ԸՆՏԱՆԻՔ ԿԱԶՄԵԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ (ԺԲ.)

ԱՄԼՈՒԹԻՒՆԸ

Կ՚ուզենք առանձին բաժինով մը խօսիլ ամլութեան շուրջ. հարց, որ այնպէս ինչպէս այսօր, նոյնպէս աւելի քան հազար տարիներ առաջ լուրջ ու կարեւոր խնդիր մըն էր: Մեր թուականէն մօտաւորապէս 850 տարիներ առաջ՝ 1150-ական թուականներուն ապրած օրէնսդիր, առակագիր եւ մանկավարժ Մխիթար Գօշ իր «Դատաստանագիրք»ին մէջ մեծ տեղ կու տայ ամլութեան հարցին:

Անցեալին կը կարծուէր, թէ ամլութեան «մեղաւոր»ը կինն է. այդ կարծիքը շարունակուեցաւ մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբները. շատ մը հասարակութիւններու մօտ տակաւին ի զօրու է այդ գաղափարը, սակայն զարմանալիօրէն աւելի քան 800 տարիներ առաջ ապրած պատմիչ, իրաւագէտ ու բանստեղծ Սմբատ Սպարապետ (1208-1276) «Դատաստանագիրք»ի 84-րդ կէտին մէջ կը գրէ.- «Եթէ կին մը ամուլ է եւ զաւակ չի բերեր, պէտք է բժիշկի տեսնուի եւ իմանայ, թէ խնդիրը իրմէ յառաջ կու գայ՝ թէ ոչ հայրէն»:

Ամլութեան խնդիրը այսօր բազմահազար զոյգերու կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկն է եւ անոր դիմաց լաւապէս պատրաստուած չըլլալը կրնայ խորտակել զոյգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող սէրը: Սմբատ Սպարապետի հակառակ, մենք համաձայն չենք դիմել բժիշկի՝ մինչեւ այդ քայլերը լաւապէս գիտակցուած չըլլան։ Զոյգերու մէջ ամլութեան խնդիրին աղբիւրը պէտք է քննուի միա՛յն բժշկուելու նպատակով: Յաճախ կը պատահի, որ այրը կը մեղադրէ կինը՝ երբ գիտցուի թէ ամլութեան հիմնական պատճառը ինք է, նոյնը հակառակ պարագային եւ երկուստեք զիրար վիրաւորելու անգամ կը հասնին:

Այդ իսկ պատճառով կ՚ուզենք առանձին բաժինով մը կարեւորել ամլութեան նիւթը եւ կը հաւատանք, որ իւրաքանչիւր զոյգ նախքան պսակուիլը պարտի խորհրդածել այդ հարցին շուրջ. բարեբախտաբար մերօրեայ բժշկութիւնը նախքան ամուսնութիւն կրնայ նախապէս քննել զոյգերը եւ տալ պատասխան եւ նախընտրելի է որ իրապէս զաւակի սիրոյն պսակուող զոյգեր նախքան ամուսնութիւն դիմեն նման բժշկական քննութիւններու, որովհետեւ ժամանակ մը ետք երբ «սէր»ը սկսի բնական դառնալ, նման նիւթեր շատ աւելիով կարեւորութիւն կը ստանան եւ կը խանգարեն ընտանիքի խաղաղութիւնը:

Անպտղութիւնը լուրջ յուզական վիճակ կը ստեղծէ զաւակ ունենալ ցանկացող գոյգերու համար եւ այդ վիճակը ինքնաբերաբար հոգեբանական որոշ հարցեր կը յառաջացնէ եւ կը խանգարէ զոյգերու բարեկեցութիւնը: Ցաւ ի սիրտ, կը տեսնենք, որ շատ մը զոյգերու պարագային յղութիւնը տեղի կ՚ունենայ, սակայն կարճ ժամանակ մը ետք յղութիւնը կ՚իյնայ եւ այդ մէկը բնականաբար զոյգերուն մօտ կը ստեղծէ կորուստի եւ յուսախաբութեան զգացում մը: Նման պարագաներու մարդու մօտ կ՚աճի վիշտի զգացումը եւ մինչեւ անգամ զայրոյթ ու վիճաբանութիւն կը ստեղծէ. գուցէ բազմաթի՜ւ ընտանիքներ խորտակուած են այդ ժամանակամիջոցին: Նման նիւթերու մասին անպատրաստ ըլլալը նման վիճակներու կ՚առաջնորդէ. յաճախ կը տեսնենք, թէ զոյգերէն մէկուն կողմէ ճնշում կը բանեցուի, մանաւանդ եթէ խնդիրը իգական սեռի կողմէ է. այդ ճնշումը լարուածութիւն կը ստեղծէ եւ կը սպաննէ սէրը:

Պէտք է լաւապէս պատրաստուիլ, որպէսզի նման դժբախտ վիճակ մը զոյգերու մօտ չստեղծէ ինքնագնահատման պակաս, որովհետեւ ամուլը՝ ըլլայ տղամարդ թէ կին, կ՚ունենայ ներքին պայքար մը, իսկ այդ պայքարին վրայ երբ աւելնայ ճնշում ու քննադատութիւն, ինքնաբերաբար մարդ հոգեպէս կ՚ընկճուի:

Բարեբախտաբար մեր եկեղեցական պսակադրութեան կանոնները, իրենց մէջ կը խօսին կեանքի մէջ տեղի ունենալիք զանազան դժուարութիւններու, աղքատութեան, հիւանդութեան եւ այլ հարցերու մասին եւ կը կարծենք անոնց մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ նաեւ ամլութիւնը. զոյգերուն նախապէս կը զգուշացուի կեանքի մէջ տեղի ունենալիք ոչ-դրական երեւոյթները եւ անոր հիման վրայ կը խնդիրուի համաձայն ըլլալ կամ չըլլալու խոստումը:

Ցաւ ի սիրտ, նման նիւթերու մասին լաւապէս տեղեկացուած չեն նաեւ մեր ծնողները եւ զոյգերու միջեւ ստեղծուած անախորժ վիճակի մեծամասնութիւնը ծնունդ կ՚առնէ ի գործ դրուած ճնշումներով ծնողներու կողմէ, որոնք թոռնիկ սիրելու կարօտով յաճախ անգիտակցաբար զոյգերու բարեկեցութիւնը կը խանգարեն: Այս անախորժ վիճակը զոյգերը կը մեկուսացնէ: Այդ իսկ պատճառով ապագայի մասին խօսելու եւ պատրաստուելու ժամանակ կարեւոր է անդրադառնալ ամլութեան, որովհետեւ նման դժբախտ անպտղութիւն մը կրնայ խաթարել զոյգերու միատեղ երազանքներն ու ակնկալիքները եւ ստեղծել «պարտուած» ըլլալու հոգեկան վիճակ մը, որովհետեւ ընդհանրապէս, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ, ընտանիքը կը դառնայ ընտանիք՝ երբ այդտեղ զաւակներ ծնին. հակառակ պարագան կը դառնայ քննադատութեան, ինչպէս նաեւ բռնադատութեան պարագայ:

Լաւապէս չպատրաստուած զոյգեր ամլութեան պարագային կը դիմեն ամուսնալուծութեան, իսկ ուրիշներ ընտանիքի հիմնական գաղափարը կողակիցին հետ միատեղ ապրելուն մէջ տեսնելով:

Այս բոլորը աւելիով գիտակցուած դարձնելու համար կը կարեւորենք դպրոցական դասարաններէն դասաւանդել ընտանիք հասկացողութիւնը եւ երկնքի աստղերու թիւը սորվեցնելու փոխարէն սորվեցնել բարոյական դասեր՝ որոնք մեծապէս պիտի օգնեն դէպի ապագայ առաջնորդուելու:

•շարունակելի

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.- Յիսուս իրապէս ջուրին վրայէն քալե՞ց:

Պատասխան.- Յիսուս իրապէս ջուրին վրայէն քալեց, թէ ոչ՝ հաւատքի հարց է, որովհետեւ ան կրօնական պատմութիւն է, գրուած Մատթէոսի, Մարկոսի եւ Յովհաննէսի աւետարաններուն մէջ: Անոնց պատմածին համաձայն, Յիսուս փոթորիկի ժամանակ քալած է ջուրի վրայէն:

Բացի կրօնական պատմութիւններէն, պատմականօրէն կամ գիտականօրէն հաստատուած չկան փաստեր, որոնք հաստատեն կամ հերքեն նման հրաշքի մը գոյութիւնը: Այդ իսկ պատճառով Յիսուսի ջուրի վրայէն քալելը հաւատքի վրայ հիմնուած համոզում մըն է եւ գիտական ոչ մէկ հիմք ունի: Նման հրաշքներ կրօնական տեսանկիւնէն նոյնիսկ տարբեր մեկնաբանութիւն կ՚ունենան. ոմանք կը հաւատան, թէ Յիսուս իրապէս քալած է ջուրի վրայէն, իսկ ուրիշներ կը հաւատան, որ այդ մէկը խորհրդանշական եւ փոխաբերական պատկերացումներ են:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6, 2023