ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅ ՎԻՃԱԿԸ

Շատ յստակ ձեւով տարբերութիւն մը կայ 2019 թուականի եւ 2023 թուականի Հայաստանի միջեւ։ Այդ յստակ փոփոխութիւնը իր դրականին կողքին ունին նաեւ իր ժխտական կողմերը։ Այս չորս տարիներուն ընթացքին հայութիւնը ընդհանուր միջին մը չկրցաւ գտնել։ Շատեր այդ չորս տարուան փոփոխութիւնը որակեցին դրական, իսկ ուրիշներ ամբողջութեամբ հակառակ, այդ ընթացքը ձախողած որակեցին, անհասկնալի դարձնելով երկրին ինչպէս ըլլալը։

Որպէս այդ ընթացքը ապրողներ կ՚ուզենք մեր մտածումները կիսուիլ։

Պէտք է ընդունիլ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տնտեսապէս աճ մը ունեցաւ, մանաւանդ զբօսաշրջիկներու թիւը զգալիօրէն դրական փոփոխութիւն մը ապրեցաւ։ Մինչեւ իսկ աշխարհի ամենէն շատ գործածուող հիւրանոցներու յատուկ կայք մը Հայաստանը ամենէն շատ փնտռուած երկիրներուն մէջ ըլլալը նշեց։ Այդ աճը ակնյայտօրէն զգալի է հետեւեալ ձեւով. 2019 թուականին գիշերուան 12-էն ետք քաղաքին մէջ ամայութիւն կը տիրէր։ Այսօր պատկերը այդպէս չէ, նոյնիսկ գիշերուան մէկին-երկուքին կարելի է տեսնել եռուզեռ, ինչ որ քաղաքին կենդանի ըլլալը ցոյց կու տայ։ Վստահաբար այս իրողութեան նպաստեց նաեւ Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի պատերազմը, որուն հետեւանքով շատ շատեր եկան բնակութիւն հաստատեցին Երեւանի մէջ։ Պատերազմէն հեռացող ու Հայաստան հաստատուող օտարները սկսան աշխատիլ Հայաստանի մէջ, շատեր նոր ընկերութիւններ հիմնեցին եւ բնականաբար նիւթական հոսք մը ստեղծուեցաւ նաեւ անոնց ճամբով։ Օտարներու աճը ազդեց տուներու թանկացման եւ Երեանի տուներու վարձքերը աճ մը ապրեցան՝ որ ի նպաստ տանտէրներուն էր։

Հիմնական փոփոխութիւնը Հայաստան ապրեցաւ ուսումի ոլորտին մէջ։ Բժշկութեան ու ճարտարապետութեան ուժ տուող երիտասարդութիւնը սկսաւ գիտակցիլ, որ արհեստագիտութիւնը ներկայ աշխարհի մեծագոյն պահանջներէն է։ Աճ արձանագրեց ուսանողներու թիւը, նոյն միջոցին կրկնապատկուեցաւ օտար աշակերտներու թիւը եւ այս բոլորը նիւթապէս բարգաւաճելու կողքին մտապէս հասունութիւն եւս բերաւ։ Արհեստագիտութեան այս աճը պատճառ եղաւ, որ բազմաթիւ օտար կազմակերպութիւններ իրենց գրասենեակն ու ընկերութիւնը տեղափոխեն Հայաստան, ինչ որ պատճառ դարձաւ աշխատավարձերու բարելաւման։

Պէտք է ընդունիլ, որ կարելի է արդէն Հայաստանը աղքատ երկիր չսեպել։ Մասնագիտական աշխատանքներու պարագային՝ մանաւանդ արհեստագիտութեան ոլորտէն ներս շատեր կը վարձատրուին այնպէս՝ ինչպէս ուրիշ մը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Այդ լաւ վարձատրուող եւ հարուստ դասակարգը Հայաստանի մէջ ստեղծեցին «հայլայֆ» մը՝ ինչ որ մեծ հակասութիւն ստեղծեցին աղքատ ժողովուրդի աղքատ առօրեային միջեւ։

Այս բոլորը հակասութիւն ստեղծեց մարդոց միջեւ. մին ամբողջ օրը աշխատեցաւ, որպէսզի 4 հազար դրամ շահի, իսկ ուրիշ մը միայն իր կէսօրուան ճաշին համար սկսաւ 8 հազար դրամ ծախսել։ Մին շատ հարուստ, իսկ ուրիշը շատ աղքատ դարձաւ յառաջ բերելով այնպիսի քաղաք մը՝ որ յատուկ է հարուստներուն։

Գուցէ այս վիճակն է, որ ստեղծեց մուրացկանութիւն կոչուած դժբախտ երեւոյթին աճը։ 2019 թուականին Երեւանի փողոցներուն մէջ մուրացկաններ կարելի էր տեսնել, սակայն շատ քիչ, իսկ այսօր պատկերը հակառակն է։ Իւրաքանչիւր քայլափոխիդ մուրացկան մը կը յայտնուի։ Եթէ 2019 թուականին մուրացկանները ծեր մայրիկներ էին, այսօր կարելի է տեսնել ցանկացած տարիքի ու սեռի մուրացկաններ։ Մին ձեռքին մանուկի մը նկարը բռնած բժշկական օգնութեան համար գումար կը խնդրէ, ուրիշ մը իր անօթի ըլլալը կը յայտնէ, երրորդ մը գիւղ երթալու համար ճանապարհածախս կ՚ուզէ եւ առանց դադարի զիրար կը յաջորդեն։

Հայաստանի պետութիւնը կը հսկէ՞ արդեօք այս իրավիճակը, կ՚ուսումնասիրէ՞, թէ ինչո՞ւ մարդիկ յայտնուած են այս վիճակի մէջ, թէ ոչ անտէր կը թողու այդ մուրացկանները։

Մուրացկանութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան մարդկութիւնը, սակայն տեսնել հայ մը մուրալու արարքի մէջ, ակամայ ցաւ մը կը պատճառէ։

Ազգի ներկան այս է՝ թէեւ բարգաւաճ՝ սակայն միշտ թախծոտ։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -361-

Մի քանի օրեր առաջ մօտեցաւ 24-25 տարեկան երիտասարդ տղայ մը՝ զինուորական համազգեստով եւ ճանապարհածախս ուզեց։ Նկատի ունենալով պաշտօնն ու ծառայութիւնը՝ մանաւանդ պատերազմի այս օրերուն, ընդառաջեցի ու տուի։

Օր մը ետք նոյն երիտասարդը տեսայ փողոցի վրայ. նոյն պատճառաբանութեամբ մօտեցած էր ուրիշ երիտասարդի մը եւ գումար կը խնդրէր։

Փաստօրէն մարդիկ պատրաստ են պատերազմը եւս շահաբեր միջոց սեպել...

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023