ԲԱՐԵՐԱՐԸ
Հարստանալը բախտի հետ կապ ունի թէ ոչ... չե՛մ գիտեր, սակայն գիտեմ, որ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին այնպիսի հարուստներ, որոնք իրենց ողջ ունեցուածքը չեն խնայեր պայծառացնելու եւ բարգաւաճելու համար հայ մշակոյթը, արուեստը, կրթութեան ոլորտն ու երկիրի ընդհանուր զարգացումը: Թէեւ թիւով քիչ՝ սակայն գոյութիւն են անոնք:
Պատմութեան մէջ յաճախ հպարտութեամբ կը յիշենք Կիւլպէնկեանը, Մանթաշեանը, Պօղոս Նուպար փաշան եւ նման ուրիշներ, որոնք անուրանալի մեծ ծառայութիւններ մատուցած են հայ ազգին՝ եւ անոնցմէ շատեր, հակառակ իրենց աւելի քան տասնամեակներ առաջ մահացած ըլլալուն, կը շարունակեն իրենց ստանձնած սրբազան առաքելութիւնը կեանքի կոչել:
Մանթաշեան, Կիւլպէնկեան եւ ուրիշներ պիտի շարունակուին պատմութեան մէջ յիշուիլ, սակայն կան ուրիշներ, որոնք այսօր կենդանի են, մեր մէջն են, սակայն կը գործեն լռութեամբ եւ ցաւ ի սիրտ, անոնց կատարածին մասին ընդհանրապէս քիչ բան կը լսուի: Մեր ազգային բարերարները կը բաժնուին երկուքի. անոնք որոնք թմբուկներով ու ծնծղաներով կ՚երթան «բարեգործութիւն» մը կատարելու (որ իր մէջ նպատակ կը հետապնդէ եսի շոյանքը), իսկ ուրիշներ կ՚երթան «ձախ ձեռքդ չգիտնայ աջը ինչ կ՚ընէ»ի տրամաբանութեամբ, հաւատալով որ կատարուածի գնահատանքը ո՛չ թէ մարդոց բերնին, այլ ազգի զարգացման մէջ կը կայանայ:
Այդ լուռ գործող նուիրեալներէն մէկն է ազգային բարերար տիար Գաբրիէլ Չէմպէրճեան, որ մինչեւ օրս առանց մունետիկի կը կատարէ իր բարեգործութիւնները. շնորհիւ նուիրեալ այս մարդուն, անցնող վերջին տասնամեակներուն Հայաստանի գրեթէ ամէ՛ն մարզի մէջ կառուցուեցան խաղահրապարակներ, թիւով աւելի քան 145, կառուցուեցան եւ վերանորոգուեցան աւելի բազմաթիւ դպրոցներ, եկեղեցիներ, կազմակերպութիւններ ու մշակութային կեդրոններ: Սուրիոյ մէջ կառուցած է հիւանդանոց՝ առ ի երախտագիտութիւն Սուրիոյ կառավարութեան ցեղասպանութեան տարիներուն հայերը ընդունելու համար:
Չէմպէրճեան հո՛ն է՝ ուր որ հայ կայ՝ աշխարհի ո՛ր կողմն ալ որ գտնուի. անոր անունը կրնաք լսել Լիբանանէն, Դամասկոսէն, Հալէպէն, Երեւանէն, Արցախէն եւ ամէ՛ն տեղէ՝ գիտակից «ազգային» բարերար կոչումին:
Պրն. Չէմպէրճեանը առաջին անգամ տեսած եմ Անթիլիասի մէջ. համեստ ու ընկերային անձնաւորութիւն մը, որ իր հարստութեան գծով ո՛չ մէկ հպարտութիւն կամ գոռոզութիւն թոյլ կու տայ: Այլ մեծահարուստներ վարորդներու եւ դիկնապահներու ընկերակցութեամբ կու գային Անթիլիաս, մինչ պրն. Գաբրիէլ կը նախընտրէր ինք վարել իր մեքենան՝ առանց դիկնապահներու, որովհետեւ ժողովուրդէն պաշտպանուելու կարիքը չունէր, գիտակցելով՝ որ ինք եւս մէկ անբաժան անդամն է այդ ժողովուրդին:
Կ՚ուզենք խօսիլ մերօրեայ բարերարներուն մասին, որովհետեւ կը հաւատանք, որ ազգային բարերար ըլլալը ապերախտ գործ մըն է, որովհետեւ մեր ազգը շնորհակալ ըլլալու փոխարէն մի՛շտ աւելին պահանջելու եւ ուզելու ախտէն կը տառապի:
Հակառակ իր բարեգործութիւններուն, Չէմպէրճեան եւս ենթակայ եղած է հալածանքներու, որոնց իբր պատասխան իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ըսած է. «Եթէ կը կարծեն այսպէս ընելով զիս պիտի կանգնեցնեն բարեգործութիւն կատարելէ՝ կը սխալին»:
Մենք տարօրինակ ազգ ենք, կը հալածենք տուողը եւ միաժամանակ կ՚այպանենք չտուողը. այլ խօսքով տուող ու չտուող իրար հետ կը քարկոծենք, որովհետեւ ուրիշի բարեգործութիւնը ազգին օգուտ նկատելու փոխարէն անձնական մրցակցութեան կը վերածենք եւ այդ է պատճառը, որ մեր ազգը կ՚ատէ իր բարեգործները:
Տակաւին մեր մէջ գոյութիւն ունի այնպիսի խումբ մը, որ կը հաւատայ, թէ մեր հարուստ հայերը տեղ մը «պարտաւոր» են այդ բոլորը կատարել ու կատարուած բարեգործութիւնները նախանձէ մղուած կը կոչեն միջոց՝ կառավարական տուրքերէն զերծ մնալու:
Մենք ազգովի պէտք է գնահատենք ո՛չ թէ բարեգործութիւն ընողները, այլ անոնք՝ որոնք հակառակ ամէն տեսակի բամբասանքներու եւ հալածանքներու իրենց կարելին ի գործ կը դնեն օգուտ մը ունենալու, մասամբ զարգացնելու համար Հայաստանն ու հայութիւնը:
Ազգային բարերարը այսօր գրեթէ լուռ կը մնայ իր կատարած գործունէութիւններուն մասին, սակայն կը հաւատանք, որ ապագային պատմութիւնը շա՜տ բան ունի պարզելիք կարենալ չափելու համար ազգային բարերարի օգուտները մեր հայրենիքին:
Պէտք է ազգովին գիտակցինք պրն. Գաբրիէլի եւ անոր նման այլ բարերարներու ճշմարիտ արժէքին մասին, որովհետեւ հասակ առնող նոր սերունդը իր հետ պիտի բերէ այնպիսի աշխարհ մը, որ հակառակ հսկայական հարստութիւններու գոյութեան՝ հայը հայուն պիտի չօգնէ. պարզ է, որ մեր ապագան աղքատ է բարերարներով, որովհետեւ ամէն մարդ ի՛ր շահերը պիտի գերադաս նկատէ՝ քան հայրենիքինը:
Բարերար ըլլալու համար մարդու նիւթական վիճակէն աւելի պէտք է հոգի՛ն հարուստ եւ աչքը կուշտ ըլլայ, որովհետեւ շատե՜ր պիտի նախընտրեն դպրոց հիմնելու փոխարէն այդ գումարը հաճոյքի համար մսխել եւ կամ դնել մէկ կողմ՝ իրենց հարստութեան վրայ նոր հարստութիւններ դիզելու միտումով:
Բի՜ւր յարգանք բոլոր անոնց՝ որոնց շնորհիւ բազմաթիւ հայորդիներ կը դաստիարակուին՝ դառնալու ապագայի բարերարները, որովհետեւ իսկական հարստութիւնը ո՛չ թէ դիզելուն, այլ տալուն մէջ կը կայանայ:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -37-
Տօնական օրերուն՝ Զատիկ կամ Ծննունդ Անթիլիաս պատարագի կու գան շարք մը ազգային բարերարներ՝ որոնց տեղը նախօրօք առաջին շարքերը ապահովուած կ՚ըլլայ:
Աշակերտութեան այդ տարիներուն նկատեցինք, որ գոյութիւն ունի երկու տեսակ բարերար՝ մին հարուստ, իսկ միւսը աւելի՛ հարուստ:
Զատիկի օր մը նուազ հարուստ բարերար մը կանուխ ժամանեց եկեղեցի եւ իրենց համար ապահովուած աթոռներուն ամենէն սկիզբը նստաւ: Պահ մը ետք ներս մտաւ առաջինէն աւելի հարուստ բարերար մը, որ այդքան ալ ուրախ չեղաւ առաջին բարերարը տեսնելով:
Պահ մը աթոռներէն մէկը գրաւելէ ետք անցաւ աւանդատուն եւ յայտնեց, թէ ինք պէտք է մեկնի. որպէս պատճառ նշեց, որ նուազ հարուստը իր նստած աթոռէն աւելի առաջ նստած է եկեղեցւոյ մէջ՝ ինչ որ «անկրթութիւն» եւ «անճաշակութիւն» է:
Իր ունեցած հարստութեան հանդէպ վիրաւորանք նկատելով այդ մէկը չմասնակցեցաւ նոյնիսկ Սուրբ Պատարագին, որովհետեւ աթոռի սկզբնաւորութիւնը աւելի կարեւոր է՝ քան օրուան խորհուրդը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ