ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (ԺԹ.)

Հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն Լեւոն Շանթ իր «Մեր անկախութիւնը» աշխատութեան մէջ կը գրէր. «Կովկասի մէջ մինչեւ այսօր ժողովուրդին բերանը լիքն է թաթար բառերով, ոճերով, երգերով ու կատակներով, իբրեւ հետեւանք դարաւոր տիրապետութեան, կը ստանանք այն լեզուն, որ հիմա կը խօսուի եւ օր օրի խեղճանալու եւ խառնակուելու վրայ է». հայ ժողովուրդը տարիներ շարունակ այլ պետութիւններու տիրապետութեան տակ ըլլալով, ո՛չ միայն ֆիզիքապէս, այլ հոգեպէս եւս ունեցած են իրենց ազդեցութիւնը, որմէ անմասն չէ մնացած նաեւ լեզուն:

Սակայն վիճակը մեր հասկցածէն շատ աւելի տարբեր էր. կար գրաբար լեզու մը՝ եկեղեցւոյ մէջ գործածուող. կար արեւմտահայերէն մը՝ մամուլին մէջ գործածուող, կար խօսակցական հայերէն մը՝ զանազան շրջաններու մէջ տարբեր ձեւով գործածուող. իսկ այս երեքին դիմաց կար նաեւ խումբ մը հայութիւն՝ որոնց համար երեքն ալ անծանօթ էին: Շատ մը գրողներ փորձեցին այդ երեքը իրար խառնել՝ հաւատալով, որ անոնց խառնուիլը շատերու համար աւելի դիւրին կը դարձնէ լեզուն. անոնցմէ մէկն էր, օրինակ, Խաչատուր Աբովեան, որ իր գրականութեան մէջ սկսաւ գործածել ժողովուրդին կողմէ գործածուող ջիկեար, ազիզ, ախր, հալ եւ այլ բազմաթիւ բառեր՝ որոնցմով կարելի է առանձին բառարան մը ստեղծել:

Այս մէկը անշուշտ հակառակութիւն մը կը ստեղծէր գրողներու միջեւ. ոմանց համար պահպանողական ըլլալն էր ճիշդը, իսկ ուրիշներու համար ժողովուրդին հասանելի ըլլալը: Սակայն այս բոլորին մէջ օտարին ազդեցութիւնը շատ շատ է. այսօր փորձեցէք թերթատել հայոց լեզուի ստուգաբանական բառարանը եւ պիտի տեսնէք, թէ մեր լեզուի մէջ գործածուող բառերէն քանի՞ն արաբերէն եւ կամ պարսկերէն արմատներ ունի, որ շատեր կ՚ուզէին դուրս ձգել մեր հայերէնէն:

Գրականն ու ժողովրդականը խառնելու հակառակութիւնը ունէին շատ շատեր. օրինակ՝ Շաւարշ Միսաքեան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը յիշէ երկու տարբեր բանաստեղծութիւններ.

Առաջին բանաստեղծութիւնը՝ մաքուր հայերէն.-

«Սարի լանջն է մահճակալ,
Չեչոտ քարը՝ գլխակալ.
Մի հին կապերտ ուսերին, -
Այս է հովուի անկողին»:

Երկրորդ բանաստեղծութիւնը՝ ժողովրդական լեզուով գրուած.-

«Սարի փէշն է թաք եաթաղ,
Չեչոտ քարը բարձ, քալբաղ,
Մի խալիչա ուսերին,
Այս է չօբնի անկողին։»:

Աւելի քան դար մը առաջ ապրող ժողովուրդին համար երկրորդ ժողովրդական լեզուով գրուածը վստահաբար աւելի հասկնալի պիտի ըլլար՝ քան երկրորդը եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ ժողովրդական բոլոր երգերը գրուած են այդ թրքախառն հայերէնով: Նման թրքախառն բառեր նոյնիսկ կը տեսնենք Թումանեանի մօտ, գուցէ աւելի պարզեցնելու եւ կամ հարազատ դարձնելու համար գրութիւնը, որովհետեւ անոնց համար նպատակը մաքուր գրել չէր, այլ հասանելի գրել էր: Նոյնն է պարագան Չարենցին:

Յայտնի խօսք մը կ՚ըսէ, թէ «լեզուին տէրը ժողովուրդն է». այլ խօսքով պէտք է գրուի այնպէս՝ ինչպէս ժողովուրդը կը խօսի. օրինակ, վերցուցէք գրաբարը. այսօր գրաբարը դուրս է մեր ժողովուրդի խօսակցութենէն եւ շատերու համար անհասկնալի. այսօր գրաբար լեզուով գիրք հրատարակել կամ գրելը ոչ մէկ իմաստ պիտի ունենայ՝ եթէ ընթերցող պիտի չգտնուի. այդ իսկ պատճառով ամէն ժամանակաշրջան իր ժողովուրդին լեզուամտածողութիւնն է, որ նկատի կ՚ունենայ, աւելիով հասանելի դառնալու համար: Օրինակով մը աւելի յստակ դարնձելու համար յիշենք Երուխանի «Ամիրային աղջիկը» աշխատութեան մէջ յիշուած նախադասութիւն մը.- «նէֆէս չիկար, կռնակնիս առինք էզախանէ վազցուցինք. հոն հէքիմ մը նայեցաւ, ըսաւ քի մեռեր է». մէկ նախադասութեան մէջ աւելի քան երեք-չորս օտար բառեր:

ԾԴ.- ՀԷՄԷՆ

Այս բառը թէ՛ պոլսահայերու եւ թէ սփիւռքահայերու մօտ մինչեւ օրս կարելի է գտնել։

Շահան Շահնուր այս բառը կը գործածէ իր «Ամէնուն Թէոդիկը» խորագրեալ խօդուածին մէջ ըսելով. «Շատ ամօթով կը մնայ մարդ, չիւնքի ձեռքէս գար նէ, հէմէն պիտի փոխէի...»: Շահնուր «Յարալեզներու դաւաճանութիւն» աշխատութեան մէջ եւս կը գործածէ. «Հայ ըլլալդ քիթէդ-բերնէդ կը վազէ կոր, հէմէն ըսի քի մեր արիւնէն ես...»:

Լեւոն Բաշալեան այս բառը կը գործածէ իր աշխատութիւններէն «Սիւզէնիի վարպետ»ին մէջ. «Վո՜ւյ, խերըթ տեսնաս հէմէն, Մարիամ տուտու»:

Այս բառը կարելի է գտնել նաեւ Արփիար Արփարեանի «Ոսկի ապրջան» աշխատութեան մէջ. «հէմէն արուննե՜րը փսխես, զավալլը չօճուխին արո՞ւնը պիտի մտնաս»:

Յովհաննէս Գազանճեան «Եւդոկիոյ հայոց գաւառաբարբառը» աշխատութեան մէջ «Ծոյլ հարսը» խորագրեալ իր պատմութեան մէջ կը յիշէ այս բառը. «Օր մը կեսուրը օտան աւլելու ատենը՝ հէմէն աղապապան ոտքի կ՚ելլէ, աւելը կը խլէ, ես պիտ՚ աւլիմ ըսելով»:

Յովսէփ Մալէզեան այս բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել իսկոյն բառը:

ԾԵ.- ՀԷՔԻՄ

Այս բառին առաւելաբար տաղերու, բանաստեղծութիւններու եւ թատրերգութիւններու մէջ կը հանդիպինք:

Ուշ միջնադարեան բանաստեղծութեան մը մէջ Ղազար Սեբաստացի կը գրէ. «Հէքիմ ու բժիշկ զքեզ լըւեալ եմ»:

Հին տաղասաց Սահակ Տիրացու եւս իր «Տաղ սիրոյ ասացեալ ի Սահակ տիրացուէ» խորագրեալ տաղին մէջ կ՚ըսէ. «Դու ճարտար հէքիմ ես եղեր, նազլի եար»:

Թլկատինցի այս բառը կը գործածէ իր «Կտակը» խորագրեալ թատրերգութեան մէջ. անոր տիպարներէն Սարգիսի կինը կ՚ըսէ. «Ալ հէքիմ մէքիմ թող չի բերեն կ՚ըսէր, օգուտ չ՚ըներ...»:

Արփիարեան այս բառը կը գործածէ իր «Մինչեւ ե՞րբ» աշխատութեան մէջ:

Այս բառը կարելի է գտնել Օրմանեանի, Երուխանի եւ այլ գրողներու մօտ:

Յովսէփ Մալէզեան այս բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել բժիշկ բառը:

ԾԶ.- ՀԻՉ

Հիչ բառը, շատ մը այլ բառերու նման (ինչպիսին է «քի» գործածութիւնը) տեղ գտած է մեր ժողովրդական լեզուին մէջ:

Այս բառը մենք գտանք աւելի քան տասնեակ գրողներու մօտ։

Այս բառը Յակոբ Օշական գործած է իր «Կնքահայրը» թատերախաղին մէջ: Հրաչ Զարդարեան եւս իր «Ողբացող մարդիկ» թատրերգութեան մէջ կը գործածէ:

Այս բառը կը գործածէ Շահան Շահնուր, Զապէլ Եսայեան, Տիգրան Չէօքիւրեան, Յակոբ Պարոնեան, Երուխան եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Յովսէփ Մալէզեան այս բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել բնաւ բառը:

•շարունակելի…

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -335-

Կը հաւատամ, որ լեզու սորվելու լաւագոյն ձեւը այդ լեզուով խօսող մարդոց մէջ ապրիլն է եւ անոր մեծագոյն փաստը մեր ծանօթներէն մէկուն տան սպասաւորն է, որ Ափրիկէի չլսուած ափերէն գալով այսօր անթերի հայերէն մը կը խօսի՝ իր դարձուածքներով, կատակներով ու նո՛յն լեզուամտածողութեամբ:

***

Առիթով մը մի քանի երիտասարդ վերելակի մէջ տեսնելով ափրիկեցի սեւամորթը շարունակած են իրենց անձնական խօսակցութիւնը եւ մինչեւ իսկ սպասաւորին համար իրարու բան մը ըսած՝ առանց երբեւէ մտածելու, որ սպասաւորը հայերու տուն ապրած եւ այնքան լաւ հայերէն լեզուին կրնար տիրապետած ըլլալ: Ի զարմանս տղոց, սպասաւորը անոնց արտայայտութեան դիմաց տուած է հայերէն պատասխան մը՝ ափ ի բերան ձգելով տղաքը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2023