ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏԻՆ ԻՄԱՍՏԸ
«Հոգեհանգիստ», տարացիօրէն կը նշանակէ՝ «ննջեցեալի հոգիներու յաւիտենական հանգիստին համար աղօթք, պատարագ»։ Արդարեւ «հոգի» բառը՝ բնիկ հըն-դեւրոպական «pouiio», «peu», «pau», փչել, հով հանել, ուռեցնել, սուլել եւ «հոգի»ն աւանդել, արմատէն կու գայ։ Ուրեմն, «հոգի» բառը կ՚ենթադրէ նաեւ՝ շունչ, ոգի, եռանդ։ Եւ այս ըմբռնումը կը համապատասխանէ աւետարանական սա ճշմարտութեան, թէ՝ «Ասիկա կը նշանակէ թէ Աստուած մեռելներուն Աստուածը չէ՛, այլ՝ ողջերո՛ւն, քանի որ իրեն համար բոլորն ալ կենդանի՛ են» (ՂՈՒԿ. Ի 38)։ Եւ այս ճշմարտութիւնը աւելի եւս կը հաստատուի Պօղոս Առաքեալի այն խօսքով, թէ՝ «Սէրը անվախճա՛ն է» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ 8)։ Ուրեմն «հոգի»ն ապրող, կենդանի, մշտակայ էութիւն մըն է, եւ ուրեմն «հոգեհանգիստ»ը կը կատարուի ապրող, կենդանի էութեան մը համար եւ ո՛չ թէ անգոյ, կորուստեան մատնուած, «ունայնացում» ներկայացնող յերիւրածոյ, երեւակայական չգոյութեան մը համար։
Ուստի, պահ մը խորհինք, սիրելի՜ներ, եթէ հոգին անէանար, անոր համար աղօթել անիմաստ պիտի չըլլա՞ր։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, գոյութիւն չունեցող որեւէ բանի համար գործ մը կատարել բանականութեան, տրամաբանութեան հետ համապատասխան կարելի՞ է համարել, կամ համապատասխանեցնել…։
Հայ եկեղեցին յաճախ, պատեհ առիթներով կը դիմէ ննջեցեալներու ներկայութեան եւ հոգեհանգիստ կը կատարէ անոնց համար։ Կարելի է հարցնել, թէ միթէ ննջեցեալներու համար կարեւո՞ր է ասիկա։
Այստեղ յատկապէս չգործածեցինք «յիշել» բառը ննջեցեալներու նկատմամբ, երբ գործածեցինք «դիմել» բառը։ Քանի որ «յիշել» կ՚ենթադրէ՝ մոռցուածը մտաբերել, անդրադառնալ, անտեսուածը տեսնել փորձել։ Ուրեմն յիշել կը նշանակէ՝ նախապէս մոռնալ եւ յետոյ յիշատակել՝ անդրադառնալ անոր գոյութեան, մտաբերե՛լ։
Մինչդեռ, ո՜վ կրնայ մոռցած ըլլալ իր սիրելիները, նոյնիսկ անոնք մարմնապէս իրեն հետ չըլլան։
Մոռացումը դաւաճանութիւն է սիրոյ դէմ։
Եւ մա՛րդ «դաւաճան» ըլլալ չ՚ուզեր իր սիրոյն, իր սիրածներուն հանդէպ, եւ ուրեմն երբեք չի՛ մոռնար զանոնք։ Ուրեմն մենք երբ հոգեհանգստեան արարողութիւն կը կատարենք, չե՛նք յիշեր ննջեցեալները, այլ «կը դիմե՛նք» անոնց ներկայութեան։ Հոգիին եւ հոգեհանգիստին իմաստին համապատասխանողն ալ ա՛յս է սիրելիներ…։
Ինչպէս կը վկայէ Աւետարանը Ղուկասի ներշնչուած խօսքով՝ Աստուած մեռելներու Աստուածը չէ՛, այլ ողջերուն, քանի որ բոլորը Իրեն համար կենդանի է՝ ողջ եւ առո՛յգ։ Հետեւաբար, անոնք որ հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարեն, եւ ամէն անոնք որ կը մասնակցին սոյն պաշտամունքին՝ աղօթքին պէտք է թափանցեն, խոր ըմբռնեն «հոգեհանգիստ»ի իմաստը եւ վարուին ըստ անոր նպատակին համեմատ։ Ուստի «հոգեհանգիստ»ի պաշտօնը պարզ ձեւակերպութիւն մը, աւանդութիւն մը կամ պարտաւորութիւն մը չէ՛, այլ՝ բոլորովին սրտաբուխ, «սիրոյ արտայայտութիւն» մը՝ աղօթքով, հաւատքով զօրացած։ Հոգեհանգիստը կեանքի բնական ընթացք մըն է, եղելութիւն մը՝ պարագայ մը, քանի որ ննջեցեալները երբեք բաժնուած չեն ապրողներէն, միայն միջոց եւ տարածութիւն փոխած՝ տարբեր ժամանակի մէջ կ՚ապրին, բայց հաստատ եւ ստոյգ է որ կ՚ապրի՛ն…։
Եւ մեզի, հո՛ս, այս աշխարհի վրայ ապրողներուն պարտականութիւնն է՝ յաճախ դիմել անոնց ներկայութեան, ինչպէս կը դիմենք մեր ապրող, կենդանի սիրելիներուն, բարեկամներուն, մերձաւորներուն։
Այս իրողութիւնը ահաւասիկ, կը խորհրդանշէ «զինուորեալ» եւ «պայքարող», «մարտնչող» եկեղեցիի եւ «յաղթական» եւ «պսակաւոր» եկեղեցիի հաղորդակցութիւնը։
Հին Կտակարանի մէջ կը գտնուին դրուագներ ու հատուածներ՝ ուր յստակ կերպով կը պատուիրուի ննջեցեալներու համար աղօթել։
Զոր օրինակ, «Նոյեմի իր հարսին ըսաւ.- Անիկա Տէրոջմէն օրհնեալ ըլլայ, որ կենդանիներէն ու մեռածներէն իր ողորմութիւնը չկտրեց…» (ՀՌՈՒԹ Բ 20)։
Եւ դարձեալ. «Ո՛վ Տէր Աստուած քու օծեալիդ երեսը մի՛ անարգեր, հապա քու ծառայիդ Դաւիթին ըրած ողորմութիւններդ յիշէ՛» (Բ ՄՆԱՑ. Զ 42)։
«Մեռելի մը վրայով մխիթարութեան համար սուգի հաց պիտի չբաժնեն, անոնց հայրերուն ու մայրերուն համար մխիթարութեան բաժակը անոնց պիտի չխմցնեն» (ԵՐԵՄԻԱ ԺԶ 7), որոնք անցան նաեւ Առաքելական ժամանակներու՝ որպէս սկզբունք եւ աւանդուեցաւ Եկեղեցիին։
Հայ եկեղեցւոյ Սուրբ Պատարագի ընթացքին՝ յիշատակութիւններու շարքին, պատարագիչ քահանայ հայրը միշտ կը մտաբերէ ննջեցեալները եւ կը դիմէ Աստուծոյ՝ խնդրելով.
«Եղիցի յիշատակ ի սուրբ պատարագ աղաչեմք»։
Եկեղեցիի ժամակարգութիւնը, նախնական եկեղեցիի սովորութիւնը, եկեղեցիի հայրերու՝ գրութիւնները, բոլորն ալ կը վկայեն այն հաւատքի մասին, որ աղօթքով, բարեգործութիւններով, Սուրբ Պատարագով, հոգեհանգստով, մատաղներով՝ որոնք կը կատարուին ննջեցեալներու համար, օժանդակութիւն եւ հանգիստ կը շնորհեն անոնց, որոնք ննջած են հաւատով ու ներելի մեղքերով։ Այսինքն ննջեցեալները իրենց մեղքի կապանքներէն կ՚ազատին ո՛չ թէ իրենց անձնական ճիգերով, եւ ոչ ալ իրենց արժանիքի շնորհքով, այլ եկեղեցիի օժանդակութեամբ։
Ուստի քանի դեռ երկրի վրայ ենք ու կ՚ապրինք եւ հնարաւորութիւնը ունինք անդրադառնալու մեր սխալներուն, մոլորանքներուն եւ սայթաքումներուն, ապա ուրեմն ժամանակ ու առիթ ունինք ապաշխարելու, մեղքերէ արձակում գտնելու։ Բայց երբ հեռանանք այս կեանքէն, հանդերձեալի մէջ այլեւս նման հնարաւորութիւններ չկան, ուրեմն կը մնայ միայն Եկեղեցիի բարեխօսութիւնը եւ միջնորդութիւնը՝ որ պիտի կատարուի հոգեհանգիստի պաշտամունքով։
Ուստի, «Զինուորեալ եկեղեցի»ն պարտաւ՛որ է միշտ անդրադառնալ, վերյիշել «Յաղթական եկեղեցի»ն։ Դուրս բերէք, հանեցէք այդ անդրադարձումը, ինքնագիտակցութիւնը, եւ ո՛չինչ կը մնայ։
Մարդ երբ կորսնցնէ իր կապակցութիւնը անցեալին հետ, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներուն հետ, կը կորսնցնէ իր ինքնութիւնը՝ իր մարդկութիւնը։ Եթէ մէկը մոռնայ իր անցեալը, ապա ան կը դադրի անոր պատկանելէ եւ կը խափանուի իր ինքնութիւնը։ Ուրեմն «զինուորեալ» ներկայ՝ ապրող հաւատացեալներ միշտ նկատի ունենալու են, պարտաւոր են անդրադառնալու «յաղթական» հաւատացեալները։
Սաղմոսերգուն Դաւիթ կ՚ըսէ. «Իր գործերուն զօրութիւնը ցուցուց իր ժողովուրդին, անոնց տալով ազգերուն ժառանգութիւնը։ Ճշմարտութիւնն ու իրաւունքը անոր ձեռքերուն գործերն են, Անոր բոլոր պատուիրանները հաւատարիմ են։ Յաւիտեանս յաւիտենից հաստատուած են…» (ՍԱՂՄ. ՃԺԱ 6-8)։
Նոյնպէս Սողոմոն իմաստուն կ՚ըսէ. «Արդարներուն յիշատակը օրհնեալ կ՚ըլլայ» (ԱՌԱԿ. Ժ 7)։
Եկեղեցիի հայրերը միշտ նշած են ննջեցեալներու համար աղօթելու անհրաժեշտութիւնը։ Իսկ Պօղոս առաքեալի աշակերտ Ս. Դիոնէսիոս կ՚ըսէ, թէ՝ պէ՛տք է տօնել, պատարագ մատուցանել անոնց համար՝ որոնք զոհուեցան Աստուծոյ համար։
Իսկ Ոսկեբերան կ՚ըսէ. «Մի՛ յապաղէք յիշատակել ննջեցեալները, աղօթք մատուցանելով անոնց համար, քանի որ բոլորս մէկ մարմին ենք Քրիստոսի մէջ եւ անոր անդամները»։
Ուրեմն պէտք է յաճախ մտաբերենք, անդրադառնանք ննջեցեալները եւ աղօթենք անոնց համար, քանի որ անոնք ալ կ՚ապրին ու պէտք ունին աղօթքի, բարեխօսութեան եւ հոգեւոր խնամութեան։
Եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ ալ այս մասին կ՚ըսէ.
«Իսկ անոնք, որ Քրիստոսի սիրոյ մէջ հաստատուած են, կ՚ազատին երեւցող վիշտերէ, կ՚ապրին գործակից եւ բարեխօս ունենալով սուրբերն ու արդա՛րները»։
Նախնի եկեղեցին միշտ ալ, աղօթքներու ժամանակ յիշած է սուրբերը՝ խնդրելով անոնց բարեխօսութիւնը։ Ուրեմն սուրբերու բարեխօսութիւնը խնդրել անհրաժեշտ է թէ՛ ապրողներու եւ թէ ննջեցեալներու համար։
Վերջապէս, հոս յիշենք Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեանի, հանգամանօրէն ըսած խօսքը, թէ՝ «Պէտք չէ՛ անյայտ բաներու մասին ստեղծել նոր յայտնութիւններ»։ Կարգ մը ճշմարտութիւնները ամբողջովին հասկնալ կարելի չէ՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 11, 2015, Իսթանպուլ