կ այս հարցումներուն պատասխանը կու տայ Յիսուս իր իսկ օրինակով, Յարութեամբ, փառաւորուեցաւ՝ ցոյց տալով թէ այդ մութ փապուղին ի վերջոյ կը բացուի Լոյսին՝ փառքին եւ երանութեան, որ է՝ միացումը նոյն մարմնին նոյն հոգիին հետ եւ փառաւորուելով աստուածային լոյսին մէջ՝ ճաշակելու եւ վայելելու համար անմահութիւնը՝ յաւիտենական կեա՛նքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 29, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2017