ՀԱՑԸ ԵՒ ԵՐԱԽՏԻՔԸ
Ներսէս Լամբրոնացի կ՚ըսէ, թէ՝ ինչպէս հացը մեր նիւթական մարմինը կը զօրացնէ, այնպէս ալ Անոր երախտարժան գործերու յիշատակը՝ մեր հոգիները։
Այս խօսքերը կը յայտնեն ճշմարտութիւն մը. ֆիզիքական-մարմնական գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար որքան անհրաժեշտ է հացը, առանց որու մարդ չի՛ կրնար իր կեանքը շարունակել, մարմինը տոկալ, նոյնպէս ալ աստուածային երախտիքները, երախտարժան գործերու յիշատակը կը զօրացնեն հոգիները։ Ուստի մարմնի տրուած խնամքը պէտք է տրուի նաեւ հոգիին, որպէսզի կատարեալ ըլլայ մարդ թէ՛ մարմնով, թէ՛ հոգիով։
Ուստի երկու տարրեր, արժէքներ են «հաց»ը եւ «երախտիք»ը՝ որոնք անհրաժեշտ են մարդուն գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։
«Հաց»ը կենսական է։ Արդարեւ Յիսուս ըսաւ. «Զհաց մեր հանապազորդ՝ տո՜ւր մեզ այսօր» (ՄԱՏԹ. Զ 11), եւ ասիկա մենք կը կրկնենք ամէն օր։ Տէրունական աղօթքին ուսուցումներէն առաջի՛նն է այս խօսքերը։
Եւ Յիսուս ըսաւ նաեւ. «Ես եմ հացն կենդանի, որ յերկնից իջեալ է» (ՅՈՎՀ. Զ 51)։
«Հաց» բառը, իր ամենալայն առումով կը զուգորդուի անխուսափելիօրէն «սնուցում», «սնունդ» բառի հետ, մարդ էակը երկու աղբիւրներ ունի սնուցման։ Այդ նիւթեղէն հա՛ցն է եւ ինչ որ հացեղէնն է ֆիզիքական-մարմնական գոյութեան համար, եւ միւսը՝ «կենդանի հաց»ը, հոգեղէն հացը, որ մարդուս էութեան բուն իսկութեան սնուցիչ աղբիւրն է՝ հոգեղէն հացը, իմացական հացը, հոգեւոր հացը, բարոյական հացը։ Ահաւասիկ, այդ Աստուծոյ խօսքն է, ճշմարտութիւնն է, իմաստութիւնն է՝ գրաւականը երջանկութեան։
Անոնք, որ իրենց կեանքով կու տան ապացոյցը այդ ճշմարտութեան իրենց ապրումներուն եւ իրենց գործերուն մէջէն, անոնք թարգմաններն են, միջոցները կը դառնան ճշմարտութեան։
Եւ ահաւասիկ այդ «ապացոյց»ը կը կոչուի երախտիք։ «Երախտիք» բառը խորիմաստ եւ հարուստ բառ մըն է մատենագրական, մշակութային եւ մանաւանդ լեզուական ժառանգութեան մէջ։ Ան, որ բարիք կ՚ընէ, ան որ իր կեանքը բարիքի կը վերածէ՝ երախտագիտութեան առարկայ կը դառնայ։ Անոր համար է, որ ըսուած է. «երախտարժան գործ», անոր համար է, որ Հայ Ժողովուրդը Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի համար կ՚ըսէ. «Բազմերախտ Հայրապետ»։
Անձ մը, որուն կեանքը եւ գործը յաւիտենական ճշմարտութեան ապացոյցն են, եւ որոնք բարիքներու աղբիւր են մարդկութեան համար։
Մարդ էակը միշտ պահանջքը ունի՝ հաղորդակից ըլլալու անոր գործերուն կենսատու ուժին։ Անոր համար է, որ մեծիմաստ աստուածաբան վարդապետը՝ Ներսէս Լամբրոնացին կ՚ըսէ, թէ՝ Անոր երախտիքներուն յիշատակը՝ կը սնուացանէ մեր հոգիները։
Յիշատակ։ Ո՛չ թէ պարզապէս յուշ, ո՛չ թէ անցեալի սոսկ մտաբերում։ Յիշատակը, յիշողութիւնը կենդանի ո՛ւժ է, երբ անցեալի դէմքը, գործը, արժէքը կը դառնան ապրում, եւ յիշողութիւնը կը վերածուի շարժումի եւ ո՛չ թէ՝ պարզ պատկերահանութեան։ Մարդ անցեալի մեծագործութիւնները իր յիշողութեան մէջ չի պահեր այնպէս, ինչպէս թանգարանի մէջ դրուած արուեստի անկենդան, անշունչ առարկաներ։ Անոնք՝ յիշատակները, այդ բոլոր գործերու հոգին, կենսատու ուժը կը միախառնուի մարդուն հոգեխառնութեան հետ եւ կը դառնայ գործօն շարժիչ լծակ իր գործունէութեան։ Եթէ ժողովուրդի մը, ազգի մը մէջ այդ յիշողութիւնը մեռնի, այդ ժողովուրդը, այդ ազգը կը դադրի ապրելէ, ինչպէս անձ մը եթէ անյիշողութեան մատնուի՝ կը դատարկուի, զօրութիւնը անիմաստ է թէ՛ իրեն համար, թէ՛ ուրիշներու։ Եւ այս իսկ պատճառով է, որ անցեալը կարեւոր կը նկատուի ներկան լա՛ւ հասկնալու եւ կարգ մը հարցերը լուծելու համար։
Եւ երբ կը վերակոչուի յիշատակ մը՝ անձի կամ դէպքի, պէտք է դասեր քաղել, պէտք է բաղդատութիւններ, համեմատութիւններ ընել անցեալի այդ անձին կամ դէպքին եւ ներկային միջեւ. եւ անպայման պիտի գտնուին հասարակաց կէտեր, քանի որ պատմութիւնը կը կրկնուի, եւ յարատեւ շարունակութիւն մըն է ան։ Իրերայաջորդ դէպքեր, երեւոյթներ, պատահարներ, անոնք միշտ հասարակաց պատճառներու եւ արդիւնքներու հետեւանք են։ Անցեալը կը կազմէ, կը կազմաւորէ ներկան՝ որ ան ալ իր կարգին կը պատրաստէ ապագան։ Ուստի «անցեալ», «ներկայ» եւ «ապագայ» իրերաջորդ եւ իրարմէ կախում ունեցող երեւոյթներ են, որոնք զիրար կ՚ամբողջացնեն, իրարու ընթացք կու տան։
Հերթը այս յաջորդականութեան մէջ միշտ «ներկայ»ինն է, գործօնը միշտ ներկան է, բայց այս չի՛ նշանակեր, թէ «անցեալ»ը այլեւս աւարտած է իր պարտականութիւնը։ Ո՛չ։ Քանի որ «անցեալ»ը միշտ տալիք բան մը ունի ներկային, փորձ մը, փորձառութիւն մը, ապրում մը, կեանքը պահելու եւ տեւականացնելու բանաւոր պատճա՛ռ մը։ Ուրեմն յիշել կը նշանակէ՝ երախտապարտ ըլլալ, ո՛չ միայն անձնապէս, այլ մանաւանդ որպէս ներկայ սերունդ։ Եւ աւելի եւս կարեւոր է կարենալ փոխանցել այդ երախտապարտութեան ոգին ապագայ սերունդներու, քանի որ անոնք պիտի ստանձնեն հերթը «անցեալ»էն՝ որ այսօրուան «ներկայ»ն է։ Նկատի ունենալու է, թէ՝ ներկան ալ միջոց մը վերջ «անցեալ» պիտի ըլլայ…։
Այո՛, հերթը մե՛րն է, ներկայինն է այժմ, եւ բոլորիս, անխտիր իւրաքանչիւրիս կը վերաբերի այս հերթը։ Եւ ամէն հերթ անմիջականօրէն ունի իր պատասխանատուութիւնը։ Պատասխանատուութիւն մը անցեալին հանդէպ, որմէ ստացուած է ներկան եւ պատասխանատուութիւն՝ ապագային հանդէպ՝ որու պիտի փոխանցուի ներկան եւ անշուշտ հերթը։
Եւ այս պատասխանատուութեան մէջ ամենակարեւոր տեղը կը գրաւէ՝ երախտապարտութիւնը եւ այդ երախտապարտութեան ոգիին փոխանցումը։
Անոնք կ՚ապրին՝ որնք երախտապարտութեան զգացումը կը զգան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 30, 2016, Իսթանպուլ