ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԻՂՁԸ

Մարդը, իր բացումով դէպի ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ լաւը, իր զգացումներով բարոյական բարիին, իր ազատութեամբ եւ իր խղճմտանքին ձայնով, անհունին եւ երջանկութեան իր տենչանքով, ինքզինք կը հարցաքննէ Աստուծոյ գոյութեան մասին։ Այս բոլորին ընդմէջէն ան կը նշմարէ նշանները իր աննիւթական հոգիին։ Իր հոգին, սերմ յաւիտենականութեան, զոր կը կրէ իր մէջ եւ որ անվերածնելի է լոկ նիւթին, իր ծագումը չի կրնար գտնել եթէ ոչ միա՛յն Աստուծոյ մէջ։

Աշխարհը եւ մարդը կը վկայեն, թէ իրենք իրենց մէջ ո՛չ իրենց սկիզբը եւ ո՛չ ալ իրենց վերջնական վախճանը ունին, այլ մաս կը կազմեն Արարչին Էութեան՝ որ անսկիզբ է եւ անվախճան։ Այսպէս՝ այս այլազան ուղիներով մարդը կարող է մօտենալ իրականութեան մը ճանաչումին՝ ճշմարտութեան մը գոյութեան, որ «առաջին եւ միակ պատճառ»ն է եւ վերջնագոյն վախճանը ամէն բանի «եւ զոր ամէնքը կը կոչեն Աստուած»։ (Սուրբ Թովմաս Աքուինացի)։ Ուստի, մարդուն կարողութիւնները զինք ատակ կը դարձնեն անձնաւոր Աստուծոյ մը գոյութիւնը ճանչնալու։

Բայց որպէսզի մարդը կարենայ մտնել իր մտերմութեան մէջ, Աստուած ուզեց ինքզինք յայտնել մարդուն եւ տալ անոր շնորհքը, որ կարենայ ընդունիլ այս յայտնութիւնը հաւատքի միջոցով։ Փաստերը Աստուծոյ գոյութեան կրնան մարդը գէթ հաւատալու տրամադրել եւ օգնել, որ տեսնէ, թէ հաւատքը չի հակադրուիր մարդկային բանականութեան։ Իրականին ճշմարիտ եւ հաստատ հաւատքը պէտք ալ չունի փաստի, քանի որ կեանքը՝ արդէն մարդը կ՚առաջնորդէ հաւատալու։ Եւ ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, մարդ հաւատալով հետզհետէ կը հասկնայ եւ հասկնալով կը հաւատայ։

Արդարեւ, մարդ երբ հաւատայ՝ կը հասկնայ եւ հասկնալով ինքզինք երջանիկ կը զգայ։ Մարդը՝ որպէս բանականութեամբ օժտուած էակ, միշտ հետաքրքիր է իր շրջապատով. կ՚ուզէ հասկնալ, կը փափաքի սորվիլ ամէն ինչ եւ երբ հասկնայ եւ սորվի, այդ ուրախութիւն կը պատճառէ իրեն՝ երջանիկ կ՚ըլլայ…։ Եւ դարձեալ, մարդուն ամենէն յայտնի փափաքն է ծանօթանալ իր Արարչին հետ, հասկնալ եւ հաւատալ Անոր։ Արդարեւ, ամէն անծանօթ բան անհանգիստ կ՚ընէ մարդը, ինչպէս ըսինք, կ՚ուզէ որ անծանօթը ճանչնայ՝ մօտենայ անոր, մտերմանայ անոր հետ։ Եւ մարդուն համար ամենակարեւոր «անծանօթ»ն է Աստուած՝ Արարիչը եւ Նախախնամը մարդուն եւ ամէն ինչի։ Ուրեմն կը հետեւի թէ՝ մարդ երբ ծանօթանայ եւ մտերմանայ Աստուծոյ հետ՝ հաւատքի միջոցով, այդ պիտի ըլլայ անոր ամենամեծ երջանկութի՛ւնը։ Այս իմաստով մարդուն երջանկութիւնը կապուած է հաւատքի։

Շատեր երջանկութիւն կը փնտռեն, բայց կ՚անտեսեն հոգեւոր կեանքը. անոնք միշտ դժգոհ են եւ անյագ իրենց կեանքի նկատմամբ, քանի որ անոնց կը պակսի հաւա՛տքը։

Մարդ անգամ մը որ հասկնայ հաւատքին կարեւորութիւնը՝ արժէքը եւ անհրաժեշտութիւնը իր իսկ երջանկութեան համար, վստահաբար կը հաւատայ։ Երջանկութիւն եւ հաւատք անբաժան են. «հաւատալով հասկնալ եւ հասկնալով հաւատալ», ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս, եւ հաւատալով, հասկնալով երջանիկ ըլլալ. ահաւասիկ ա՛յս է մարդուն ամենամեծ հարցը։

Արդարեւ, մարդ եթէ գիտնայ հաւատալ, պիտի իրականանայ իր փափաքը եւ երջանիկ ըլլալու հարց մը պիտի չունենայ, որովհետեւ մարդը երջանիկ ընողը՝ իր փափաքներուն իրականացումն է եւ կատարելութիւնը…։

Աստուծոյ հետ մարդուն բարեկամութենէն եւ մտերմութենէն կը բխի երանութիւնը իրենց գոյութեան՝ երկնային կեանքին մէջ։ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագինացի կ՚ըսէ. «Ասիկա պիտի ըլլայ քու փառքդ եւ քու երանութիւնդ, երբ ընդունիս Աստուծոյ գոյութիւնը եւ երբ ընդունուիս Աստուած տեսնողներուն մէջ, ունենաս պատիւը մասնակցելու փրկութեան ուրախութիւններուն եւ յաւիտենական Լոյսին՝ քու Տէր Աստուծոյ Քրիստոսի ընկերութեան մէջ. երբ ձեռք ձգուած անմահութեան ուրախութիւնները վայելես երկինքի Արքայութեան մէջ, արդարներուն եւ Աստուծոյ բարեկամներուն ընկերութեան մէջ…»։

Երկինքի փառքին մէջ, երանելիները կը շարունակեն ուրախութեամբ կատարել Աստուծոյ կամքը՝ միւս մարդոց եւ ամբողջ արարչութեան նկատմամբ։ Անոնք այլեւս կը թագաւորեն Քրիստոսի հետ. Անոր հետ «անոնք պիտի թագաւորեն յաւիտեանս յաւիտենից». (ՅԱՅՏ. ԻԲ 5) եւ (ՄԱՏԹ. ԻԵ 21-23)։

Յոյսին առաքինութիւնը կ՚ընդառաջէ երանութեան տենչանքին, զոր Աստուած դրած է ամէն մարդու սրտին մէջ։ Ան կը ստանձնէ յոյսերը, որոնք կը ներշնչեն մարդոց գործունէութիւնները, կը մաքրէ զանոնք եւ կը հունաւորէ դէպի երանութիւն՝ երկինքի Արքայութիւնը։ Ան կը պաշտպանէ մարդը վհատութենէն, ան որ անոր թիկունք կը կանգնի լքումի վայրկեաններուն մէջ, կ՚ընդարձակէ սիրտը դէպի սպասումը յաւիտենական երանութեան՝ երկնային երջանկութեան։ Յոյսին տուած թափը մարդս զերծ կը պահէ «եսասիրութենէն» եւ կ՚առաջնորդէ «սիրոյ երանութեան»։ Խոստացուած երջանկութիւնը մեզ կը դնէ բարոյական վճռական ընտրանքներու դիմաց։ Կը հրաւիրէ մեզ մաքրազտելու մեր սիրտը իր յոռի բնազդներէն եւ ամէն բանէ վեր՝ փնտռելու Աստուծոյ սէրը։ Ան կ՚ուսուցանէ մեզի, թէ ճշմարիտ երջանկութիւնը չի՛ կայանար հարստութեան կամ բարեկեցութեան մէջ, ո՛չ ալ մարդկային որեւէ գործի մէջ, ո՛չ մարդկային փառքին կամ հզօրութեան մէջ, ո՛չ մարդկային արարքներու մէջ՝ որքան ալ օգտակար ըլլան անոնք, ինչպէս են գիտութիւնները, արուեստագիտութիւնները, եւ արուեստները, ո՛չ տիտղոսներ եւ ոչ իսկ դիրքեր, աստիճաններ, ո՛չ ալ ո՛չ մէկ արարածի մէջ, այլ միա՛յն Աստուծոյ մէջ՝ աղբիւր ամէն բարիքի եւ ամէն սիրոյ։

Ընկերութեան-հասարակութեան մէջ մարդ երջանիկ չ՚ըլլար, երբ ընկերութեան միւս անդամները երջանիկ չեն եւ այս առումով երջանկութիւնը հասարակական արժէք մըն է…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Օգոստոս 27, 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2022