ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ
Ընդհանուր տիեզերքի մէջ անուրանալի եւ անժխտելի սկզբունք մըն է, թէ բոլոր երեւոյթները իրենց ծնունդի պատճառները ունին։ Ուստի, պատճառ-արդիւնք յարաբերութիւնը ամէն մարզի մէջ ի զօրու է եւ անայլայլելի՛։ Եթէ այս է բնական եւ նաեւ բանական սկզբունքը՝ ժամանակին եւ ընդհանուր պահանջներու հակառակ շարժիլ՝ գործադրուելու ուժ մը տալով երեւոյթին։
Արդարեւ, ընդհանուր խաղաղութիւն մը միշտ կ՚ենթադրէ նախապէս տեղի ունեցած ընդհանուր հաշուեյարդարութիւն մը. հակառակ պարագային խաղաղութեան համար եղած փափաք եւ ցանկութիւնները «պղտորական» յատկանիշ մը միայն կ՚ունենան։
Ընդհանուր խաղաղութիւն մը ապահովելու համար, ուրեմն, նախ պէտք է ընդհանուր հաշուեյարդարութիւն մը գոյութիւն ունեցող առկախ հարցերու, գրեթէ անլուծելի համարուած խնդիրներու՝ որ պիտի ըլլան սկզբնաւորութիւնը ակնկալուած խաղաղութեան։ Հարցերը, անկեղծօրէն եւ բացայայտ կերպով առանց արտայայտելու, խաղաղութեան իրականացումը սպասել, եթէ ո՛չ ուրիշ բան, այլ պարզապէս միամտութիւն կրնայ համարուիլ։
Հարցեր լուծելու համար պայմա՛ն է նախ անկեղծութիւնը։ Հարցերու, բարդութիւններու յստակ եւ ճշգրիտ ախտաճանաչումով կաերլի է առաջին եւ կարեւոր քայլը նետել՝ խաղաղութեան նպատակին հասնելու համար։ Ուստի երբ անկեղծութիւնը կը պակսի, ճիշդ հակառա՛կն է որ կը պարզուի, որով ընդհանուր, տիեզերական խաղաղութիւն մը ապահովել անհնարին կը դառնայ։
Արդարեւ, բարդութիւններէ խուսափիլ նախընտրելի է անկեղծ եւ դիւրին հաշուեյարդարի մը համար։ Մարդոց միջեւ, թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքաբար տիրող ցրտութիւններ կրնան բարդութիւններու ծնունդ տալ եւ այս պատճառով անհրաժեշտ է հաշտութիւն, իրերհասկացողութիւն, եւ ամէն մերձեցում՝ որ ցրտութիւնը կը վերածէ մտերմութեան։ Մտերմութիւնը, ուրեմն երկրորդ կարեւոր պայմա՛նն է խաղաղութեան։
Անկեղծ եւ մտերիմ բարեկամական յարաբերութիւններ հիմքը կը կազմեն հաստատ եւ տեւական խաղաղութեան։ Եւ երբ կ՚ըսենք անկեղծութիւն եւ մտերմութիւն, այս արժէքներուն պէտք է միանայ՝ զոհողութի՛ւնը։ Զոհողութիւն, քանի որ անկեղծ եւ մտերիմ ըլլալու համար, մարդ պէտք ունի իր «Ես»էն զոհելու, զոհողութիւն ընելու, քանի որ «Ես»ը անկեղծութեան եւ մտերմութեան առջեւ կարեւորագոյն եւ մեծագոյն արգե՛լքն է։ Ուստի եսապաշտութիւնը, ինքնամոլութիւնը միշտ պատուար, արգելք են հանդիսացած արդիւնաւոր փոխյարաբերութիւններու առջեւ, անկեղծ բարեկամութիւններու եւ մտերիմ ընկերութիւններու մշակման տեսակէտով։
Ընկերային-հասարակական կեանքի մէջ ալ, անհրաժեշտ է զանազանել երկու զգացումները՝ ազնիւ ազգասիրական զգացումը եւ ծայրայեղութեան տարուած «հայրենամոլութիւն»ը՝ «chauvinisme», որ մոլեռանդութիւն մըն է։ Ուստի, ինչպէս ըսինք, ազգասիրութիւնը ո՛րքան ազնիւ եւ օգտակար զգացում մըն է, հայրենամոլութիւնն ալ ա՛յնքան մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող եւ այդ պատճառով ալ վնասակա՛ր զգացում մը։
Արդարեւ, ազգասիրութիւնը եւ հայրենասիրութիւնը երբեք արգելք չե՛ն ընդհանուր խաղաղութեան, քանի որ անոնց հիմքը եւ առանցքը կը կազմէ մարդասիրութի՛ւնը։ Եւ անշուշտ ասիկա մեծ դեր կը խաղայ մարդկային թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային կեանքի արտաքին եւ ներքին յարաբերութիւններուն եւ ընթացքին մէջ։
Ուստի ամէն ծայրայեղ զգացում եւ մոլեռանդութիւն վնաս կը պատճառեն մարդկային յարաբերութիւններուն ուղիղ մշակման, հաշտութեան եւ խաղաղութեան ապահովման եւ հաստատման։
Ինքնակեդրոն եւ եսամոլ մարդը միշտ հեռո՜ւ է խաղաղութեան վայելքին։ ինքնամոլ եւ եսակեդրոն մարդուն զգացումները կը սնանին խռովութիւններով, կռիւով, անհաշտութեամբ. ան կը հրճուի, հաճոյք կ՚առնէ հակառակութիւններու պատճառած վատթար եւ ցած վիճակներէ՝ կարծես կը ստեղծէ միշտ նոր խռովութիւններ, անհանգըս-տութիւններ, հակառակութիւններ, որոնք կը զօրացնեն զինք եւ կը տեւականանցնեն իր գոյութիւնը այս աշխարհի վրայ։ Եւ որքա՜ն հեռու է խաղաղութիւնը խռովարար հոգիներէ…։
Խաղաղութեան ազնիւ նպատակէն հեռու մարդիկ, իրենց վայրկենական տրամադրութեան եւ պատահական խանդոտութեան վրայ հիմնուելով կը վարեն իրենց կեանքը՝ իրենց գործերը։
Անոնք որ հեռու են խաղաղութեան ազնիւ զգացումէն, ամուլ եւ անել շրջանակի մը մէջ բանտարկուած՝ նեղմիտ եւ անշրջահայեաց անբարեբեր կեանք մը կ՚ապրին։ Մինչդեռ լայնախոհ, շրջահայեաց թարմ միտքեր՝ նոր ուժեր, զօրաւոր եւ առողջ նկարագրի տէր անձեր՝ որոնք իրենց վրայէն թօթուած են իրենց թերութիւնները եւ տկարութիւնները, ընդհանուր անկատարութիւնները՝ գլխաւորաբար տգիտութիւնը, ատելութիւնը ամէն բանի, ամէն արժէքի հանդէպ որ իրենցմէ դուրս է, եւ դուրս՝ իրենց «Ես»էն, «ուրիշ»ին կը պատկանի։
Այլապէս, նոր, թարմ եւ հաւասարակշռուած միտքեր կը ջանան զօրաւոր հակազդեցութեան մը սկսիլ մարդկային մանաւանդ մտաւոր կեանքին մէջ։ Եւ այս կարգի կարեւոր եւ անհրաժեշտ երեւոյթներէն մէկն է նաեւ սէրը եւ համակրութիւնը իրմէ դուրս ամէն անձի հանդէպ, անոնց հետ մերձեցման, մտերմութեան առո՛ղջ գաղափարի մը շուրջ։ Իրերհասկացողութիւնը պայման է խաղաղութեան հաստատման համար…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
2018, Իսթանպուլ