ԶՈՒԱՐՃՈՒԹԵԱՆ ԶՍՊԱՆԱԿԸ
Զուարճութեան եւ հաճոյքի փափաքը մարդուն բնական եւ անհրաժեշտ պահանջներէն է։ Այս մասին ո՛չ մէկ տարակոյս։ Արդարեւ, զուարճութիւնը կեանքին համեմն է. աւելի դեռահասներուն համար մանաւանդ անոնց սնունդին մէկ մա՛սն է։
Այս պատճառով, ահաւասիկ, հոծ բազմութիւն մը արեւոտ եւ կենսանորոգ դադարի մը, հաճելի ժամանցի մը ծրագիրը գործադրել կը փութայ։ Եւ դադարի շրջանին, զուարճութեան զսպանակը շարժման մէջ կը դնէ մարդկային միտքը, մանաւանդ հովասուն եւ օդաւէտ տեղեր, ինչպէս այդ ուժեղ զսպանակը ժողովուրդի մեծամասնութիւնը՝ բազմութիւնները կը շարժէ աշխարհի ամէն կողմը։
Բայց կեանքի անհրաժեշտ շա՜տ ազդակներու եւ միջոցներու նման, զուարճութիւններու եւ հաճոյքներու ալ սահմանը ոտնակոխ ըլլալու պարագային, կեանքը թունաւորող, ապականող տա՛րր մը հանդիսանալու հաւանականութիւնը եւ կարելիութիւնը կայ։
Ուստի, զուարճութիւն եւ հաճոյք իրենց բարերար դերը կատարելու համար պայմաններ ունին լրացնելիք։ Սահմաններ կան, որոնք կարելի է արտայայտել «չափաւորութի՛ւն» եզրով։ Արդարեւ ժողովրդական իմաստութիւնը՝ առածը կ՚ըսէ. «Չափաւորութիւնը կէս Աստուած է», եւ չափաւորութեան կ՚ընկերանայ պարզութիւնը։ Արարք մը ո՛րքան բարդ ըլլայ, ո՛րքան անիմաստ մանրամասնութիւններով խճողուի, անոր գործադրութիւնը այնքան դժուար կ՚ըլլայ։
Զուարճութեան եւ հաճոյքի սահմանները, զորս անհրաժե՛շտ է նկատի առնել եւ յարգել, կարեւորութիւն կ՚ընծայեն անոնց նպատակայարմար կերպով օգտագործման։ Որովհետեւ զուարճութեան եւ հաճոյքի անդաստանները իրենց մէջ կը պարփակեն թէ՛ անմեղութիւնը մեղքին եւ թէ՛ օգուտը վնասին։ Այլ խօսքով՝ զուարճութիւններու եւ հաճոյքի մէջ օգուտը եւ վնասը սահմանակից են։
Առանց անդրադառնալու այս իրողութեան, առանց մանաւանդ յարգելու բանաւոր սահմանը, մարդ չի կրնար ընթանալ կեանքի արահետէն՝ ուր արդէն բազմաթիւ «թշնամի»ներ՝ արգելքներ դարանակալ կը սպասեն։
Չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը էական պայմաններն են նաեւ առողջութեան, յաջողութեան։ Կրօնքն ալ, բանականութիւնն ալ, բարոյականն ալ այսպէս կը պահանջեն նպատակի հասնելու եւ կատարեալ ըլլալու համար։ Այս պայմանները եւ պահանջները, կարելի չէ ժխտել, թէ ամենէն սերտ կապ եւ աղերս ունին մարդուն գոյատեւման եւ գոյապահպանման կենսական հարցին հետ։ Մարդուս ընդհանուր բնախօսական եւ հոգեւոր կազմուածքը չափաւոր եւ պարզ «սնունդ»ի մը իւրացումով աւելի՛ կորովի, աւելի՛ պինդ, աւելի՛ յարմար է որեւէ ծառայութեան։ Ամէն չափազանցութիւն, ամէն բարդ ապրելակերպ կը թունաւորեն կազմուածքը, վատախտարակ կ՚ընեն մարդը եւ անընդունակ՝ ազնիւ եւ բարձրագոյն մտածութիւններու եւ գործերու։
Չափազանցութիւնը կը սնանի եւ կ՚աճի մարդուս անժուժկալութենէն եւ անհամբերատար վիճակէն։ Մինչ, անժուժկալութիւնը, ըստ փորձառու բժիշկներու եւ կատար-ւած գիտական փորձերու, կը կազմալուծէ մարդուս ընդհանուր կազմուածքը, կը նուազեցնէ կարողութիւնը եւ տարողութիւնը՝ որ անդարմանելի տկարութիւններու պատճառ կը հանդիսանայ՝ ինչպէս անհատական, նո՛յնպէս ընկերային կեանքի մէջ։ Բայց, դժբախտաբար, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մէկ կողմէն երիտասարդութիւնը այս բնական սահմաններուն գոյութիւնը գիտակցաբար կ՚անգիտանայ, անտարբեր եւ անհոգ կը գտնուի անոնց նկատմամբ, եւ միւս կողմէն, նենգամիտ, պահպանողական եւ յետադէմ ծնողներ խիստ անձուկ սահմաններ կը յերիւրեն եւ կը գծեն, եւ այս պատճառով ընտանեկան խաղա՜ղ յարկերու ներքեւ սոսկալի փոթորիկներ կը պայթին եւ կը վրդովեն ամէն խաղաղութիւն, եթէ շատ աւելի ծանրակշիռ հետեւանքներ չունենան…։
«Այս տեսակ ժամանակի մը մէջ երբ վայելքի, հաճոյքի տիեզերական օրէնքը ըլլալ կը թուի՝ ըմպել զայն ցմրուր, մխրճիլ անոր մէջ մինչեւ յատակը, որքան առողջութիւն, դրամ եւ ժամանակ թոյլատու են, եւ նոյնիսկ անոնք ալ ոտնակո՛խ ընել, նմանօրինակ շրջանի մը մէջ վայելքներու եւ հաճոյքներու սահմանին վրայ խօսիլ՝ հեգնանքի առարկայ ըլլալ, նոյնիսկ մոլեռանդ եւ խաւարամիտ ըլլալու ամբաստանութեան ներքեւ գտնուիլ պիտի նշանակէր», ինչպէս կ՚ըսէ Յովհաննէս Ս. Ալիքսանեան։
Դեռահասներու առաջին փորձութիւնն է մէկ ոստումով ցատկել «չափաւորութեան սահման»ին վրայէն, եւ անոր մէջ մխրճիլ «անմտած» եւ «անվերապահ»։ Արդարեւ, յատկապէ՛ս պէտք է ընդգծել «անմտած» եւ «անվերապահ» բառերը, որովհետեւ տես-նըւած է մարդիկ, որոնց կեանքին մէջ հաճոյքը կեանքին կողմնակի մէկ արահետը, ճամբան ըլլալէ աւելի, անոր միակ նպատակակէտը եղած է եւ հանդիսացած «դիցուհի» մը՝ զոր կը շոյեն, կը փայփայեն շարունակ եւ կը պաշտեն բացարձակ ինքնանուիրումով։ Այս դասակարգի մարդոց ըմբռնումով կեանքին նպատակն է զուարճանալ որքան որ կարելի է, մխրճուիլ անոր մէջ. գինովնալ եւ յափրանալ անով։ Ոեւէ լրջախոհ մարդու համար անկարելի՛ է չտեսնել այս անձերու պաշտամունքին գործած աւերները անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի մէջ։
Լոկ հաճոյքի եւ զուարճութեան կեանքը նպատակ ընողը կ՚անտեսէ, կ՚ուրանայ կեանքին ճշմարտութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ բարութիւնը։
Կեանքին գեղեցիկ ուրիշ մէկ երեսակն ալ, աշխատանքի, պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան բովէն անցնելով ցոյց կու տայ կեանքին մեծութիւնը եւ վսեմութիւնը։
Մոռնալ, անգիտանալ կամ անտարբեր գտնուիլ կը նշանակէ կեանքին ուրիշ բարձրունքները, զորս լոկ «Ես»ին վայելքէն վեր՝ ուրիշներու վրայ ալ խորհելու, ուրիշներն ալ հոգալու դաստիարակութիւնը մատնանիշ կ՚ընէ, եւ որ իր կարգին ուրիշ վայելք մըն է. աւելի՛ խոր եւ աւելի՛ մաքուր։
«Ես»էն զատ «ուրիշ»ներու գոյութիւնն ալ տեսնելու յօժարութիւնը, ազնուութիւնը եւ կարողութիւնն է այդ։ Ուստի եսամոլութիւնը բոլորովին ներհակ է մարդուս արարչութեան նպատակին եւ կոչումին, քանի որ մարդ ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով։ Մարդկութիւնը «մէկ» է եւ իւրաքանչիւր անհատ կոչուած է այդ «մէկ»ին մաս կազմելու, այդ «միութիւն»ը պահպանելու եւ այդ միութեան մէջ կեանք մը ապրելու եւ կեանքեր ապրեցնելո՛ւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 5, 2020, Իսթանպուլ