ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆ (ԺԶ.)

ՄԱՆՈՒԿՆ ՈՒ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ

Շատ մը ծնողներ արդի մանկավարժութիւնը սխալ ձեւով ըմբռնելով համոզուած են, որ մանուկին կարելի չէ «ոչ» ըսել, գուցէ այն սխալ մտածումով, որ «ոչ»ն ու մերժումի զգացումը կրնայ վնասել մանուկին հոգեկան աշխարհը: «Ոչ»ը ինչքանով կը վիրաւորէ անոր հոգեկան աշխարհը՝ չենք կրնար ըսել, սակայն կրնանք վստահութեամբ ըսել, թէ «ոչ» չըսելը ինչքան աւելիով կը վիրաւորէ թէ՛ իր հոգեկան աշխարհը եւ թէ իր ապագայ կեանքի ընթացքը:

Մարդկային կեանքին մէջ ընդհանրապէս եւ մանուկի կեանքին մէջ մասնաւորաբար կարեւոր է սահմաններու հասկացողութիւնն ու «ոչ» բառի գործածութիւնը, որովհետեւ այդ սահմաններու գոյութեամբ է, որ մանուկին մէջ պիտի կազմուի յարգանքի, իրաւունքի եւ սեփականութեան հասկացողութիւնը. սահմաններու գոյութիւնն է, որ մարդ արարածին առջեւ կը դնէ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ նոյնինքն «սխալ» կարծուած այդ «ոչ»ի ճամբով մանուկը կրնայ տարբերել ճիշդն ու սխալը:

Ծնողներ պէտք է լաւապէս գիտակից եւ հաւասարակշռուած ձեւով ի գործ դնեն իրենց «այո»ն եւ «ոչ»ը՝ բացատրութիւններով ամրապնդուած. հարցը մանուկին ուզածը ընելը եւ կամ մերժելը չէ այստեղ. հարցը մանուկին հասկցնելն է, թէ ինչո՞ւ համար այստեղ «այո» եւ կամ «ոչ» ըսուեցաւ, որովհետեւ բացատրութեան եւ համոզումի ճամբով անոր մէջ բան մը կարելի կ՚ըլլայ փոխել եւ ո՛չ բռնութեամբ եւ կամ պոռալով:

Պարզ կարծուած այս նիւթը իրականութեան մէջ մանուկներուն համար զգայուն նիւթ մըն է, որովհետեւ թէ՛ անսահման «այո»ն եւ թէ չմտածուած «ոչ»ը կրնան լուրջ խնդիրներ յառաջացնել անոր հոգեկան աշխարհին մէջ, այդ իսկ պատճառով չափազանցուած չենք գտներ երբ ըսենք, թէ «այո» եւ «ոչ» ըսելն անգամ իրականութեան մէջ արուեստ է: Արուեստ է, օրինակ, ըսուած «ոչ»ին դիմաց այլընտրանքային լուծումներ առաջարկելը, ինչ որ կ՚ամրապնդէ աւելի դրական վարքագիծ դրսեւորելու կարեւոր գործին:

Շատ մը ծնողներ կը կարծեն «ոչ» բառէն խուսափելով եւ կամ մանուկին համար շատ մը սահմաններ վերացնելով եւ կատարեալ ազատութիւն տալով իրենց զաւակներուն բարիք կը կատարեն եւ կամ աւելի «ազատ» կեանքի մը կ՚առաջնորդեն, իսկ այս առաջիններուն հակառակ, շատ ալ կը հաւատան, թէ խիստ սահմաններ ճշդելը «լաւ» դաստիարակութիւն եւ կրթութիւն կրնայ տալ մանուկին: Իրականութեան մէջ երկուքն ալ վնաս են մանուկին համար, որովհետեւ ազատութեան եւ սահմանափակումին միջեւ հաւասարակշռութիւն պէտք է գտնել:

Սահմաններու պարագային պէտք է ծնողներ ըլլան հետեւողական. իրականութեան մէջ պէտք է մեր հայ ծնողները հասկնան, որ սահմաններ գծելը իշխանութիւն բանեցնելու ձեւ պէտք չէ ըլլայ, այլ իւրաքանչիւր սահման պէտք է ունենայ միտք ու նպատակ, որ կը միտի մանուկի կեանքը դէպի աւելի լաւ ու խաղաղ «ջուրեր առաջնորդել»: Այս իսկ պատճառով իւրաքանչիւր ճշդուած սահման պէտք է ըլլայ հետեւողական: Կարեւոր է յստակ ու անփոփոխ կանոնը դնել մանուկի կեանքին մէջ. քմահաճոյքէ կախուած այսօր ոչ, վաղը այո եւ սակայն միւս օրը ոչ ըսելը մանուկին վնաս պատճառելէ բացի ուրիշ բանի չի ծառայեր. այս սահմաններուն կայունութիւնն է, որ մանուկներուն կը սորվեցնէ ճիշդի ու սխալի հասկացողութիւնը: Այդ սահմաններու քմահաճ փոփոխութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի մանուկը լուրջ չի վերաբերի անոնց հետ եւ մինչեւ անգամ նկատի չունենայ, այդ իսկ պատճառով Քրիստոսի խօսքը օրինակ առնելով կը յորդորենք, որպէսզի ծնողքին այոն՝ այո եւ ոչը՝ ոչ ըլլայ, որպէսզի թէ՛ մանուկին համար սահմանները յստակ ըլլան եւ թէ ծնողքը իր հեղինակութիւնն ու իշխանութիւնը չկորսնցնէ մանուկին մօտ:

«Այո»ի եւ «ոչ»ի միւս կարեւոր կէտը ամուսնացող զոյգերու միջեւ համաձայնութիւնն է. մանուկները ճարպիկ կ՚ըլլան. յաճախ մօր կողմէ ոչ ըսուած մէկ բանը կը հարցնեն հօր՝ անոր կողմէ «այո» լսելու եւ ապա «պապան ըսաւ» պատճառաբանութեամբ դուրս գալու համար. շատ անգամ անգիտակցաբար կը պատահի, սակայն յաճախ կը տեսնենք, թէ զոյգեր գիտակցելով կը հակասեն իրար. մայրը ոչ կ՚ըըսէ, սակայն հայրը մօր ներկայութեամբ այո կ՚ըսէ միեւնոյն բանի համար: Հօր կամ մօր ոչ ըսելը նոյնիսկ եթէ անտրամաբանական ըլլայ, հակասելով դիմացինին հեղինակութիւնն է, որ կը վիրաւորուի: Պէտք է հայր մը գիտակցի, որ մօրը ոչը պէտք է ըլլայ ոչ, որպէսզի մանուկը միւս «ոչ»երը եւս յարգէ եւ գործադրէ, այլապէս ամէն ըսուած ոչ այո-ի վերածելով անոր մօտէն պիտի վերանայ մօր կողմէ դրուած սահմանները եւ պիտի դիմէ սանձարձակութեան: Նման ճարպիկ արարքներ գուցէ այդ վայրկեանին կը գոհացնեն մանուկի եսասիրութիւնը, սակայն լուրջ խնդիրներ կը յառաջացնեն իր եւ մեծահասակներու յարաբերութեան միջեւ, ինչ որ յաճախ մեր կողմէ կը բնորոշուի որպէս «անկրթութիւն»:

Ամէն մանուկ պէտք է ունենայ իր սահմաններն ու խախտումի պարագային սահմանուած պատիժներ, որպէսզի ան լաւապէս ըմբռնէ սխալի եւ կատարուած սխալի դիմաց պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ ինչպէս ըսինք նախապէս, պատիժ ըսելով ծեծը նկատի չենք ունենար. ծեծէն շատ աւելի ազդու պատժամիջոց է՝ մանուկը իր նախասիրութիւններէն զրկելը:

Սահմաններու ճշդումի պարագային կարեւոր է բացատրութիւնը. օրինակ՝ եթէ մանուկը ունի մեծ քոյր կամ եղբայր, պէտք է լաւապէս հասկնայ, որ գոյութիւն ունի տարիքային սահմաններ, որպէսզի ան չնախանձի իր եղբօր կամ քրոջ: Այս հասկացողութեան ուսուցումը կարեւոր է զինք հեռու պահելու «զիս չեն սիրեր» եւ կամ «քոյրիկիս աւելի կը սիրեն»ի հոգեբանութենէն:

Այլ կարեւոր կէտ մըն է նկատի ունենալ մանուկին անկախութիւնն ու ազատութիւնը. պէտք չէ այնպիսի սահմաններ ճշդել՝ որ կաշկանդուի անոր ազատ եւ անկախ ըլլալու հասկացողութիւնը. իշխանութիւն բանեցնելու սիրոյն պէտք չէ վիրաւորել անոր անհատականութիւնը:

Վերջապէս ամէն ճշդուած սահման պէտք է յարգուի նաեւ ծնողքին կողմէ, որովհետեւ ան ճշդուած սահմաններու կողքին գործին կը նայի. կարելի չէ մանուկին ըսել արգիլուած է քաղցրեղէն ուտել, սակայն մայրը եւ կամ հայրը առանց գիտակցելու արդիւնքներուն, մանուկին ներկայութեամբ անհաշիւ քաղցրեղէն ուտէ:

Մեր կողմէ ճշդուած սահմանները պէտք է ըլլան լաւապէս մտածուած. մա՛նաւանդ պէտք է ուշադիր ըլլալ, որպէսզի մանուկը իր հասակակիցներուն դիմաց կաշկանդուած իրավիճակ մը չունենայ. օրինակ, իր հասակակիցը՝ որուն սահմաններ ճշդուած չէ անսահման քաղցրեղէն ուտէ, սակայն ձեր զաւակը հատ մը իսկ չկարենայ ուտել:

Պարզ կարծուած «այո» եւ «ոչ» բառին համար կարելի է ամբողջ հատոր մը գրել. այդ իսկ պատճառով դարձեալ կ՚ըսենք. ծնողք դառնալը արուեստ է եւ կարծուածին չափ ալ դիւրին չէ եւ խելացի ու տիպար զաւակ ունենալը պատահականութեան արդիւնք մը չէ. ծնողքն է մանուկին «ճարտարապետ»ը եւ անոր կրթութեամբ կը ստեղծուի ապագայ պատանին ու երիտասարդը:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Ի՞նչ պիտի ըլլայ թերթերու ճակատագիրը:

Պատասխան.- Թերթերը պիտի դիմեն փոփոխութիւններու. անոնց մօտ պիտի պակսի տպագիր տպաքանակը եւ անոնք պիտի փոխադրուին թուային հարթակ, ինչ որ բովանդակութեան, ինչպէս նաեւ եկամուտի լուրջ մարտահրաւէրներ պիտի ստեղծէ անոնց համար:

Գոյատեւելու համար թերթերը պէտք է կենդրոնանան որակեալ լրագրութեան վրայ, իրենց շեշտը դնեն տեղական նորութիւններու վրայ, ուսումնասիրելով նորարարական ձեւաչափերն ու համագործակցութիւնները:

Անոնք պէտք է նկատի ունենան ընթերցողներու սովորութիւններու նաեւ հետաքրքրութիւններու փոփոխութիւնը, ինչպէս նաեւ արուեստագիտական փոփոխութիւնները: Այս բոլորին յարմարիլը կարեւոր է, որպէսզի թերթերը թուայնացուած դաշտին մէջ մնան կայուն:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2023