ԳԵՐԵԶՄԱՆԱՏԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Վ. Հիւկօ կ՚ըսէ, թէ՝ անմահութիւնը աւելի լա՛ւ կը տեսնէ եւ կը հասկնայ, երբ կը շրջի գերեզմանատան մէջ՝ առանձին։ Արդարեւ, ինքնին խորհո՛ւրդ մըն է գերեզմանատունը, վայր մը՝ ուր մարդ շատ յստակ կերպով կը խորհի կեանքի մասին, անոր նպատակին եւ իմաստին, որ շատ անգամ կ՚անտեսուին ամէնօրեայ կեանքի զբաղումներուն, աշխարհային հոգերուն եւ «վաղուան մտահոգութիւն»ներուն պատճառով։

Ուստի գերեզմանատունը ո՛չ թէ մահը, այլ անմահութիւնը ցոյց կու տայ, քանի որ գերեզմանատունը այլեւս մահ չկա՛յ, մարդ մէկ անգամ կը մահանայ եւ երկրային մահուամբ կը տեղափոխուի երկնային անմահութիւն՝ յաւիտենական կեա՛նք։

Եւ երբ այս տեսանկիւնէն նայինք գերեզմանատան, անոր մէջ կը նկատենք անմահութեան ճշմարտութիւնը, որ նախապէս տեսնելու առիթ չէինք ունեցած։ Շատ անգամ երկրայինը արգելք կը հանդիսանայ, որ մարդ խորհի եւ տեսնէ երկնայինը, որ ճշմարտութիւնն իսկ է՝ անուրանալի, անմերժելի՛…։

Առանձին…։ Գերեզմանատունը բազմութեան խմբավայր մը չէ։ Մարդ առանձի՛ն կը հասկնայ հոն՝ թէ մահը տեղափոխում մըն է ժամանակի եւ միջոցի, որուն անցքը կը գտնուի գերեզմանատունը։

Այս իմաստով, ահաւասիկ, գերեզմանատունը սոսկական անհատներու յատուկ վայր մըն է՝ մեռեալ կամ ողջ՝ կենդանի։ Անհատն է, որ հոն կը յանձնուի «Մայր Հող»ին՝ ուրկէ առնուած էր։

Եւ ապրողին՝ ողջին համար, գերեզմանատունը իր ամբողջութեամբը իր գոյութիւնը կը պահէ այն մէկ հատիկ սիրելի՜ անձին համար՝ որուն աճիւնները կը պարունակէ իր ծոցին մէջ։ Շեշտը, երկու կողմէն ալ, «անհատ»ին վրայ է. անհատն է, որ կը յանձնէ անհատը հողին՝ գերեզմանատան մէջ։

Մարդ երբ առանձին կը շրջի գերեզմանատան մէջ, սրբազան եւ խորհրդաւոր լռութեան մը մէջ՝ իր խորհուրդներուն ընկերակցութեամբ եւ ահաւասիկ հո՛ն է, որ կը խօսի միայն լռութիւնը… լռութեան ձայնն է, որ կը լսուի խորհրդաւոր եւ նոյնքան իմաստալի՛ց։ Գերեզմանատան լռութեան ձայնը կարծես կը պարզաբանէ կեանքին իմաստը եւ խորհուրդը՝ կարծես կ՚ըսէ՝ թէ «կեանքը ահաւասիկ ա՛յս է, մարդ կ՚ապրի որպէսզի ի վերջոյ հասնի իր վերջին բնակավայրը՝ իր տունը՝ գերեզմանատո՛ւնը»։

Արդարեւ, գերեզմանատան խորհրդաւոր լռութեան մէջ լռած է մարդկային ամէն կիրք՝ ատելութիւն, նախանձ, վատութիւն, չարութիւն, մոլութիւն, ստութիւն, թշնամութիւն, անգթութիւն։ Մարմինին հետ կը հալին, կը բնաջնջուին, կարծես, մարմնաւոր երկրային կեանքի հետ զուգորդուած, համընթաց ամէն տեսակ անօգուտ, անշահ եւ անշնորհք ժխտականութիւն, մոլութիւն եւ չարութիւն։

Գերեզմանատան խորհրդաւոր մթնոլորտին մէջ միայն մէ՛կ տարրի մը գոյութիւնը զգալի է. Սէ՜ր, անկեղծ սէր, իրական սէր, եւ միայն սէ՛ր։

Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ բացասականութիւն, ո՛չ մէկ ժխտականութիւն տեւականութիւն ունի։ Ի՛նչ որ դրական է եւ գործնական մարդկային կեանքին մէջ՝ տեւական է եւ անմա՛հ, եւ ինչպէս Սէրը, նաեւ՝ անկեղծութիւնը, ճշմարտութիւնը, բարութիւնը, բացարձակ եւ աստուածային գեղեցկութիւնը, սրբութիւնը, նուիրականութիւնը, եւ ամէն առաքինութիւն, ազնուութի՛ւն։ Քանի որ ի՛նչ որ դրական է՝ Աստուծմէ է, Աստուծմէ կը բխի եւ Աստուծոյ բնութեան եւ նկարագրին յատուկ եւ համաձայն է։

Սապէս կարելի է ըսել.- դրականը աստուածային է, իսկ ժխտականը՝ մարդկային։ Ուստի դրականը կը մնայ, իսկ ժխտականը՝ կ՚անցնի…։

Այս ուղղութեամբ գերեզմանատունը կը նմանի «խորհրդաւոր գիրք»ի մը՝ որուն էջերուն մեծ մասը պատռուած նետուած է, ի բաց առեալ այն էջերը՝ որոնք գրուած են գրիչով մը՝ որ թաթխուած է «Աստուծոյ Սիրոյն» մէջ, ինչպէս կ՚ըսէ Ա. Ա. Պետիկեան։

Մարդ երբ առանձին կը շրջագայի գերեզմանատան մէջ, այն լուռ եւ խորհրդաւոր գերեզմանատան մէջ՝ իր հոգին խաղաղութեամբ համակուած կը զգայ։ Գերեզմանատան մէջ անիմանալի խաղաղութիւն մը կայ՝ որ հոգին կը հանգչի, կը հանդարտանայ, եւ այս իմաստով է որ կ՚ըսուի «հոս կը հանգչի» փոխաբերական իմաստով՝ «գերեզման դրուել»ու։ Եւ գերեզմանատան մէջ առանձին շրջողին հոգին կը նոյնանայ կարծես հոն «հանգչող»ներու հոգիներուն հետ։

Մարդ հո՛ն կը զգայ մահուան եւ անմահութեան ճշմարտութիւնը, որոնց միջեւ կայ միայն վայրկեան մը, պահ մը՝ շունչ մը, վերջին շունչ մը։

Եւ երբ մարդ առանձին է հոն, կը զգայ, թէ մարդոց միջեւ «հասարակ յայտարար» մը կայ. համահաւասար են մարդիկ անխտիր, քանի որ անոնց վախճանը մէկ է առանց բացառութեան, անխտիր։ Գերեզմանատունը կը հաւասարեցնէ ամէն խտրութիւն եւ մարդը կը վերածէ իր բնական վիճակին՝ ազա՛տ։

Մարդ՝ մանուկը երբ կը ծնի, անմիջապէս խանձարուրի մէջ կը փաթթեն, եւ երբ մահանայ՝ այս անգամ պատանքի մէջ կը փաթթեն։ Ա՞յս է արդեօք կեանքին խորհուրդը՝ փաթթուիլ՝ փաթթուելով սկսիլ եւ փաթթուելով վերջացնել։ Կեանքը արդեօք «խանձարուր»ի եւ «պատանք»ի միջեւ եղած իբր թէ «ազատ» շրջա՞նն է։ Կաշկանդումով սկսած եւ կաշկանդումով վերջացած շրջա՞ն մը…։ Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Կեանքին իմաստը այս երկու կաշկանդումներուն մէ՞ջն է արդեօք, այն ինքզինք «ազատ» զգացած ժամանակաւոր, չըսենք «խաբէական», ապրուած շրջանը…։ Թերեւս։

Մարդիկ գերեզմանատան ծոցին մէջ կը թաղեն, կը յանձնեն իրենց ամէն տեսակ հակամարտ շահերը, գաղափարները, մրցակցութիւնները, թշնամութիւնները։ Եւ եթէ կայ տեղ մը՝ ուր մարդիկ հաւասար են՝ ա՛յդ տեղը՝ չի ծնած՝ իրենց մօրը արգա՛նդն է, եւ մեռնելէ ետք՝ հողին արգա՛նդը։ Արդեօք այդ «հաւասարութիւն»ը պահելո՞ւ համար կ՚ուզեն խանձարուրի փաթթել ամէն նորածին եւ պատանքի՝ ամէն մեռեալ։

Բայց սա իրականութիւն մըն է՝ թէ գերեզմանատան մէջ լռած է ամէն վէճ, ամէն պայքար՝ դադրած եւ փակուած, ամէն փոթորիկ՝ հանդարտա՛ծ։ Եւ ահաւասի՛կ, հոս է մարդոց միջեւ ճշմարիտ հաւասարութիւնը եւ խաղաղութիւնը՝ բացարձակ եւ անխաթարելի՛։

Ապրող՝ կենդանի՝ ողջ մարդուն համար այս աշխարհի վրայ հաւասարութիւն եւ խաղաղութիւն անիրականանալի երա՜զներ են։

Հաւասարութիւն եւ խաղաղութիւն՝ գերեզմանատան մը միայն խոստացեալ պարգեւներն են։ Արդարեւ, «գերեզմանատուն» բացատրութիւնը պաղ է եւ հեռո՛ւ յատկանշելէ անոր նկարագրին իսկութիւնը։ Ուստի աւելի շիտակ, աւելի յատկանշելի եւ աւելի իմաստալից բառը կարելի էր ըլլալ «հանգստարան» բառը, ինչպէս եւ կը յանձնարարէ գործածել Ա. Ա. Պետիկեան։

Գերեզմանատան ծառերուն ստուերներուն մէջ տխրութիւն չկայ, ծաղիկները տիրող երանութեան մը դրոշմը ունին իրենց գունազան դէմքերուն վրայ։ Եւ հո՛ն բարին ալ, չարն ալ քով քովի կը ննջեն յաւիտենապէս՝ յաւիտենական քունով եւ ամէնն ալ բարի՛ են։

Երկրի վրայի բարոյականութեան խտրութիւնը կը վերանայ, երբ յաւիտենական քունը կը սկսի։ Կեանքի լուծումը մահուան մէջ է։ Բոլոր կենսական խնդիրները որոնք մարդիկ չեն կրնար լուծել ապրելով, կը լուծեն մեռնելով։ Այս իմաստով, գերեզմանատունը կարելի է կոչել նաեւ «լուծարան»՝ ուր կեանքի հարցը արդէն «լուծուած» է։

Կարելի չէ որոշել՝ թէ կեա՞նքը աւելի մեծ շնորհ մըն է, թէ մահը։

Մարդ արարածին երանութիւնը դրախտո՞վ է սկսած, թէ գերեզմանով…։

Հարցը ա՛յս է։

Բայց սա որո՛շ է՝ ինչ որ կեանքը չի կրնար լուծել, բացատրել՝ մա՛հը կը լուծէ եւ կը բացատրէ։

Կ՚արժէ գերեզմանատան նայիլ այս տեսանկիւնէն… եւ մխիթարուի՛լ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 3, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 7, 2019