ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆԱԽԱԽՆԱՄՈՒԹԻՒՆԸ

Աստուած Ի՛նքն է Արարիչը, ստեղծողը եւ ամենաբարի Առաջնորդը Իր իսկական բնութեամբ։ Անբաւ եւ անսահման զօրութիւնը՝ որմէ տարածուած եւ շրջապատուած է ամէն ինչ։ Անկէ կը բխին կենարար զօրութիւններ՝ որոնք բոլոր արարածներու կը փոխանցուին եւ կը ներգործեն՝ երկնաւորներու եւ երկրաւորներու, օդի եւ հողի մէջ, հուրի եւ ջուրի մէջ, լոյսի եւ խաւարի մէջ։ Ան կ՚երեւի իր աներեւոյթ զօրութիւններու հետ իր թափանցիկ լոյսով։ Անոր Հոգիի զօրութիւնը անբաւ է՝ ամէն տեղ սփռուած, ամէնուրեք տարածուած եւ ճառագայթները կ՚ելլեն զօրութեամբ, անըմբռնելի բնութեամբ, ինչպէս կը նկարագրէ Ագաթանգեղոս։

Ինչպէս Արարչի գործունէութիւնը անհրաժեշտ էր ստեղծագործութեան համար, այնպէս եւ անհրաժեշտ է աշխարհի կառավարութեանը եւ պահպանութեանը համար։ Արդարեւ, գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար անհրաժե՛շտ է խնամքը եւ հոգածութիւնը։

Աստուած ստեղծելով աշխարհը կը կամենայ կառավարել եւ ամէն բան հասցնել իր բարի նպատակին։

Հետեւաբար «Նախախնամութիւն»ը Աստուծոյ ծաւալուն եւ բովանդակ գործունէութիւնն է ընդհանրապէս։ Պէտք չէ այն շփոթել հեթանոսական «ճակատագիր» գաղափարի համար։

Սուրբ Գիրքը ընդհանրապէս կը մերժէ ամէն գաղափար՝ որ այս կամ այն կերպով հակառակ է եւ կը բռնանայ մարդու ազատութեան՝ տանելով զայն ստրկութեան։ «Բռնութիւնը յիմար կը դարձնէ Իմաստունը», կ՚ըսէ Սողոմոնը. (ԺՈՂՈՎՈՂ. Է 7)։

Ուրեմն հարցը սա՛ է. երբ ամէն ինչ Աստուծոյ կողմէ կը կառավարուի, ապա ուրեմն ի՞նչ նշանակութիւն եւ կարեւորութիւն ունի մարդուն ազատութիւնը։ Ուրիշ խօսքով մարդուս ազատ կամքը ինչպէ՞ս կարելի է հաշտեցնել եւ համաձայնութիւն հաստատել Աստուծոյ կամքին եւ ամենակարողութեան հետ։

Աստուծոյ կանխագիտութեան մասին խօսելով պէտք է սկսիլ պատասխանելու այս հարցը։

Աստուած գիտէ ամէն բան, ամէն ինք։ Անոր գիտութիւնը անժամանակ է՝ կը բովանդակէ թէ՛ անցեալը, թէ՛ ներկան եւ թէ ապագան։ Այս իմաստով, ահաւասիկ, կանխագէ՛տ է։ Ան առաջուց գիտէ եւ կը տեսնէ ամէն ինչ, ամէն բան։ Մարդու իմացականութիւնը եւ ճանաչողութիւնը ժամանակի ընթացքին կը հաստատուի եւ հետզհետէ կը զարգանայ։ Մինչդեռ Աստուծոյ գիտութիւնը հաստատումի եւ զարգացման չի կարօտիր, ան կատարեալ եւ բացարձա՛կ է։ Այդ առումով ալ Աստուած գիտէ ոչ միայն մեր միտքերը, այլ նաեւ մեր արարքներու յաջորդականութիւնը՝ այն բոլոր քայլերը, ինչ որ պէտք է կատարենք ապագային։

Եւ կարելի է բացատրել «ճակատագիր» ըսուածը Աստուծոյ նախագիտութեան յատկութեամբ։

Աստուած, ուրեմն, կանխագէտ է եւ մարդուս բոլոր քայլերը նախօրօք գիտէ։

Այստեղ շեղում մը ընենք եւ խոստովանինք, որ Աստուծոյ այս կանխագիտութեան դէմ մարդը մեծ մասամբ զուրկ է գիտութենէ, իմաստութենէ, եւ մանաւանդ հոգեւոր եւ երկնային ճշմարտութիւններու նկատմամբ, քանի որ ան երբ երկրային ճշմարտութիւնները ճանչնալու եւ գիտնալու մէջ կը դժուարանայ եւ չէ կրցած լուծել կարգ մը, կամ ըսենք, շատ մը հարցեր, ապա ուրեմն, ինչպէս սպասել, որ ան կարենայ հասկնալ եւ գիտնալ երկնային ճշմարտութիւնները եւ խորհուրդները։

Դառնանք մեր հարցին։

Այն փաստը՝ որ Աստուած ամէն ինչ նախօրօք գիտէ, երբեք պատճառ չի հանդիսանար այն բոլորին, ինչ որ կը կատարուին։ Զոր օրինակ, Աստուած գիտէր, որ Յուդան պիտի մատնէր Յիսուսը, բայց այդ գիտելիքը չստիպեց Յուդային դիմելու այդ քայլին։ Յուդան ազատ կամք ունէր եւ ինքն անձամբ ընտրեց այդ ճամբան՝ որու համար միայն ի՛նքն է պատասխանատու։

Մարդու կամքը ազա՛տ է։

Մարդ կարող է ընտրել բարին կամ չարը։

Բայց քանի որ մարդ թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, մէկ խօսքով՝ անկատար է, եւ այս պատճառով ալ չի կրնար միշտ ի նպաստ բարիին գործածել իր կամքի ազատութիւնը եւ յաճախ կը պարտուի իր իսկ «ԵՍ»ին՝ սխալական եւ մեղանչական է։

Եւ քանի որ մարդու բնութիւնն է մեղանչական՝ Ադամէն ժառանգած, մարդուն ծինային յատկութիւնն է ան, ապա որպէս օրէնք, մարդ աւելի մեծ հաւանականութեամբ կ՚ընտրէ չարը կամ մեղքի ճանապարհը։ Մարդկային կեանքի ընդհանուր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ ազատ կամքով օժտուած մարդը իր ազատ կամքով ազատօրէն ընտրելու հնարաւորութեամբ կ՚ընտրէ աւելի շատ մեղաւոր ճամբան, քան արդարութեան ճանապարհը։

Այս իրողութեան համոզուելու համար բաւական է նայիլ մեր շուրջը՝ բարին գործողները անհամեմատ կերպով աւելի՛ քիչ կը հանդիպուին, քան՝ չար գործողները։

Այս առեղծուածային, անլուծում խորհուրդի վիճակէն փրկուելու հիանալի ճամբան եւ հանելուկին բանալին ցոյց տուած է Ս. Օգոստինոս Աւրելիոս։ Ան կ՚ըսէ. «Մարդու կամքը ազատ է, բայց ազատագրուած չէ՛»։ Այս կը նշանակէ, որ միայն ազատագրուած՝ ձերբազատուած եւ ստրկութենէ փրկուած, իրապէս, բոլորովին ազատ կամք ունեցող մարդը «ազատ» է։ Ճերմակ պատին վրայ երբ սեւ բիծեր կան՝ անիկա «ճերմակ» չէ՛։ Եթէ սահմանափակուած է ազատութիւնը՝ անիկա ազատութիւն չէ՛։

«Ո՛ւր Տիրոջ Հոգին է, ա՛յնտեղ է ազատութիւնը». (Բ ԿՈՐՆԹ. Դ 17)։ Միայն Աստուած կրնայ ազատել իր մեղքերէն, մեղանչական բնութեան ապականիչ ազդեցութիւններէն. սրբելով անոր կեանքը եւ կա՛մքը վերստին ծնունդ տալով եւ ազատագրելով զայն…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2023